Հաւաքական Հայց

Պէյրութ, 26 Դեկտեմբեր 2011

Վսեմաշուք Սերժ Սարգսեան

Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
       Երեւան
Մեծարգոյ Պրն. Նախագահ,
 
Ինչպէս գիտէք՝ որ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերի 19-ին,Երեւանի մէջ,Ձեր նախագահութեամբ,հանդիսաւոր ու վեհաշուք բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենար «Արաբ Երախտիք»ի յուշակոթողին, որուն կարեւորութիւնն ու ժամանակակից նշանակութիւնը Դուք անձամբ շեշտած էիք՝ Տէր Զօրի մէջ… Ձեր Սուրիա տուած պաշտօնական այցելութեան առիթով։ Բացման այս հանդիսութիւնը վերջին ժամուն յետս կոչուեցաւ Կառավարութեան որոշումով՝ մեծ հիասթափութիւն եւ ընդվզում յառաջացնելով ուխտաւորներուն, կազմակերպիչներուն եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներուն մօտ, որոնք անհամբեր կը սպասէին այս ուղենշային, բազմախորհուրդ եւ բազմօգուտ յուշակոթողի ի վերջոյ բացումին, բազմաթիւ ձգձգումներէ վերջ։ Մանաւանդ որ Նոր-Օսմանական Թուրքիա ներկայիս կ’արշաւէ Արաբ աշխարհ, նաեւ հայութենէն հեռացնելու համար անոր Արաբ ճակատագրակից բարեկամները…։
 
Ստորագրեալներս կը հաւատանք, որ այս յուշակոթողին բացումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն դարձած է այսօր մանաւանդ, երկրորդելով Ձեր Տէր Զօրի մէջ կատարած շեշտադրումը։

Առ այդ կը խնդրենք Ձեր ազդու միջամտութիւնը այս հարցին, որպէսզի անյապաղ կատարուի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը «Արաբ Երախտիք»ի յուշակոթողին, առանց նոր ձգձգումներու։

Վստահ՝ Ձեր շուտափոյթ միջամտութեան, ընդունեցէ՛ք յաջողութեան մեր անկեղծ մաղթանքները։
 
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ
Ստորագրութիւններ՝

ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆ (վաստակաւոր բեմադրիչ, թատերագէտ),
ՍԵՊՈՒՀ ԳԱԼՓԱՔԵԱՆ (պետական երեսփոխան),
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ (գրող, խմբագիր, հրատարակիչ),
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ (գեղանկարիչ),
ԴՈԿՏ. ՓՐՈՖ. ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ (պատմագէտ, հեղինակ,

խմբագիր «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի եւ «Ջանասէր»ի),
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ (իրաւաբան, հրապարակագիր եւ մշակոյթի գործիչ),
ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (գրող, գործարար),
ՍԻՐՎԱՐԴ (գեղանկարիչ, դերասան),
ԲԺ. ԵՍԱՅԻ ԱՂՊԱՇԵԱՆ (հոգեբոյժ),
ԺԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻ (խմբագրապետ «Նայիրի»ի),
ՄԿՐՏԻՉ Լ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ (ճարտարապետ եւ մշակոյթի գործիչ),
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ (բազմամեայ խմբագրապետ «Զարթօնք»ի,
բանասէր եւ կրթական մշակ),
ՄԿՐՏԻՉ ԹԱՀՈՒԼԱՔԵԱՆ (արուեստագէտ ոսկերչապետ,
պղնձաթելի կերպարուեստի հիմնադիր),
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ (արհմիութենական գործիչ),
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ (խմբագրապետ «Արարատ»ի),
ԴՈԿՏ. ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԹՕՓԱԼԵԱՆ (պատմագէտ,
«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի խմբագրական կազմի անդամ),
ԶԱՒԷՆ ՂԱՐԻՊԵԱՆ (ելեկտրական ճարտարագէտ, մշակոյթի գործիչ),
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ (ազատ լրագրող),
ԱՆԻ ԱՂՊԱՇԵԱՆ (կրթական մշակ, գրող),
ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ (կրթական մշակ, հրապարակագիր),
ՅԱԿՈԲ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ (շինարարական ճարտարագէտ, բանաստեղծ, ասմունքող),
ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (թատերագիր)
ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ (բանասէր, գիտակ պոլսահայ գրականութեան,
տէր եւ խմբագիր «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթի)

You May Also Like
Read More

Ապրիլ 24 Եւ Անկէ Ետք

Խմբագրական, 24 Ապրիլ 2015 Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը թափ տուաւ համաշխարհային մամուլի մէջ աւելի շատ արձագանգներու արժանանալու։ Ի հարկէ…
Read More