Հեռու Մնալու Հրամայականը

Ճաթռտան Կոչերէն Ու Դիրքերէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 12 Յունուար 2012

Լիբանանահայութիւնը այսօր ո՞ւր կը գտնուի երկիրը յուզող եւ ալեկոծող անցուդարձերուն մէջ, քաղաքականէն մինչեւ ապահովականը, տնտեսականէն՝ ապրուստայինը:

Նախ՝ պէտք է ընդունիլ, որ 1975էն ասդին, ամենէն վտանգաւոր եւ մտահոգիչ շրջանը այս հանգրուանն է, տեղական, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներով, ուր Լիբանանը կը գրաւէ “յատուկ” տեղ:

Ճաթռտան Կոչերէն Ու Դիրքերէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 12 Յունուար 2012

Լիբանանահայութիւնը այսօր ո՞ւր կը գտնուի երկիրը յուզող եւ ալեկոծող անցուդարձերուն մէջ, քաղաքականէն մինչեւ ապահովականը, տնտեսականէն՝ ապրուստայինը:

Նախ՝ պէտք է ընդունիլ, որ 1975էն ասդին, ամենէն վտանգաւոր եւ մտահոգիչ շրջանը այս հանգրուանն է, տեղական, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներով, ուր Լիբանանը կը գրաւէ “յատուկ” տեղ:

Չակերտեցինք յատուկը, պարզապէս անոր համար, որ որեւէ երկրի կամ ցամաքամասի մէջ, որեւէ փոքր թէ մեծ ցնցում, իր արձագանգը կը գտնէ Լիբանանի մէջ, կ’ունենայ իր հետեւանքները:

Դառն փորձերը ասիկա ցոյց տուած են:

Ուրեմն, եթէ ասիկա է չոր իրականութիւնը, ապա, ի՞ նչ ըսել երբ անոնք տեղի կ’ունենան Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն կամ անոր բարեկամ երկիրներու մէջ:

Ատենին կ’ըսուէր (կամ գոնէ այդպէս կը համոզէին), թէ "Լիբանանի հզօրութիւնը իր տկարութեան մէջ է”, բայց, ի տես թանձրացող ու մագլցող շրջապատային ապահովական զարգացումներուն ու փոփոխութիւններուն, հիմա, կարելի՞ է այդ կարգախօսը տակաւին ճիշդ նկատել, երբ անիկա ոչ միայն կ’ենթարկուի անագորոյն յարձակումներու, այլեւ արտաքին ուժերէ թէ ներքին կողմերէ թափանցումներու:

Համայնքային թէ յարանուանային գզուըռտոցները, նահանգներու թէ շրջաններու մէջ պատահածները, իրենց կոշտ ու բիրտ հակազդեցութիւններով, որոնք կը շարունակուին ու կը խորանան զանազան վերիվայրումներով, ի՞նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ դաւադրական ծրագիրներու ամբողջ շարան մը, որ սկսած է յաճախակի բնոյթ ստանալ:

Ազգային բանակն ու ապահովական ուժերը, որոնք աչալուրջ կը հետեւին կացութեան, գնահատելի տնօրինումներով, յաճախ իրենք զիրենք կը գտնեն դժուարին պայմաններու առջեւ, երբ ներքաղաքական մթնոլորտը կը թունաւորուի, իսկ հակամարտ կողմեր պրկուած պահեր կը ստեղծեն, որոնց արդիւնքը գրգռութիւններու հրահրումն է, երբեմն, հոս ու հոն սփռուած դէպքերով:

Ամենէն մտահոգիչը, սակայն, այս բոլորին մէջ, հարաւային սահմաններու (իսրայէլեան) անկայունութեան դիմաց, հիւսիսային սահմաններու (սուրիական) անհանդարտութիւնն է:

Առաջինը եթէ “աւանդական” ճակատն է, երկրորդը՝ “արդիական” ըլլալու կոչուածն է, ինչպէս կը բնութագրեն շատեր:

Առաջինը, սակայն, բռնագրաւող ու բռնաբարող Իսրայէլն է, մինչ երկրորդը՝ քոյր ու բարեկամ Սուրիան է, ինչպէս կը վկայեն իրազեկներ :
Հաւաստի լրատուամիջոցներ կը հաստատեն, թէ ասիկա ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան ուղեգիծն է, որուն տխրահռչակ “ճարտարապետ”ն է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալ, Լիբանանի մօտ նախկին դեսպան՝ Ճեֆրի Ֆելթմեն, որ վերջերս Պէյրութ ժամանելով, “սահմանային ճակատում”ներու այդ բեւեռներու մասին խօսած է, անշուշտ, չմոռնալով “կաղանդ պապուկեան” իր (չարա)խոստումները:

Ահա այսպիսի ապականած քաղաքական տիղմի մասին կը խօսինք, ուր լիբանանահայութիւնը ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ (կամ պէտք է) այդ մարտահրաւէրները, որոնք տագնապալի դառնալու բազմաթիւ հաւանականութիւններ ունին:

Սակայն, լիբանանահայութեան որոշ հատուածներու մօտ կը պակսին լրջութեան, գիտակցութեան ու պատասխանատուութեան պահեր, երբ տհասօրէն կը խօսին տիրող լարուած վիճակին մասին, յաճախ չանդրադառնալով իրենց արտայայտած ծուռ դիրքորոշումներու հետեւանքներուն, թերեւս ալ չզգալով թէ ատոնք ինչպիսի պատուհասային կրնան ըլլալ:

Ասոր դիմաց, ի՞նչ պիտի ըսել, երբ ոմանք, յաճախ պատասխանատու դիրքերու վրայ, կը խօսին իրենց հայկական շրջանակի (՞) կամ պատկանելիութեան (՞) անունով, մոռնալով լիբանանահայութեան միակամութեան ու միաբանութեան գործօնները, այլ շեշտը դնելով աժան քարոզչութեան վրայ, ընդդէմ երէկուան իրենց զօրակիցները:

Չկա՞ն այսպիսիներ : Կա՛ն : Անգամի մը համար նայինք մեր չորսդին ու լսենք մանաւանդ անոնց, որոնք աթոռ զբաղցուցած (գրաւա՞ծ) են ու կը յաւակնին ըլլալ լիբանանահայութեան “ներկայացուցիչներ”:

Սուրիոյ մէջ յամեցող ապակայնութիւնները, որոնք երբեք չեն նմանիր արաբական այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցածներուն, արդեօք մեզի՝ լիբանանահայերուս, ո՞րքանով կը հետաքրքրեն եւ ինչպէ՞ս կը հետաքրքրեն:

Իւրաքանչիւր բառ, խօսք, միտք կամ տեսակէտ որ կ’արտաբերուի, պէտք է ըլլայ չափուած, ձեւուած ու հաւասարակշռուած, առանց աւելորդաբանութեան, արտառոցութեան ու ճամարտակութեան, ինչպիսին կը լսենք այս կամ այն առիթներով:

Ինչո՞ւ կ’ըսենք կամ կը մատնանշենք ասոնք. որովհետեւ լիբանանահայութիւնը իրաւունք չունի, կողմ դառնալու սիրոյն, ասոր կամ անոր թմբուկը զարնելու, մաղձ թափելու ասոր կամ անոր հասցէին, հետեւելու ասոր կամ անոր կառքին:

Անցնող երեսուն տարուան ընթացքին, ողջունելի եւ յիշատակելի համախոհութեամբ մը, լիբանանահայութիւնը գիտցաւ ոչ միայն իր գոյութիւնը պահպանելու ընտրանքները ճշդելու, այլեւ՝ իր քաղաքացիական օրինակելի պարտականութիւնները կատարելու:

Ներկայիս, երբ ներքին թէ արտաքին իրավիճակները աւելի սուր ու փշոտ են, ի՞նչ բանը կ’արգիլէ խոհեմ, իրատես եւ ողջմիտ կեցուածքներ չորդեգրելու, առանց իյնալու սոփեստութեան, հաւկուրութեան եւ անմտութեան անդունդներուն մէջ, ինչպէս ոմանք կ’ընեն:

Այս ակնարկութիւնը ամենէն աւելի կ’երթայ բոլոր անոնց, որոնք “վարժուեցան” (կամ վարժեցուցի՞ն) եթերով, մամուլով թէ այլապէս քարոզչական սին “փոլիթիքոս”ութիւն ընելու, երբ ոչ ատոր բարոյական, ոչ անհատական, բայց մանաւանդ ազգային իրաւունքը ունին :
Ինչ խօսք, յատկապէս Լիբանանն ու շրջանը կ’անցնին անսովոր ժամանակներէ, որոնց մէջ է նաեւ այս ափերուն կայք հաստատած հայութիւնը:

Լիբանանահայութեան վիճակուած է ցուցաբերել վերանորոգ զգօնութեան ու զգաստութեան անշեղ կողմնորոշումներ, ուր հիմնովին բացառուած ըլլան, “փարազիթ”եան կարգով, խռպոտ ձայներ, որոնք կրնան ճաթռտան ճեղքեր առաջացնել…:

 

You May Also Like
Read More

Հայրենադարձութիւն

Հայաստանցիներո՞ւ Վերադարձով, Թէ՞ Սփիւռքահայերու Պարոյր Յ. Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Յուլիս 2018 Ներգաղթ-արտագաղթ: Արտագաղթ-ներգաղթ: Ներգաղթը, քանի մը հանգրուաններով տեղի…
Read More
Read More

Ռամատանն ու Տօնածառը

Սիլվա Իսկիկեան Մահրեճեան, Լոս Անճելըս, 10 Սեպտեմբեր 2022 Նոյեմբերեան ցուրտ օր մըն էր, դպրոցէն տուն վերադարձիս տեսայ, որ մեր դրացուհին՝ Լամիան, մօրս նարնջագոյն բրդեայ գազակը հագած էր: Այդ…
Read More