Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 20 Ապրիլ 2016
Հռչակաւոր ամերիկացի երգիչ Հէրի Պէլաֆոնթէն տարիներ առաջ հեռատեսիլէն իր ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նախագահ Պարաք Օպաման կոչած էր «ճերմակ սեւը», զայն նկատելով ճերմակամորթ մարդոց խմբակցութեան (clique) մէկ անդամը։ Եւ եթէ ընթերցողը քննէ Պարաք Օպամայի ընտանեկան անցեալն ու անոր քաղաքական
Ահա թէ ինչո՞ւ նախագահ դառնալէ ետք Պարաք Օպաման յուսախաբ ըրաւ միլիոնաւոր այն իտէալապաշտ երիտասարդները, որոնց կը պարտի նախագահական աթոռին իր բարձրանալը։ Կը յուսացուէր իրմէ որ խարանէր, հալածէր եւ պատիժներ տնօրինէր հանդէպ անոնց, որոնք Ամերիկան անվերջ պատերազմներով սնանկացումի եզրին հասցուցին եւ իրենց սուտերով չընթացող աշխարհին ասպարէզ կարդացին։

Այժմ Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու Հիլըրի Քլինթընն ալ պատեհապաշտութեան ձիուն վրայ նստած կը փորձէ մտնել Սպիտակ Տունն Ամերիկայի։ Ան իր կեղծ եւ լայնաբերան ժպիտով, անվստահելի ու անպարկեշտ անցեալով, եւ վերջէն գտած իր վերածնեալ (born again) ժողովրդասէր ընթացքով, կը փորձէ ի զուր գրաւել սէրն ու յարգանքը իտէալապաշտ երիտասարդութեան մը որ հաւաքուած է Պըրնի Սանտըրզի շուրջ, որ իր «Ալ կը բաւէ՛» պոռթկումով քաղաքական յեղաշրջում կը քարոզէ Ամերիկայի պէս երկրի մը մէջ, ուր Տեմոքրաթ կամ Հանրապետական իշխանութիւններու տակ նոյնը կը կատարուի` հարուստ վերնախաւին ծառայելով եւ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը անգործ ու աղքատ դարձնելով։
Վերջերս Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Ամերիկա-Իսրայէլ Հանրային Հարցերու Յանձնախումբին (AIPAC) կողմէ կազմակերպուած միթինկին ընթացքին, Հիլըրի Քլինթընը մրցումի ելաւ միւս բոլոր Հանրապետական թեկնածուներուն հետ` ցոյց տալու իր անվերապահ աջակցութիւնը Իսրայէլի հանդէպ։ Այդ միթինկին անկասկած ներկայ էին ներկայացուցիչները այն բոլոր մեծահարուստ ընկերութիւններուն (որոնց աւերիչ անյագութիւնը (greed) անգործ կը դարձնէ Ամերիկայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը) եւ որոնց առջեւ իր հաւատարմագիրը եկած էր ներկայացնելու նախագահ դառնալու երազով տառապող Հիլըրի Քլինթընը։ Հոն չէր հրեայ թեկնածուն՝ Պըրնի Սանտըրզը, որ տարբեր առիթով մը կրկնեց իր մարդասէր, ընկերասէր ու պարկեշտ կեցուածքը, ըսելով որ կարելի չէ արդար ըլլալ՝ շարունակ ըլլալով կողքին Նէթանիահուի ու Իսրայէլի եւ անգիտանալ թշուառութիւնը պաղեստինցիին։
Ամերիկայի սեւամորթ եւ լատին փոքրամասնութիւններու շարքերուն մէջ ատենօք գործած Հիլըրին, կարծէք իր նախագահ դառնալու փառասիրութիւնը (ambition) վաղուց կատարած ըլլալու հանգամանքով եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարած ըլլալով, յաջողած կ’երեւի իր պատեհապաշտութեան մէջ։ Իր շուրջ հաւաքուած Տեմոքրաթներու գործադիր մարմինը կամ հաստատութիւնը (establish-ment) ամէն ձեւով կը փափաքի յաջորդ ընտրութիւններուն տեսնել Հիլըրի Քլինթընը որպէս Տեմոքրաթ կուսակցութեան թեկնածուն։
Անդին, Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինն ալ կը փափաքի չունենալ Տանըլտ Թրափը որպէս Հանրապետական թեկնածու։ Պայքարը երկու կողմերուն, Տեմոքրաթ եւ Հանրապետական, իրենց ուզած կամ փափաքած թեկնածուն ունենալու, կրնայ ստեղծել աննախատեսելի վիճակ մը, ուր ճեղքեր կրնան բացուիլ եւ այդ երկու կողմերու ընտրած պաշտօնական թեկնածուներու կողքին կարելի կրնայ դառնալ անկախ (independent) թեկնածուներ Սանտըրզի եւ Թրամփի թեկնածու դառնալու ժողովրդային պահանջքը։ Այն ատեն տեսակ մը քաղաքական յեղաշրջում կը պատահի Ամերիկայի նախագահական ընտրապայքարին մէջ եւ իտէալապաշտները, աջ եւ ձախ թեքուող, կը գողնան պաշտօնականութիւնը ընտրապայքարին։
Հիլըրի Քլինթըն պահպանողական/տեմոքրաթը իր պատեհապաշտ անցեալով եւ նախագահ դառնալու իր փառասէր ներկայով կրնայ պատճառ դառնալ, որ Տանըլտ Թրամփի նման վտանգաւոր թեկնածու մը նախագահը դառնայ Ամերիկայի։ Այդ պարագային` Աստուած օգնէ Ամերիկայի եւ մարդկութեան, եւ Աստուած տայ որ մեր գուշակութիւնը սխալ ըլլայ։