Հիմնակա՛նը՝ Հզօրագոյն Հակազդեցութիւնը

(Ժխտումի Օրինագիծի Մերժռւելուն Առիթով)

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 7 Մարտ 2012

Մոհամմէտ Պաալպէքի, Լիբանանի Մալոյ Սենտիքայի նախագահը կը շնորհւորէ Աղպաշեանը “Բերքահաւաք” (Ալ Հիսատ) գիրքի Արաբերէն Հրատարակութեան Առիթով, Թարգմանութիւն՝ Նանոր Միքայէլեան-Քեքլիքեանի***

23 Յունուար 2012ին, հայ ժողովուրդը՝ ի Հայաստան թէ Սփիւռս, թնդաց-որոտաց, այլեւ՝ ցնծաց-ցնցեց, քանի որ՝ Ֆրանսայի ծերակոյտը (վերին պալատը) 127 թեր եւ 86 դէմ քուէներով որդեգրած ու վաւերացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

(Ժխտումի Օրինագիծի Մերժռւելուն Առիթով)

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 7 Մարտ 2012

Մոհամմէտ Պաալպէքի, Լիբանանի Մալոյ Սենտիքայի նախագահը կը շնորհւորէ Աղպաշեանը “Բերքահաւաք” (Ալ Հիսատ) գիրքի Արաբերէն Հրատարակութեան Առիթով, Թարգմանութիւն՝ Նանոր Միքայէլեան-Քեքլիքեանի***

23 Յունուար 2012ին, հայ ժողովուրդը՝ ի Հայաստան թէ Սփիւռս, թնդաց-որոտաց, այլեւ՝ ցնծաց-ցնցեց, քանի որ՝ Ֆրանսայի ծերակոյտը (վերին պալատը) 127 թեր եւ 86 դէմ քուէներով որդեգրած ու վաւերացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

Ակնկալելի էր որ թուրքերը հակազդէին, իրենց ներքին թէ արտաքին դիւանագիտական-քաղաքական ամբողջ “ապարատ”ը զօրաշարժի ենթարկելով: Այդպէս ալ ըրին, մերթ բարեկամական ազդեցիկ ուժերը գործի լծելով, մերթ կաշառքային իրենց ոճը կիրարկելով, մերթ ալ՝ սպառնալիքներու անիւները շարժելով:

Եւ եղեւ այն ինչ որ կը սպասուէր, տարօրինա՜կ չէր, ի դէմս շշմած-սմքած, այլեւ՝ ապշած-շփոթած հայ ժողովուրդին, որ միամտաբար կը կարծէր թէ օրինագիծը վերջնական բնոյթ առած է եւ ետդարձ չկայ:

Հայ ժողովուրդը, մի՛շտ, այպէս եղած է, ի մասնաւորի հաւատալով դուրսէն հնչած խոստումներուն կամ զօրակցութիւններուն, մեծապետականներուն կամ եւրոպացիներուն կողմէ, վրայ տալով իր հողերուն ու հայրենիքին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:

Դժբախտաբար, տակաւին մեր մօտ կայ “թուղթէ շերեփ”ի փխրուն տրամաբանութիւնը, շատ արագ խնդավառուելով, շատ արագ ալ՝ խամրելով, շատ արագ շեփորելով, շատ արագ ալ՝ համակերպելով:

Մեր ամբողջ պատմութիւնը միթէ այդ տրամաբանութեան տխրահետեւանք արդիւնքը չէ՞ , կառչելու այս կամ այն արտաքին կողմի մը, պարզապէս հաւատալով թէ՝ հոնկէ կու գայ փրկութիւնը, սակայն, նոյնհետայն ինքզինք գտնելով պարտուողականութեան ու դասալքութեան դէմ յանդիման:

Ինչո՛ւ այս մատնանշումը:

Պարզապէս վերյիշելու ու վերյիշեցնելու, թէ այս մօտեցումով ու մտածումով, արտակա՜րգ հաւկուրութիւնը դէպի անվստահելի աղբիւրները աշխարհի, այլեւս չեն կրնար օգտակար դառնալ Հայկական Հարցին՝ իր զանազան պահանջատիրութեան գործօններով:

Մենք այս յօդուածով, ո՛չ Ֆրանսան կը քննադատենք, ո՛չ ալ անշնորհակալութիւն կը յայտնենք, ընդհակառակը՝ մենք զմեզ կը դիտենք ու գնահատենք, շատ յաճախ մեր շուտիկութեան եւ երբեմն ալ… ջրիկութեան համար:

Խօսքը կը վերաբերի այն “շնորհակալութիւններուն”, “կեցցէներուն” եւ “ուռաներուն”, որոնք համանուագային ուժգնութեամբ լսելի դարձան ամենուր-ամենէն հեղինակաւորներէն մինչեւ ամենէն համեստները:

Հիմա պիտի ըսուի, թէ ատոր մէջ ոչինչ կայ տարօրինակ: Չէ՞ որ մե՜ծն Ֆրանսան է ժխտումի օրինագիծը որդեգրողը ու վաւերացնողը, հետեւաբար, պէտք է այնքան խանդավառուիլ ու խանդավառեցնել, ուրիշներու խանդը… վառելու աստիճան:

Անկեղծօրէն, անձամբ (եւ վստահաբար ուրիշներ), չըսելու համար վերապահութեամբ, գէթ զգուշաւորութեամբ դիմաւորեցի ֆրանսական ծերակոյտին այդ որոշումը, քաջ գիտնալով որ անխուսափելին… անխուսափելի պիտի դառնայ:

Եւ իրօք, յանկարծ, օրինագիծը նետուեցաւ Ֆրանսայի սահմանադրական խորհուրդի գիրկը, անոր օրինականութիւնը կամ հակաօրինակութիւնը քննելու, զայն հաստատելու կամ չհաստատելու հաւանականութեամբ:

Ո՞ վ կրնար կասկածիլ, թէ այդ չարաբաստիկ խորհուրդը պիտի չմերժէր (կամ մերժէր) ժխտումի օրինագիծը ու զայն չվերադարձնէր իր զերօ կէտին, այնքան ատեն որ (եղե՜ր) “օրէնսդիրները հակասահմանադրական ոտնձգութիւն կատարած են խօսքի արտայայտութեան ազատութեան նկատմամբ”:

Ահաւասիկ, խնդրեմ, մէկ կողմէն մեր ժողովուրդին միամտութիւնը, միւս կողմէն՝ օտարին արդարաբաշխութիւնը(՞ ), մինչ անդին՝ Թուրքիան, որ վայրկեան մը իսկ դադար չըրաւ, ձախողցնելու օրինագիծին վաւերականութիւնը, քմծիծաղի ու ծաղրանքի ենթարկեց բոլոր անոնց, որոնք խաբկանքը ապրեցան անոր:

Ասկէ կ’առաջանան կարգ մը խորհրդածութիւններ. օրինակ, ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը, իր սփիւռքեան (եւ նաեւ հայաստանեան) պատասխանատու շերտաւորումներով, բաւարարուեցաւ միայն ծափողջոյններով եւ երախտապարտութիւններով, փոխանակ, թրքական հակազդեցութեան մակարդակով, հրապարակ իջնելու եւ կամ՝ աւելի ազդեցիկ միջոցներու դիմելու:

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի վրան գրաւ դնելով եւ անոր գովքը հիւսելով, արդեօ՞ք բաւարար էին որ օրինագիծը մնար անհպելի, հուսկ՝ գործադրելի, երբ թրքական դիւանագիտութիւնը մուտք գործած էր ֆրանսական լայն ու նեղ խորհրդարանական արահետներէն ներս, “կաշառքային թնդանօթ”ներով ու “սպառնալիքային բաբան”ներով իր կշիռը զգացնելու եւ յաջողցնելու:

Սարքոզի, որքան ալ անկեղծ ու պարկեշտ ըլլայ իր դիտաւորութեան մէջ – ժխտումի օրինագիծ առաջադրելու կամ առաջարկելու վերանորոգ նոր տարբերակ մը, տակաւին ոչինչ կը նշանակէ, որովհետեւ, վերջին հաշուով, ան կը մղէ իր նախագահութեան վերընտրութեան վերջին խաղաթուղթը:

Ինչ կը վերաբերի Սահմանադրական խորհուրդին, որ իր ապիկարութիւնն ու կողմնակալութիւնը ցոյց տուաւ այս ձախաւերութեամբ, ինչպէ՞ս կրնայ ինքզինք յարգել եւ յարգեցնել, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան օրինագիծը կը մերժէ (ցնդաբան պատճառաբանութեամբ), բայց կ’ընդունի պահել Հրէական ողջակիզումը ժխտող քրէականացնող օրէնքը (խտրական այլանդակութեամբ):

Այս բոլորէն ետք, հակառակ անոր որ շատեր տակաւին լաւատես են որ խորհուրդը կրնայ օրինագիծին նկատմամբ դրական վերաբերմունք ունենալ, իսկ ուրիշներ յուսատու են ապագայէն, բայց, ասիկա յաւելեալ դաս մը չէ՞, որ մեր արդար եւ անժամանցելի իրաւունքներու ձեռք բերման համար, Թուրքիան պիտի շարունակէ դարպասել հայ ժողովուրդը, ստրկացնելով եւրոպական կարգ մը պետութիւնները, շահագործելով իր ազդեցութեան գօտիները եւ (չզարմանա՛լ) սիոնական շարժումներուն վրայ վստահելով:

Եթէ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ “ծափիկ-ծափիկ”ով գործել, զգացական զեղումներու ծո՜վ-ալիքներով, ուրեմն, պիտի շարունակուին հիասթափութան ազդակները, մինչդեռ կարեւորն ու հիմնականը՝ հակազդեցութեան, հետեւողականութեան եւ արդիւնաւէտութեան զէնքերով շարժիլն է:


Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2012, Լիբանանի մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամմէտ Պաալպէքի, կեդրոնատեղիի իր գրասենեակին մէջ, ի ներկայութեան խմբագիրներու ու մամլոյ սենտիքաներու վարչութեանց անդամ Էլիաս Աունի, ընդունեց լիբանանահայ խմբագիր, հրապարակագիր ու գրող Պարոյր Աղպաշեանը, շնորհաւորելու անոր նորագոյն գիրքին (արաբերէն լեզուով) հրատարակութիւնը, որ կը ներկայացնէր հրապարակագրական ընտրանի մը:

Պրն. Պաալպէքի դրուատեց Պրն. Աղպաշեանի հրատարակչական աշխոյժ գործունէութիւնը, մանաւանդ անոր հրապարակագրական բեղուն վաստակը հայ իրականութեան մէջ, որ արժանաւորապէս գնահատուած է Լիբանանի, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, իսկ ներկայ հրատարակութիւնը կու գայ նոր որակ մը տալու անոր լրագրական ասպարէզին:

Սենտիքայի նախագահը, որ գրած էր նաեւ այս գիրքին յառաջաբանը, անգամ մը եւս բարենշելի եւ ողջունելի գտաւ գիրքին մէջ տեղ գտած գրութիւնները, որոնք, ըստ իրեն, հայարաբական մերձեցումներուն առաւել ամրապնդման կը ծառայեն, արաբ ընթերցող հասարակութիւնը եւս տեղեակ պահելով հայ լրագրողի մը մտածումներէն, վերլուծումներէն ու դիտարկումներէն, ինչ կը վերաբերի հայութեան, արաբականութեան (Լիբանան) եւ ընդհանրապէս արծարծուած հրատապ հարցերուն:

Այս առիթով, Պրն. Պաալպէքի պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահելու եւ խօսք առնելու գիրքին նուիրուած որեւէ հրապարակային ձեռնարկի մը, յաւուր պատշաճի անդրադառնալով ու գնահատելով զայն:

Գիրքին հեղինակը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց այս ընդունելութեան եւ յօժարակամութեան համար, խոստանալով իր մտաւորականհրապարակագրական առաքելութիւնը շարունակելու, ի նպաստ հայ թէ լիբանանեան լրագրութեան վերելքին:

 

You May Also Like