ՀՀԿ եւ ՀՅԴ Համագործակցութեան Դատապարտեալները

«Նոր Յառաջ», Խմբագրական, Փարիզ, 1 Մարտ 2016

Հազիւ երեք տարի անցած է այն օրէն երբ ՀՅԴ հրաժարեցաւ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելէ, իրաւացիօրէն պատճառաբանելով արդար ընտրութիւններու անկարելիութիւնը։ Անկէ ետք ընտրական խարդախութիւններ տեղի ունեցան նաեւ անցեալ Դեկտեմբերին՝ Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին ժամանակ։ Սակայն այս բոլորով հանդերձ ՀՅԴ գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրեց նոյն այդ զեղծարարութիւնները իրագործող վարչակարգի ետին կանգնած կուսակցութեան հետ։

Առաջին անգամը չէ, որ ՀՅԴ կը մասնակցի կառավարութեան կազմին։ Քոչարեանի նախագահութեան շրջանին եւ յետոյ ալ՝ Սարգսեանի նախագահութեան շրջանին սկիզբը ան մաս կազմեց կառավարութեան։ Ի՞նչ արդիւնք տուաւ այդ մասնակցութիւնը բացի միջազգային գետնի վրայ Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ պետական արտաքին քաղաքականութեան դիրքի փոփոխութենէն՝ ոչի՛նչ։ Գիտենք, որ Քոչարեանի շրջանին էր, որ պետութեան ազգային կարեւորագոյն սեփականութիւնները վաճառուեցան Ռուսաստանին, գոյք՝ պարտքի դիմաց սկզբունքի հիման վրայ։ Այդ շրջանին էր, որ սակաւապետութիւնը (Oligarchy) իր դիրքերը ամրացուց, մեծագոյն հարստութիւնը դիզեց։ Որո՞ւ հաշւոյն. ժողովուրդին հանապազօրեայ հացին։ Հետեւանք՝ արտագաղթ եւ մասամբ նորին։ Հիմնական երկու կալուածներու մէջ ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրուեցաւ՝ ո՛չ կաշառակերութեան դէմ պայքարին, ո՛չ ալ ժողովրդավարական ընտրութիւններու։ Ընդհակառակն՝ Մարտ 1ի ազգային ողբերգական սպանդը տեղի ունեցաւ։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25 տարիէ ի վեր պէտք ունի քաղաքական դասուն եւ ժողովուրդին միջեւ հաշտութեան դաշինքի։ ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի համագործակցութեան համաձայնագիրը պիտի կարենա՞յ այդ դերը կատարել։ Արհամարհանքը, անարդարութիւնը, շահագործումը չարաշահումի աստիճանի հասած պետական կառավարական վարքագիծը՝ իշխանաւոր դասը հասարակ քաղաքացիին համար կեղեքողի ու թշնամիի համազօր դարձուցած են։ Այս պայմաններուն մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը, որ իր բովանդակութեան մէջ ընդհանրական սկզբունքներու յայտարարութենէն անդին ոչինչ ունի գործնական՝ ի՞նչ կրնայ փոխել իրադրութենէն։ Իսկ եթէ այդ համաձայնութեան սկզբունքները չյարգուին, ինչ որ ամէնօրեայ երեւոյթ է, ի՞նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը՝ ոչի՞նչ, թէ խզում։ Ո՞րն է այն սահմանագիծը որմէ անդին անթոյլատրելի պիտի ըլլայ գործակցութիւնը։ Յստակ չէ։ Իսկ որո՞նք են այն լծակները որ ՀՅԴ-ին պիտի տան այն ուժը եւ իշխանութիւնը՝ ազդելու կառավարման նոր եղանակներ առաջադրելու, մէջբերելու, ի հարկին գործադրելու։ Գործնականին մէջ՝ ոչ մէկ։ Ո՛չ խորհրդարանական լծակ, ո՛չ արդարադատական, ո՛չ ուժային, ո՛չ ալ տնտեսական։ Իսկ բարոյակա՞նը՝ կը մնայ ամենէն խոցելին, ամենէն քննադատելին։ Սակայն ՀՅԴ-ն արդէն կանխազգուշացուցած էր՝ կ՚ընդունի գործակցիլ հեղինակազրկուած քաղաքական ուժի մը հետ։

Քաղաքականութեան մէջ պէտք է համարձակիլ քանդել կարծրացած սահմանագիծերը՝ նորոգուելու համար։ Դաշնակցիլ՝ նոյնիսկ սատանային հետ, եթէ պէտք ըլլայ իրագործելու համար անկարելին։ Մանաւանդ երբ ազգին գոյութիւնը վտանգի ենթարկուած է։ ՀՅԴ-ի եւ ՀՀԿ-ի համագործակցութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի նման պահու եւ իբր այդ՝ քաղաքական ռազմավարական յանդուգն որոշում է։ Ատիկա ի զօրու է ՀՀԿ-ին համար ալ, որ ոչ մէկ պատճառ ունի իշխանութիւնը բաժնելու քաղաքական ուժի մը հետ, որուն ոչինչ պարտական է, որմէ ոչ մէկ ձեւով կախեալ է։ Եւ երկրորդ, ՀՅԴ-ին, որ իր զօրակցութիւնը կը բերէ կուսակցութեան մը, որ սակաւապետական թալանող պետական համակարգ մը ստեղծած է։ Ինչո՞ւ քաղաքական այս երկու կառոյցներու մերձեցումը։ Անկասկած, որովհետեւ երկուքն ալ կը գտնուին սպառումի, սնանկութեան սեմին, ինչպէս՝ ընդդիմադիր եւ ոչ ընդդիմադիր միւս բոլոր ուժերը։ Բոլորն ալ կը գոյատեւեն շնորհիւ դուրսի դրամագլուխին՝ Սփիւռքի կամ միջազգային։ Ոչ մէկը ունի ժողովուրդէն բխող գերիշխանութիւնը։ Համակարգը պէտք է ներսէն վերանորոգուի։ Համագործակցութեան դատարապարտեալները պիտի կարենա՞ն գործակցիլ։

Համաձայնագրի ստորագրութեան լուսանկարը ամենէն խօսուն պատկերն է իրադրութեան։ Իւրաքանչիւր ճակատէն վեցական ղեկավար կանգած են սիւներու նման՝ չոր, անժպիտ, անգոյն, պարապ սեղանի ետին։ Մարդկային ջերմութենէ զուրկ, առկայծ ճրագէ զուրկ։ Ո՛չ ողջագուրում, ո՛չ ձեռքսեղմում։ Բարեբախտաբար, շամփանեը չէ բացուած, տօնական յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւն տալէ հեռու մնալով։ Պատկերը անկեղծ է՝ ի՞նչ պիտի ընեն միասին։ Ապագան ցոյց պիտի տայ։
Ժ. Չ.

Յաւելեալ  տեղեկութեան համար տեսնել

«Ազդակ», ՀՅԴ-ՀՀԿ Համագործակցութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ

3 comments
  1. Editorial

    Ճշմարտութիւնը յայտնաբերելու համար ուշագրաւ գրութիւն որ պատիւ կը բերէ Հայ լրագրութեան:

  2. Disowning Integrity

    The referendum was stolen. The ARF leaders know this. The ARF members know this. The Armenian people living in Armenia know this. The Armenian people living in the Diaspora who are members of the ARF know this. The Armenian people living in the Diaspora who provide support to the ARF by attending their various functions know this. The same applies to all the other Diasporan institutions, the various churches, parties, charities, and the people who support them.

    Armenians living in Armenia conclude, once again, that there is no democracy in Armenia (i.e. they are nobodies in Armenia; remember it is their voice that was swiped aside). As such, they leave. Why would they stay if the economy is terrible, the future for their children bleak, and they have lost their country?  Something in which you have no say is not yours.

    These are the mechanics of disowning what one has, in this case giving away country, and with it all Genocide claims (if there is no Armenia, there will be no Armenians, the Genocide would be complete), and Armenian history.

    The ARF's excuse: It wants to enter the government to change it from within.
    The ARF supporters' excuse:  They believe this (or pretend to)…
     
  3. ՀՅԴյի Բացակայութեան

    ՀՅԴյի Բացակայութեան շրջանին Ինչ ըրին այն կուսակցութիունները որոնք տակաւին հոն են,,,,Ոչինչ: 

Comments are closed.

You May Also Like