Հոկտեմբեր 27 Դառն Յուշերով…

Պայծիկ Գալայճեան, Պոսթըն, Հոկտեմբեր 2013

Յետ Խորհրդային բարգաւաճ ու մշակութային առումով պանծալի ՄԵՐ տարիներու անհետացման… չուշացաւ սակայն պատմականօրէն ու անակնկալօրէն մեզի շնորհուած «երազային» անկախութիւնը: Թէեւ ան  ձեռք բերուեցաւ  տքնանքով, արեամբ ու ցաւով, անոր  պտուղները եղան նաեւ դառն, բայց անկախութիւնը շարունակեց մնալ քաղցր բոլորին համար: Երկու տասնամեակէ  ի վեր, կը փորձենք բուժել դարաւոր թշնամիին պատճառած վէրքերը, կը վերականգնենք անոր աւերած գիւղերն ու քաղաքները, կը կառուցենք մեր տուներն ու դպրոցները, եւ վերջապէս կը շէնցնենք մեր հայրենի հողը: Այսօր համայն աշխարհին մենք կը բարձրաձայնենք, թէ մեր Հանրապետութիւնը կայացած պետութիւն է՝ օրէ օր աւելի զարգացող և ժողովրդավար: Այս իրողութեան կամայ թէ ակամայ ականատեսը կը դառնայ ամբողջ աշխարհը: 1991-ին, երբ Արցախի ժողովուրդը իր պատմական որոշումով ընդունեց իր անկախութիւնը, մենք ազգովին մեր խօսքը ըսինք Ազրպէյճանին , որ հայ ժողովուրդին հետ միայն ճակատաբաց կարելի է խօսիլ: Մենք համայն աշխարհին յայտնեցինք, թէ հակառակ որ մենք խաղաղասէր ժողովուրդ էինք, սակայն նաեւ պատրաստ էինք արիաբար կռուելու յանուն հայրենի հողին:

Պայծիկ Գալայճեան, Պոսթըն, Հոկտեմբեր 2013

Յետ Խորհրդային բարգաւաճ ու մշակութային առումով պանծալի ՄԵՐ տարիներու անհետացման… չուշացաւ սակայն պատմականօրէն ու անակնկալօրէն մեզի շնորհուած «երազային» անկախութիւնը: Թէեւ ան  ձեռք բերուեցաւ  տքնանքով, արեամբ ու ցաւով, անոր  պտուղները եղան նաեւ դառն, բայց անկախութիւնը շարունակեց մնալ քաղցր բոլորին համար: Երկու տասնամեակէ  ի վեր, կը փորձենք բուժել դարաւոր թշնամիին պատճառած վէրքերը, կը վերականգնենք անոր աւերած գիւղերն ու քաղաքները, կը կառուցենք մեր տուներն ու դպրոցները, եւ վերջապէս կը շէնցնենք մեր հայրենի հողը: Այսօր համայն աշխարհին մենք կը բարձրաձայնենք, թէ մեր Հանրապետութիւնը կայացած պետութիւն է՝ օրէ օր աւելի զարգացող և ժողովրդավար: Այս իրողութեան կամայ թէ ակամայ ականատեսը կը դառնայ ամբողջ աշխարհը: 1991-ին, երբ Արցախի ժողովուրդը իր պատմական որոշումով ընդունեց իր անկախութիւնը, մենք ազգովին մեր խօսքը ըսինք Ազրպէյճանին , որ հայ ժողովուրդին հետ միայն ճակատաբաց կարելի է խօսիլ: Մենք համայն աշխարհին յայտնեցինք, թէ հակառակ որ մենք խաղաղասէր ժողովուրդ էինք, սակայն նաեւ պատրաստ էինք արիաբար կռուելու յանուն հայրենի հողին:

Անկախութեան հրապոյրն ու խանդավառութիւնը տարբեր երանգ ստացած էին Սփիւռքի տարածքին: «Իւթոփիա» մըն էր ան մեզի համար. անհաս երազ մը, որ օրէ օր կը փայփայուէր ուսուցիչ-աշակերտ փոխյարաբերութեան մէջ: Մեզի համար ահաւոր էր այն երեւոյթը, որ յետ անկախութեան տարիները եկան ապացուցելու, թէ ազատութեան ճանապարհներուն նորանոր փորձութիւններ կը սպասէին մեզի : Թէեւ մենք հակահայ մարդասպաններուն նկատմամբ  արի կեցուածք կը ցուցաբերէինք, սակայն թշնամին կը շարունակէր իրագործել իր յստակ հայատեաց քաղաքականութիւնը՝ բնաջնջելու հայութիւնը առնուազն Արցախի տարածքին բռնագաղթեցնելով արցախահայութիւնը, իսկ Հայաստանի տարածքին՝ ներքին, սակայն ,եղբայրասպանութեանե պիտակին տակ ոճիրներ գործելով:

Մեծ ցասումով կը վերյիշեմ այն օրը, երբ միջազգային լրատուամիջոցներ որպէս գլխաւոր լուր կը հեռարձակէին 27 Հոկտեմբեր 1999-ին, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովը թատերաբեմ դարձուցած էին քաղաքական արիւնալի հաշուեյարդարի մը: Աններելի ոճիր մը, որուն դաժանութիւնը աշակերտներուն պատմելու ու ներկայացնելու համար շատ տկար կը թուէին ըլլալ ուժերս: Ցասու՞մ, ափսոսա՞նք, ամօթխածութիւ՞ն թէ անիծել պէտք էր անկախութեան գաղափարը ստեղծողը:  Նայիրի Յունանեան անուն ոճրագործի մը գլխաւորութեամբ արձակազէն մարդասպաններ խուժած էին դահլիճ եւ օր ցերեկով, Հայաստանի Գ. անկախութեան ռահվիրաները գլխատման ենթարկելու ծանրագոյն ոճիրը գործած։

Միջազգային հանրային կարծիքի եւ յատկապէս բովանդակ հայութեան զարհուրած աչքերուն առջեւ գործուած եղբայրասպան արիւնահեղութիւնը խլած էր կեանքը մարտավարական ու դիւանագիտական ակնյայտ եօթ անհատներու, յատկապէս օրուան վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանի։ Այնուհետեւ, ոչ միայն մեծ կորուստ կրեցին Հայաստանն ու  համայն հայութիւնը, այլեւ ծանրօրէն վարկաբեկուեցան վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նորահաստատ ժողովրդավարութիւնն ու հայոց պետականութիւնը։ Սփիւռքի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր հայ կը սպասէր, որ շուտով երեւան գային  այս ոճիրին ետին կանգնողները: Յետայնու, ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուն տակաւին ցասումով կը յիշենք  ոչ միայն ոճրային այդ ահաւոր արարքը, այլեւ կը դատապարտենք այն «լռութեան» քաղաքականութիւնը, որ ցարդ կը շարունակուի հայրենի իրականութենէն ներս:

Նման տխուր իրադարձութիւններ աչքիս առաջ ուրուագծուեցան յատկապէս, երբ օրեր առաջ «Պոստոն Մարաթոն»ի վերջագիծին ականուած ռումբի մը հետեւանքով զոհ գացին չորս մարդկային էակներ ու 180 ծանր վիրաւորներ: Ահաւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ համարեա ամբողջ քաղաքին մէջ եւ պետական պաշտօնատարներէն մինչեւ ամենակրտսեր անհատը կ՛ուզէր իր լուման բերել յայտնաբերելու համար իր երկրին մէջ նման ոճրային երեւոյթ ստեղծողները: Ամէնուրեք շրջափակման ահազանգ հնչեցուած էր, ոչ ոքի արտօնուած էր իր տունէն դուրս գալ, զինուորական, մարտական ու դիւանագիտական բոլոր բջիջները խուռներամ բազմութեամբ լեցուած էին փողոցներուն մէջ որոնման ու խուզարկման աշխատանքներ տանելու համար: Ես ալ պարտաւոր էի տուն մնալով հետեւելու շրջանային ու թաղային այն իրադարձութիւններուն, որոնց ականատեսը կը դառնայի ակամայ: Քաղաք մը՝ իր ամբողջական տարողութեամբ զգաստ վիճակի մէջ էր՝ յայտնաբերելու համար 19 տարեկան ոճրագործ մը, որ մահ սփռած էր իր հողին վրայ:

Յուզումով- եւ ինչու չէ, -նա՛եւ նախանձով կը հետեւէի տեղւոյն իրադարձութիւններուն: Ակամայ կը մտաբերէի իմ ազգիս ու հայրենիքիս հետ առնչուող երեւոյթներուն մասին: Բնականաբար ցասումով կը լեցուէի…: Ռաֆայէլ Լեմքին երբ իր հանրայայտ «ցեղասպանութիւն» եզրին մասին գիտական մօտեցումները յայտնաբերեց, ան յայտնեց նաեւ որ եթէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործողները պատժուէին՝ Բ. Համաշխարհային պատերազմին ոչ ոք պիտի համարձակէր իրագործել հրէական Ողջակիզումը: Մի՞թէ իմ հայու իրաւունքս չէ նաեւ մտածել, որ եթէ հայրենիքիս մէջ 27 Հոկտեմբեր 1999-ին պատահածը իր արդար պատիժին արժանանար, կամ թէկուզ ձեւականօրէն մի քանի ժամ Ազգային Ժողովի շրջափակն ու տարածքը շրջապատելով, ոճրագործները բռնելու փորձ մը կատարուէր, ապա վստահաբար յաջորդող մարդասպանութիւնները պիտի  չպատահէին,  մանաւա՛նդ 1 Մարտ 2008-ի ամօթալի խռովութեանց խուժանային երեւոյթները պիտի  պարզուէին, ՀՀ նախագահի թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ մահափորձ պիտի չկատարուէր, Գիւմրիի մէջ 28 ամեայ երիտասարդը ծեծի պիտի չենթարկէր շտապօգնութեան 65 ամեայ բժշկը, որ եկած էր փրկելու իր հայրը, «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ տեղի պիտի չունենար բանակի գլխաւոր բժիշկ՝ Աւետեանի եւ իր բժիշկ ընկերներուն դէմ գործադրուած բրտութիւնը,  ոչ ալ Հրազդան քաղաքի գերեզմանատան մէջ պիտի յայտնաբերուէր Եղվարդի ոստիկանութեան գնդապետ Կորիւն Յարութիւնեանի անշնչացած մարմինը:  Եւ վերջապէս այս բոլոր երեւոյթներուն առաջքը յաւուր պատշաճի եթէ առնուէր… անկասկած որ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան նման տարողութեամբ հանրահաւաքներ պիտի չյանդգնէր կազմակերպել, ու իր սին խոստումներով Հայրենի մայրաքաղաքիս անդորրը պիտի չթունաւորէր ու ինքզինք երկրորդ նախագահ մը պիտի չհռչակեր:

Պոստոնի շրջափակման վերացման յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, երբ տեղն ու տեղին յաջողապէս կալանքի տակ առնուեցաւ չէչէն ծագումով ամերիկացին, լրատուական բոլոր միջոցները յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան. «Մարդասպանութիւնը վերջ գտաւ, ոճրագործը կալանաւորուեցաւ, իսկ արդարութիւնը հատուցուեցաւ»: Ժողովուրդը հոծ բազմութեամբ փողոցներուն մէջ ծափահարութիւններով, ուրախութիւններով ու աղաղակներով ողջունեց իր հերոս զինծառայողներն ու պետական մարզի պատկանող անհամար պատասխանատուները, որոնք 20 ժամէ ի վեր Ուոթըրթաունի պողոտաներուն մէջ էին, տուն առ տուն խուզարկութեան կ՛ենթարկէին: Յուզումի եւ հրճուանքի տարօրինակ զգացումներ կլանած էին ներաշխարհս ի տես մարդկային արդարութեան: Յայտնաբերուած էր ոճրագործ մը, որ խլած էր կեանքը չորս մարդկային անմեղ հոգիներու…: Իսկ ես ակամայ կը մտածէի. ու՞ր էր ի՛մ ազգային արդարութիւնս: Ինչո՞ւ համար ինծի պիտի զլացուէր  ունենալ ազգային այն հպարտութիւնը, որ ի՛մ երկրիս մէջ, ի՛մ հայրենի հողիս վրայ եւս գործադրուէին ճիգեր յանուն մարդկային  արդարութեան: Չէ՞ որ ես մէկ մասնիկն եմ իմ հայրենիքիս, չէ՞ որ ես հաւատաւոր ջատագովն եմ իմ հայրենի հանրապետութեանս ու Մայր Եկեղեցիիս: Իմ արդար իրաւունքս պիտի համարէի յաւերժ փայփայել հոգիիս մէջ  միայն ազգային հպարտութիւն առթող հայրենական երեւոյթները, որոնք իրենց պատմական արժեւորումներով յարգանք կը պարտադրեն որեւէ ազգէ, պետութենէ նոյնիսկ դարաւոր թշնամիէն:

 

You May Also Like