Հրանդին Բարեկամներէն Նամակ՝ Վարչապետին

«Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը» Թարգմանութիւններու Շարքէն


Ռատիքալ, 15 Սեպտեմբեր 2011, Հայացուց Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ

Այսօր ծննդեան տարեդարձն է «Ակօս»ի խմբագրապետ Հրանդ Տինքին, որ իր կեանքը կորսնցուց 2007-ի յունուար 19-ին, զինեալ յարձակումի մը իբրեւ հետեւանք:

Հրանդ Տինքի տարեդարձին օրը «Հրանդին բարեկամները» ստորեւ գրուած նամակը յղեցին վարչապետին:

Սեպտեմբեր 15-ը Հրանդ Տինքին տարեդարձն է, եթէ ապրէր, 57 տարիքը թեւակոխած պիտի ըլլար:

19 յունուար 2007-ին երեխաներէն մարդասպաններ ստեղծող այդ խաւարը եթէ Հրանդը մեզմէ խլած չըլլար, շատ հաւանաբար վաղը գիշեր, թոռներուն, ընտանիքին կողքին, բարեկամներուն հետ միասնաբար օղի պիտի խմէր: Չարտօնեցին:

«Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը» Թարգմանութիւններու Շարքէն


Ռատիքալ, 15 Սեպտեմբեր 2011, Հայացուց Գրիգոր Կէօքճեան, Պէյրութ

Այսօր ծննդեան տարեդարձն է «Ակօս»ի խմբագրապետ Հրանդ Տինքին, որ իր կեանքը կորսնցուց 2007-ի յունուար 19-ին, զինեալ յարձակումի մը իբրեւ հետեւանք:

Հրանդ Տինքի տարեդարձին օրը «Հրանդին բարեկամները» ստորեւ գրուած նամակը յղեցին վարչապետին:

Սեպտեմբեր 15-ը Հրանդ Տինքին տարեդարձն է, եթէ ապրէր, 57 տարիքը թեւակոխած պիտի ըլլար:

19 յունուար 2007-ին երեխաներէն մարդասպաններ ստեղծող այդ խաւարը եթէ Հրանդը մեզմէ խլած չըլլար, շատ հաւանաբար վաղը գիշեր, թոռներուն, ընտանիքին կողքին, բարեկամներուն հետ միասնաբար օղի պիտի խմէր: Չարտօնեցին:

Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 19-ը, մարդասպաններուն շարունակուող դատավարութեան օրն է, յար եւ նման այն դատավարութիւններուն, որոնց թիւը այլեւս մոռցած ենք, եւ որ թիզ մը իսկ յառաջընթաց չէ արձանագրուած…

Այսպիսի օրով, իբրեւ Հրանդին բարեկամները, միասնաբար հետեւեալ նամակը գրեցինք վարչապետ Էրտողանին.

Յարգելի պրն. վարչապետ,

Մեր բարեկամը` Հրանդ Տինքը սպաննեցին:

Հինգերորդ տարուան մօտեցող` արդարութեան մեր փնտռտուքը ցարդ ապարդիւն մնացած է:

Մեր դիմումնագիրը, որ յղուած էր պետութեան, այդ պետութիւնը ինքզինք աւելի մօտ զգաց մարդասպանին:

Արդէն մարդասպանը, ոստիկանի եւ դրօշակի ներկայութեամբ, յաղթական հերոսի ժպիտով եւ ամբողջ հասակով պաստառի համար նկարուած էր:

Մեզի համար բացայայտ, բայց ձեր կողմէ տակաւին չբացայայտուող այդ ստորին խմբակցութիւնը, ձեռք-ձեռքի տալով, դարանակալ, դաւադրաբար գնդակահարած, փախած եւ պահուըտած էր:

Կը բողոքենք:

Հակառակ սպանեալին տան մէջ տուած ձեր խոստումին, թէ` «Արդարութիւնը պատուոյ խօսքi է», ձեր փոխանորդը կարգեցիք Ազգային ժողովի նախագահ, որ ատենին Հրանդ Տինքին ակնարկելով եւ ցուցամատը ուղղելով անոր` «ասիկա» ըսած էր. ձեզի համակիր կուսակալը ընտրել տուիք իբրեւ երեսփոխան, որուն պաշտօնավայրին մէջ անոր մարդիկը սպառնացած էին Հրանդին, թէ` «Ուշադի՛ր», կ՛այրենք քեզ». ձեզի համակիր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնը կարգեցիք կուսակալ, որ անպարտաճանաչ գտնուած էր` պաշտպանելու իրեն վստահուած կեանքը. իսկ 17 տարեկան Օ.Ս.-ն վերածեցիք հսկայ Օկիւն Սամասթի մը:

Արիւնը կը լռէ արդարութեամբ. կը բողոքենք:

Անուններ տուինք, որպէսզի հետաքննէք. ձեր ներքին գործոց նախարարը «Չ՛ըլլար, անոնք մեր տղաքն» են, ըսաւ:

Ձեր արտաքին գործոց նախարարը Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին առջեւ տուած իր պաշտպանողականին մէջ նացի որակեց այս հողերուն քաջասիրտ այս զաւակը:

Ձեր յատուկ առաքելութեան ոստիկանները խմբերգի ձեւով մարդասպանները գովաբանող երգը մռլտացին, երբ Ռաքել Տինք իրենց առջեւէն կ՛անցնէր երթալու համար Պեշիկթաշի դատարանը:

Մեր մարդասպանները արդարութեան պալատ բերող ժանտարմը փոխադրակառքին վրայ փակցուցած էր «Կա՛մ կը սիրես, կա՛մ կը լքես» լոզունգը:

Յարգելի՛ պրն. վարչապետ,

Ի՞նչն է այդ «մեծ գիւղաքաղաքին գաղտնիքը», որ կ՛արգիլէ աւելի խորերը իջնել:

Փոքրամասնութիւններուն ձեռքէն բռնագրաւուածներէն բուռ մը վերադարձնելու առիթով ձեր արտասանած ճառին մէջ կ՛ըսէինք. «Այս երկրին մէջ ո՛չ ոք այսուհետեւ հոգեկան խռովքի մէջ պիտի ապրի», ակնարկելով Հրանդին հրաժեշտի նամակին…

Հաւատացէք, որ մեր խռովքը ամէն ժամանակէ աւելի է:

Յարգելի՛ պրն. վարչապետ,

Նիւթականին հասած վնասը կը փոխարինուի:

Հոգիին հասած վնասին համար ալ շարժման անցէք:

Անատոլուի հողէն Հրանդ Տինքին բաժին ինկաւ մէկ քառակուսի մեթր հող, այդ ալ` իր գերեզմանը:

19 յունուար 2007-ի դէպքին վայրը արձանագրուած տեսահոլովակէն ջնջուած է գործողութեան հիմնական բաժինը. մեզի հրամցուած բաժինէն 5 հոգի համրեցինք Հրանդին թակարդ լարողներէն…

Ո՞վ են ասոնք, յարգելի պրն. վարչապետ:

Տեսանելին, անտեսանելին, մեր մարդասպանները կը պահանջենք, որպէսզի արդարութիւնը եւ իրաւունքը վերահաստատուին:

Մեր հարցումներուն պատասխան չէ տրուած…

Իբրեւ արդարութեան արթուն պահակ` «Բոլորս Հրանդ ենք» բացագանջող հարիւր հազարներուն ձեռքը տակաւին իրենց խիղճին վրան է…

Պիտի չլռենք, մինչեւ որ պատասխան ստանանք…

Պիտի շարունակենք հարցնել…

Հրանդին համար, արդարութեա՛ն համար:
 

You May Also Like