Ձայն Մը Անապատի Մէջ

A voice in the Wilderness

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Թորոնթօ, 16 Նոյեմբեր 2018

Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնը եւ Հայ Կեդրոնը, իրենց տպաւորիչ կառոյցներով,  աւելի քան երեք տասնամեակ արժանացած են մեր գաղութը այցելող ամէն այցելու հայու հիացմունքին  եւ մեզի տուած են օրինակելի ու յաջող հայկական գաղութ մը ըլլալու նախանձելի երեւոյթը: Տասնամեակներու ընթացքին, սակայն, թորոնթոհայուն արդարամիտ դիտողի աչքերուն մէջ կար կայծ եւ հրճուանք՝ ի տես Հայ Կեդրոնի մէջ ծաւալող հայաշունչ միջավայրին, եւ կար ցաւ ու թախիծ՝ ի տես ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին հայութենէ ամայացող միջավայրին: Եւ պատահեցաւ անխուսափելին, երբ յայտարարուեցաւ, թէ ծախու հանուած է ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնը՝ պատրուակով մը, թէ (թարգմանելով անգլերէնով տրուած յայտարարութիւնը) առուծախը կը կատարուի՝ զայն տեղափոխելու համար աւելի կեդրոնական վայր մը (moving chapter operations to a more centralized location), ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով Թորոնթոյի հայութեան ներկայ եւ ապագայ կարիքները… (“this is, in fact, beneficial to the greater community because it is a decision focused on meeting the current and future needs of Armenians in Toronto”):

Թէ որքանո՞վ կ’օգտուի թորոնթոհայը աւելի կեդրոնական վայր մը տեղափոխելով ՀԲԸՄ-ի կեդրոնը, թող մեզի ներուի ըսելու, թէ վիճելի հարց է այդ՝ նկատի ունենալով մարդուժի պակասը, որ տարիներու ընթացքին դուրսէն ուղղուած (remote control) միջոցներով տկարացաւ ու նօսրացաւ եւ որուն պատճառաւ ներկայ կեդրոնը ծախու հանուեցաւ…: 

Իսկ եթէ ԻՍԿԱՊԷՍ նպատակը Թորոնթոյի հայութեան ներկայ եւ ապագայ կարիքները նկատի առնելով եղած է, ապա ողջո՜յն եւ հազա՜ր ողջոյն ՀԲԸՄ-ին, որուն նիւթական կարելիութեան եւ բարոյական ու պատմական առաքելութիւններու սահմաններուն մէջ կ’իյնայ ՆՈՒԻՐԵԼ այդ կալուածը Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին, որպէսզի համագաղութային թափով, ճիգով ու նուիրուածութեամբ թորոնթոհայը ունենայ իր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԵՐԱՆՈՑԸ:   

Հիմա որ կ’ապրինք ներկայ մը, որ թաղած է իրարու դէմ պայքարելու կամ չափուելու անցեալը, կրնանք անվարան ըսել, թէ համագաղութային իմաստով ունինք աշխոյժ գաղութ մը իր եկեղեցիներով, միութիւններով, Հայաստան Հիմնադրամի օգտաշատ մասնաճիւղով, ամսաթերթերով եւ ունինք Սփիւռքի տարածքին գործող լաւագոյն ամէնօրեայ դպրոցներէն մէկը: Եթէ հարց տրուի ոեւէ թորոնթոբնակ հայու, թէ ի՞նչ է իր ներկայ եւ ապագայ պէտքն ու կարիքը, անկասկած ան պիտի ըսէ, թէ ԾԵՐԱՆՈՑ մը ունենալու կարիքը եղած է իր երկար տարիներու պահանջքը: Հայ Կեդրոնի շրջանակը իր սրտին վրայ նստած մօտակայ պանդոկը, ըստ եղած շշուկներու, ուզած է գնել տարիներէ ի վեր՝ զայն ծերանոցի վերածելու մտադրութեամբ, սակայն մեծագումար վճարում մը ընելու անկարելիութեան առջեւ գտնուելով՝  չէ կրցած իրականացնել այդ փափաքը: Հիմա որ Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներէն ոմանք գնահատելի ժեստով ներկայ եղած են Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ գումարուած այդ եկեղեցւոյ անդամական ժողովին քաջալերելու համար եկեղեցին, որ նիւթական դժուարութիւններու առջեւ չընկրկի սեփականացնելու համար եկեղեցւոյ կից ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնը, լաւ կ’ըլլայ, որ անոնք ալ իրենց նիւթական ու բարոյական մասնակցութիւնը բերեն կալուածի ձեռքբերումը յաջողցընելու գործին մէջ՝ զօրաշարժի ենթարկելով իրենց շրջանակի զանազան կարելիութիւններն ու միջոցները:

Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնը թորոնթոհայութեան կը պատկանի, որուն նուիրատուութեամբ գոյացաւ առիւծի գումարը, երբ ան 1981-ին կառուցուեցաւ: Ծախու գումարը պէտք է լրիւ եւ ամբողջովին յատկացուի մեր գաղութի պէտքերուն, որոնց առաջին շարքին վրայ կը կանգնի ծերանոց մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Remote control-ով պէտք չէ ուղղուին եւ շարժին տեղացի պատասխանատուները, որոնց հաւատարմութիւնը (loyalty) պէտք է ըլլայ ի շահ մեր գաղութի պէտքերուն:

Կալուածը նուիրելու պարագային, ծերանոցը արդարօրէն կարելի է կոչել ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Ծերանոց՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ տնօրինութեամբը եւ գործակցութեամբը Թորոնթոյի բոլոր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն: Կտակներով գոյացած նուիրատուութիւններով եւ թոշակաւորներու տրուած պետական հասոյթներով կարելի կը դառնայ հոգալ ծերանոցի ծախսերը: Առաւել, Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի տասնամեակներու սրտակցութիւնը եւ անոնց միջեւ որեւէ ժամանակէ աւելի գոյութիւն ունեցող ներկայ ջերմ գործակցութիւնը պէտք է կարելի դարձնեն Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան Կեդրոնի կալուածին նուիրատուութիւնը Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ՝ զայն ծերանոց մը դարձնելու պայմանով:

Թորոնթոյի հայութեան շահը նկատող այս յօդուածով ձայն մըն է որ կը բարձրացուի՝ ուղղուած այս հարցը տնօրինելու կոչուած մարմիններուն ու անձերուն, որ դժբախտաբար յուսադրիչ ըլլալէ աւելի՝ պիտի դառնայ ձայն մը բարձրացած ամայութեան կամ անապատի մէջ (a voice in the wilderness):

You May Also Like