Աւետիս Ռազմիկ, «Արարատ», Պէյրութ, 23 Մայիս 2015
Հանրածանօթ Ֆէյսպուքը (Դիմատետր) վերջերս ծանուցեց, թէ նորերս հիմնուեր է «Ֆինլանդիայի Հայ Եկեղեցական Համայնք»-ը: Այսինքն, հայաշխարհի հետզհետէ ընդլայնող խճանկարին աւելցեր է նոր գոյն մը եւս` առաւել գունագեղելով արդէն իսկ ճոխ հայկական ներկապնակը:
Աչքերնիս լոյս:
Անհեթեթութիւն է կարծել, թէ Շահ Աբասի բռնագաղթին հետեւանքով հայեր հասան Ֆինլանտա. այս պարագային մեղադրելի չեն նաեւ Համիտիէ զօրագունդերը. նաեւ, պէտք չէ պախարակել իթթիհատականները. չկան նաեւ Ստալին-Պերիա զոյգին դժխեմ հալածանքները. «սովետ» ալ չմնաց: Ուրեմն, ո՞ր հովը հայերը ցանցնեց Եւրոպայի հիւսիսային ցուրտ ափերը. ի հարկէ` Հայաստանի ազատաշո՜ւչ մթնոլորտը:
Աւետիս Ռազմիկ, «Արարատ», Պէյրութ, 23 Մայիս 2015
Հանրածանօթ Ֆէյսպուքը (Դիմատետր) վերջերս ծանուցեց, թէ նորերս հիմնուեր է «Ֆինլանդիայի Հայ Եկեղեցական Համայնք»-ը: Այսինքն, հայաշխարհի հետզհետէ ընդ
Աչքերնիս լոյս:
Անհեթեթութիւն է կարծել, թէ Շահ Աբասի բռնագաղթին հետեւանքով հայեր հասան Ֆինլանտա. այս պարագային մեղադրելի չեն նաեւ Համիտիէ զօրագունդերը. նաեւ, պէտք չէ պախարակել իթթիհատականները. չկան նաեւ Ստալին-Պերիա զոյգին դժխեմ հալածանքները. «սովետ» ալ չմնաց: Ուրեմն, ո՞ր հովը հայերը ցանցնեց Եւրոպայի հիւսիսային ցուրտ ափերը. ի հարկէ` Հայաստանի ազատաշո՜ւչ մթնոլորտը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումները բացայայտեցին հետաքրքրական իրողութիւն մը. զգալիօրէն ընդարձակուած է արտահայրենահայութեան աշխարհագրութեան շրջածիրը. յետ-եղեռնեան աւանդական Սփիւռքին չափ ու աւելի, բազմացած է թիւը աշխարհացրիւ արեւելահայութեան:
Թերթելով Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակի միջոցառումներուն եւ մտորումներուն նուիրուած խմբագիր ու պատմագէտ Գերսամ Ահարոնեանի 1966-ին լոյս ընծայած «Խոհեր Յիսնամեակի Աւարտին» հատորը եւ բաղդատելով այսօրուան իրականութեան հետ, շուտով կը նշմարենք, որ ե՛ւ որակով, ե՛ւ մարդահամարով եւ թէ տեղավայրերու առումով, 100-ամեակը եղաւ շատ աւելի նպատակասլաց, բազմամարդ եւ ծաւալուն:
Ի՞նչ կը նշանակէ այս փաստը: Ի հարկէ, ժողովրդագրական պատկերի էական փոփոխութիւն, երբ Սպանիա, Պելճիքա, Չեխիա, Հունգարիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Լեհաստան, Շուէտ, Ֆինլանտա, Ճաբոն, Հոնկ Քոնկ, Չինաստան, Թայլանտ եւ այլն աւելցած են հայաշխարհի խճանկարին վրայ. եւ անշուշտ… արեւելահայերէնախօս հայորդիներու տարտղնումով:
Առաջին հայեացքով, ի՜նչ հրաշալի, որ տարբեր վայրերէ կը լսուին պահանջատիրական ճիչեր: Բայց, խորքին մէջ այդ հետեւանքն է զանգուածային հայրենալքումի տխուր իրողութեան: Այդ փոփոխութիւնը կÿըլլայ հայրենիքի հաշւոյն. կը հիւծի մայր հողը` ժամանակաւոր վտիտ ընձիւղներ արձակելու համար աստ ու անդ: Աւելին, վերջին յիսնամեակին, ահռելի չափերով նօսրացան միջին-արեւելեան տոհմիկ գաղթօճախները, հայաստանամերձ հայագաղութները, որպէսզի բազմանանք աւելի մեծ ու սպառնալից կաթսաներու մէջ:
Ինչպէս սպասելի էր, ամենաբազմահայ քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Գալիֆորնիոյ մէջ. ոմանք խայտանքով բարձրաղաղակեցին 140 հազար հայոց երթի մասին: Ոչ ոք կը կասկածի, որ անոնց մեծ մասը արեւելահայկական հողերը լքած, բայց արեւմտահայկական հողերը պահանջող կրակոտ «հայրենասէր»-ներ են: Այդ մեծ թիւը շատերը ուրախացուց, զիս` տխրեցուց: Ինչպիսի՜ զաւեշտալի հակասութիւն.- Վանը կÿուզենք` Երեւանը պարպելով, Սասունը կÿերազենք` Վանաձորը լքելով, Մուշը կը պահանջենք` Կիւմրիէն փախչելով, Ատանա՜ կը պոռանք` Արմաւիրէն Գանատա՜ հասնելով: Ո՞վ կը հասկնայ այս առեղծուածը.- մատչելին պահպանելու, գուրգուրալու եւ սիրելու փոխարէն` անմատչելին աւելի կը սիրենք, կը ներբողենք ու կÿերազենք: Միով բանիւ` մենք մեզ կը խաբենք:
Մարդիկ գերգոհունակ ու ինքնամոռաց ոգեւորութեամբ, նոյնինքն հանրածանօթ Ֆէյսպուքին մէջ զետեղեցին 140 հազարնոց երթին լուսանկարները, որոնց մէջ ոմանք շալկած էին ցուցանակներ հետեւեալ վերտառութեամբ` «Eastern Turkey is Western Armenia». երանի՜ գրէին` «California is Eastern Armenia». հազարներ, որոնք վերջին քսանամեակին տոհմով-ցեղով չուեցին Հայաստանէն` Western Armenia կÿուզեն առանց բացատրելու թէ նոյնինքն Eastern Armenia-ն որո՞նց թողլքեցին:
Իրապաշտութենէ փարսախներով հեռու այս ցնորատեսական պահանջատիրութիւնը կը նմանի վաղանցուկ պղպջակներու, քանզի առանց ամուր, հաստատուն, արդար եւ հայութիւնը իր շուրջ համախմբող հայրենիքի` չկայ գործնական պահանջատիրութիւն: Գրող Վարդգէս Պետրոսեանի թեւաւոր արտայայտութեամբ` «Ուզում ենք այն, ինչ անհնար է, յետոյ սկսում ողբալ, որ անհնար է անհնարինը»: Այս պարագային, հնարաւորը Հայաստանի ժողովուրդին բազմացումն է, իսկ անհնարինը` Գալիֆորնիայէն լսուող պահանջատիրութիւնը:
Իրապաշտութիւնը յաջողութեան հիմնական բանալին է:
«Կեանքի Կարուսել»-ը տակաւին չսորվեցուց հայութեան` ըլլալու ԻՐԱՊԱՇՏ, ԻՐԱՏԵՍ, ՃՇՄԱՐՏԱՏԵՍ:
Իրականութիւնը նշմարած եւ խոստովանած ահա սրամիտ ոտանաւորի մը մէկ հատուածը մելգոնեանցի եւ ապա ԱՄՆ հաստատուած Կարօ Գասապեանի կողմէ գրուած եւ լոյս տեսած 1986-ին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեանին մէջ.
Ես` հայ չեմ այլեւս
Ոչ ալ սփիւռքահայ…
Թօթափեցի այդ լուծը ուսերէս,
Այն օրէն` երբ ամերիկեան դրօշի
Յիսուն աստղերուն վրայ երդում տուի,
Եւ… սիթիզըն եղայ:
Ինչի՞ս է պէտք այլեւս Հայաստանը,
Ալ ի՞նչ ընեմ հայ լեզուն ու հայ մատեանը.
Ամենազօր տոլարն որ կայ,
Հայուն Աստուածն ինչի՞ կու գայ…
Ես` սիթիզըն եմ հիմա.
Մասոնական տաճարներու օթեակներէն
Կոկորդապատառ ու հպարտ-հպարտ
Կ'օրհներգեմ քեզ, Ամերիկա.
Արմատներս խրած եմ արդէն խորը,
Կեանք կու տայ ինծի քու հողը.
Ու երգերդ քաուպոյական
Հոգիիս մէջ կը դղրդան…
Գոլոմպոսը հաւանաբար
Թերեւս այնքան չուրախացաւ
Երբ գտաւ երկիրն այս օրհնեալ,
Որքան ես` այսօր,
Երբ սիթիզըն եմ այլեւս,
Գերերջանիկ, հզօր…
Հաւանաբար, Ապրիլ 24-ին, 140 հազարնոց նշեալ քայլերթէն ետք, եւ ինչու չէ տարբեր գաղութներու եւ Հայաստանէն դուրս զանազան ոստաններու մէջ, մարդիկ կոկորդալիր ձայնով, հրացայտ ոգիով եւ արբշիռ սեղաններու շուրջ երգեցին.
Հայաստանին հողին մեռնեմ, սրտից խորքիցը.
Բաժակները եկէք խմենք կենաց հայերի:
Իսկ արդեօ՞ք պոլսահայ բանաստեղծ լուսահոգի Զահրատ այս երեւոյթին առիթով գրած էր.
Բաժակները զարկէք չին-չին,
Անեզրութեան եւ ոչինչին կենաց չին-չին,
Անվերադարձ ճամբաներուն կենաց չին-չին,
…Ձեր փառահեղ փախուստներուն կենաց չին-չին...
Ձեր կենացը` չին-չին: