Պարոյր Յ. Աղպաշեան իր գաղափարական, քաղաքական, ազգային ու համամարդկային մկրտութիւնը ստացաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ 1965 թուականին «Հողե՛րը … հողե՛րը…» ռազմակոչով: Որպէս հայագիտութեան ուսանող եւ այնուհետեւ որպէս կրթական մշակ, հրապարակագիր ու ազգային գործիչ ան հաւատարմօրէն ծառայեց ամբողջ յիսնամեակ մը ի սպաս հայ ժողովուրդի, յատկապէս սփիռքահայ հատուածի կարիքներուն ու անժամանցելի երազներուն: Եղած է գլխաւոր խմբագիրը ՌԱԿ-ի «Զարթօնք» օրաթերթի։ Աղպաշեանի նորագոյն հատորը՝ «…Երախտաւոր Դասախօսներ…» կը վկայէ իր խոր սէրն ու նուիրումը հանդէպ Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական Բաժնի այն հռչակաւոր դասախօսներուն, որոնք ակօսեցին Աղպաշեանի յետագայի անդաստանը: Այս առիթով կը ներկայացնենք արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեանի ու Համբիկ Պիլալեանի յօդուածները, որոնք լոյս տեսան «Ազդակ» օրաթերթի համացանցին վրայ:-Խմբ.
Թամար Յովհաննիսեան, Արուեստագիտութեան դոկտոր, Երեւան-Պէյրութ Ազդակ,
29 Հոկտեմբեր 2015
Պարոյր Աղպաշեանի անուանը քաջատեղեակ են Լիբանանում եւ Հայաստանում:
Զտարիւն մտաւորական, որն իր տարբեր ասպարէզների բազմաբովանդակ գործունէութեամբ նուիրաբար ծառայում է հայ իրականութեանը: Իր գիտական բարձրամակարդակ կարողութիւններով եւ ազգային անխոնջ նուիրումով, որ բնագաւառում դրսեւորէ իրեն` Պարոյր Աղպաշեանը, մշտապէս հանդէս է գալիս որպէս խորագիտակ մասնագէտ եւ արդար խօսքի ջատագով:
17 Նոյեմբեր 2015
Պարոյր Յ. Աղպաշեան իր գաղափարական, քաղաքական, ազգային ու համամարդկային մկրտութիւնը ստացաւ քաղաքամայր Երեւանի մէջ 1965 թուականին «Հողե՛րը … հողե՛րը…» ռազմակոչով: Որպէս հայագիտութեան ուսանող եւ այնուհետեւ որպէս կրթական մշակ, հրապարակագիր ու ազգային գործիչ ան հաւատարմօրէն ծառայեց ամբողջ յիսնամեակ մը ի սպաս հայ ժողովուրդի, յատկապէս սփիռքահայ հատուածի կարիքներուն ու անժամանցելի երազներուն: Եղած է գլխաւոր խմբագիրը ՌԱԿ-ի «Զարթօնք» օրաթերթի։ Աղպաշեանի նորագոյն հատորը՝ «…Երախտաւոր Դասախօսներ…» կը վկայէ իր խոր սէրն ու նուիրումը հանդէպ Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական Բաժնի այն հռչակաւոր դասախօսներուն, որոնք ակօսեցին Աղպաշեանի յետագայի անդաստանը: Այս առիթով կը ներկայացնենք արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեանի ու Համբիկ Պիլալեանի յօդուածները, որոնք լոյս տեսան «Ազդակ» օրաթերթի համացանցին վրայ:-Խմբ.
Թամար Յովհաննիսեան, Արուեստագիտութեան դոկտոր, Երեւան-Պէյրութ Ազդակ,
29 Հոկտեմբեր 2015
Պարոյր Աղպաշեանի անուանը քաջատեղեակ են Լիբանանում եւ Հայաստանում:
Զտարիւն մտաւորական, որն իր տարբեր ասպարէզների բազմաբովանդակ գործունէութեամբ նուիրաբար ծառայում է հայ իրականութեանը: Իր գիտական բարձրամակարդակ կարողութիւններով եւ ազգային անխոնջ նուիրումով, որ բնագաւառում դրսեւորէ իրեն` Պարոյր Աղպաշեանը, մշտապէս հանդէս է գալիս որպէս խորագիտակ մասնագէտ եւ արդար խօսքի ջատագով:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան դիւանապետ, կրթական կառոյցներու վարիչ-քարտուղար, ուսուցիչ, տեսուչ, ՀԲԸ Միութեան Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկի ու Հայկազեան համալսարանի դասախօս (գրաբար, հայոց լեզուի պատմութիւն, հայ նոր գրականութիւն, հայ մատենագրութեան պատմութիւն, հայ լրագրութեան պատմութիւն): Նաեւ պատասխանատու խմբագիր եւ խմբագրական կազմի անդամ` լիբանանահայ մամուլի եւ համացանցի («Խօսնակ», «Զարթօնք», «Դիտակ», «Կամար», «Գեղարդ»), եւ սփիւռքահայ ու հայրենական մամուլի աշխատակից:
Այս բեղուն, բազմաոլորտ գործունէութեան համար արժանացած է բազմաթիւ կոչումներու, տիտղոսներու, պարգեւներու ու շքանշաններու: Այս թուարկած փաստերի ետեւում գլխատառով հայորդու ապրած կեանք է, որը մեծապէս հարստանում եւ իմաստաւորւում է նաեւ Պարոյր Աղպաշեանի գրած-հրատարակած գրքերով: Տարբեր են դրանց նիւթերը եւ այդ նիւթերում արծարծուած, շեշտուած իմաստային ոլորտներն ու երանգները: Դրանք հիմնականում առնչւում են գիտական-լեզուաբանական, քաղաքական, հրապարակագրական բնագաւառներին եւ ուշադիր, աջալուրջ ընթերցողը Պարոյր Աղպաշեանի բոլոր աշխատութիւններում կարող է գտնել ե՛ւ նրբախոր մասնագիտական վերլուծութիւն` ե՛ւ շատ վաղածանօթ խնդիրներին առնչուող պատեհօրէն նոր տեսակէտներ, ե՛ւ համազգային ու համամարդկային անանց բարոյական արժէքներ:
Եւ ահա ընթերցողի սեղանին է Պարոյր Աղպաշեանի վերջերս հրատարակած ժողովածուն, որ կրում է «Երեւանի պետական համալսարան /95-ամեակ)», եւ «Երախտաւոր-դասախօսներ (դիմաքանդակային հպումներ) խորագիրը: Բնաւ պատահական ու անսպասելի չէ նման նիւթին հեղինակի անդրադարձումը նրանց համար, ովքեր ճանաչում են Պարոյր Աղպաշեան մարդուն, մտաւորականին, հային:
Պարոյր Աղպաշեանը ուսանել է Երեւանի պետական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժանմունքում: Սակայն քիչ է ասել` «ուսանել է», «աւարտել է» այն: Խորքին մէջ նա իր ողջ էութեամբ տակաւին շարունակում է մարդկային, ազգային, գիտական առնչութիւնը, մշտապէս եւ անուրանալի կերպով զգալով ու գիտակցելով իրեն` հայրենիքի համբաւանուն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան սանը, նրան նուիրեալ մարդը: Այս ամէնի բացառիկ դիպուկ, վաւերագրականօրէն փաստացի ապացոյցն է խնդրոյ առարկայ ժողովածուն: Հեղինակը ջերմ եւ անկեղծ ներքին յուզմունքով խոստովանում է. «Երեւանի պետական համալսարանը, մանաւանդ` հայոց լեզուի ու գրականութեան բաժանմունքը, գիտակցական ու մտածողական կեանքի մէջ անկիւնադարձային ամրակուռ հանգրուան մը պիտի դառնային: Եւ իւրաքանչիւր դասախօս իր ոճով ու հմայքով, իր դերով ու նպաստով դարձաւ մնայուն փարոս մը, որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքի ասպարէզը դարձուցին այս մասնագիտութիւնը` հետեւելով իրենց դասախօսներուն ուղիին եւ օրինակելով անոնց աշխատանուիրուածութիւնը, այսօր հպարտ են դառնալով անոնց ժառանգորդները, հպարտ են այդ հուրը անշէջ պահելով ու հպարտ են շարունակելով այդ երթը»:
Ինչպէս ճշմարտացիօրէն նշում է Պարոյր Աղպաշեանի գրքում զետեղուած իր վերլուծականում բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսէօր, Երեւանի պետական համալսարանի հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ, Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Սամուէլ Մուրատեանը. «Իւրօրինակ է այս գիրքը թէ՛ բովանդակութեամբ եւ թէ՛ ձեւով: Պարոյր Աղպաշեանը սիրով ու ջերմութեամբ, աշխուժ ու կենդանի ոճով ա՛յս երախտաւոր դասախօսների դիմաքանդակներն է ստեղծել եւ դրանք միաւորել Երեւանի պետական համալսարանի ներկայ եւ գալիք յոբելեաններին նուիրուած իր գրքում»:
Եւ այսպէս. Պարոյր Աղպաշեանի այս գրքում ընդգրկուած դասախօսների շարքում տեղ են գտել հայրենիքի մեծածաւալ գիտական բնագաւառի ականաւոր անուններ: Նրանց` մի քանի սերունդների նուիրաբերած անխոնջ գործունէութիւնը իւրօրինակ պատուանդան է հայ ազգի անկասելի գոյատեւմանը: Էդուարդ Աղայեան, Գառնիկ Անանեան, Մանուէլ Ասատրեան, Գուրգէն Սեւակ (Գրիգորեան), Հրանդ Թամրազեան, Լեւոն Ներսիսեան, Գէորգ Ջահուկեան, Էդուարդ Ջրբաշեան եւ այլք… Ուշագրաւ է, հետաքրքրական եւ բարձր գնահատելի, որ հեղինակը իր հոգեմտային զննիչ նուրբ հայեացքով նշմարում է, տեսնում է, զգում է, գիտակցաբար եւ ենթագիտակցաբար ընկալում է նրանցից իւրաքանչիւրին մէջ իւրօրինակ, անկրկնելի մարդկային եւ մասնագիտական յատկութիւնները: Կարողանում է ամէն դասախօսին բնորոշել սոսկ նրա՛ն յատուկ ինքնատիպ գծերով: Եւ այդպիսով մատուցում է մեզ (նրանցից շատերին մենք` ընթերցողներս անձամբ գիտենք) այդ դասախօսների, այդ մարդկանց կերպարները` յաւերժացնելով նրանց յիշատակը: Ազգային մեծապէս շնորհակալ գործ է սա:
Ժողովածուի Բ. բաժնում համատեղուած են տուեալ դասախօսների լուսանկարները, կենսագրական գիծերի ու գլխաւոր գործերի ցանկերը, ինչը նոյնպէս պատեհ արժեւորութիւն է ներկայացնում եւ հարստացնում-ամփոփում է նման հաւաքածոն:
Իր ամբողջութեան մէջ, որպէս ազգային-գիտական երեւոյթ, Պարոյր Աղպաշեանի այս գիրքը իւրովի ձեւով վերահաստատում է ժամանակին ասուած եւ Պարոյր Աղպաշեանի մէջբերուած Յովհաննէս Թումանեանի հեռանկար, իմաստուն խօսքը. «Պէտք է ստեղծել հայոց համալսարանը, որ կարելի լինի բարձրագոյն գիտութիւններ աւանդել ու սովորել հայոց լեզուն: Պէտք է կառուցել ու պահել մի գիտութեան տաճար, պէտք է վառել մի մեծ ջահ»:
Այո, պէտք էր վառուէր այդ մեծ ջահը, եւ նրա լոյսը պէտք է ապրի, հեռարձակուի, ըստ արժանւոյն նշանաւորուի այսօր ու յաւիտեան. հայի ստեղծարար ոգու ու մտքի ջահը:
Պարոյր Աղպաշեանը իր գրքի բաժիններից մէկը խորագրել է` «Երախտաւոր դասախօսներ»: Այո՛, երախտագիտութիւնը մեծապէս արժանի երեւոյթ է ե՛ւ մարդկային, ե՛ւ ազգային առումներով: Ըստ էութեան, Պարոյր Աղպաշեանի խնդրոյ առարկայ գիրքը իր տեսակի մէջ ամբողջութեամբ նոյնպէս երախտիքի բարձրագոյն դրսեւորում է, իւրայատուկ ձօն` երախտաւորութեան:
Պիտի չուզէի հետագայ մտորումներու հոսքը սկսիլ կրկներգ դարձած այն խօսքով, որ կ՛ըսէ. հայ ընթերցասէր հասարակութեան գրասեղանին մատուցուած է նոր հրատարակութիւն մը. ուրեմն պէտք է կարդալ` ընթերցելու վայելք մը ապրելու համար:
Դասական ու քիչ մը հնաբոյր դարձած խօսքերը չեն պատշաճիր յայտնապէս այս գիրքին, որ հակառակ իր փոքր ծաւալին (104 էջ), ընդգրկած բովանդակութեան եւ այսպէս ըսած փոխանցելիք պատգամին, կը տարբերի ուրիշներէ այն առումով` որ իր անմիջականութիւնն ու հաղորդականութիւնը գլխաւոր արժանիքներն են սոյն հատորին:
Ըստ իս, անմիջական է հատորը, որովհետեւ հոն կը տողանցէ «Երախտաւոր դասախօսներու դիմաքանդակային հպումներ»-ու ամբողջ տեսադաշտ մը` ցոյց տալով հայ մտքի ու հանճարի վաւերականութիւնն ու մեծութիւնը: Իսկ այս բոլորին ներկայացումը` այնքան մը հոգեհարազատ ու հաղորդական, անպաճոյճ ու պարզութեամբ յատկանշեալ, որ, հաստատապէս կրնանք ըսել, թէ` հատորի հեղինակ` հանրածանօթ հրապարագիր եւ վաստակաւոր ուսուցիչ Պարոյր Աղպաշեան այս անգամ տարբեր գրական ոճով մը կը ներկայանայ մեզի` հայրենասէրներու եւ հայերէնասէրներու, լոյսին բերելով երախտագիտական փայլքի մը գրաւչութիւնը, յանձինս` իր երբեմնի համալսարանի դասախօսներուն, որոնք որոշակի ժամանակահատուածի մը ընթացքին` հայ մտքի, պատմութեան, լեզուի ու գրական աշխարհի տիտաններ հանդիսացեր են` այլապէս երիտասարդ սերունդներուն ուսուցելով ազգային ու համամարդկային արժէքներու վեհափառ գոհարներ:
Ի դէպ, խոստովանինք, թէ մէկ շունչով կարդացինք գիրքը: Մէկ շունչով, որովհետեւ հատորը զերծ է պատմողականութենէ, սոսկական դիպաշարերու ներկայացումէ, եւ ինչու չէ նաեւ` ձանձրոյթ առթող գրական հոգեկանութենէ:
Փաստօրէն, հեղինակը հետամուտ ըլլալով գրականագիտական հայեացքներու թէ լեզուաբանական արժանիքներու ընդգծումին եւ գնահատումին, իւրաքանչիւր հայագէտ դասախօսի իսկ կենդանագիրը լոյսին բերելով, մեծ ձեռնհասութեամբ մեզի կը փոխանցէ Երեւանի պետական համալսարանի ծառայութեան կոչուած մեծերուն դիմաքանդակները:
Յայտնապէս ի՛նչն է հետաքրքրաշարժը Պարոյր Աղպաշեանի համար, եթէ ոչ այն վարար ապրումներու հոսքն ու երախտագիտական զգացումներու կենդանի արտայայտութիւնը հանդէպ իր դասախօսներուն, որոնց կեանքի բարեկամը հանդիսացեր է` աշակերտելու առընթեր:
Ամբողջ հատորի երկայնքին կը տողանցեն հեղինակային մօտեցումներ եւ մտածական տարածքներ, որոնց վրայ հարկ է կեդրոնանալ, ըստ ամենայնի:
Հեղինակը, նախ եւ առաջ թելադրուած ազգային մտածողութենէ եւ մանաւանդ հայրենասիրութենէ, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութիւնը իր անցեալով ու ներկայի հրամայականով կ՛ուզէ ընդգծել, անոր անփոխարինելի տեղն ու դերը շեշտադրել, յատկապէս ըստ էութեան արժեւորելով դասախօսներու ամբողջ ներկայութիւնը` իբրեւ իւրայատուկ անհատականութիւններ եւ մասնագէտ դասատուներ:
Այլ խօսքով, կարծես հեղինակին կողմէ կայ անսեթեւեթ ճիգ մը` իր հոգեկան պարտքը հատուցելու բոլոր անոնց, որոնք զինք կերտած են իբրեւ հայ եւ իրեն ջամբած հայասիրութեան վսեմագոյն արժանիքները:
Այլապէս ինչպէ՛ս ըմբռնել Պարոյր Աղպաշեան մարդու, մտաւորականի, գրողի, ուսուցիչի, դասախօսի, դաստիարակ-մանկավարժի այն գերակայ ճիգը` իր շրջապատին ծանօթացնելու հոյլ մը հայագէտներու իրաւ նուիրումը հայոց լեզուին, պատմութեան, գրականութեան եւ մշակոյթի առաւել զարգացման, բացայայտելով անոնց խոհուն ներաշխարհն ու մասնագիտական ոլորտները, որոնց իմացումով հայ նորահաս սերունդներ կը զինուին հայաշունչ ճանաչողութեամբ եւ հայավայել գիտականութեամբ:
Յայտնենք, որ հատորի ընթերցումէն ետք զգալի կը դառնայ այն զգացողութիւնը, թէ գիրքը գրուած է մէկ շունչով եւ ինքնաբուխ յայտնագործութեամբ, այսինքն` առանց գրական շպարի եւ աւելորդաբանութեան:
Ըսինք, թէ հեղինակը չի պատմեր, այլ կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ այն ինչ որ հպած է իր ներսիդին: Ան հոն է տակաւին, երբեմնի դասախօսներու մտերմութեան հետ եւ անոնց շունչին ենթակայ: Իբրեւ ուսանող ան կ՛արարէ իր գեղեցիկ յիշատակներուն ամբողջ ուրուագիծը, հաւանաբար կը փափաքի վերադառնալ եւ վերապրիլ այդ անդարձ դասապահերը, որոնցմով յագեցած են իր ներաշխարհն ու միտքը:
Աւելի՛ն. ստուգապէս, հատորը տպագիր մը ըլլալէ աւելի, ապրող մատեան մըն է, որով հեղինակը կը քանդակէ իր դասախօսներու մտածումները, յոյզերը, կիրքերն ու կենցաղակերպերը` միշտ շեշտադրելով իւրաքանչիւրի առանձնայատուկ նկարագիրին բարեմասնութիւնները:
Զգալի է, որ Պարոյր Աղպաշեան ցոյց չի տար գրական-գեղարուեստական երկ մը ներկայացնելու յաւակնութիւն, այլապէս ալ հատորի ամբողջ երկայնքին մենք կը հանդիպինք գեղարուեստական շունչի եւ ոգիի զանազան արտայայտութիւններու:
Եւ այս ձեւով, ան` հեղինակը յաջողած է էապէս շեշտադրել իւրաքանչիւր դասախօսի մարդկային եւ գիտնական բարեմասնութիւնները: Հակառակ որ անոնք բոլորն ալ կը նմանին իրարու` իբրեւ հայագէտներ, այդուհանդերձ մեծապէս կը զատորոշուին իրենց հմտութեամբ եւ մասնագիտութեամբ:
Գիրքի էջ առ էջ ընթերցումով մարդ կը հիանայ, կը շշմի ու կը հմայուի ի տես հոյլ մը մեծերու գիտական աշխատասիրութիւններու այլազանութեան: Կարծես անոնք ի գոյ են յանուն հայոց լեզուի ու պատմութեան խորհուրդներուն իսկութիւնն ու անգնահատելի արժէքներուն պեղումը կատարելու: Աւելի՛ն. անոնք էապէս գիտակից են իրենց առաքելութեան, կը շնչեն անցեալով եւ ապրած են ու տակաւին կ՛ապրին տիրութիւն ընելու մեսրոպակերտ մայրենիին:
Յատկանշական երեւոյթի մը ականատես կ՛ըլլայ ընթերցողը, երբ ի յայտ կու գան Պարոյր Աղպաշեանի անանձնական մօտեցումն ու լուռ կիրքը` նախ եւ առաջ բոցավառելու Երեւանի պետական համալսարանի կրթական ու մասնագիտական արժեհամակարգը, եւ ապա` վեր առնելու իր անկրկնելի դասախօսներու արժանիքները եւ զանոնք սեփականութիւնը դարձնելու նոր ժամանակներու իրերայաջորդ սերունդներուն:
Խորքին մէջ, աղպաշեանական հիւմըր մըն ալ յաճախ ինքզինք կը պարտադրէ այն առումով, որ հատորը ճանաչողական բնոյթ ունենալու առընթեր նաեւ կը պարփակէ ուսուցողական արժէք: Այլ խօսքով, անիկա հրաւէր մըն է ներկայի հայ ուսուցիչներուն, նման մեծութիւններու դրոշմն ու կնիքը փոխանցելու իրենց աշակերտներուն` պահիկ մը ապրելով անոնց մտերմութեան հետ:
Տեղին է ըսել նաեւ, որ հեղինակը անաչառ է իր դատողութիւններուն մէջ: Իր դասախօսներուն կենդանագիրները ներկայացուցած է ամենայն հարազատութեամբ եւ առանց շպարի: Անոնք ներկայ են ինչպէս որ են. հոգեմտային կազմաւորումէն մինչեւ վարուելակերպային արտայայտութիւններ:
Այսինքն` ընթերցողը կը ծանօթանայ «յախուռն, կրքոտ, կոշտ ըլլալու աստիճան խիստ, խստապահանջ…» ըլլալէն մինչեւ «բարեսիրտ, ազնիւ, հոգատար, կենսուրախ, զուարթախօս, վեհանձն» նկարագրային գիծեր ունեցող դասախօսներու, որոնց համախմբողն ու ներդաշնակողը սակայն նոյնինքն հայոց հրաշալի լեզուն է` իր բազում ոլորտներով:
Ի դէպ, նպատակայարմար մտածում է հեղինակին կողմէ գիրքի աւարտին դասախօսներու կենսագրական տուեալներուն տեղադրումը: Հոս եւս ուսանելին այն է, որ ընթերցողը պիտի հիանայ անոնց` դասախօսներուն գիտական աշխատասիրութիւններուն այլազանութեամբ եւ ձգած ժառանգութեամբ:
Գիրքը ունի բարեզարդ տպագրութիւն (Զինկոկրաֆ Քեստենեան), ճոխացուած է յիշատակելի նկարներով եւ բովանդակային տուեալով:
Սոյն գիրքին ընթերցումով ապրեցանք հեզասահ մտածումներու եւ վճիտ լեզուի գեղեցկութիւնը, բայց մանաւանդ` հոգեպարար ապրումներու շքեղութիւնը` ի ներկայութիւն անկորնչելի մեծութիւններու:
1 comment
Baruyr Aghbashian’s recent book
Սրտիս մօտիկ հրատարակութիւն մը, որովհետեւ ես ալ անցած եմ այդ ուղիով եւ հոն նշուած արժանաւոր հայերէն շատերը իմ ալ դասախօսներս եղած են:
Վարձքը կատար հեղինակին։
Comments are closed.