Խմբերգ
Խօսք և Երաժշտութիւն Մարտիրոս Մարտիրեանի
Լիբանան, Մայիս 2014
Մեր սրտէն բխած, քեզ՝ ցաւի նուագ…
Կիլիկեան աշխարհի վերջին տուն, շէն Քեսապ.
Հետ՝ լեռ Մուսայի, քու քոյր անցեալի,
Եղաք աշխարհի չար ձեռքերու զոհեր.
Տեղահան, գաղթական, անօթեւան …
Ո՞ւր էք, Տէր Աստուածներ՝ աշխարհի մարդերու.
Անկարող դարձած կուռքեր, սոսկ՝ պաշտելու…
Ո՞ւր մնացին բանակներ, պաշտպան հրեշտակներու,
Կարծեցեալ պահպանիչներ՝ տանջուածներու…
Խմբերգ
Խօսք և Երաժշտութիւն Մարտիրոս Մարտիրեանի
Լիբանան, Մայիս 2014
Մեր սրտէն բխած, քեզ՝ ցաւի նուագ…
Կիլիկեան աշխարհի վերջին տուն, շէն Քեսապ.
Հետ՝ լեռ Մուսայի, քու քոյր անցեալի,
Եղաք աշխարհի չար ձեռքերու զոհեր.
Տեղահան, գաղթական, անօթեւան …
Ո՞ւր էք, Տէր Աստուածներ՝ աշխարհի մարդերու.
Անկարող դարձած կուռքեր, սոսկ՝ պաշտելու…
Ո՞ւր մնացին բանակներ, պաշտպան հրեշտակներու,
Կարծեցեալ պահպանիչներ՝ տանջուածներու…
Հոգեշունչ մաղթանք, մնաս անսասան.
Քաջասիրտ մայրերու արծուատուն վեհ Քեսապ.
Քեզ վաղ պիտ' կանչեն, ծաղկուն հովիտներ,
Համայն հայութեան աշխատանքով սնուած՝
Պիտ' ելլես , եւ կերտես ու նորոգուիս:
Ո՞ւր են արդարութիւն, Միացեալ Ազգերու,
Պաճուճուած սին հմայքով լոկ խոստումներու.
Ո՞ւր են ազգերու տէրեր, որպէս սուտ խօսքերու
Սնապարծ փողհարներ, լոկ փչելու…
Բայց դարձեալ պիտ' յառնես, միշտ կանաչ, մեր Քեսապ: