Ղարաբաղը Մեր Հոգին Է, Իսկ Սիրտը՝ Կիւմրին

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 13 Յունուար 2014

25 տարի անցած է հայրենի Կիւմրիի պատուհասուած տարերային երկրաշարժէն, սակայն, անոր ձգած հետքերը տակաւ կը յամենան, ոչ միայն ժողովուրդի մտածողութեան եւ յիշողութեան մէջ, այլեւ՝ անոր առօրեային ու կենցաղին:

Խօսքը կը վերաբերի, անշուշտ, տունով ու տեղով, բնակարանով եւ վայրերով տուժածներուն, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը տակաւին անտէր-անտիրական է, ժամանակաւոր կացարաններու ու տնակներու մէջ կայք հաստատած է ու կը սպասէ այն օրհնաբեր օրուան եւ աւետաբեր լոյսին, երբ պիտի ունենայ իր պատսպարան-օճախը:


Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 13 Յունուար 2014

25 տարի անցած է հայրենի Կիւմրիի պատուհասուած տարերային երկրաշարժէն, սակայն, անոր ձգած հետքերը տակաւ կը յամենան, ոչ միայն ժողովուրդի մտածողութեան եւ յիշողութեան մէջ, այլեւ՝ անոր առօրեային ու կենցաղին:

Խօսքը կը վերաբերի, անշուշտ, տունով ու տեղով, բնակարանով եւ վայրերով տուժածներուն, որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը տակաւին անտէր-անտիրական է, ժամանակաւոր կացարաններու ու տնակներու մէջ կայք հաստատած է ու կը սպասէ այն օրհնաբեր օրուան եւ աւետաբեր լոյսին, երբ պիտի ունենայ իր պատսպարան-օճախը:

Չմոռնա՛լ, որ Կիւմրին, Սպիտակը, Նալբանտը ու Վանաձորը դաժան ու բիրտ ձմեռնային եղանակներ ունին, իսկ «անտունի»ները ստիպուած են դիմագրաւել զանոնք եւ ինչպիսի՜զրկանքներով, նեղութիւններով ու դժուարութիւններով:

25 տարի այդ աղիտեալները նման դառն ճակատագիրի մը առջեւ կը գտնուին ու չենք գիտեր թէ տակաւին որքա՜ն պիտի տուայտին այդ ցաւերուն ու սպասումներուն մէջ:

Տարակոյս չկայ, որ իշխանութիւններու կողմէ կառուցողական պատրաստակամութիւններ կան, ծրագիրներ մշակուած են, ոմանք իրականացած կամ վերականգնելի, բայց, զգալի զանգուած մը կը մնայ կարօտեալ ու կարիքաւոր, ունենալու իր ապահով եւ արդիական ապաստան-բնակարանը՝ օժտուած բոլոր (կամ տանելի) յարմարութիւններով:

Ինքնին հարց չէ՞, թէ իչնո՛ւ այսքան դանդաղեցում ու ծանրաշարժութիւն կայ պատկան իշխանութիւններուն մօտ, թերեւս ալ թափթփածութիւն ու անտարբերութիւն ի տես աղիտեալներու (չ)օգնութեան եւ (չ)օժանդակութեան, զանոնք դուրս բերելով այդ անմխիթար եւ անբարեյոյս վիճակէն:

Արդեօք 25 տարին շատ չէ՞ աղիտեալ գօտիներ պահելու եւ աղիտահար բնակիչներ տառապեցնելու, որոնք ամէն վայրկեան եւ օր կ’ապրին կենցաղային մղձաւանջ մը, գոյատանջանք մը, սպասելով «յուսոյ դռներու» բացումին:

Որեւէ քաղաքակիրթ երկրի մը համար, որեւէ բարեխնամ պետութեան մը համար, որեւէ ազգասէր ղեկավարութեան մը համար, ի՞նչ կայ աւելի նուիրական եւ առաջնահերթային, եթէ ոչ իր հայրենիքին ու ժողովուրդին բարօրութեան սատար կանգնելու առաջադրանքը, հրամայականութի՛ւնը:

Կ’ըսուի թէ՝ Կիւմրին կը գեղեցկանայ, կը վերակառուցուի, կ’արդիականանայ, որուն համար ո՞վ ուրախ ու հպարտ պիտի չզգայ, բայց, ինչպէ՞ս բացատրել երկրաշարժէն 25 տարի ետք, անպատսպարներու, անապաւէններու եւ անպաշտպաններու վխտացող ու դեգերող գոյութիւնը:

Քաղաքամայր Երեւանը դարձուցին պսպղուն ու պլպլուն, փայլփլուն ու փողփողուն, սակայն, ի՞նչ գնով՝ տեղաբնկիներու կամ սեփականատէրերու լայն շրջանակներու բռնի տնաքանդումով կամ տեղահանումով, որպէսզի այս կամ այն պետական այրերու, չինովնիկներու, գործարարներու, մաֆիոզներու, առանց այդ ալ պարարտ քսակները աւելիով ճարպակալուին:

Նոյն նախաձեռնութիւնները, ոմանց ալ նախանձախնդրութիւնները բացառուեցան գիւղական շրջաններուն նկատմամբ, որոնց մեծ մասը այսօր կը գալարուի տարրական պէտքերու պակասէն, պատճառ դառնալով անոնց պարպումին ու մարդաթափումին:

Սփիւռքահայ բարերարներու ու բարեսիրական շրջանակներու այլապէս գովելի նպաստներն ու ներդրումները այդ տարածքներէն ներս, չեն կրնար բաւարար եւ ամբողջական ըլլալ, եթէ հոն կը բացակային՝ պետական ներկայութիւնը, կառավարական հոգածութիւնը եւ, ամենէն կարեւորը, գործնական զօրակցութիւնները:

Ցաւալի է, որ Կիւմրիի մէջ ալ սկսուած է նոյն անհանդուրժելի վերաբերմունքը կիրարկուիլ, այս անգամ տեղայնական ազդեցիկ եւ անհպելի ուժականներէ (որոնց թելերը կապուած ըլլալու են կեդրոնական իշխանութեան կարգ մը աղբիւրներու հետ), որոնք ուղղակի կը զաւթեն ու կը յափշտակեն թաղամասեր ու հրապարակներ, զանոնք արդիականացնելու ու շէնցնելու պատրուակներով, բայց, իրենց անձնական դրամագլուխները յաւելեալ դիզումներու ենթարկելով:

Շշուկներ կան, որ Կիւմրիի սքանչելի կեդրոնական հրապարակին եւս կը սպասուի նման ճակատագիր – զայն կտրատելու, փոքրացնելու կամ սահմանափակելու նենգ ծրագիրով, որպէսզի հոն ալ պանդոկային-ճաշարանային-ժամանցային-ցուցափեղկային կառոյցներ սլանան:

Ինչպէ՞ս կ’արտօնուի այս ապիկարութիւնը կամ ինչո՞վ կ’արդարացուի այս խաղքութիւնը, երբ ստուար թիւ մը կիւմրեցիներու տակաւին չէ ձերբազատուած երկրաշարժային տուայտանքէն, իր հոգեբանական, ֆիզիքական, քաղաքացիական եւ իրաւական ապրում-պահանջարկներով, մնալով աներդիք, անտանիք եւ անկտուր պայմաններու մէջ:

Հայաստանի երկրորդ նախագահը, որ բազում խոստումներու բազմաբազում խոստմնադրժութեան ախոյեան մը դարձաւ, գրեթէ ոչինչ ըրաւ աղիտեալ գօտիին եւ աղէտեալներուն վէրքերը ամոքելու, մինչ ներկայ նախագահը՝ աւելի լրջութեամբ մօտեցաւ այս թղթածրարին, բայց, նայած կուտակուած կարիքներուն ու պահանջքներուն, ատոնք կ’ենթադրեն շատ աւելի լայն տարողութեամբ, հասողութեամբ եւ արագութեամբ շօշափելի իրագործումներ:

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան այցելութեան առաջին հանգրուանը Կիւմրին ըլլալը բարացուցական չէ՞՝ բազմաթիւ կողմերով: Քաղաքականի, ռազմավարականի եւ սահմանապահականի կողքին, նաեւ հայրենական երկրորդ քաղաքը տեսնել նախ ապահովուած արտաքին վտանգներէ, ապա՝ կազդուրուած իր ցաւերէն, յատկապէս երկրաշարժային տխուր հետեւանքներէն:

Եթէ ռուսերուն (նաեւ ուրիշներուն) համար Կիւմրին ռազմաքաղաքական նշանակութիւն ունի, անոր քաղաքականութեան ու քաղաքագեղեցկութեան տպաւորիչ հիմք տալու համար, պարտաւորիչ է աղէտ եւ աղիտեալ հասկացողութիւնները եւս վերացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ ըսել, թէ ան, իրօ՛ք, մոխիրներէն ծնունդ առած է, կենդանացած եւ առողջացած:

Սակայն, ա՞յս յամրաքայլութեամբ եւ թուլաշարժութեամբ, որուն ականատես կ’ըլլայ հայ ժողովուրդը 25 տարիէ ի վեր, ամէն տարուան 7 Դեկտեմբերին վերյիշելով զայն, յարգելով զոհերու յիշատակը, մինչդեռ «կենդանի-զոհ»երը հանապազօրեայ դրութեամբ ՀՈ՛Ն են, իսկ շատեր, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, կը համարձակին ըսել, թէ «աւերուած Կիւմրին վերականգնած է»:

Հայ ժողովուրդը, ամէն տարի, Ղարաբաղին համար կը կազմակերպէ խայտաբղէտ «թելեթօն»ներ, ինչ որ գնահատելի եւ ողջունելի է, սակայն, ինչո՞ւ կ’անտեսուին Կիւմրին եւ իր շրջակայքը, ինչո՞ւ նոյն թափով չի դիմուիր Կիւմրիի աղէտեալներուն զօրակցելու աշխատանքին:

Չենք ուզեր այլ մեկնաբանութիւններու մէջ մխրճուիլ, սակայն, անբացատրելի անարդարութիւն մը կայ «բացօդեայ» ապրող աղիտեալներուն նկատմամբ, որ, առնուա՛զն, անհայրենակցական եւ անմարդկային է:

Կը յուսանք որ՝ մինչեւ յառաջիկայ 7 Դեկտեմբեր, բան մը փոխուած կ’ըլլայ, որովհետեւ՝ եթէ Ղարաբաղը մեր հոգին է, Կիւմրին՝ մեր սիրտն է, արդարօրէ՛ն ու հաւասարապէ՛ս:

 

Դիտարկում

Արաբական Ազգայնականութիւն, Թէ՞ Քաղաքական Իսլամականութիւն

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, Յունուար 2014

Արաբական-իսլամական աշխարհը մերթ կ’եռայ, մերթ կը բռնկի իր ներքին տանգապներուն մէջ, բայց ոչ միշտ ու բոլոր պարագաներուն «յեղաշրջում»ներ կատարելու դիտաւորութեամբ, այլ՝ գրգռիչ ազդեցութեան տակ գտնուելով արտաքին միջամտութիւններու լարախաղացութեանց:

Տխրահռչակ «բեմադրիչ»ը այս վերիվայրումներուն, աւելի ճիշդ՝ հիսթերիկ պոռթկումներուն ու ցնցումներուն, կը հանդիսանայ ամերիկեան-արեւմտեան ամոլը, որոշապէս սիոնական նեցուկով:

Դժբախտաբար, արաբական երկիրներէն շատեր, «բռնապետական» իրենց երկարամեայ փորձով, վայելելով ամերիկեան-արեւմտեան գերպետութիւններու հովանաւորութիւնը, միայն աւերներ գործեցին, ժողովուրդը կեղեքեցին, ազատութիւնները բռնաբարեցին, հասարակութիւնը տարանջատեցին:

Արտաքին դարանակալ ուժերը, շատ լաւ գիտէին, որ «արաբական գարուն»ները այլեւս անխուսափելի են այդ երկիներուն (օրինակ՝ Թունուզ, Եգիպտոս, Եմէն, Լիպիա) համար, հետեւաբար, երէկուան իրենց «դաշնակից»ներէն հեռացան, լքեցին զանոնք, ձգելով որ իւրաքանչիւր երկիր տապլտկի իր անզսպելի եւ անվերջանալի հոգերուն եւ աղէտներուն մէջ:

Յաջողեցան իրենց գիտակցուած դաւադրութեան մէջ, որովհետեւ մինչեւ օրս, ինչպէս Իրաքը, այդ երկիրները կը գտնուին անապահովութեան եւ ահաբեկչութեան մահացու աքցաններուն միջեւ:

Սուրիան, որ կը կարծուէր յաջորդ «պատառ»ն էր, ոչ միայն կրցաւ դիմադրել, այլեւ՝ ուժգնապէս հակազդել արտաքին ոտնձգութիւններուն, անշուշտ, ի գին ահաւոր քանդումներու, հազարաւորներու սպանութեան, շուրջ 3-4 միլիոն տեղահաններու ու փախստականներու:

Սակայն, ինչո՞ւ էր այս արկածախնդրութիւնը եւ ինչի՞ կրնար ծառայել, այնքան ատեն որ դառն փորձառութիւնը կար, գէթ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի, վարկաբեկելու Ամերիկան եւ իր գործընկերները, առաւել զիրենք մխրճելու մութ եւ երկար փապուղիի մը մէջ:

Պատասխանը պէտք է փնտռել, առաւելաբար, անոր մէջ, որ՝ ամերիկեան-սիոնական զոյգը հաւատացած էր բան մը փոխել արաբական-իսլամական աշխարհին մէջ, մանաւանդ որ այդ փորձը յաջողած էր Ծոցի կամ նաֆթի երկիրներուն մէջ, ուր թագաւորութիւններ եւ իշխանութիւններ կը մնային անսասան (՞), բարեկամութիւնին ամրացնելով Ամերիկայի եւ Արեւմուտքի հետ, իսկ Իսրայէլն ալ «գոհ» ձգելով այդ ռազմավարութենէն:

Բաց աստի, մեծապետական երկիրները համոզուած էին, որ Սուրիան «զգեստնել»ով, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ’անկիւնաւորուի, սակայն, նկատի ունենալով որ շրջանային այդ ուժերը այդքան ալ դիւրին կուլ չեն երթար, երբ իրենց զօրավիգ են նոյնքան գերհզօրներ, ինչպիսին են՝ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն ու Չինաստանը:

Ամերիկան ուրիշ խայտակառութեան մը եւս եդիմեց, երբ զօրակցեցաւ իսլամական ծայրայեղական շարժումներուն, օրինակ՝ Եգիպտոսի մէջ անոնց իշխանութեան հասնելուն չընդդիմացաւ (նոյնիսկ քաջալերեց), Սուրիոյ մէջ ալ անոնց օժանդակեց՝ նիւթապէս թէ զինապէս:

Ո՞վ՝ ով, գոնէ Ամերիկան շատ լաւ կ’ըմբռնէր, թէ այդ շարժումները, իրենց բրտութեամբ ու ատելավառութեամբ, «2001 Սեպտեմբեր 9»ը կազմակերպեցին ու մինչեւ օրս, Աֆղանիստանի մէջ թէ այլուր, թիրախ կը դարձնեն ամերիկացիներ եւ, ուշ թէ կանուխ, յետ-Սուրիա, անոնք պիտի շարունակեն «սատանայ»ները հալածել:

Ի հեճուկս այս բոլորին, Ամերիկա շարունակեց (եւ ինչ որ տեղ տակաւին կը շարունակէ) իր ապամարդկային ու հակաժողվրդային ապիկար վարքագիծերը, յատկապէս Միջին Արեւելքը ապակայունացնելու ստորնութեամբ:

Նպատա՞կը. արաբական ազգայնականութիւնը կամ ազգային արաբականութիւնը փոխարինել իսլամական քաղաքականութեամբ կամ քաղաքական իսլամականութեամբ:

Կը թուի թէ՝ Ուաշինկթըն, իր այս ռազմաքաղաքականութեամբ, արաբական ազգայնականութիւնը կ’ուզէ փշրել, շոգիացնել, որովհետեւ անիկա շատ աւելի վտանգաբեր է իրեն համար, քան քաղաքական իսլամականութիւնը:

Այլ խօսքով, Ամերիկան ինքզինք շատ աւելի ապահով կը զգայ զուտ իսլամամէտ կամ իսլամաուղի արեւելումով, որուն «դրականութիւն»ը զգացած է նաֆթի երկիրներուն մօտ, մինչ կը սարսափի արաբական ազգայնականութենէն, որ կրնայ լեռներ շարժել:

Ամերիկան շատ լաւ կը հասկնայ, որ կրօնքը զօրաւոր ուժ է, համայնքը՝ զէնք, հաւատքը՝ անյաղթահարելի, բայց նաեւ գիտակից է, որ ազգայնականութեան գաղափարները եւ անոնցմէ ներշնչումները ու ներշնչուողները շատ աւելի սկզբունքային եւ անտեղիտալի են:

Եթէ կը վախնայ առաջինէն, ապա ԿԸ ՍԱՐՍԱՓԻ երկրորդէն, մանաւանդ արաբական տարբերակներէն, որոնք իրեն նետուած մնայուն ձեռնոցներ են, ամենուրէք սպառնալով անոր գոյութեան, յատկապէս երբ ամերիկեան անյագ ախորժակները կը մնան տիրապետող գործօնները միջին-արեւելեան նաֆթային աղբիւրներուն:

Պէտք չէ մոռնալ, որ այս շրջանցումներուն ու մօտեցումներուն մէջ, Իսրայէլ գլխաւոր «իժային» մղիչ ու հրահրիչ ուժն է, առաջին հերթին արաբական-իսլամական աշխարհը տկարացնելու, երկրորդ՝ զանոնք ստրկացնելու, անշուշտ, եթէ Ամերիկան կարենայ իր սադայէլեան քաղաքականութեան մէջ յաջողիլ:

Ամերիկացիներու մտքին մէջ, միշտ առկայ է նաեւ թրքական մոտելին օրինակը, ուր իսլամական վարչաքաղաքականութիւնը գերակշռող է՝ իր պետականութեամբ, նախագահութեամբ, կառավարութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ խորհրդարանով ու բանակով:

Ուրեմն, ինչո՞ւ չդիմել այդ փորձութեան, հոգ չէ թէ բաժանումներ ու պառակտումներ առաջանան, միջհամայնքային կռիւներ ծագին, միջպետական ճակատումներ ստեղծուին:

Հարցումներուն հարցումը այն է, որ նման ծրագիր մը կրնա՞յ յաջողիլ, երբ՝

– Ամերիկան իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը շարունակէ ձախողիլ, նոյնիսկ պարտութիւն կրել

– Ամերիկայի նկատմամբ ատելութիւնը եւ ոխը աւելի կը խորանան ու կը տարածուին

– Ժողովուրդներ (իմա՝ արաբներ) աւելի կը կառչին իրենց ինքնութեան եւ էութեան

Պատասխաններուն պատասխանը՝ ո՛չ, այնքան ատեն որ ժողովուրդներու մէջ ազգայնականութիւնը լոկ զգացում չէ, այլ՝ շօշափելի իրականութիւն, զոր ոչ մէկ ուժ կրնայ նուաճել, ի հարկին՝ ուշ կամ կանուխ, մեղմ կամ սուր յաճախականութեամբ, բայց, անպայմանօրէ՛ն հասնելու անոր:

You May Also Like