Ղարաբաղի Հերոս Սարգիս Հացպանեան Ոչ Եւս Է

20 Յունուար 2018

«Այսօր Լիոնի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սարգիս Հացպանեանը:

Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի  ընկերներէն:   

Յիշեցնենք, որ Հացպանեան   վերջին ամիսներուն փոխադրուած էր Ֆրանսայի Լիոն  քաղաք համապատասխան   դարմանումներ ստանալու  նպատակով:  Իր մօտ յայտնուած  բաւական  ծանր  եւ յառաջացած հիւանդութեան  դէմ պայքար  մղելէ  եւ  բժիշկներու անմիջական  խնամքին տակ ըլլալէ   ետք   ան   այսօր յետմիջօրէին  փակած է իր աչքերը:

Աւելի  ուշ  պիտի  ճշդուին  հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ  թաղման  մասին  տուեալները: Արմատներով  Պոլսեցի Սարգիս Հացպանեան          ծաւալած է  հասարակական բեղուն գործունէութիւն:

ՀՀ  անկախութենէն  ետք   հայրենադարձած  Հացպանեան քաջածանօթ էր   Թուրքիոյ մէջ ընթացող  զարգացումներուն  ու մօտէն կը հետեւէր      արեւմտահայոց   հիմնահարցերուն:»

3 comments
  1. Աճիւնները Եռաբլուր փոխադրել

    Կեանքը բոլորիս: Կ'առաջարկեմ Սարգիսի աճիւնները Եռաբլուր իր զոհուած ընկերների մօտ փոխադրել:  Սարգիսի յիշատակը յաւերժ կը մնայ ողջ հայութեան յիշողութեան մէջ:

    Մարտիրոս Ա.

  2. Դիմաւորեցէք ձեր ընկերը

    Վստահ եմ հերոսի մակարդակի ազգային յռւղարկաւորութիւն մը կը կատարուի։ Կ՚ուզեմ հաւատալ թէ սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ, յատկապէս կուսակցական մոլեռանդութիւններէ զերծ շրջանակներ պատշաճ հրաժեշտի երեկոներ կը կազմակերպեն։

    Հացպանեաններ ամէն տեղ չեն գտնուիր առատօրէն։ Ան հայու խիղճն էր ու բաբախուն սիրտը։

    Կ՚ուզենք յուսալ նաեւ թէ պետական յուղարկաւորութեան կ՚արժանանայ ան արդարօրէն եւ իր ցաւատանջ մարմինը կ՚ամփոփուի Եռաբլուրի մէջ։

    Կրնամ ըսել արդէն սկսած է Սարգիս Հացպանեանի «երկրորդ» կեանքը։
    Հայրենի հողը թող թեթեւ գայ իր վրան։

    Մոնթէ՛, Կարօ՛, դիմաւորեցէք ձեր ընկերը։

    Մինաս Գոճայեան
    Լոս Անճելըս

  3. Ափսոս

    Ափսոս, Սարգիս Հացպանեանը կորսնցուցինք: Իսկական, զուտ Հայը,  ազգասէր, հարենանուէր Հայը կորսնցուցինք: Հայաստան-Թուրքիա-Սփիւռք եռանկիւնին մէջ  անձնուրացօրէն գործող, Ղարաբաղի հերոս  Մոնթէակա՛ն Հայը կորսնցուցինք:

    Համաձայն եմ Մինասին Սարգիսի  մասին գրածներուն:  
                                                                                           Հ.Գ.Փ.    (Փարիզ)

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

ՊԱՐՍԱՒԱՆՔ

Ռուբէն Յովակիմեան, Ֆրանսա, 13 Դեկտեմբեր 2020 «Քաղաքագէտներից ոմանք ջուր են պղտորում, միւսները պղտոր ջրում ձուկ են որսում, իսկ…
Read More