Ղեկերը Վստահիլ Իսկակա՛ն Ղեկավարներու

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 19 Դեկտեմբեր 2011

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն

“Ղեկավար խաղալու չտեսնուած ախորժակ մը
եւ ախորժակ մեռցնող ‘ղեկավարներու’ ջոլիր (մը):”

Մ. Հայկենց

Ահաւասիկ նորօրեայ մղձաւանջ մը եւս, որ մեզ հետ կ’ապրի շուրջ քառորդ (եւ աւելի) դար, սակայն աւելի խոցող ու ցաւցնող հետեւանքներով, երբ մեր շուրջ կը տեսնենք իսկական ղեկավարական ամլութիւն մը կամ պարապութիւն մը:

Ամէն ոք համոզուած ըլլալու է այս կոտտացող ցաւին, որ տակաւ կը խորանայ ու կ’աճի անտեսլապաշտ, անհեռատես եւ անիրապաշտ “ղեկավար”ներու նշմարուող ու գործող շարքով մը, քիչ մը ամէն տեղ եւ ամէն մակարդակի վրայ:
 


Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 19 Դեկտեմբեր 2011

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը Շարքէն

“Ղեկավար խաղալու չտեսնուած ախորժակ մը
եւ ախորժակ մեռցնող ‘ղեկավարներու’ ջոլիր (մը):”

Մ. Հայկենց

Ահաւասիկ նորօրեայ մղձաւանջ մը եւս, որ մեզ հետ կ’ապրի շուրջ քառորդ (եւ աւելի) դար, սակայն աւելի խոցող ու ցաւցնող հետեւանքներով, երբ մեր շուրջ կը տեսնենք իսկական ղեկավարական ամլութիւն մը կամ պարապութիւն մը:

Ամէն ոք համոզուած ըլլալու է այս կոտտացող ցաւին, որ տակաւ կը խորանայ ու կ’աճի անտեսլապաշտ, անհեռատես եւ անիրապաշտ “ղեկավար”ներու նշմարուող ու գործող շարքով մը, քիչ մը ամէն տեղ եւ ամէն մակարդակի վրայ:
 

Իսկ համոզուածութիւնը ո՞ւր կարելի է տեսնել, եթէ ոչ իւրաքանչիւր շրջանակ իր պարունակին մէջ, սակայն, ընդհանրութեամբ մը, որ ինքնայատուկ սկսած է դառնալ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ:
 
Բնական է, “ղեկավար”ներ չեն ծնիր, ոչ ալ “ղեկավար”ութիւններ կը կերտուին, սակայն, ո՞վ ըսաւ թէ չկան “ղեկավար”ական շնորհքներով ու կարողութիւններով օժտուած խոստմնալի տարրեր, որոնք կրնան կառոյցներ գլխաւորել կամ պատասխանատուութիւններ ստանձնել:

Սակայն, աւելի կարեւորը այն է, որ նման պաշտօններու ու դիրքերու հասնողներ ըլլան անաչառ, պարկեշտ ու համեստ նկարագիրներով համակուած պարագլուխներ, որոնք կրնան լաւագոյնս դրսեւորել իրենց հանգամանքները՝ ղեկավարական թէ հասարակական ժողովրդականութեամբ:

Կարիք կա՞յ, դարձեա՛լ, յիշելու եւ յիշեցնելու այն ղեկավարական համակարգերը, որոնք 40ականներէն մինչեւ 80ականները (մասամբ նաեւ 90ականները) ի վիճակի եղան համայնքային թէ գաղութային կեանքին մէջ ծրագրել ու կազմակերպել, հունաւորել ու արդիւնաւորել ազգային կառոյցներ, իրենց շինարարութեամբ, կենսունակութեամբ ու դաստիարակութեամբ:

Աւելին՝ այդ գործընթացին զուգահեռ, կառուցողական այդ փաղանգներուն շնորհակալ գործերէն եղաւ նաեւ նոր սերունդներու քաջալերութիւնն ու զօրակցութիւնը՝ դեր վերցնելու կամ մասնակցելու ազգային կեանքին մէջ:

Իսկ այսօր, երբ աչքի առաջ կ’ունենանք ազգային մեր կառոյցներու մեծամասնութեան կարգավիճակը, իր զանազան տարբերակներով, բայց մանաւանդ “վաստակ” եւ “անցեալ” ունեցողներով, անվարանօրէ՛ն, մենք զմեզ դէմ յանդիման կը գտնենք տխուր երեւոյթներու առջեւ:

“Ինչո՞ւ”ին պատասխանը պէտք է փնտռել, գերազանցապէ՛ս, ազգային կառոյցներու “ղեկավար”ներուն մօտ, նկատի ունենալով շատ-շատերուն անձեռնհասութիւնը, անատակութիւնն ու անմատչելութիւնը, դառնալու “ղեկավար” կամ գրաւելու “ղեկավար”ական աթոռ:

Անոնք որոնք չեն գիտեր “ղեկ”ը վարել կամ չեն կրնար “ղեկ”ին ետեւ նստիլ եւ կամ կը շահագործեն “ղեկ”ը, ինչպէ՞ս կրնան վարել, ուղղել կամ կառավարել կառոյցներ եւ “ամբոխ”ներ:

Դժբախտաբար, մեր չորսդին, հոս թէ հոն, “ղեկավար”ական մակարդակներու վրայ, չկա՞ն ազգային կառոյցներ վառողներ, անուղղաներ եւ անյոյսներ, որոնք կը յաւակնին ըլլալ “ղեկավար” , մինչդեռ կը փայլին իրենց… միջակութիւններով ու խակութիւններով:

Արդեօք ազգային մեր կառոյցներուն վրայ թառող “ղեկավար”ներուն մեծ մասը, արժանի՞ է անոնց, կ’արդարացնէ՞ պատասխանատուութիւնները, շինի՞չ է իր դերակատարութիւնը, յաջողա՞ծ է իր ընթացքին մէջ:

Հարցադրումներ կամ մտահոգութիւններ, որոնք ինքզինքնին կը պարտադրեն, հետզհետէ աւելի թանձր ու կարծր գոյներով, որովհետեւ այդ կառոյցներուն թուլացումը, կը թուլացնէ նաեւ ազգային կեանքի դիմադրողականութիւնը:

Մետալին միւս, բայց նոյնքան եւ աւելի ցաւատանջ երեսը այն է, որ սովորամոլական եւ աթոռատենջական նկրտումները կը շարունակուին, մանաւանդ այնպիսիներու մօտ, որոնք իրենց եսին ստրուկը ըլլալով, իրենց հիւանդկախական հոգեբանութիւնը կը գերադասեն, ի գին իրենց անհատական մոլութիւններուն եւ ընչաքաղցութեան: Օրինակ՝

Մարդիկ ինքզինքնին “ղեկավար” հռչակած են՝ համբակային խմբակով մը շրջապատուած:

Ուրիշներ “ղեկավար” ծնած ըլլալու դատարկապորտութեամբ կը զբաղին՝ ինքզինքնին նկատելով անգերազանցելի:

Ոմանք ալ “ղեկավար” դառնալու (կամ մնալու) համար կը դիմեն ստորնամիտ ամէն միջոցներու, ընդհուպ կառոյց ու մարդուժ դատարկելով:

“Ղեկավար”ական այսօրինակ մոլուցքներով տառապածներ ինչպէ՞ս կրնան նպաստ բերել հաւաքականութեան (իմա՝ համայնքագաղութներուն), ինչո՞վ կրնան սատարել ազգապահպանումի կառուցողականութեան:

Եթէ ժամանակաւոր կամ կարկտան տնօրինումներով պիտի առաջնորդուին ազգային կառոյցները եւ կամ՝ կարճաշունչ եւ ինքնամփոփ կարգադրութիւններով, ալ ինչի՞ մասին կը խօսուի եւ ի՞նչ հեռանկարներ կը գծուին:

Ուղղակի անհանդուրժելի է այլեւս, երբ “ղեկավար” հասկացողութիւնը, իր ամբողջական բովանդակութեամբ եւ յղացքով, կը շահագործուի… շահագործողներու կողմէ, իսկ համակերպողականութիւնը կը մնայ կացութեան տէրը, անտարբերութիւնը՝ տիրականը:

Վերջին հաշուով, ազգային մեր կառոյցները, մնալու համար կանգուն եւ եռանդուն, նպատակասլաց ու հանրօգուտ, մասնակի կամ կողմնակի յառաջխաղացքներով չեն կրնար իրենց գոյութիւնը շարունակել, երբ կը ղեկավարուին… անղեկային… անղեկներով, որոնք “ջոլիր”ի կշիռք եւ արժէք ունին:

Բազմավաստակ ազգային-հասարակական գործիչ, հմուտ հրապարակագիր ու տաղանդաւոր գրագէտ Մ. Հայկենցին վերոյիշեալ միտքը, որքա՜ն բարացուցական է, որքա՜ն իմաստալի, որքա՜ն ուսանելի, երբ մեր շուրջը կը տեսնենք “ղեկավար”ներու ջոլիրներ, որոնցմէ մաս մը կառչած կը մնայ իր ղեկավարութեան, ուրիշ մաս մը՝ բռնագրաւած, սակայն, բոլոր պարագաներուն, երկուքն ալ վանողական, մերժողական կամ քանդողական ազդեցութիւն ձգելով այդ կառոյցներուն վրայ:

Բառնալու համար այս վտանգաւոր սահանքէն, այլեւ ճիշդ ուղին որդեգրելու, անհրաժեշտ է “ղեկավար”ական ղեկերը վստահիլ ԻՍԿԱԿԱՆ ղեկավարներու, իսկ ինքնաղեկ “ղեկավար”ները կամ դիմակազերծելու կամ ալ… վար առնելու:

Չի՛ք այլ ելք, եթէ ազգային կառոյցները պիտի պսակուին վերանորոգուած եւ երիտասարդացած գործօններով այլապէս ամէն ինչ յումպտէս վատնում է, ուշ կամ կանուխ:

 
 
You May Also Like
Read More

Բանակցել

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել, 15 Յունուար 2022 Կեանքը նման է հեծանիւի. միշտ պէտք է առաջանալ, որ հաւասարակշռութիւնը պահպանուի։ Էյնշտեյն…
Read More