«Ճանաչել Զիմաստութիւն Եւ Զխրատ…»

Երան Գույումճեան, «Ազատ Խօսք», Նիկոսիա, 16 Սեպտեմբեր 2013

Ուսումնական տարուան ամէն վերամուտին, նորովի կը փորձենք իմաստաւորել ու արժեւորել՝  աւելի քան 1600 տարուայ վաղեմութիւն ունեցող, հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը՝  «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:  Արդարեւ, Գիրերու Գիւտէն ետք, 5-րդ դարուն, այս նախադասութեամբ արտայայտուած միտքը, գաղափար-ապրումը դարձաւ հիմքերու հիմքը հայ ազգային ինքնագիտակցութեան, ինքնաճանաչման հզօր զարթօնքի, տուն տալով հայ գիր ու գրականութեան, հայ Բառ ու Բանի, հայ երգ ու տաղի նորանոր բռնկումներուն…: Դարձաւ բանալին հայ ոսկեղենիկ մշակոյթի ոսկեղենիկ կուտակումներուն, որոնք՝  ոգեղէն հրայրքի ժայթքումով մը կարծէք, հրաշակերտուեցան իրերայաջորդ ստեղծագործութիւններով, արուեստի եւ մշակոյթի բոլոր բնագաւառներէն ներս ալ, ընդգրկելով նաեւ մեր հիասքանչ ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, մանրանկարչութեան, ձեռագրական արուեստի եւ այլ ոլորտները…, 5-րդ դարը իրաւամբ ընծայելով ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՍԿԵԴԱՐ:

Երան Գույումճեան, «Ազատ Խօսք», Նիկոսիա, 16 Սեպտեմբեր 2013

Ուսումնական տարուան ամէն վերամուտին, նորովի կը փորձենք իմաստաւորել ու արժեւորել՝  աւելի քան 1600 տարուայ վաղեմութիւն ունեցող, հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը՝  «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:  Արդարեւ, Գիրերու Գիւտէն ետք, 5-րդ դարուն, այս նախադասութեամբ արտայայտուած միտքը, գաղափար-ապրումը դարձաւ հիմքերու հիմքը հայ ազգային ինքնագիտակցութեան, ինքնաճանաչման հզօր զարթօնքի, տուն տալով հայ գիր ու գրականութեան, հայ Բառ ու Բանի, հայ երգ ու տաղի նորանոր բռնկումներուն…: Դարձաւ բանալին հայ ոսկեղենիկ մշակոյթի ոսկեղենիկ կուտակումներուն, որոնք՝  ոգեղէն հրայրքի ժայթքումով մը կարծէք, հրաշակերտուեցան իրերայաջորդ ստեղծագործութիւններով, արուեստի եւ մշակոյթի բոլոր բնագաւառներէն ներս ալ, ընդգրկելով նաեւ մեր հիասքանչ ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, մանրանկարչութեան, ձեռագրական արուեստի եւ այլ ոլորտները…, 5-րդ դարը իրաւամբ ընծայելով ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՍԿԵԴԱՐ:

Ոսկեղենիկ այդ մշակոյթի կուտակումները դարձան վիթխարի ոգեղէն ոյժ, ազգային ինքնաճանաչման եւ ինքնապահպանման հզօրագոյն եւ անխորտակելի վէմ, «Դարերու դիմաց կեցող ադամանդեայ ապառաժ», որ միաւորեց, պահեց-պահպանեց մեզ որպէս ազգ հայոց, լուսաւորեց մեր ճամբան՝  դարերու մութ բաւիղներուն ընդմէջէն…:

Ճանաչողութիւնը կամ իմացութիւնը, ամենալայն ու ամենախոր իմաստով, հիմքերու հիմքն է մշակոյթի եւ կրթութեան, քանզի անիկա կ՚ենթադրէ, գերազանցօրէն,  ապրուած գիտակցութիւն, որ աւելին է քան պարզ, վերացական գիտակցութիւնը: Աւելին՝  քան զուտ բանականութեամբ ընկալուածը, ուրկէ բացակայ է զգացումը, ապրումը…:  Կարելի՞ է, օրինակ, բանականութեամբ միայն ընկալել լոյսն ու խաւարը, բոյրն ու թոյրը, տաքն ու պաղը, առանց զանոնք զգալու եւ ապրելու ունակութեան:  Նոյն այս ճանաչողութեան էական կարեւորութիւնը շեշտեր էր դարեր առաջ Հելլէն մեծ իմաստասէր Սոկրատեսը, «ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ»ը համարելով ճշմարիտ կրթութեան հիմքը:  «Ծանիր Զքեզ», այսինքն ճանչցիր կամ իմացիր քու մարդկային էութիւնդ, ինքնութիւնդ, եւ անշուշտ՝ ազգային ինքնութիւնդ, քանզի վերացական մարդ չկայ եւ մարդկային ինքնութիւնը կը դառնայ որոշակի՝  իւրաքանչիւր մարդու ազգային դիմագիծով, ազգային գոյնով ու երանգով, բոյրով ու թոյրով….:  Ազգային տեսակով:

Դարեր շարունակ, «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ»ը դարձաւ մեր ժողովուրդի դաստիարակութեան, կրթութեան ուղեցոյց սկզբունքը, առանց որուն մենք վստահաբար պիտի խարխափէինք ուղեմոլոր՝  պատմութեան փոթորկայոյզ հողմերուն մէջ, կորսնցնելով մեզ բնորոշող ազգային ինքնութիւնն ու էութիւնը, հայեցիութիւնը, հայ հոգին…:

Իսկ՝  հիմա՞:  Ներկայիս, սպառողական, նիւթապաշտ եւ շահամոլ «քաղաքակրթութեան» յորձանքին մէջ, ուշագրաւ է որ մատղաշ սերունդը կը դառնայ ենթակայ՝  էապէս շահոյթ ու գերշահոյթ հետապնդող, պաստառներէն ու հրապարակներէն շարունակաբար գովազդուող զանգուածային հակա-մշակոյթի եւ հակա-կրթութեան տարրերուն, աղմկարար երգ-երաժշտութենէն մինչեւ գռեհիկ ու գռեհկացնող զուարճանքները, ապառողջ սննդատեսակներէն մինչեւ արդի ապրելակերպը ցոլացնող ապազգային, ապաբարոյ վարքին ու բարքին, նիստ ու կացին…, որոնք օրն ի բուն կը խուժեն անոր մատղաշ ուղեղէն եւ կենցաղէն ներս, եղծանելով ու ժխտելով մարդկային աւանդական արժէքները, խափանելով անոր ինքնաճանաչողութիւնը, ինքնագիտակցութիւնը, խաթարելով անոր ճաշակը: 

Զուգահեռաբար, արագասոյր եւ վիթխարածաւալ տեղեկատուութեանց, սրընթաց աճող գիտահնարքներու, թեքնիք «հրաշք»ներու նորօրեայ խառնիճաղանճին մէջ, ունի՞ մարդ էակը, առ հասարակ, թափանցամտութիւնը՝ ըմբռնելու դարերէն եկող այդ պատգամին խորհուրդը:  Հարց կու տա՞նք նորովի եւ ըստ էութեան, թէ ի՞նչ է վերջապէս ճշմարիտ կրթութիւնը:  Գիտելիքներու, տեղեկութեանց, ծանօթութեանց քանակական կուտակո՞ւմը…:  Լեզուներու իմացութի՞ւնը…:  Թեքնիք սարքերու օգտագործո՞ւմը…կամ ուսողութեան բարդ խնդիր լուծելու ունակութի՞ւնը….:  Ճիշդ է որ այս բոլորը կ՚ածանցուին ուսման ու կրթութեան հետ:  Սակայն, բուն դաստիարակութիւնը, անոր վախճանական նպատակը՝  դարձեալ եւ դարձեալ իմաստութեան Ճանաչողութիւնն է, որ կը սորվեցնէ մարդ էակին՝  կեանքը ճիշդ ապրելու արուեստը:  Ճշմարիտ կրթութիւնն է որ մարդ էակին, մատղաշ սերունդին ի մասնաւորի, կը փոխանցէ համամարդկային ու ազգային մշակութային ժառանգութեան արժէքները, զայն հաղորդակից կը դարձնէ բարիին ու ազնիւին, առաքինութեանց, կեանքի իտէալներուն, բնութեան ու տիեզերքի ներդաշնակութեան, բարոյական բարձրագոյն օրէնքներուն հետ, միաժամանակ անոր մէջ կը մշակէ գեղեցիկի ու ճշմարիտի ճաշակը, ինքնուրոյն մտածելու, դիտելու եւ դատելու, երեւոյթները իմաստաւորելու եւ արժեւորելու հոգեմտաւոր վարժութիւնը….:

Առանձնապէս ընդգծելու է, որ բազմապատիկ դժուար է դարձած մեր օրերուն՝   ուղղորդել մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան ընթացքը, երբ տակաւ ան կը դառնայ զոհը նաեւ ու յատկապէս՝  սրընթաց աճող ժամանակակից գիտահնարքներու եւ թեքնոլոճիի:  Համակարգիչը, համակարգչային բազմապիսի խաղերը, բջջային վիրթուալ տարածքի սարքերը՝  իրենց բիւր հնարաւորութիւններով, կլանած կը թուին ըլլալ անոր համակ ուշադրութիւնը, զայն հեռացնելով մարդկային բնական կապերէն, գիր ու գրականութենէն, իրա՛ւ արուեստէն ու մշակոյթէն….:  Ճշմարիտ դաստիարակութենէն:  Տակաւ տխուր ականատեսը կը դառնանք, թէ ինչպէ՞ս այդ թեքնիք «հրաշալիքները» կը սպառնան ռոպոթացնել մատղաշ ուղեղները, բթացնել մարդկային սիրտն ու զգացումները, բրտացնել հոգին….:  Եւ  մանաւանդ՝   տարրականացնել գիտակցութիւնը, զայն դարձնել դիւրաւ կառավարելի….:

Հրամայական, ճակատագրական հիմնախնդիր է այսօր՝  խեղաթիւրուած դաստիարակութեան այս ընթացքէն վերադարձը դէպի ճշմարիտ դաստիարակութիւն, որ կրնայ, անտարակոյս, դառնալ յոյսն ու լոյսը մարդկութեան բարոյական-մշակութային Վերածնունդին:

Մեր փոքր ածուն նոյնպէս որքան խոցելի է դարձած այս հակակրթութեան եւ հակամշակոյթի ահարկու հոսանքին դէմ յանդիման, ուր հայ երեխան ու հայ պատանին եւս հաւատարիմ յաճախորդ-զոհն են՝  նիւթապաշտ, օգտապաշտ եւ շահամոլ քաղաքակրթութեան ստեղծած թեքնիք «բարիքներուն», թէ խորթ չարժէքներուն, որոնք կ՚իշխեն անոնց դեռատի հոգիներուն վրայ, կը սպառնան այլասերել բուն մարդկայինն ու ազգայինը անոնց մէջ, խափանել անոնց ինքնաճանաչումն ու ինքնագիտակցութիւնը՝  Ո՞Վ ԵՄ ԵՍ, ՈՒՐԿԷ՞ ԿՈՒ ԳԱՄ ԵՒ Ո՞ՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՄ էական հարցադրումները…:  Զանոնք յատկապէս կը հեռացնեն իրենց ազգային ինքնաճանաչման բուն հիմքը կազմող Մեծասքանչէն, հայ բնիկ ու հարազատ մշակութային համակարգի արժէքներէն: 

Կրթական վերամուտի այս օրերուն, հայ նորահաս սերունդին համար ի մասնաւորի, նորոգ իմաստով եւ ահազանգային զարթուցիչի նման կը հնչէ՝  «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, Իմանալ զբանս հանճարոյ»  դարաւոր ՈՒՂԵՑՈՅՑ-ՊԱՏԳԱՄԸ, որպէս ինքնաճանաչման, ինքնագիտակցութեան կոչ ու հրաւէր՝  ազգային ու համամարդկային առումներով ալ:   Խորիմաստ այս պատգամին  ճիշդ ըմբռնումն ու լիարժէք կենսագործումը անոր կեանքէն ներս դարձեր են ներկայիս, առաւել քան երբեք, ազգային փրկութեան լաստ, մի նոր «ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ», երաշխիք Հայեցի Լինելութեան եւ Ազգային Վերածնունդի:

 

 

You May Also Like