«Ճշմարիտ Մշակոյթը»

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 2 Նոյեմբեր 2012

Մշակոյթի եւ անոր տարբեր գործօններուն ու յարաբերութիւններուն հասկացողութիւններուն հետ սկսայ ընտելանալ համալսարանի տարիներուն, Հայկազեան համալսարանին մէջ, Պէյրութ: Թէեւ մասնագիտական նիւթերս հետաքրքրական էին, բայց եւ այնպէս նոյնքան հաճելի էին միջմշակութային յարաբերութիւններու եւ սերտողութիւններու դասընթացքները, ընդամէնը` չորս դասանիւթերու վրայ երկարած: Ասիկա անբաժանելի մէկ մասն էր պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց համալսարանական ծրագիրին, ուստի իւրաքանչիւր ուսանող պէտք էր հետեւէր այս դասընթացքին` իր մասնագիտութեան առընթեր:

Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 2 Նոյեմբեր 2012

Մշակոյթի եւ անոր տարբեր գործօններուն ու յարաբերութիւններուն հասկացողութիւններուն հետ սկսայ ընտելանալ համալսարանի տարիներուն, Հայկազեան համալսարանին մէջ, Պէյրութ: Թէեւ մասնագիտական նիւթերս հետաքրքրական էին, բայց եւ այնպէս նոյնքան հաճելի էին միջմշակութային յարաբերութիւններու եւ սերտողութիւններու դասընթացքները, ընդամէնը` չորս դասանիւթերու վրայ երկարած: Ասիկա անբաժանելի մէկ մասն էր պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց համալսարանական ծրագիրին, ուստի իւրաքանչիւր ուսանող պէտք էր հետեւէր այս դասընթացքին` իր մասնագիտութեան առընթեր:

Դասանիւթերը կը սկսէին նախաքրիստոնէական շրջանի դիցաբանական ու արուեստի նիւթերով, բայց աւելի ուշ կը հասնէին առաջին դար եւ միջին շրջաններ` մինչեւ ժամանակակից մտաւոր-կրօնական, փիլիսոփայական, գրական եւ ընկերային տարբեր բնագաւառներ: Մէկ կողմէ վեր կ՛առնէինք քրիստոնէական աստուածաբանութենէն Աստուածաշունչի որոշ հատուածներ, բայց նաեւ` իսլամական քուրանի մասեր: Երեւոյթներու վերլուծումին ընդմէջէն կը սորվէինք եւ կ՛անդրադառնայինք տարբեր հաւաքականութիւններու մտածողութեան, ապրելակերպին ու կենցաղին: Բայց այն, ինչ որ հետաքրքրական կը դարձնէր դասապահերը, այն էր, որ նիւթերու առնչութեամբ կը կատարէինք դասարանային «բաց» վերլուծումներ, որոնք յաճախ կը վերածուէին բանավէճերու` ներառելով այդ օրերու մեր երիտասարդական եռանդն ու կորովը, չբացառելով նաեւ երիտասարդական տաքարիւնութիւնը եւ նոյնքան անհանդուրժողականութիւնը…

Հաւանաբար պէտք էր ընդգծէինք հանդուրժողականութիւնը` այդ տարիներուն եւ այդ դասընթացքներուն ընդմէջէն: Հայկազեանի մէջ կար հայը` իր կուսակցական¬միութենական եւ եկեղեցական-համայնքային տարբերութիւններով. այս շեշտուած իրողութիւն էր հայկական համալսարանի միջավայրին մէջ: Բայց կար նաեւ ոչ հայը` իր քրիստոնեայ եւ իսլամ յարանուանական պատկանելիութեամբ, ասոր վրայ պիտի աւելնային կուսակցական ու քաղաքական հակումները, որոնք բազմազան էին, կային նաեւ պաղեստինեան եւ այլ քաղաքացիներու առկայութիւնը: Այս բոլորը կը կազմէին մէկ մեծ խճանկար մը: Թէեւ 70-80¬ական թուականներուն լիբանանեան պատերազմի թոհուբոհի տարիներն էին, բայց եւ այնպէս բոլորս այդ տարբերութիւններով կ՛ապրէինք միասին համալսարանի շրջափակին մէջ, անկախ «դուրս»¬ի եւ անոր «քաոս»¬ի տարբեր իրավիճակներէն ու իրականութիւններէն…

Ապրեցանք միասին տարբեր մտածողութիւններով, ապրելակերպերով եւ կենցաղներով: Սորվեցանք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ստանալ տեղեկութիւն, բայց նաեւ` փոխանցել զայն: Ականատես եղանք տարբեր կեցուածքներու, անոնց հոլովոյթներուն, ենթադրութիւններ կատարեցինք ու տարբեր տեսակի փորձառութիւններ ապրեցանք: Այս մշակոյթի դասապահերուն ընթացքին եւ անոր վերլուծումներուն ընդմէջէն «ստեղծուեցաւ» կառոյց մը, ուր իւրաքանչիւր կեցուածք ու միտք դրուեցաւ հաւաքական արժէքի պարունակին մէջ, որուն միջոցով իրարու կը կամրջուէին փոխհասկացողութիւններն ու հանդուրժողականութիւնը:

Այս մշակութային երկխօսութեան եւ կամրջումին ընդմէջէն թէեւ դրուատիքի արժանացաւ իմս, բայց նաեւ կարելիութիւն ստեղծուեցաւ անցնելու անկէ անդին ու տեսնելու դիմացինինը` «ուրիշ»-ը, որ նաեւ արժէք է, եւ զոր պէտք է հասկնալ: «Ուրիշ»-ը տեսնելով` սորվեցանք հաղորդակցութիւնը, անոր ընդմէջէն` «ուրիշ»-ին պայքարը, յոյզերը, յոյսերը, միտքերը:

Եւ այդ «ուրիշ»-ը հասկնալու եւ անոր հետ ապրելու երթը կը փորձեմ շարունակել եւ ապրիլ մինչեւ օրս: Արաբական ծոցի մէջ անցուցած ասպարէզային իմ կեանքս պէտք է նկատել աւելի քան հարիւր տարբեր մշակոյթ, լեզու եւ ինքնութիւն համախմբած դաշտ մը: Այդ բոլորին հետ պէտք է ստեղծել մշակութային յարաբերութիւններու եւ հասկացողութիւններու համոյթ մը, որպէսզի ստեղծուի մարդկային պիտանի պատմութիւնը:

Բռնագրաւուած Կիպրոսի շրջանի թրքական Նիկոսիոյ մամուլէն եկաւ լուրը: Նոյն շրջանի Մերձաւոր Արեւելք համալսարանը որոշած է Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցին վերածել ու գործածել իբրեւ «մշակոյթի կեդրոն»:

Ս. Աստուածածին եկեղեցին հիմնուած է 1308 թուականին: 1504-էն սկսեալ եկեղեցին դարձած է հայութեան սեփականութիւնը եւ մինչեւ 1963 եղած է հայ համայնքի հոգեւոր ու ազգային ամրոցը` իր կողքին ունենալով Ազգային Մելքոնեան-Ուզունեան նախակրթարանը եւ Ցեղասպանութեան յուշակոթողը: Հայը ապրեցաւ, սորվեցաւ եւ սորվեցուց այս շրջանին մէջ մինչեւ 1963, երբ յունական եւ թրքական բախումները պատճառ եղան գաղութներու տեղափոխութեան: Իսկ 1974-ի թրքական ներխուժումով բռնագրաւումի տակ մնացին հայկական եկեղեցին ու դպրոցը, եւ այդպէս է մինչեւ օրս:

Նկատի ունենալով եկեղեցւոյ պատմական ժառանգութիւնը, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնն ու անոր յարակից միութիւններ 2009 թուականին ձեռնարկեցին եկեղեցական կառոյցի վերաշինութեան եւ բարեկարգման` նկատի ունենալով երկար տարիներու վրայ երկարած անոր լքեալ ու փլատակ վիճակը: Եւ այսօր վերանորոգուած հայկական եկեղեցին որոշուած է տրամադրել իբրեւ «մշակութային կեդրոն» գործածուելու համար:

Պատմութիւնը դարձեալ ինքզինք կը կրկնէ…

Եթէ բռնագրաւուած է շրջանը, բռնագրաւողը կը վարուի այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզէ եւ կը փափաքի: Թերեւս նոյնիսկ պահ մը մենք զմեզ մխիթարենք «երկու չարեաց փոքրագոյնը» հասկացողութեամբ եւ փորձենք տեսնել, թէ աւելի լաւ է, որ դառնայ մշակոյթի կեդրոն, քան… Վերջապէս, այս վերջինը փորձուած ու ապրուած իրականութիւն է Արեւմտահայաստանի եւ պատմական Կիլիկիոյ շատ մը սրբատեղիներու համար:

Մերձաւոր Արեւելքի համալսարանի խնամակալութեան վարիչ Իրֆան Կիւնսելի կը շարունակէ` ըսելով. «Մենք որոշեցինք եկեղեցին դարձնել մշակոյթի կեդրոն, ուր շատ մը մշակութային ձեռնարկներու միջոցով շրջանին պիտի տանք տարբեր դիմագիծ»:

Եթէ բռնագրաւողը իր բռնագրաւած կառոյցին հետ կրնայ վարուիլ այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզէ, կառոյցին իսկական սեփականատէրը, թէկուզ հեռուէն, մէկ հիմնական հարցում մը կ՛ուղղէ. «Ի՞նչ տեսակ մշակոյթ եւ դիմագիծ պիտի տաք այս շրջանին»:

Մշակոյթ մը, որ ճշմարի՞տ է` հիմնուած փոխյարաբերութիւններու եւ հասկացողութիւններու յատակագիծին վրայ, եւ ուր կարելի կ՛ըլլայ տեսնել քեզմէ զատ նաեւ «ուրիշ»-ը` անոր տագնապը, կենցաղը ու տակաւին…

Աննա Քաթրինան` իտալացի ընկերամշակութային յարաբերութիւններու մասնագէտը, մշակոյթը կը նմանցնէ սառցալերան: Ան կ՛ըսէ. «Ճիշդ այնպէս, ինչպէս կայ սառցալերան վերի գագաթը, որ կ՛երեւի, նոյնպէս մշակոյթի երեւելի մասերը կարելի է տեսնել, ինչպէս` դրսեւորումը, անուն, արտաքին… Բայց կայ սառցալերան ընդյատակեայ մասը, որ չ՛երեւիր: Նոյնպէս կայ մշակոյթին չերեւցող բաժինը` արժէքը, հաւատամքը, սովորութիւնը, փորձառութիւնը, տագնապը, ներշնչումը, որոնք պէտք է պեղել, ապրիլ, սորվիլ ու հասկնալ, թէ ի՞նչ են անոնք եւ ինչպէ՞ս կ՛ըլլան»: Աննա կ՛եզրակացնէ. «Այս գործընթացն է, որ մեզի կը սորվեցնէ աւելի ատակ ըլլալ համաշխարհային ու համամարդկային իրավիճակներու եւ կանխել անհասկացողութիւններն ու այն բոլորը, որ կը խաթարէ յարաբերութիւնները»:

Խօսք մը եւս` Իրֆանին. «Ճշմարիտ մշակոյթն է, որ կը գոյատեւէ: Եթէ մշակոյթին երեւցած մասը յստակ է, այս պարագային` եկեղեցին, շէնքը եւ անունը, բայց տակաւին կայ սառցալերան չերեւցող մասը, այսինքն` հայ եկեղեցւոյ հայկական մշակոյթի չերեւցած մասը: Պէտք է օգնէք ձեր աշակերտներուն եւ դուրս բերէք այս չերեւցած մասը` «ուրիշ»-ը, եւ անոնց սորվեցնէք նոյնինքն այս եկեղեցւոյ` իմա ձեր մշակութային կեդրոնին, մշակոյթը եւ անոր կորիզը եղող հաւատքը: Հայուն հաւատքը, որ տարիներու վրայ երկարած, ամուր կեցած ու գոյատեւած էր, նոյնիսկ երբ ան ահաբեկուած ու ցեղասպանուած է: Եւ հարց տաք, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս եղաւ այդ մէկը: Եւ այս բոլորին հետ հաղորդակցելով է, որ պիտի կարենաք տեսնել իրականութիւնը եւ ընդունիլ ձեր պատմութեան մեծ սխալները:

«Եւ վերջապէս, մշակոյթի կեդրոնը կը դառնայ ճշմարիտ, երբ ան կ՛օժանդակէ պատմութեան շարունակականութեան, եւ ոչ` նոյնինքն պատմութեան կրկնութեան: Հայուն հաւատքին կռուանը կը կայանայ նոյնինքն այս իրականութեան մէջ, որովհետեւ ան` հայը, հաւատաց իր հաւատքին ու մշակոյթին շարունակականութեան ու տակաւին կը հաւատայ:

«Եթէ Ս. Աստուածածին եկեղեցին պիտի վերածէք մշակոյթի կեդրոնի, ջատագովը եղէք գէթ ձեր աշակերտներուն սորվեցնելու ճշմարիտ մշակոյթը… եւ անպայման կերտեցէք ճշմարիտ դիմագիծը»:

 

You May Also Like