Հաւատքը կրօնական ինքնութեան, համոզումներու ու դաւանանքի հասկացողութիւն եւ ընկալում է թէեւ, բայց եւ այնպէս անիկա անպայման հաւաքականութեան ընդհանրական կեանքին մէջ իբրեւ «ուղեցոյց» ծառայող իրականութիւն է, ուր մարդ կ՛ապրի ճշմարտութիւնը` իր համոզումներէն մեկնելով: Եթէ հաւատքին մէջ շօշափելի եւ փաստացի ապացոյցներ չկան, բայց եւ այնպէս կայ ճշմարտութեան հաւատալը, որ կու գայ լիցքաւորելու անհատական ու հաւաքական կեանքերը` կերտելով ազգային ինքնուրոյն մշակոյթը անհատին եւ հաւաքականութեան:
Հաւատքը կրօնական ինքնութեան, համոզումներու ու դաւանանքի հասկացողութիւն եւ
Այս զոհութեան ճամբան հայուն համար եղած է ու տակաւին է երկար, արիւնոտ ու տագնապալի… Բայց այդ նոյն հաւատքին կառչածութիւնը հայուն տուած է կեանք ու աւելի կեանք…:


Ասիկա Մակարավանք տուած երկրորդ այցելութիւնս է, բայց եւ այնպէս կրկին ապրեցայ ընդվզումը` ամբողջ զգացումներովս ու կիրքերովս: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ բռնագրաւումէն միայն 36 տարի ետք վանքը արդէն այսօրուան այս վիճակին հասած է. քարուքանդ է ու աւերակ: Բայց չէ՞ որ պատմական կոթող է` ազգային ու միջազգային արժէք ներկայացնող, ինչո՞ւ պէտք է կործանել այն, որ կանգնուած է կեանքեր կառուցելու:
Բայց հայոց պատմութեան մէջէն յստակ կ՛արտացոլայ, որ հայը միշտ ու անընդհատ ապրած է այդ իրավիճակը: Նոյն բռնագրաւողն է, որ նոյն ուժով ու տարողութեամբ, պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ մինչեւ օրս կը քանդէ մեր կոթողները, նաեւ` կեանքը…:
Բայց եւ այնպէս պէտք է դուրս գալ այս զգացական աշխարհէն, որպէսզի կարելի ըլլայ
Հայուն հաւատքն է ատիկա, որ պատմութեամբ ամէնէն դաժան ու տխուր օրերուն մնաց ամուր եւ տոկուն, ինչպէս` Մակարավանքին մատուռին սիւնին վրայ մնացած այդ բառը, որ բառ չէ, այլ` իմաստ: Հաւատքն է, որ իր կարգին քալեց հայութեան արիւնոտ ուղիէն, սակայն չմեռաւ, քանդուեցաւ, բայց չոչնչացաւ, թաքնուեցաւ, գաղտնի պահուեցաւ, բայց անպայմանօրէն կրկին երեւան եկաւ` իբրեւ իսկական եւ կենդանի հաւատք:
Հայուն հաւատքն է ատիկա, որ մնաց կանգուն` վերապրելով եւ վերաշինելով, գոյատեւելով եւ շարունակելով, այդ հաւատքն է, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան վկայութիւն եղաւ` վերապրելու ու շարունակելու:
Մակարավանքի մատուռի սիւնին վրայ վեհօրէն երեւցող եւ ամուր սիւնին կառչած «հաւատքը» այսօր եւս շատ խօսուն է. քանդուած պատերուն եւ տանիքներուն մէջէն կայ պատգամ մը` ուղղուած իւրաքանչիւրիս. «Հայուն այս հաւատքը պէտք է պահուի եւ շարունակուի»:
Այո՛, հայուն հաւատքը հին է, բայց` ոչ հինցած: Կարելի չէ «նոր»ի մթնոլորտին մէջ անտեսել այն, որ հիմը եղած է մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն: Պիտի կերտենք նորը, բայց անպայմանօրէն պիտի պահենք էականը, այն, որ մեր կեանքերուն տուաւ արժէք եւ արժեւորեց զայն պատմութեան բոլոր գործընթացներուն:
Ու պատգամը կը շարունակուի…: Մակարավանքը իսկապէս պիտի քանդուի, եթէ հայը կորսնցնէ իր հաւատքը:
Հաւատք` ազգային, քրիստոնէական եւ պահանջատիրական ամբողջական հասկացողութեամբ:
Բայց երբեք պէտք չէ հոն հասնիլ, այլ պէտք է ամուր պահել Մակարավանքին «հաւատքը»:
1 comment
Սրբութիւններու Կործանումը
Սրբութիւն Սրբոց Սուրբ Կարապէտ Վանքին Թուրքին ձեռքով կործանումէն մօտ 60 տարի ետք, կրկին Թուրքին ձեռքով Մակարավանքին կործանումը, անշուշտ ազգային անփոխարինելի մեծ կորուստ մըն է.
Իմացած էի Կիպրոսի գրաւումէն ետք Մակարավանքին Թուրքերու կողմէն ախորի, աղբանոցի վերածուելուն եւ աւերուելուն մասին.
Նոյնիսկ աւերակներուն մէջ, աղօթելը կրկին Մխիթարութիւն մըն է. Բայց աւելի մխիթարական պիտի ըլլայ Խաղաղութենէ մը ետք վերականքնելը, եւ ցոյց տալ կործանարար Թուրքին,
Թէքէեանի հաւատքով.-
Եկեղեցին Հայկան Ծննդավայրն է Հոգւոյս,
Եկեղեցին Հայկական Բարձր Բերդն Հաւատքիս…
Եւ, Սայեաթ Նովայի Հաւատքով.-
Տէօնմէմ Պէն Տինիմտէն, Չքմամ Պէն Քիլիսէտէն.
Բայց ամէնէն կարեւորը, յիշենք մենք մեր Արշակ Թագաւորին մոռցուած խոսքը, եւ ատով տեսնենք, մեր ապագան,
Սահման Քաչաց Զէնքն Իւրիանց…
Comments are closed.