Մայիս՝ Հայ Յաղթանակներու Ամիս

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան, Լուսաբաց, Թորոնթօ,12 Մայիս 2018  

Ապրիլեան Եղեռնին պատճառաւ, Ապրիլ ամիսը հայուն համար ապրելու իմաստէն պարպուած է: Եւ Քրիստոսի մահուան յաջորդող յարութեան նման, Մայիսին է հայութեան յարութեան տօնը:

Այս ամիս հայութիւնը ամէնուրեք կը տօնէ հարիւրամեակը Մայիս 28-ով հռչակուած իր առաջին հանրապետութեան, որ եղաւ վերականգնումը հազարամեակի վրայ կքած եւ կոխկռտուած մեր ազգային պետականութեան: Վարդանանց ճակատամարտի առասպելական բարոյական յաղթանակէն մօտաւորապէս 1500 տարի ետք, հայը իր առաջին ժողովրդային եւ զինուորական (ոչ առասպելական եւ ոչ ալ բարոյական) յաղթանակը տարաւ Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի եւ Սարդարապատի ճակատներուն վրայ՝ Մայիս 1918-ին: Ազգ մը ամբողջ ոտքի կանգնեցաւ այդ ամիս՝ փրկելու իր գոյութիւնը ստոյգ անէացումէ, եւ հրաշքի համազօր դէպքերու զարգացումով ծնաւ հայուն դարերու երազ Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը:

Մայիս 9-ին, նախկին Սովետ Միութեան մէջ,– որուն մէկ անբաժան մասն էր Հայաստանի երկրորդ հանրապետութիւնը,– յաղթանակի օր կը նշուէր (եւ տակաւին կը նշուի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի մէջ)՝ տօնելու նացիզմի եւ ֆաշիզմի անկումը, որ եթէ չճզմուէր Կարմիր Բանակի ոտքերուն տակ եւ սովետ ժողովուրդներու անսահման քաջագործութիւններուն ու զոհողութիւններուն շնորհիւ (որուն մէջ մեծ դեր խաղցաւ մեր ազգը), մարդկութիւնը կը դառնար գերման ցեղապաշտութեան ստրուկ եւ մեր Հայաստանն ալ գուցէ կը դառնար նացի Գերմանիոյ բնական դաշնակից Թուրքիոյ տրուած նահանգներէն մէկը: 

Մայիս 8-ին Շուշին ազատագրուեցաւ եւ զինուորական այդ մեծ յաղթանակով վերականգնեցաւ հայուն արժանապատուութիւնը եւ արցախահայութեան անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը եղան աշխարհով մէկ հայ ժողովուրդի ուխտ-պատասխանատուութիւնը: Մայիս ամսուն մէջ կազմուեցաւ Արցախի ազգ-բանակը եւ հայոց երկու երեւութապէս բաժան հանրապետութիւններու բանակները դարձան մեր բոլորին աչքի լոյսն ու սրբութիւն սրբոցը: Եւ քանի մը շաբաթ առաջ՝ Ապրիլին, դէպի անորոշութեան ուղին քալած մեր հայրենի ժողովուրդը Մայիս 8-ին հասաւ իր նպատակի հրապարակը, ուրկէ վար առաւ չարաշահներու մենաշնորհային իշխանութիւնը եւ աշխարհին ցոյց տուաւ իր քաղաքակիրթ, յառաջադէմ ու ազնուական ազգ ըլլալու յատկութիւնը: 

Մեր շարքերէն ոչ ոք այլեւս ուրիշը գովելով՝ թող չստորագնահատէ մեր ժողովուրդը: Այն յուսախաբ վիճակը, որ անկարելի կը թուէր փոխել ըստ բոլոր քաղաքական դիտորդներու, որ մեր երկրի քայքայման ու անկման գործընթաց դարձած էր խումբ մը չարագործներու ձեռքով, կարելի դարձաւ մեր հայրենի ուսեալ եւ զարգացած երիտասարդներու բուռն աշխուժութեամբ, որոնք թափ տուին ժողովուրդի բոլոր խաւերուն՝ մեծով ու փոքրով մասնակից դառնալու յեղափոխութեան: Ամէնէն յատկանշականը սակայն եղաւ հայ բանակի չէզոքութիւնը, որ եկաւ փաստելու, թէ իսկապէս ազգ-բանակ է մեր ունեցածը: Արդարեւ, բոլոր թերաճ երկիրներու (որոնց շարքին Հայաստանն ալ) բանակները կը ծառայեն միայն իշխանաւորին եւ կամ առիթը օգտագործելով՝ իշխանափոխութիւն կը կատարեն պետական հարուածով ու կը հաստատեն, իբր թէ ժամանակաւոր, զինուորական իշխանութիւն, որուն տակ տարիներ ժողովուրդի ազատութիւնը կը կաշկանդուի եւ բռնատիրութիւն կը հաստատուի: Մեր ազգ-բանակը, ցուցարարներէն մէկուն ՙԱշոտ՚ կանչին օրինակով, որ ուղղուած էր ոստիկանութեան շարքերուն մէջ կանգնած ցուցարարներուն դէմ, կը բաղկանայ անձերէ, որոնք հօր մը, եղբօր մը կամ զաւկի մը հանգամանքով՝ չէին կրնար բռնութեամբ զսպել իրենց հարազատները: Պատի՛ւ մեր բանակին, որ գիտէ իր զէնքը ուղղել թշնամիին դէմ եւ իր ժողովուրդին ձայնով կ’ուղղուի՝ մերժելով անոր դէմ դնելու բոլոր տեսակի հրահանգները: 

Այս շաբաթ ցնծութեան մէջ է նաեւ սփիւռքահայութիւնը, որ երկար ժամանակ հայրենիքի սիրով տարուած՝ շահագործումի խաղին զոհ կը դառնար նախկին իշխանութիւններուն կողմէ: Մետալներ եւ տիտղոսներ բաժնող ռեժիմը գնահատումի արժէքներով ողողած էր Սփիւռքը, այնքան ատեն որ ան միջամուխ չըլլալու վիճակին մէջ գտնուելով՝ վտանգ չէր ներկայացներ հայրենիքի մէջ իրենց շահերուն: Եւ երբ տարիներ առաջ Ժընեւի մէջ փրոթոքոլներու ստորագրութիւնը աղմուկ բարձրացուց Սփիւռքի մէջ, Հայաստանի վարպետորդի իշխանաւորները գիտցան քանի մը պետական աթոռներով ՙգնել՚ աղմկարարները: 

Առաջինէն մինչեւ չորրորդ հանրապետութեան ծնունդը Մայիս ամսուն մէջ՝ սիրել կու տայ մեզի այս ամիսը, որպէս մեր ժողովուրդի յարութեան կերտիչը: 

Տայ Աստուած, որ արտաքին ու ներքին մութ ձեռքեր չխանգարեն մեր հայրենի ժողովուրդին իսկապէս ժողովրդավար եւ օրէնքի առջեւ հաւասար ըլլալու յոյսերով հռչակուած չորրորդ հանրապետութիւնը:

You May Also Like