Արամ Սեփեթճեան, Ռակ Մամուլ, Պէյրութ, 14 Յունիս 2010
Մենք պէտք ունինք Հպարտութեան»:
Վահան Թէքէեան
Արդա՛ր հպարտութիւն,
Արամ Սեփեթճեան, Ռակ Մամուլ, Պէյրութ, 14 Յունիս 2010
Մենք պէտք ունինք Հպարտութեան»:
Վահան Թէքէեան
Արդա՛ր հպարտութիւն,
Հայ ժողովուրդին կը վերագրուի յաճախ՝ մեր «պարտութիւն»ներն իսկ վերածելու «հպարտութեան» եւ բարոյական յաղթանակներու։
Սակայն, չմոռնանք Մայիսեան իսկական յաղթանակներու շարքը, զոր գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը կը նշենք մեր ազգային տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս։
– Աւարայրի Ճակատամարտը (451թ. Մայիս 26), առաջին Փարոս-յարացոյցը մեր պատմութեան մթին էջերը լուսաւորող։
– Սարդարապատի յաղթանակը (1918 թ. Մայիս 26), որ մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ ցոյց տուա՛ւ աշխարհին, ժողովրդային միացեալ դիմադրութեան հզօր ոգիին յաղթանակը ընդդէմ «զգուշաւոր դիւանագիտութեան»։
– Երկրորդ Աշխարհամարտի յաղթանակը (1945 Մայիս 8, 9), որուն իրենց լիաբուռն մասնակցութիւնը բերին հայկական զօրագունդերն ու զօրավարները։ Համաշխարհային չափանիշով եւ անմրցելի գինովը զոհողութեան։
– Արցախի ազատագրութեան եւ Շուշիի վերադարձը խորհրդանշող (1992 թ. Մայիս 9) օրը, սոսկ թուականներ չեն, այլ՝ 21րդ դարու սեմին մեր նորահաս սերունդներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբող, ու զայն գաղափարախօսութեան վերածուող երեւոյթներ են։
Դաստիարակութիւն մը՝ որ չըլլայ սնամէջ ու դատարկամիտ, այլ՝ մեր հաւաքական գիտակցութիւնը առաջնորդէ դէպի բիւրեղեայ ճշմարտութիւնը ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄի եւ ՀԱՅՐԵՆԱԿԵՐՏՈՒՄի։
Յաղթական տարեթիւերն ու տարեդարձային նշումները պէտք է ցնցեն մեր էութիւնը։
Պէտք է գիտնանք ազգովին ունկնդիր ըլլալ մեր ազգային Խղճմտանքի՛ Ձայնին։
Ընդունինք կամ ոչ՝ Աւարայրի ճակատամարտին «պետական դիւանագիտութիւն»ը չէր որ յաղթանակեց, այլ, հայ ժողովուրդի խիղճի ազատութեան արտայայտութիւնը, մարմնաւորուած՝ վարդաններու եւ Ղեւոնդ Երէցներու հոգիներուն մէջ։
Աւարայրէն 15 դար ետք, Սարդարապատը հանդիսացաւ մերօրեայ երկրորդ Աւարայրը։
Արդարեւ, 1918 Մայիսեան օրերը յղի էին քաղաքական… ռազմական անակնկալներով։
Թրքական բանակներու յառաջխաղացքը կը սեղմէր օղակը Հայաստանի սիրտը եղող հողաշերտին ու կը ստեղծէր ընդհանուր շփոթ մը մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ։ Թիֆլիս նստած մեր «դիւանագէտ» ղեկավարները կը հրահանգէին «առ ի զգուշացում» որ Ս. Էջմիածնի սրբութիւնները, հոգեւոր դասը ու հայրապետը տեղափոխել Բիւրականի ամարանոցը, եւ Երեւանի նահանգը թողուլ «դիւանագիտական մարզանքներու» քմահաճոյքին։
Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Հայրապետը, Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց եւ իրենց դասակիցները խոր ընդվզումով կը մերժեն հայ քաղաքական դէմքերէն եկած առաջարկը։
Երկունքի պահը կ’ապրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետը։
«Նրա աչքերը վառուում էին, ասես կայծեր պիտի արձակէին։
…Նա անհանգիստ աջ ու ձախ քայլեց վանդակի մէջ առնուած առիւծի պէս, ապա շեշտակի կանգ առաւ զօրավարի դէմ եւ ձեռքը նրա կողմ տնկելով որոտաց. «Ուրեմն, դուք արդէն որոշել էք թուրքերին յանձնել Հայոց եկեղեցու Մայր Աթոռը…»։ (Տե՛ս Բագրատ Ուլուբաբեանի «Սարդարապատ» պատմավէպ 2 հատորով, Ա. հատորը էջ 161։Տպ. Պէյրութ, 1987)։
Իսկոյն Վեհափառը կը հրահանգէ իր գաւազանակիր վարդապետին. «Իմ անունից ասացէք, որ հնչեցնեն բոլոր եկեղեցիների զանգերը։ Հայոց երկրին ու նրա առաքելական եկեղեցուն անագորոյն վտանգ է սպառնում» (նոյն տեղը, էջ 162)։
Այսպէս է որ ղօղանջեցին հայոց աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու զանգերը, Էջմիածինէն մինչեւ Գայիանէ եւ Հռիփսիմէի եկեղեցիները, մինչեւ Երեւան ու ժողովրդային յորձանքը ողողեց Մայր Աթոռի շրջակայքը։
Ու Վեհափառը կը շարունակէ իր պատմական ճառը.
«Ո՛չ եւ ո՛չ, հազա՜ր անգամ ոչ։ Ես չեմ լքի մեր սուրբ նախնիներից աւանդուած Մայր Աթոռը։ Ես չեմ հեռանայ Հայոց Առաքելական Եկեղեցու օճախից։ Եթէ հայոց զինուորութիւնն ու ինքը՝ հայ ժողովուրդը, չեն կարողանայ թշնամու առաջխաղացումը կասեցնել, եթէ ի զօրու չեն լինի փրկելու մեր սրբութիւնները, ապա թող ես նահատակուեմ հէնց այստեղ, շեմի վրայ Մայր Աթոռի, որի գահակալի պատիւն ունեմ մեր սուրբ նախնիների արդար բարեխօսութեամբ եւ Աստծոյ ողորմածութեամμ»։ (Նոյն, էջ 164)։
Ահաւասիկ, այս երկունքին ծնունդը եղաւ Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտը։
Համաժողովրդային, համահայկական աներեւակայելի խիզախութեան ապացոյցը տուաւ ամբողջ հայ ժողովուրդը, երբ արտասանեց իր պատմական ՈՉը, պարտուողական ոգի «ներշնչող» հրահանգներուն, ու Սարդարապատեան յաղթական ճակատամարտին ճարտարապետները հանդիսացան, հոգեփոխելով ներաշխարհը հայ զօրականին ու շինականին, զօրավարին ու մարդկային ալիքներուն։ Այսպէս է որ Զօրավարներ Անդրանիկ, Արէշեան, Փիրումեան, Սիլիկեան, Մանուկեան եւ իրենց զինակիցները քանդեցին հոգեբանական պատուարներն ու երկչոտ զգուշաւորութիւնը ժամանակի դիւանագէտներուն, եւ ի վերջոյ յաղթանակեց Հայուն դարաւոր ազատատենչ ոգին։
Սարդարապատի յաղթանակը կը պատկանի Հայ ժողովուրդին։ Իսկ Ազգային հերոսը՝ Գէորգ Ե. Կթղ. Ամենայն Հայոց։
Արցախեան հակամարտութեան հողին վրայ, ազատ եւ ինքնիշխան ապրելու եւ գոյատեւելու մեր բնազդն էր, որ ի գին գերագոյն զոհողութեանց, մեր հերոսներու բազուկին ուժով մեզի պարգեւեց վայելքը յաղթանակի բարիքներուն։ Սակայն՝
Միջազգային դիւանագիտութեան «Վայրի անտառային օրէնքը» դաժան է, շա՛տ դաժան։
Ահա՛ թէ ինչու, մշտապէս պէտք է դիմենք մեր շահած յաղթանակներու դաստիարակիչ դերին։
Մեր պատմութեան էջերը կը պատգամեն մեզի ու մեր գալիք սերունդներուն, որ «լսենք տրոփը մեր սիրտին» ու կարենանք ՈՉ ըսել, ընդդէմ ամէն կարգի՝
– Սպիտակ արիւնահոսութեան,
– Հոգեւոր արտագաղթի եւ այլասերումի,
– Օտար աղանդներու ներխուժումին,
– «Ոգու սով»ին եւ հոգեկան երաշտին,
– «Խիղճի եւ խօսքի ազատութեան» քօղին ներքեւ ծպտուած՝ մեր բարոյական դաշտը կեղտաջուրով աղարտող օտարամուտ տարրերու։
– Ու բոլոր անոնց, որոնք ներկայ Հայաստանի արուեստի, մշակոյթի եւ գիտութեան ծառայող լծակները կը հրապուրեն արտասահման՝ բարձրապատիւ պաշտօններու եւ պարգեւներու խոստումներով։
Ինչո՞ւ։ Որպէսզի փարինք մեր համազգային արժէքներուն, եւ անշեղ հաւատքո՛վ տէր կանգնինք մեր պատմական իրաւունքներուն։
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը, իր Հայրենիքո՛վ եւ Սփիւռքով, իր մարդուժով թէ նիւթաբարոյական դրամագլուխով, տէ՛ր է լուրջ «հարստութեան» մը ու կը վայելէ համաշխարհային վարկ եւ հեղինակութիւն։
Մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը հարկ է վերակերտել նորագոյն տուեալներու վրայ։ Գիտնանք տարողութիւնը մեր կարելիութիւններուն ու կարողութիւններուն, եւ նոր «Սարդարապատ»ներու մարտահրաւէրներուն ընդառաջ երթանք համապատասխան քայլերով։
Այս է վեհագոյն պատգամը Սարդարապատի Անլռելի Զանգակատան, որուն ղօղանջները կը լսենք ամէնուր եւ ամէն օր։ Կը լսե՞նք արդեօք։ Խնդրեմ, հարց տանք մեր Խիղճին որ կ’արձագանգէ Հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան։