Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, Շարճա, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ, 5 Յուլիս 2012
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արժանընտիր Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հայրապետական Սրբատառ կոնդակով, 2011 տարին հռչակած էր “Հայ Մանուկի Տարի”: Այս առթիւ, ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետի սրբազան կոչին, Արաբական Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան գրասենեակի ընդհանուր պատասխանատու եւ գործադիր քարտուղար՝ Պրն. Հրայր Ճէպէճեան, անձամբ նախաձեռնեց մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ՄԱՆԿԱ-ՄԵՍԻԱ գրքի Հայերէն տարբերակի հրատարակութեան գործին, որ այսօր, արդէն իսկ մեր տրամադրութեան տակ է եւ մաս կը կազմէ հայ հոգեւոր գրականութեան մատենաշարին:

ՄԱՆԿԱ-ն հայացուած օրինակն է Անգլերէն լեզուով Ճափոնի մէջ հրատարակուած առաջին բնագրին: Իր տեսակին մէջ, ՄԱՆԿԱ-ն եզակի գիրք է: Նոր սերունդին ճաշակով դասաւորուած Աստուածաշունչի գունազարդ հրատարակութիւն մըն է ան, որուն նպատակն է, Աստուծոյ խօսքը տանիլ դէպի մանուկին ու պատանիին հոգեկան աշխարհը: ՄԱՆԿԱ-ն կ՛ընդգրկէ Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւն ու յարութիւն երկարող ժամանակաշրջանը եւ իր մէջ կ՛ամփոփէ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի կարեւորագոյն դրուագներն ու տնօրինական դէպքերը: Անկասկած, ՄԱՆԿԱ-ն գունագեղ ծաղկեփունջն է Նոր Կտակարանին:
Դժբախտաբար, մանկապատանեկան հոգեւոր գրականութեան կալուածէն ներս, Հայերէն լեզուով հրատարակութիւնները սակաւաթիւ են: Այս իմաստով, Մանկան կարեւոր հրատարակութիւն մըն է, որ կոչուած է, պարզացուած հայերէնով, նորահաս սերունդը ընտելացնել աստուածաշնչական դրուագներուն ու շունչին:
Այսօր աշխարհին մէջ, մեր մանուկներն ու պատանիներն ալ կլանուած են համակարգիչով եւ համացանցով, ենթակայ են բարոյական սայթաքումներու, գայթակղութեանց եւ խարխափումներու, շարունակաբար կ՛ապրին արժէքներու շփոթ եւ այս ժխորին մէջ, կը դժուարանան կարեւորը զատորոշել անկարեւորէն:
Ահաւասիկ, մեր նորագոյն սերունդի բարոյական դաստիարակութեանը օժանդակող լուրջ ուղեցոյց մը:
ՄԱՆԿԱ-ն կարելի է տարածել որպէս դասագիրք: Զայն կարելի է օգտագործել մեր վարժարաններէն ներս, կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ եւ կարեւորագոյնը՝ մեր տուներէն ներս: Անոր միջոցաւ, կարելի է Աստուծոյ խօսքը լսել ու կարդալ Հայերէնով եւ անոր միջոցաւ կարելի է ամրացնել մեր ընտանիքներուն բարոյական շաղախը:
Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Պրն. Հրայր Ճէպէճեանի ներկայութեամբ, Քուէյթի Ազգային
Այս առթիւ, կու գանք սրտագինս գնահատել ՄԱՆԿԱ-ն Հայերէնի թարգմանող տիկին Արտա Ճէպէճեանը: Երախտագիտութեան մեր խօսքը կ՛ուղղենք Պրն. Հրայր Ճէպէճեանին, որ իր անձնական ջանքերուն կեդրոնացումով գլուխ հանեց այս կարեւոր աշխատանքը: Թող որ բարին Աստուած օրհնէ Ճէպէճեան ամոլը եւ առիթ ընծայէ, որ անոնք, նորանոր ծրագիրներով եւ կրօնաբոյր հրատարակութիւններով հարստացնեն իրենց սեփական կեանքն ու Աստուածաշունչի ընկերակցութեան գործունէութեան դաշտը:
Երախտագիտութեան եւ օրհնութեան մեր զգացումները կը յայտնենք նաեւ Տէր եւ Տիկին Ալեքսան Փանոսեաններուն, որոնք, ի յիշատակ իրենց ողբացեալ ծնողներուն՝ Յովհաննէս եւ Հերմին Փանոսեաններուն, յանձն առին ՄԱՆԿԱ-յի հրատակութեան մեկենասութիւնը:
Թող որ ՄԱՆԿԱ-ն ընթերցող հայ մանուկներու անմեղ շրթներով արտասանուող աղօթքները, խաղաղութիւն պարգեւեն ողբացեալ Յովհաննէս եւ Հերմին Փանոսեաններուն հոգիներուն եւ անոնց յիշատակը գործնականօրէն ապրեցնող հարազատներուն շնորհեն հոգեւոր մխիթարութիւն:
*****
Օրինակներ ստանալու համար դիմել.-
HRAYR JEBEJIAN
6 DAMASKINOU STREET
FLAT 301
1070
NICOSIA, CYPRUS
Price USD 20 including postage.