Մանուկին Ճաշարանը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան , Նիկոսիա, 30 Յունուար 2019

Մանուկ Մարզոյեանը` Մանուկ պէյ, Օսմանեան կայսրութեան օրերուն եղած էր մեծահարուստ գործարար: Անոր կը պատկանէին, շատ մը այլ հաստատութիւններու կողքին, նաեւ այս մեծ հողատարածքին վրայ 1808 թուականին կառուցուած կեդրոնը Պուքրէշի մէջ, Ռումանիա, որ այդ օրերուն եղած է վաճառականական մեծ կեդրոն: Բայց այն, ինչ որ կը կապուի յատկանշական այս կեդրոնին հետ, ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին կնքուած համաձայնութեան նախնական բանակցութիւններն են, որոնք տեղի ունեցած են այս վայրին մէջ: Եթէ մէկ կողմէ կայ կեդրոնին վաւերականութիւնը, բայց նաեւ` այդ օրերուն Մանուկ պէյին ազդեցիկ հեղինակութիւնը:

Յունուար 2019, Պուքրէշ, Ռումանիա: Կեցած եմ Մանուկ պէյին հիմնած այս գեղեցիկ կեդրոնին առջեւ, որ այսօր վերածուած է ճաշարան-իջեւանի: Բայց անպայմանօրէն ան այսօր կը կենայ որպէս պատմամշակութային ժառանգութիւն եւ զբօսաշրջիկներու համար այցելութեան գլխաւոր վայր: Անցնելով ու շրջագայելով վայրը` անոր գեղեցկութիւնը եւ պատմական արժէքը կը տեսնեմ ու կը սկսիմ քակել հայուն պատմութիւնը այս երկրին մէջ:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան , Նիկոսիա, 30 Յունուար 2019

Մանուկ Մարզոյեանը` Մանուկ պէյ, Օսմանեան կայսրութեան օրերուն եղած էր մեծահարուստ գործարար: Անոր կը պատկանէին, շատ մը այլ հաստատութիւններու կողքին, նաեւ այս մեծ հողատարածքին վրայ 1808 թուականին կառուցուած կեդրոնը Պուքրէշի մէջ, Ռումանիա, որ այդ օրերուն եղած է վաճառականական մեծ կեդրոն: Բայց այն, ինչ որ կը կապուի յատկանշական այս կեդրոնին հետ, ռուս-թրքական պատերազմի աւարտին կնքուած համաձայնութեան նախնական բանակցութիւններն են, որոնք տեղի ունեցած են այս վայրին մէջ: Եթէ մէկ կողմէ կայ կեդրոնին վաւերականութիւնը, բայց նաեւ` այդ օրերուն Մանուկ պէյին ազդեցիկ հեղինակութիւնը:

Յունուար 2019, Պուքրէշ, Ռումանիա: Կեցած եմ Մանուկ պէյին հիմնած այս գեղեցիկ կեդրոնին առջեւ, որ այսօր վերածուած է ճաշարան-իջեւանի: Բայց անպայմանօրէն ան այսօր կը կենայ որպէս պատմամշակութային ժառանգութիւն եւ զբօսաշրջիկներու համար այցելութեան գլխաւոր վայր: Անցնելով ու շրջագայելով վայրը` անոր գեղեցկութիւնը եւ պատմական արժէքը կը տեսնեմ ու կը սկսիմ քակել հայուն պատմութիւնը այս երկրին մէջ:

«Հին գաղութ է», խօսողը Վարուժան Ոսկանեանն է: Իսկ հի՞նը… «Քառասուն եկեղեցական առաջնորդ ունեցած ենք հազար չորս հարիւր թուականներէն սկսած, եւ այս իմաստով ալ արմատացած գաղութ է: Թէեւ մաշած ենք դարերու ընթացքին, բայց կը փորձենք գոյատեւել»:

Վարուժան Ոսկանեանը ծանօթ անուն է ոչ միայն հայկական կեանքին մէջ, բայց նաեւ` տեղական: Ան քաղաքական գործիչ է: Եղած է նախարար Ռումանիոյ կառավարութեան մէջ, իսկ ներկայիս` խորհրդարանի մէջ պատգամաւոր: Ան նաեւ գրող է եւ ունի հրատարակութիւններ ռումաներէնով,  որ թարգմանուած է քսաներկու լեզուներու, ներառեալ` հայերէնի: «Երբ նախարար էի, հայկական դրօշակը ռումանականին կողքին սեղանիս վրայ էր միշտ: Հայ ըլլալը պատուոյ տիտղոս է, եւ ռումանացիները կը յարգեն այս իրականութիւնը», ըսաւ Վարուժան:

Բայց Վարուժան Ոսկանեանը իրապաշտ եւ գործնական մարդ է: «Գաղութին հինգ առ հարիւրը միայն հայերէն կը խօսի»: Իսկ գաղութին թի՞ւը: Նկատի ունենալով, որ հայկական ներկայութիւնը երկարած է դարերու վրայ ու նաեւ` Ցեղասպանութենէն ետք, այսօր քանի մը հազարի շուրջ է, որ կը տարուբերի: «Հին հայերը ձուլուած են: Բայց կ՛անդրադառնան, որ իրենց արմատներուն մէջ կայ հայկական ինքնութիւն: Իսկ Ցեղասպանութենէ ետք ժամանողները կը փորձեն պահել լեզուն», ըսաւ Վարուժան:

Հայկական եկեղեցին դարձեալ ունի հին պատմութիւն: Բայց յատկանշական իրականութիւնը այն է, որ եկեղեցին օծուած է 1915 թուականին, երբ հայը կ՛ենթարկուէր Ցեղասպանութեան, միւս կողմէ ալ կ՛օծէր եկեղեցի: Կեանքը պէտք էր շարունակուէր…

Կիրակիի պատարագը հոգեպարար էր եւ զգացական: Շարականները, խունկը, հաղորդութիւնը: Եւ կը նայէի իւրաքանչիւր հայու դէմքին… Ան, որ կը խօսի հայերէն, եւ ան, որ երեւի` ո՞չ… Բայց բոլորին համար հայուն քրիստոնէական հաւատքն էր, որ զիրենք ժողված էր եկեղեցիի յարկին տակ, ուր անոնք կը հաղորդուէին հաւատքին ու գոյատեւելու գիտակցութեանը մէջ: «Իմ մարմինս Ռումանիա ծնած է եւ այս իմաստով ռումանացի եմ: Իմ հոգիս հայ եկեղեցիին մէջ ծնած է, եւ հայ եմ», Վարուժան Փամպուքճեանն է, որ հայերէն կը խօսի, եւ ան երկրորդ հայ պատգամաւորն է Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ: Ան նաեւ ատենապետն է աւելի քան տասնութ փոքրամասնական համայնքներու, ներառեալ` հայկականը, որ պետութեան կողմէ ունի պաշտօնական ճանաչում: Վարուժանը չուշացաւ բաժնելու իր հպարտութիւնը ինծի հետ: «Մեծ ծնողներս Այնթապէն եկած են»:

Միքայէլ Ստեփան Գազազեանը ծնած է Ռումանիա: Ան խմբագիրն է եւ պատասխանատու տնօրէնը` «Նոր Կեանք» հայերէն-ռումաներէն ամսագիրին ու նաեւ «Արարատ» հաստատութեան, որ ունի հրատարակչական, տեղեկատուութեան եւ մշակութային բազմաթիւ գործունէութիւն: Ան որոշ ատեն մնացած է «հեռու» հայկական իրականութենէ, բայց «վերագտած» է իր ինքնութիւնը, երբ սկսած է  իր ներկայ խմբագրական աշխատանքներուն: «Ուժեղ զգացում ունեցայ, որովհետեւ հայերու հետ կապի մէջ մտայ», ըսաւ ան: Բայց հետաքրքրական էր լսել Միքայէլին հայկական ինքնութիւնները… Հայրը ռումանացի է, իսկ մայրը` հայ: Ամուսնացած է եւ կողակիցին հայրը հայ է, իսկ մայրը` տեղացի: Գազազեան. ան առած է իր մականունը իր կնոջ ինքնութենէն: Իսկ Ստեփա՞նը… ռումանացի հօր անունն է: «Ստեփան անունը հայերու կողմէ ալ կը գործածուի, այնպէս չէ՞», ըսաւ Միքայէլ պզտիկ ժպիտ մը դէմքին:

«Արարատ» հրատարակչատունը կը փորձէ հայուն պատմութիւնը եւ մշակոյթը ծանօթացնել ռումաներէն լեզուով տեղացի ժողովուրդին: Այս իմաստով անոնք հրատարակած են շատ մը գիրքեր: «Հայերը քիչ են, բայց շատ աղմուկ կը բարձրացնեն», ըսաւ Միքայէլ` դարձեալ ժպտալով: «Եւ որքան նուազի մեր թիւը, այդքան աւելի կը բարձրանայ մեր ձայնը: Միւս փոքրամասնութիւնները մեզմէ շատ աւելի են թիւով, բայց մեր ձայնը աւելի ուժեղ է», ըսաւ ան հաստատ ու վճռական:

Եւ այս հաստատ ու վճռական կեցուածքին ետին նաեւ կայ Միքայէլին համոզմունքը. «Այս բոլորը կ՛ուզեմ ընել, քանի որ հայ եմ: Ես ինքզինքս կը համարեմ զինուոր, որպէսզի այս մեր ժառանգութիւնը պահենք»:

Բայց այս բոլոր հայկական գործունէութիւններու ետին կայ Ռումանիոյ կառավարութեան նիւթական օժանդակութիւնը գաղութին` որպէս փոքրամասնութիւն-համայնք: Իսկ օժանդակութի՞ւնը… Մէկ միլիոն եւրօ` ամէն տարի:

Ձախէն աջ` Վարուժան Փամպուքեան, Արմիկ Ոսկանեան, Ն. Վ. Սերկէյ Մինասեան, Վարուժան Ոսկանեան եւ Հրայր Ճէպէճեան:

«Հոս պատմութիւն կայ», ըսաւ Ժիրայր Պարոնեանը, երբ ներս մտայ հայոց գերեզմանատուն: Եւ իրապէս պատմութիւն… խաչքարեր եւ տապանաքարեր` տասնութերորդ դարէն սկսեալ: Շրջագայելով հայկական գերեզմանատան մէջ` սկսայ տեսնել հայկական պատմութեան մեծութիւնը եւ հարստութիւնը այս երկրին մէջ: Ռումանիա նաեւ եղած է ապաստան շատ մը յեղափոխական եւ կուսակցական գործիչներու: Եւ կը տեսնես նաեւ անոնց գերեզմանները… Հեռու հայկական հողէն, բայց` հայութեամբ շրջապատուած…

Ժիրայրը իր աչքի «բիբին» նման կը հոգայ գերեզմանատան մաքրութեան եւ շինարարական գործերուն: Կրցայ տեսնել հպարտութիւն մը իր մէջ` իր ըրած գործին նկատմամբ: Կրցայ նաեւ տեսնել, որ իր ըրածը առաքելութիւն է: «Հետս կրնամ տանիլ այս բոլորը», ըսաւ ան:  Ժիրայրը Ռումանիա ծնած է: Ան արդէն հասած է ինիսունհինգ տարիքին… Երեւի կը զգայ, թէ մայրամուտը կը հասնի՞… Բայց այդ մայրամուտին մէջէն կայ Ժիրայրին ինքնութեան հպարտութիւնը: «Հայութիւնը ամէն ինչ է ինծի համար», ըսաւ ան:

Արսէն Արզումանեանը երիտասարդ եւ ուսումնատենչ հայն է, որ ինը տարի առաջ եկած է Հայաստանէն: Ան ձեռք ձգած է իր դոկտորական վկայականը` պաշտպանելով հայկական գաղութը Ռումանիոյ մէջ եւ ազգային-մշակութային ինքնութեան պահպանումի թեզը: Ան ուղեկցեցաւ ինծի` ծանօթացնելով հայկական կեանքը Պուքրէշի մէջ: «Հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը ունէինք, որ 1962 թուականին փակուեցաւ,- ըսաւ Արսէնը:-  Վարժարան չունենալը գաղութին համար բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ»:

Կրցայ նաեւ տեսնել Արսէնին հայկական ուժը:    «Հայերու հետքը շատ ուժեղ է հոս,- ըսաւ ան:- Այս ուժը նստած է հայերուն մէջ: Ապագան ինչ պիտի ըլլայ, շատ բարդ է: Կը փորձենք լաւատես ըլլալ»:

Իսկ լաւատեսութեան նշմարներէ՞ն…

«Կ՛ամչնայի, որ հայ եմ, քանի լաւ հայերէն չեմ խօսիր,- ըսաւ Արմիկ Ոսկանեանը, որ քսանվեց տարեկան երիտասարդուհի մըն է: – Հայկական ինքնութեանս գիտակցութիւնը ինծի համար եղաւ ճամբորդութիւն մը, մինչեւ որ հասայ անոր ու գտայ զայն»:

Արմիկը մասնագիտացած է շարժարուեստի եւ թատրոնի մէջ: Ան ներկայիս իր ժամանակը տրամադրած է` պատրաստելով վաւերագրական ժապաւէն մը հայկական իրականութեան մասին, Ռումանիոյ մէջ:

Վահէ Յովակիմեանը եկեղեցւոյ դպիրն է: Երիտասարդ է, եւ պատարագի ժամանակ կը զգայի, որ հայերէնին տիրապետած է: «Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը ուսանած եմ», ըսաւ Վահէն:

Սխալած չէի իմ գուշակութեանս մէջ: Դարձեալ մտորումներս եւ մտահոգութիւններս… Հայկական վարժարանի դաստիարակութիւնը եւ անոր ազդեցութի՞ւնը: Անոր առաքելութիւնը ու տակաւին ազգային մեր հաստատութիւններուն սփիւռքեան իրականութիւնները զիրար կամրջող եւ զիրար լիցքաւորող տրամադրութիւննե՞րը: Այս տեսիլք(ները) ինչպէ՞ս պիտի հաշուարկենք… Նիւթակա՞ն, թէ՞ ազգային եւ մշակութային արժէքներու պահպանումի նժարները աւելի պէտք է կշռէ…

Եւ Նարինէ Պոկտան-Կըո՞ւլը: Դարձեալ` Պուքրէշի երիտասարդուհիներէն:  Արեւմտահայերէն կը սորվեցնեմ շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ», ըսաւ ան: Ոչ թէ միայն հայերէն, այլեւ` արեւմտահայերէն: Իսկ մայրենիին իր ատակ ըլլա՞լը… Ան կ՛աշակերտէ Վենետիկի Մխիթարեաններուն կազմակերպած հայագիտական դասընթացքներուն: Դարձեալ` սփիւռքեան եւ համասփիւռքեան մեր կապուածութիւնները եւ աշխատանքային համադրումներու դրական գործօնը:

Դոկտ. Սերկէյ Մինասեանը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն է Ռումանիոյ մէջ: Կիրակի ինք եւ իր երիտասարդ ընտանիքը եկած էին եկեղեցի: Պատարագէն ետք ան միացաւ ժողովուրդին, ուր ամէն կիրակի բոլորը միասին կը մէկտեղուին սրահին մէջ` հիւրասիրութեան եւ հաղորդակցութեան համար: Դեսպանը ինք ալ ժողովուրդին հետ էր եւ կը խօսէր բոլորին հետ: Չուշացաւ իր ակնարկութիւնը.  «Այս հաղորդակցութիւնը կը սիրեմ: Գաղութը կ՛ապրեցնէ»:

Մաշո՞ղ գաղութ… Թերեւս: Բայց ապրած է տարիներու ընթացքին ու տակաւին ապրող է այսօր ու նաեւ` ապրեցնող… Եւ այս` պատմութեան ամբողջ ընթացքին:

Մանուկ պէյը ապրեցաւ իր ժամանակներու պատմութիւնը, եւ այդ պատմութիւնը կը շարունակուի: Եթէ Մանուկին ճաշարանով, բայց` հասնելու համար այսօրուան: Պատմութիւնը, որ կ՛ապրի եւ կը շարունակուի… Այս պատմութիւնը շարունակուող է, քանի «արմատացած» է… Իսկ արմատը հայուն ազգային ինքնութիւնը եւ մշակոյթն է…

Ասիկա այն ինքնութիւնն ու մշակոյթն է, որ հայը կ՛ապրեցնէ:

Մանուկին ճաշարանը… Հայուն սկսած պատմութիւնն է, որ կը շարունակուի: Եւ կը շարունակուի, քանի այս հայուն պատմութիւնը ապրուած է ու տակաւին  կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ: Եւ կ՛ապրեցնէ վաղուան տեսիլքով ալ…

You May Also Like
Read More

Հայաստանի 2018-ի ապրիլյան և Ղազախստանի 2022-ի հունվարյան իրադարձությունների միջև զուգահեռներն անիմաստ են

Լևոն Բաբաջանյան, Երևան, 10 Հունվար 2022 Ղազախստանում տարին սկսվեց ցնցումներով։ Պայմանավորված հեղուկ գազի գնի կրկնակի թանկացմամբ` հունվարի 2-ից…
Read More