Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 26 Օգոստոս 2016
Անկեղծ պիտի ըլլամ եւ պիտի փորձեմ վաղուց ներսիդիս հաւաքուած խոհերը կիսել ընթերցողներու հետ՝ աչքս առնելով ենթարկուիլ մեղմէն շատ խիստ քննադատութեան։
Ի հարկէ ժողովուրդի մը մէկ կարեւոր տոկոսը ուրախութեամբ, դափ ու թմբուկով չի լքեր իր ծննդավայրը երթալ ապրելու խորթ, անհարազատ, յաճախ անհիւրընկալ ափերը աշխարհի ծովերու եւ ովկիանոսներու։ Ներխուժումներ, պետական ծրագրուած բռնատիրական քաղաքականութիւն, ընկերային անհաւասարութիւն, դասակարգային շահագործում եւ պետական սակաւաթիւ այրերու կողմէ երկրի նիւթական աղբիւրներու իւրացում, ազգային հարստութեան յափշտակութիւն, ուժային (ոստիկանութիւն բանակ, պետական ու դատական կառոյցներ) միջոցներով երկիրը զաւթած իշխանութեան քաղաքականութիւն եւ այլն, պատճառներ են, որպէսզի հասարակ քաղաքացին, շարքային մարդը, միջին դասակարգը, նորարարներն ու ճակտին արդար քրտինքով ապրիլ ուզողները ինքզինքնին գտնեն անելի մը առջեւ եւ օր մըն ալ որոշեն լքել հայրենիք, տուն ու տեղ, այգի, բարեկամներ, ամբողջ անցեալ մը եւ «այս երկիրը ապրելիք տեղ չէ» լոզունգով հեռանան ու փախչին արմատներէն։

Հազար տարիէ ի վեր ա՛յս է մեր տեսածը մեր պատմական հայրենիքի տարածքին։ Ի դէպ սա եզակի երեւոյթ չէ եւ միայն «հայկական հիւանդութիւն» մը չէ։ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու Լիբանանցին, Սուրիացին, Պաղեստինցին, Ասորին, Ղպտին, Քիրտը, Զազան եւ այլ բնիկ «փոքրամասնութիւններ» սա կամ նա չափով յայտնուած են նոյն սպառնալիքներուն եւ ռազմական ու քաղաքական աննպաստ պայմաներու մէջ, եւ օր մըն ալ լացակումած աչքերով լքած են իրենց դարաւոր հայրենիքները ու ծննդավայրերը։
Մատնանշեցի արտագաղթի, հայրենալքման, պարտուողականութեան տուն տուող արտաքին առարկայական ազդակները։ Իրենց հայրենիքները լքողները կրնան բերել հազար ու մէկ հասկնալի պատճառաբանութիւններ, բայց ինքզինքիս եւ վերոյիշեալներուն դիմելով կը հարցնեմ՝ ես ի՞նչ ըրի, մենք ի՞նչ ըրինք մեր կարգին անցանկալի ու ժպրհելի պայմանները վերացնելու ուղղութեամբ։
Ինչո՞ւ յաճախ կը դժգոհինք իշխանութիւններէն ու բռնատիրութիւններէն, երբ դաշտը յաճախ դիւրութեամբ կը յանձնենք օղակի մը կամ սեղմ շրջանակի մը հսկողութեան, որ իր բոյնին մէջ իր ուզածն ընէ ըստ իր կամքին ու հաճոյքին։ Կը յանձնուինք պարտուողականութեան ու կրաւորականութեան եւ գեղեցիկ օր մըն ալ կը լքենք ու կը հեռանանք։ Չեմ կրնար ծանր խօսքեր ըսել լքողներուն կամ «շուտով յանձնուողներուն» – մարդ մէկ անգամ պիտի գայ այս աշխարհ եւ իր բնական իրաւունքն է վայելել ու ապրիլ այս կեանքը։ Շահնուրի խօսքերով «մարած մոխիրներ ենք» կարծես, որոնցմէ կայծ ու կրակ պիտի չբարձրանան։ Վախկոտնե՞ր ենք արդեօք, զինապարտնե՞ր ենք միթէ։
Ազգային արժանապատուութիւն եւ պատուախնդիր հատուած մը մեր ժողովուրդին, իմա՝ «Սասնայ Ծռեր»ը յանկարծ մէկ օրէն միւսը չ՚ընդվզիր, չ՚ապստամբիր, պետութեան դէմ բռունցք չի բարձրացներ եւ ի պահանջել հարկին համեստ զէնքերով ուժային կամ կառավարական կեդրոններու վրայ չի յարձակիր։ Այլ խօսքով անոնք չեն ուզեր ըլլալ «դատարկ գլուխներն» ու «յիմարները», որոնք որպէս պատուանդան պիտի ծառայեն կաւաշէն հոգեւոր եւ աշխարհիկ «մոնումենտներու», բան մը, որ պետութիւն կամ իշխանութիւն կոչուածի ցանկութիւնն է։
Բոլոր պարագաներուն՝ երկիրը լքել ու հեռանալն ալ պայքարի յուսալի ձեւ մը չէ, այլ ինչ որ չափով նաեւ պատասխանատուութենէ, ազգային եւ ընտանեկան պարտականութիւններէ խուսափիլ է պարզապէս։
1 comment
“Death is One
"Death is one; all die once but better be sacrificed for the liberty of patrimony".
Comments are closed.