Յօդուածի սկիզբը տեսնել խփելով
Մարդիկ Հերոս Չեն Ծնիր, Հերոս Կը Մեռնի՛ն
Կայսերական Գերմանիոյ
Մեղսակցութեան Հարցը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժնեւ, 13 Յունիս 2015
Գերմանիոյ Մեղսակցութիւնը
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ Կայսերական Գերմանիոյ մեղսակցութեան հարցին, պիտի ուզէինք ստորեւ տեղ տալ հետեւեալ մեկնաբանութիւններուն.-
Բնականաբար, այսօր, քաղաքական եւ մարտավարական որոշ հանգամանքներէ մեկնելով, մեր ցեղասպանագէտները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական շրջանակները, ոչ թէ Կայսերական Գերմանիոյ ուղղակի մեղսակցութեան` այլ կը խօսին համապատասխանատուութեան մասին։
Օսմանեան Կայսրութեան ռազմական կամ պաշտպանութեան նախարարութեան մուտքը,
Կ. Պոլիս, Սուլթան Պայազիտ։
Այս հրապարակին վրայ է որ կախաղան բարձրացան Հնչակեան Քսան անմահ հերոսները
Յօդուածի սկիզբը տեսնել խփելով
Մարդիկ Հերոս Չեն Ծնիր, Հերոս Կը Մեռնի՛ն
Կայսերական Գերմանիոյ
Մեղսակցութեան Հարցը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժնեւ, 13 Յունիս 2015
Գերմանիոյ Մեղսակցութիւնը
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ Կայսերական Գերմանիոյ մեղսակցութեան հարցին, պիտի ուզէինք ստորեւ տեղ տալ հետեւեալ մեկնաբանութիւններուն.-
Բնականաբար, այսօր, քաղաքական եւ մարտավարական որոշ հանգամանքներէ մեկնելով, մեր ցեղասպանագէտները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական շրջանակները, ոչ թէ Կայսերական Գերմանիոյ ուղղակի մեղսակցութեան` այլ կը խօսին համապատասխանատուութեան մասին։
Օսմանեան Կայսրութեան ռազմական կամ պաշտպանութեան նախարարութեան մուտքը,
Կ. Պոլիս, Սուլթան Պայազիտ։
Այս հրապարակին վրայ է որ կախաղան բարձրացան Հնչակեան Քսան անմահ հերոսները
Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ միշտ թարմ է 1878 թուականի Պերլինի Վեհաժողովը, ուր Սան Սթեֆանոյի ռուս-թրքական պայմանագրի հայութեան համար աւելի նպաստաւոր 16-րդ յօդուածը Եւրոպայի Մեծ Տէրութիւններու, յատկապէս անգլիական դիւանագիտութեան հետապնդած քաղաքական նպատաներուն բերումով հայութեան համար անբարենպաստ 61-րդ յօդուածի փոխուեցաւ։
Կայսերական Գերմանիոյ ժամանակի վարչապետը` Պիսմարք, Հայկական Հարցը կը կապէր Օսմանեան Կայսրութեան հանդէպ Գերմանիոյ վարած քաղաքականութեան հետ։ Յայտնի է, որ ան մասնաւոր համակրանք մը չունէր Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ․-ի կամ Օսմանեան Կայսրութեան նկատմամբ, եւ պատմութեան մէջ յայտնի է իր նշանաւոր մէկ արտայայտութիւնը՝ «Ամբողջ Թուրքիան բրուսացի զինուորի մը ոսկորն անգամ չ’արժեր»։
Վիլհելմ Բ.-ի կայսրութեան վաղ շրջանին, երբ արդէն յայտնի դարձած էին Սուլթան Համիտի կողմէ հայութեան դէմ իրականացուող առաջին կոտորածները, Վիլհելմ Բ. իր հակակրանքը յայտնած էր Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի հասցէին, ըսելով՝ «Զզուելի մարդ մը»։ Վիլհելմ Բ. կը գտնէր, որ Սուլթանին դէմ պէտք էր ազդու միջոցներու դիմել ու չէր թաքցներ իր զայրոյթը, յայտարարելով՝ «Հրանօթի ռումբ մը պէտք է կրակել Եըլտըզի պալատին վրայ», Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ապրող քրիստոնեաներու հարցին իբրեւ միակ լուծում։ Կայսրը հայերուն նկատմամբ ընդհանրապէս կը ցուցաբերէր համակրալից վերաբերմունք մը, զանոնք գնահատելով իբրեւ քրիստոնեայ հաւատակից եղբայրներ եւ քոյրեր։ Ան իր ընդվզումը կ’արտայայտէր ըսելով, որ համիտեան զանգուածային «Կոտորածները գերազանցած են մինչեւ հիմա բոլոր եղածները, եւ պատահածը իսկապէս կը ներկայացնէ Բարթողիմէոսեան գիշեր մը (Bartholomäusnacht)»։
Դժբախտաբար, միջազգային քաղաքականութեան մէջ դէպքերը այնպէս զարգացան, երբ հետեւեալ տարիներուն Մեծ Տէրութիւններու միջեւ առկայ խոշոր հակասութիւնները, շահերու բախումը, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր մրցակցութիւնները արեւմտահայութիւնը դարձուցին իսկական զոհ մը, թշնամիներ յանկարծ դարձան բարեկամներ եւ Թուրքիոյ ամբողջականութեան պահպանումը ամէնուն համար եղաւ կարեւոր հիմնահարց մը։
Կայսերական Գերմանիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ Օսմանեան Կայսրութեան նկատմամբ սկսան հետզհետէ հիմնաւորուիլ հետեւեալ համոզումները.
- Մօտ ապագայի մը շահերու հեռանկարով պէտք չէր վտանգել երկու կայսրութիւններու (իմա՝ թուրք-գերմանական) միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները։
- Թուրքիոյ քայքայումը կրնար պատճառ դառնալ Եւրոպական Մեծ Տէրութիւններու միջեւ համաշխարհային պատերազմի մը բռնկումին։
- Գերմանիա մեղսակցութիւն եւ պատասխանատուութիւն մը չունի Թուրքիոյ մէջ կատարուող իրադարձութիւններու նկատմամբ։
Ահաւասիկ այս նկատառումներն էին որ յետագային իրականութիւն դարձան. Կայսերական Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները առաւել եւս ամրակալուեցան, երբ Հոկտեմբեր 1898-ին, դէպի Երուսաղէմ կատարած իր ուղեւորութեան ճամբուն վրայ, Վիլհելմ Բ. Կ. Պոլսոյ մէջ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ին այցելեց եւ անոր կողմէ փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ, այն անձին կողմէ, զոր ինք դեռ քանի մը տարի առաջ «Զզուելի մարդ», իսկ Անգլիոյ երբեմնի վարչապետը` Կլատսթոն «Մեծ ոճրագործը» (Great Assasin) անուանած էին։
Յայտնի է, որ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին Օսմանեան Կայսրութիւնը, Երիտթուրք դահիճներու ղեկավարութեամբ, պատերազմի դաշնակից դարձաւ Կայսերական Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարական Կայսրութեան։ Հոս հարց կը ծագի, թէ եթէ երբեք Կայսերական Գերմանիա ազդու միջոցներով միջամտէր Երիտթուրքերու եռապետութեան վարած ներքաղաքական գործընթացին, արդեօ՞ք պիտի կարենար կանխարգիլել Թալէաթներու, Էնվէրներու եւ Ճէմալներու հայաջինջ ծրագրի գործադրութիւնը, կամ գոնէ պիտի կարենա՞ր նուազեցնել աւելի քան մէկուկէս միլիոն զոհերու թուաքանակ մը հաշուող Ցեղասպանութեան տարողութեան չափը։ Անշուշտ, արդէն կատարուած իրողութիւններուն վրայ դժուար, նոյնիսկ անկարելի է յետադարձ ենթադրութիւններ ընել։ Բայց հարցը հոն է, որ կար ստոյգ կարելիութիւնը կանխարգիլելու ահաւոր ոճիրը, եւ այդ միակ կարելիութիւնը զլացաւ Կայսերական Գերմանիան, մեկնելով իր պետական ռազմավարական շահերէն։
Հայանպաստ Միջամտութիւններ
Կ. Պոլսոյ մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` Հենրի Մորկընթաու դեռ այդ ժամանակ նկատած էր, որ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն միայն Կայսերական Գերմանիան կրնար կանխել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Նմանապէս մենք գոյացուցած ենք նոյն համոզումը, ուստի առ այս պիտի ուզենք այստեղ վկայակոչել պատմական հետեւեալ փաստերը.-
ա) Հայերուս մէջ սովորաբար տարածուած է այն կարծիքը, թէ Երիտթուրք դահիճներ աքսորի եւ կոտորածի չենթարկեցին Կ. Պոլսոյ հայութիւնը՝ մայրաքաղաքին մէջ եւրոպական դեսպանութիւններուն առկայութեան պատճառով։ Սոյնը մետալին մէկ երեսը կը ներկայացնէ միայն։ Պատմական փաստեր, արխիւային հետզհետէ ի յայտ եկող նորանոր փաստաթուղթեր ցոյց կու տան, որ իրողութիւնը այլ է։ Բոլորիս քաջայայտնի են Կ. Պոլսոյ մէջ 1890 թուականի Յուլիսին՝ Գում Գաբուի, ապա 1895 թուականի Սեպտեմբերին Պապը Ալիի ցոյցերուն եւ 1896 թուականի Օգոստոսին Պանք Օթթոմանի գրաւումին տխուր հետեւանքները, երբ նոյն թուրքը Մեծ Տէրութիւններու դեսպանութիւններուն առկայութիւնը արհամարհելով, անոնց բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն սարսափած աչքերուն առջեւ Կ. Պոլսոյ փողոցներով հազարաւոր անմեղ հայերու արեան վտակներ հոսեցուց։ Թուրքը շատ լաւ ըմբռնեց եւրոպական դիւանագիտութեան էութիւնը` որ ան բողոքագրեր ներկայացնելէ քայլ մը անդին չ’անցնիր։ Հայուն սիրոյն համար Օսմ. Կայսրութեան դէմ ռազմական որեւէ գործողութիւն չի ձեռնարկեր, իսկ դեսպաններուն իրարու վրայ կուտակուած բողոքագրերը թուրքը շատ լաւ գիտէ թէ ուր պիտի զետեղէ…։ Արդարեւ, 24 Ապրիլին նախորդող եւ հետեւող քանի մը օրերուն, երբ աւելի քան 600 մտաւորականներ, ազգային-մշակութային եւ քաղաքական գործիչներ հետզհետէ ձերբակալուելով Թուրքիոյ խորքերը` վայրենաբնակ վայրեր կ’աքսորուին, Չանղըրըի մահահոտ ճամբաներուն վրայ խմբովին կամ մին միւսին ետեւէն ջարդուելու նպատակով, Կայսերական Գերմանիոյ դեսպանը՝ Վանկենհայմ ազդու կերպով կը միջամտէ Օսմ. Կայսրութեան մեծ վեզիր եւ ներքին գործոց նախարար Թալէաթին եւ ռազմական նախարար Էնվէրին մօտ, զիրենք զգուշացնելով, որ մայրաքաղաքի հայութիւնը աքսորելու եւ զայն բնաջնջելու պարագային լրջօրէն կրնայ վնասուիլ թուրք-գերմանական զինակցութեան դաշինքը, եւ որուն միակ պատասխանատուն իրենք են։
Անշուշտ, Վանկենհայմի սոյն միջամտութիւնը մղուած չէր հայու նկատմամբ գերմանացիին տածած սիրոյ զգացումներէն, այլ պարզապէս օտար դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներուն շատ աւելի փաստացի եւ ակնառու պիտի դառնար, ի տես Հայոց Ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութեան մէջ տեսնել նաեւ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը։ Յիրաւի, Գերմանիա մասնաւորաբար կը զգուշանար նման ծանրակշիռ մեղադրանք մը իր ուսերուն վրայ կրելէ, միւս կողմէն սակայն, ի գին ամէն ինչի, պատերազմին մէջ չէր ալ ուզեր հրաժարիլ ցեղասպան թուրքին զինակցութենէն, որ ձեռք բերուած էր քաղաքական-դիւանագիտական եւ տնտեսական երկար տարիներու աշխատանքով եւ մեծ ներդրումներու գնով։ Հետեւաբար, եթէ երբեք թուրքը իր ներքին հարցերը կը լուծէր հայ ազգաբնակչութեան դէմ կանխամտածուած եւ ծրագրուած ցեղասպանական ոճիրով, այդ թող իրականացնէր երկրին խորքը, «աչքէ ու սրտէ հեռու» վայր մը, զոր օրինակ՝ Միջագետքի եւ Սուրիոյ անապատներուն մէջ, քանի որ յետագային դիւրին պիտի ըլլար զայն պիտակաւորել «Օսմ. Կայսրութեան ներքին գործերուն միջամուխ չըլլալու» որոշումով։
բ) Զօրահրամանատար Վիլհելմ Լէօփոլտ Գոլմար Ֆօն Տէր Կոլց, որ յատուկ առաքելութեամբ Կ. Պոլիս ղրկուած էր վերակազմաւորելու եւ արդիականացնելու
գ) Օթթօ Լիման Ֆօն Սանտերզ, որ նմանապէս Թուրքիա առաքուած էր օսմանեան բանակը արդիականացնելու եւ մարտունակ դարձնելու նպատակով, Նոյեմբեր 1916-ին Իզմիրի մէջ, երբ նման հրահանգ մը կը սպառնար տեղահանութեան ենթարկել քաղաքին ամբողջ հայութիւնը, ինք եւս կը դիմադրէ այս բարբարոսութեան եւ իսկոյն Կ. Պոլիս` պատերազմական նախարարութեան կը հեռագրէ եւ իր պաշտօնէն հրաժարելու ու Գերմանիա վերադառնալու վերաբերեալ իր որոշումը կը յայտնէ, եթէ երբեք աքսորի ենթարկուէր քաղաքի անմեղ հայ բնակչութիւնը։ Այս առթիւ ալ Էնվէր անմիջապէս կը յօժարի յետս կոչել իր վճիռը, աքսորէ զերծ պահելով Իզմիրի հայութիւնը։
Ահաւասիկ, այս պերճախօս օրինակները ցոյց կու տան, որ եթէ Կայսերական Գերմանիան իր զինակից Օսմանեան Կայսրութեան հանդէպ որդեգրէր ի նպաստ արեւմտահայութեան վճռորոշ եւ ազդու կեցուածք մը, ապա մեծ հաւանականութեամբ կարելի պիտի ըլլար կանխարգիլել Երիտթուրք դահիճներու մշակած Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրին իրագործումը, կամ գոնէ այն չէր պատահեր այնպիսի մեծ տարողութեամբ՝ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն զոհերու եւ հայութեան համար ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի, նաեւ Կիլիկիոյ կորուստով։
Գերմանիոյ Ցուցմունքները Ա. Աշխարհամարտի Օրերուն
Դժբախտաբար, Կայսերական Գերմանիան Ա. Աշխարհամարտի օրերուն Օսմանեան Կայսրութեան նկատմամբ որդեգրեց հետեւեալ քաղաքականութիւնը. Օսմանեան Թուրքիան պատերազմի տարիներուն իր կողքին պահել՝ ինչ ալ որ կատարուի, ինչ փոյթ, թէ իր պապենական հողերուն վրայ քրիստոնէական մշակոյթի տէր վաղեմի ժողովուրդ մը ամբողջ բնաջնջուի։ Արեւմտահայութեան հանդէպ իրագործուող Ցեղասպանութիւնը ան համարեց Թուրքիոյ ներքին խնդիրը, ուստի որդեգրեց Թուրքիոյ ներքին գործերուն չխառնուելու սկզբունքը։
Կայսերական Գերմանիոյ պետական գրաքննութեան բարձրագոյն ատեանը Հայկական Հարցին վերաբերող տեղեկագրութիւններու ուղղութեամբ տուաւ հետեւեալ հրահանգները.-
ա) «Հայկական կոտորածներուն մասին պէտք է ըսել հետեւեալը. Մեր բարեկամական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ ոչ միայն թրքական կառավարման ներքին հարցերուն առնչութեամբ պէտք չէ խաթարուին, այլ` ներկայի բարդ ժամանակին մէջ անոնք նոյնիսկ պէտք չէ քննարկուին: Ուստի, առ այժմ լռելը պարտականութի´ւն է: Յետագային, երբ արտասահմանեան երկիրներ ուղղակի յարձակին ներկայացնելով «գերմանական մեղսակցութիւն» մը, [այդ պարագային] մեծ զգուշութեամբ եւ վերապահութեամբ պէտք է մօտենալ հարցին, միշտ յառաջ քաշելով այն, թէ հայեր թուրքերը շատ զայրացուցած են»:
Իսկ Թուրքիոյ պատերազմական վայրերէն հաղորդուող գերմանական տեղեկագիրներու ցուցմունքներուն մէջ կը հրահանգուի.-
բ) «Հարկ է թուրք զինուորներու տոկունութիւնը անկաշկանդ գովել, նշելով սակայն, որ գերմանացի սպաները, գերմանական զինամթերքը եւ այլն, մաս կը կազմեն ձեռք բերուած յաջողութեան: [Իսկ] Հայկական Հարցի մասին նախընտրելի պիտի ըլլայ լռել»:
Յետ-պատերազմեան Զաւեշտախաղը
Զաւեշտալի էր, երբ 1916 թուականին գերմանական եկեղեցական եւ մարդասիրական կազմակերպութիւնները ի նպաստ հայութեան մնացորդացին, հազարաւոր որբերուն, տեղահանուածներուն, չարչրկուած, սովէ եւ տարատեսակ հիւանդութիւններէ հիւծած ծերունիներուն, ոսկրացած կիներուն եւ լլկուած աղջիկներուն համար նիւթական հանգանակութիւններ կը կատարէին, Վիլհելմ Բ. իր անձնական միջոցներէն հնչիւն 3,000 գերմանական մարք կը նուիրէր` իր մեղսաթաթախ խղճին վրայ քաւութեան փոքրիկ սպեղանի մը քսելու համար։
Եւրոպայի Մեծ Տէրութիւնները, ինչպէս նաեւ Կայսերական Գերմանիան, իր բոլոր մանրամասնութիւններով տեղեկացած էին արեւմտահայութեան դէմ իրագործուած ոճիրին մասին։ Նոյնիսկ պատերազմէն ետք յաղթող Դաշնակից Տէրութիւնները զլացան զինաթափել թրքական բանակը, թոյլ տալով, որ երբեմնի Երիտթուրքերու շարքերէն մէջտեղ գայ անոնց աւանդին տէր կանգնող Աթաթիւրք անունով ուրիշ ոճրագործ մը։ Միացեալ Հայաստանի Ուիլսընեան քարտէսը մնաց լոկ թուղթին վրայ, հուսկ` Լոզանի դաշնագրով քաղաքական բեմահարթակէն ի սպառ անհետանալու համար։ Արեւմտեան պետութիւնները ի գին ամէն բանի ուզեցին պահպանել Թուրքիոյ կարգավիճակը, այսինքն՝ անոր status quo-ն, անոր ամբողջականութիւնը, որուն համար իր պապենական հողերուն վրայ զոհեցին դարաւոր մշակոյթի տէր եւ իր արդար իրաւունքներուն ձգտող ազատատենչ հայ ժողովուրդը: Հետեւելով հայ ժողովուրդը բնաջնջելու իրենց գաղտնի ծրագրին, Երիտթուրքեր, գործօն աջակցութեամբը ընչաքաղց քիւրտերու եւ վայրենաբարոյ շարք մը այլ ցեղերու, նախ փճացուցին հայ մտաւորականներու սքանչելի փաղանգը, հոգեւոր-մշակութային հաստատութիւններն ու անոնց քաղաքական-կուսակցական բոլոր առաջնորդները, որոնց կարգին հայութեան բիւրաւոր զոհերուն մէջ անդրանիկ նահատակներ դարձան Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ Հնչակեան Քսան Կախաղանները։
Եկեղեցւոյ մէջ կայ նշանաւոր խօսք մը, որ Բ. դարու կիսուն ապրած Կարթագէնի եպիսկոպոս Տերտուղիանոսի կը վերագրուի՝ «Semen est sangius christianorum», այսինքն` «Քրիստոնեաներուն արիւնը եկեղեցւոյ սերմն է»: Տերտուղիանոս իր այս արտայայտութիւնը ըրած է հիւսիսային Ափրիկէի Կարթագէն քաղաքին մէջ, հեթանոս իշխանութիւններուն կողմէ քրիստոնեաներուն դէմ ծաւալած հալածանքներուն եւ անոնց հետեւանքով յառաջացած բիւրաւորներու նահատակութեան պատճառով:
Ե. դարուն մեր թարգմանիչ վարդապետները Տերտուղիանոսի ջատագովական երկերը հայերէնի վերածելու առթիւ վերոնշեալ արտայայտութեան տուած են աւելի խորունկ եւ համապարփակ իմաստ մը, զայն թարգմանելով` «Արիւն մարտիրոսաց` հիմն եկեղեցւոյ»: Այսինքն` «Մարտիրոսներուն թափած արիւնը եկեղեցիին հիմքն է»:
Սոյն արտայայտութիւնը որքա՜ն սուրբ եւ նուիրական է նաեւ հանդէպ մեր նահատակ հերոսներուն: Ճշմարտացի է անոնց համար որոնք չուրացան, չվախցան մահէն եւ տուին իրենց ծաղկաւէտ կեանքը յանուն իրենց համոզումին, վեհ գաղափարին, ազգին եւ հայրենիքին ազատագրութեան: Հոգեւոր-կրօնական համոզումներու սահմանէն անդին, անոնց թափած արիւնը դարձաւ ազգին ու հայրենիքին գոյութեան, անոնց ազատութեան, խաղաղ եւ ստեղծագործ կեանքին մեծագոյն երաշխիքը։ Արդարեւ, Քսաններուն նահատակութիւնը դարձաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան լինելութեան եւ ազգային առաքելութեան կրանիթեայ հիմքը: Այս կուռ համոզումին վրայ կը կերտէ ան իր ապագան, որ անսակարկ ու ամբողջանուէր ծառայութիւնն է ազգին եւ հայրենիքին։
Այսօր, հարիւր տարի ետք, Կ. Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ բարձրացած կախաղանէն մինչեւ աշխարհի բոլոր ծագերը մեր ականջներուն մէջ նոյն թարմութեամբ կ’արձագանգէ Տոքթ. Պէննէի մարգարէաշունչ ձայնը` «Մեզ` քսաններս կը կախէք, բայց քսան հազարներ պիտի հետեւին մեզի»:
Ո՞վ ըսաւ թէ նահատակները կը մեռնին. ո՜չ, անոնք կ’ապրին ողջերու էութեան մէջ ու կը հետեւին անոնց քայլերուն:
Հանգչեցէ´ք, հանգչեցէ´ք խաղաղ, ո՜վ պաշտելի նահատակներ։ Թող մեր եւ գալիք բոլոր հայ սերունդներուն հոգիի լուսակերտ մեհեանը ըլլայ ձեզի համար անմահութեան պանթէոն: Եւ թող նոյնինքն Հայրենիքը, իբրեւ ծերունազարդ քուրմ, թէկուզ ձեր անյայտ գերեզմաններուն եւ նուիրական աճիւններուն վրայ համակ երկիւղածութեամբ պատգամէ` Անմահութի՜ւն: