Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 100-Ամեակին Առթիւ
Կայսերական Գերմանիոյ
Մեղսակցութեան Հարցը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Ժնեւ, 13 Յունիս 2015
Գերմանիոյ պետական արխիւներուն մէջ Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն վերաբերեալ պահպանուած է արժէքաւոր վկայութիւն մը, որ կը կրէ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու նուիրեալ պաշտպան Եոհաննէս Լեփսիուսի ստորագրութիւնը։ Ե. Լեփսիուս գերմանացի հայասէրներուն մէջ կը հանդիսանայ այն առաջին անձնաւորութիւններէն մին, որ իր բողոքի ձայնը կը բարձրացնէ Երիտթուրքերու կողմէ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ իրագործուած ոճիրին դէմ։ Ան «Գերմանա-Հայկական Ընկերակցութեան» (Deutsch-Armenische Gesellschaft) անունով 18 Յունիս 1915-ին Փոցտամէն Պերլին` Կայսերական Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կը յղէ հետեւեալ հեռագիրը (գերմաներէն բնագրէն հայերէն թարգմանութիւնը մերն է).-

«Սոֆիայէն ստացայ հետեւեալ հեռագիրները.
Առաքուած Յունիս 14-ին` Սոֆիայէն, ընդունած Յունիս 16-ին` Փոցտամ։
‘Տարագրուած հայերէն առ այժմ Ակնունի, Խաժակ, Զարդարեան, Մինասեան ուղարկուած են դէպի Անգորա [Անգարա] դատուելու համար ռազմական ատեանէն։ Հայաստան հայերէ կը դատարկեն։ Երզինջանէն [Երզնկա], Մարաշէն, Հաճընէն, Այնթապէն հայ բնակչութիւնը կը տարագրուի դէպի Միջագետքի խորքը։ Բոլոր հայերու զանգուածային տարագրութիւն ամբողջ Կիլիկիոյ տարածքին։ Նաեւ` Կ. Պոլիսէն։ Համատարած յուսահատութիւն։ Կը խնդրենք տեղեկացնել մեզի նախատեսուած քայլերու մասին’։
Առաքուած Յունիս 17-ին` Սոֆիայէն, ընդունած Յունիս 18-ին` Փոցտամ։
‘Կ. Պոլսոյ մէջ 20 Հնչակեաններ մահապատիժի ենթարկուած են։ Միեւնոյն սպառնալիքը ուղղուած է նաեւ դէպի Անգորա [Անգարա] տարագրուած դաշնակցականներուն։ Կը խնդրենք բոլոր կարելին ընել, կանխարգիլելու համար աղէտը’։
Նուիրումով`
Դր. Եոհաննէս Լեփսիուս»
Հնչակեան Քսան Կախաղաններու ողբերգական իրադարձութեան առնչութեամբ, մեր ազգային յեղափոխական պատմութեան համար նոյնքան կարեւոր պէտք է նկատել նոյնաբովանդակ այլ հեռագիր մը, որ կը կրէ Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Կայսերական Գերմանիոյ դեսպան Տիար Հանս Ֆօն Վանկենհայմի ստորագրութիւնը։ Վանկենհայմ գերմանացի դիւանագէտի այս հեղինակաւոր պաշտօնը վարած է 1912-1915 թուականներուն, որով անտարակոյս կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան կարեւոր վկաներէն մին։ Իր հանգամանքին բերումով, ան ստոյգ տեղեակ էր հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուող ոճիրին շատ մը մանրամասնութիւններուն, ուստի իր սեպուհ պարտականութիւններէն մին էր ոչ միայն Պերլինի մէջ իր վերադասին օրը-օրին տեղեկագրել Օսմ. Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցող հասարակական եւ քաղաքական կեանքի կարեւոր իրադարձութիւնները, այլ` իբրեւ Օսմ. Կայսրութեան հետ դաշնակից հզօր պետութեան մը պատկառազդու ներկայացուցիչը, բնականաբար, կրնար ազդել նաեւ երկրի ներքաղաքական հարցերուն վրայ։
Ահաւասիկ, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր կողմէ շարադրուած շատ մը
«Նորին Գերազանցութիւն [Կայս. Գերմ.] Վարչապետ
Տիար Ֆօն Պեթման Հոլվեկին
Բերա, 18 Յունիս 1915
Ամսոյս 15-ին 20 հայեր, որոնք տեղւոյս ռազմական ատեանին կողմէ ծանր դաւաճանութեան պատճառով մահուան դատապարտուած էին, կախած են Սերասքերաթ [պաշտպանութեան նախարարութիւն] հրապարակին վրայ։ Մահապատիժը գործադրուեցաւ առտու կանուխ, իսկ դիակներն արդէն կէս ժամ ետք վերցուեցան, այնպէս որ ամբողջ եղելութիւնը գրաւեց միայն փոքր ուշադրութիւն մը։ Տեղական թերթերն այս ուղղութեամբ անդրադարձան ամսոյս 17-ին` հրապարակելով տեղւոյս ռազմական ուսումնարանի պետին տուած պաշտօնական յայտարարութիւնը, որ նաեւ կը բովանդակէր մահապատիժի ենթարկուածներուն անունները։ Ինչպէս կարելի է հետեւցնել, անոնցմէ շատեր կը պատկանին Հնչակեաններու միութեան (հայ յեղափոխական կուսակցութիւն) [փակագիծը Վանկենհայմինն է], եւ [երկրի] ներքնամասերէն հոս փոխադրած էին դատուելու համար։ Այլ մահապատիժներ կը սպասուին նաեւ յառաջիկային։
Տեղի հայ ազգաբնակչութեան մէջ այս հաւաքական սպանութիւնը պատճառ դարձաւ մեծ յուզումներու։
Վանկենհայմ»
Կայսերական Գերմանիոյ դեսպանին սոյն հեռագիրը կը կարօտի լուրջ վերլուծումներու։
Յօդուածի շարունակութիւնը տեսնել խփելով Մարդիկ Հերոս Չեն Ծնիր, Հերոս Կը Մեռնի՛ն (Շ) հետեւեալ ենթախորագիրներով
- Գերմանիոյ Մեղսակցութիւնը
- Գերմանիոյ Ցուցմունքները Ա. Աշխարհամարտի Օրերուն
- Հայկական Հարցի մասին նախընտրելի պիտի ըլլայ լռել»:
- Յետ-պատերազմեան Զաւեշտախաղը