Մարտարուետը Ցեղասպանութեան Ճանաչման Միջոց

 

Թղթակցութիւն Սան Տիեկօ – Պէյրութ Հեռախօսով, Ապրիլ 2014

Շաբաթ, Ապրիլ 19-ին, Սան Տիեկոյի (Գալիֆորնիա) Միրամար պողոտային վրայ գտնուող «Հայկ-Բել» մարտարուեստի դպրոցը պիտի կազմակերպէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ու ճանաչման նուիրուած ցուցադրական կարեւոր երեկոյ մը:

 

 

Թղթակցութիւն Սան Տիեկօ – Պէյրութ Հեռախօսով, Ապրիլ 2014

Շաբաթ, Ապրիլ 19-ին, Սան Տիեկոյի (Գալիֆորնիա) Միրամար պողոտային վրայ գտնուող «Հայկ-Բել» մարտարուեստի դպրոցը պիտի կազմակերպէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ու ճանաչման նուիրուած ցուցադրական կարեւոր երեկոյ մը:

 

«Մեծ Վարպետ» Հայկ Յարութիւնեան, որ երկար տարիներ եղած է Հայ «Սեւ Գօտի»ներու Միջազգային Միութեան ներկայացուցիչը Մայր Հայրենիքի մէջ՝ 2003 թուականին, Լոս Անճելըսի մէջ հիմնած է «Հայկ-Բել» մարտարուեստի ակումբը։ Անոր կ’օգնեն երկու «Սեւ Գօտի»աւոր վարպետներ՝ Սեւադա Նորվուզեան եւ Միքայէլ Նազլիքեան։ Դպրոցը մասնագիտացած է հայ թէ հայասէր նոր սերունդին սորվեցնելու “Թայ Նէ”ի, “Քոնկ Ֆու”ի, “Մուայ Թայ”ի եւ այլ արեւելեան մարտարուեստի գաղտնիքները, հեռու պահելով զանոնք վատ բարքերէ եւ դաստիարակելով մարդկային եւ հայաշունչ ոգիով։

_“Այս հայրենասիրական, արեւելեան մարտարուեստի իրադարձութեան խորհրդանիշը պիտի ըլլայ՝ «Հաստատէ՛, ընդունէ՛, ճանչցի՛ր որ Թուրքիան յանցաւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ»։ Երկժամեայ հանդիսութեան ընթացքին ոչ միայն դասախօսութիւն տեղի պիտի ունենայ ինքնապաշտպանութեան մասին Սան Տիեկոյի համալսարանի ուսանողներուն, հայ եկեղեցւոյ երիտասարդ անդամներուն, այլեւ մարզիչ Միքայէլ Նազլիքեան պիտի պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ոչ-հայ քաղաքայիններուն, համայնքի անդամներուն։ Մենք թռուցիկներ դրօշակներ, նկարներ, շապիկներ պատրաստեցինք այս նշանակալից իրադարձութեան համար, մինչ գլխաւոր մարզիչ Սեւադա Նովրուզեան կ’աշխատի երիտասարդ նոր սերունդի անդամներուն հետ, անոնց բացատրելով միտքի եւ առողջ մարմնի միաձուլումը՝ հայրենասիրութեան մէջ…”- հեռախօսով մեզի փոխանցեց «Մեծ Վարպետ» Հայկ Յարութիւնեան՝ Սան Տիեկոյէն։ Յիշեցնենք որ ան տարիներ առաջ եղած է Սփիւռքի “մայրաքաղաք” Պէյրութի մէջ, մասնակցելով շարք մը ցուցադրական ելոյթներու:

Կը շնորհաւորենք այս խիզախ քայլը, մեր ընթերցողներուն փոխանցելով 19 Ապրիլ 2014ին տեղի ունենալիք հայկական եւ արեւելեան մարտարուեստով ոգեկոչելու իրադարձութեան մանրամասները։

 

You May Also Like
Read More

Խաչակիրը

Ճորճ Ազատ Աբէլեան, (1945 – 2008) Վահէ Յ. Աբէլեան, 3 Դեկտեմբեր 2013 Շաբաթ 18 Հոկտեմբեր 2008: Աբէլեաններուն տոհմիկ գիւղէն …
Read More