Մե՜ղք Է Սրբութիւնը Սրբապղծել

Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան , «Լուսաբաց», 9 Մայիս 2015

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ իր իշխանապետութեան տրամադրութեան տակ դրուեցան հայ ազգի ուժականութիւնը ներկայացնող ամէն տեսակի եւ մակարդակի գործ ու աշխատանք, որ­պէս­զի յաջող դառնար հարիւրամեակի նշումը Հայկական Ցեղասպանութեան։ Շատեր նոյնիսկ ար­դար գտան հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուած բանտարկութեան եւ ծեծի միջոցները աքթիւիսթներու դէմ, որոնք կը փորձէին խաղաղ միջոցներով լսելի դարձնել ժողովուրդին տնտե­սա­կան ցաւը փտածութեան (corruption), անգործութեան եւ կաշառակերութեան դէմ։

… ամօթ է եւ անընդունելի, որ Սարգսեանի «Հանրապետական» կուսակցութեան վար­չա­ձեւը իրեն ենթակայ դարձուցած է Հայաստանի դատական եւ օրէնսդիր մարմինները, ճիշդ այն­պէս ինչպէս կ’ընէին Լատին Ամերիկայի եւ արաբական տապալած բռնատիրութիւնները։

Հարիւրամեակի նշումի յաջողութեան պատիւն ու վարկը (credit) յուսանք որ չեն դառնար թա­գադ­րութեան միջոց մեր հայրենի իշխանութիւններուն, որ անոնք շարունակեն իրենց մենաշնորհ­եալ դասակարգի վարչաձեւը եւ ժողովրդավար չըլլալու ամօթալի աշխատելաձեւը։

Սարգիս Շահինեան, պատուոյ նախագահը Հայ-Զուիցերիական Ընկերակցութեան, վերջերս հար­ցազրոյցի մը ընթացքին, որ ձայնասփռուեցաւ հայրենի «Կենտրոն» հեռատեսիլի կայանէն, ներ­կայացնելով միտք, կշիռ եւ համբաւ ունեցող հայ իմաստուն մարդու բոլոր տուեալները, քա­ջու­թիւնն ունեցաւ ըսելու թէ ամօթ կը զգայ հայրենի իշխանութիւններու անվայել գործելակերպէն, երբ բռնութեամբ կամ բանտարկութեամբ կը լռեցուին ընդդիմադիրներն ու քննադատները։ Եւ որպէս օրի­նակ` յիշեց Վարդան Պետրոսեանի պարագան, որ իր արուեստագէտի տաղանդը կը գործածէր Փա­րիզի եւ Երեւանի մէջ եւ քիչ մը ամէն տեղ, երգիծաբանութեամբ եւ հեգնանքով (satire) ան­հան­գիստ դարձնելով հայրենի մենատէրերը. եւ երբ ինքնաշարժի արկածի մը առթիւ ան ձերբակալ­ուե­ցաւ Հայաստանի մէջ, անոր պատիժը եղաւ այնքան խիստ, որ կարծէք զինք կը պատժէին իր «եր­կար լեզուին» համար եւ ոչ` արկածին պատճառաւ։ Շահինեան յիշեց նաեւ «Նախա­խորհրդա­րա­ն»-ի գործիչներուն ծեծի ենթարկուիլն ու բանտարկութիւնը, եւ վրդովումով յայտնեց թէ անոնց դէմ ե­ղած վարուելակերպը անօրէն է եւ անընդունելի, ամօթ նկատելով զայն մեր հայրենի ժողովրդա­վա­րութեան։

Իսկապէս ամօթ է եւ անընդունելի, որ Սարգսեանի «Հանրապետական» կուսակցութեան վար­չա­ձեւը իրեն ենթակայ դարձուցած է Հայաստանի դատական եւ օրէնսդիր մարմինները, ճիշդ այն­պէս ինչպէս կ’ընէին Լատին Ամերիկայի եւ արաբական տապալած բռնատիրութիւնները։ Ցաւալի երեւոյթ է նաեւ, որ այս իշխանութիւնը, որպէսզի շարունակէ միահեծան իշխել, դերերու բաժանում կը կատարէ` Հայաստանը տալով հարուստներուն կամ «օլիկարգ» կոչուողներուն, Արցախը՝ մեռ­նե­լու պատրաստ հերոսներուն, իսկ Սփիւռքն ալ՝ Հայ Դատի զինուորներուն։

Նախորդ յօդուածով մեծ «պրաւօ» մը տուած էինք մեր համազգային ճիգերով տեղի ունեցած հանդիսութիւններուն որոնցմով նշուեցաւ հարիւրամեակը Հայկական Ցեղասպանութեան։ Ի՜նչ լաւ պի­տի ըլլար նոյն տեսակի «պրաւօ» մը կարելի ըլլար տալ նախագահ Սարգսեանին եւ իր հետե­ւորդ­ներուն, եթէ մէկդի դնէին անոնք ազգային աւեր գործող շահախնդրութիւնն ու կաշա­ռակե­րու­թիւ­նը եւ ընդունէին կամ անդրադառնային թէ համազգային նոյն ուժերով, եռանդով եւ ազգային փրկութեան համապարփակ նախարարաց խորհուրդով կարելի է փրկել մեր ժողովուրդը անգոր­ծու­թե­նէ, աղքատութենէ եւ արտագաղթէ։

Կ’ըսուի թէ վերջերս Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ առաջարկուած է, որ եթէ մէկ միլիոն սփիւռքահայ հայաստանեան դրամատուներուն մէջ հազարական տոլարի հաշիւ բանայ կամ զե­տե­ղէ, դրամատուները կը զօրանան եւ տնտեսութիւնն ալ կը զարգանայ։ Մակերեսային իմաստով առնուած` մարդ պիտի ըսէ թէ գէշ գաղափար չէ առաջարկուածը։ Բայց, դրամատան մէջ դրուող գու­­մար մը կախեալ է հանրութեան մօտ այդ դրամատան ունեցած վստահութիւն ներշնչող համ­բա­ւէն, բան մը` որ դժբախտաբար այդքան ալ ներշնչող չի թուիր, ըստ Հայաստան գործուղ­ղուած­ներու թելադրանքներուն…։

Սփիւռքահայը աքսորեալ ու պարտադիր ներկայութիւն ունեցաւ Միջին Արեւելեան կարգ մը եր­կիրներու մէջ, ուր անկախ դատարաններ չկային եւ օրէնքը շարունակ կը խոնարհէր ուժին եւ բըռ­նա­­տէրին առջեւ։ Ցաւալի է անոր տեսնել այդպիսի իրավիճակի կրկնութիւնը իր արիւնով ու քրտին­քով կերտուած պետական կառոյցին մէջ, որ երազներով կանգնեցաւ հազարաւոր տարիներու ըն­թաց­­քին։

ՄԵ՜ՂՔ է սրբութիւնը սրբապղծել։

You May Also Like