“Մեզի Պէտք Է Թարմ Շունչ, Դուք Կրնաք Ըլլալ Արժանաւորները”

Պարոյր Աղպաշեան, ՌԱԿ Մամուլ, Պէյրութ, Լիբանան, 16 Փետրուար 2010

Այս հաստատումը կատարողը եղած է լրջախոհ, իրատես եւ ազնուական Յակոբ Դաւիթեանը, ՌԱԿի ու ԹՄՄի ղեկավարներէն, որ բեմէն ու հրապարակէն հեռու, իր գաղափարական ու հայրենասիրական ներուժը դրած է իր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ, գրեթէ միշտ լուսարձակներէ խուսափելով, բայց գործնական ու շարունակական արդիւնաւորումներով:

Սակաւախօս ղեկավար մը ՌԱԿի ու ԹՄՄի, բայց գործնականութեան ախոյեան մը, որուն բերած նպաստը անոնց, առաւել Հ.Բ.Ը. Միութեան, կուսակցականօրէն եւ պատմականօրէն, անուրանալի են:

Պարոյր Աղպաշեան, ՌԱԿ Մամուլ, Պէյրութ, Լիբանան, 16 Փետրուար 2010

Այս հաստատումը կատարողը եղած է լրջախոհ, իրատես եւ ազնուական Յակոբ Դաւիթեանը, ՌԱԿի ու ԹՄՄի ղեկավարներէն, որ բեմէն ու հրապարակէն հեռու, իր գաղափարական ու հայրենասիրական ներուժը դրած է իր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ, գրեթէ միշտ լուսարձակներէ խուսափելով, բայց գործնական ու շարունակական արդիւնաւորումներով:

Սակաւախօս ղեկավար մը ՌԱԿի ու ԹՄՄի, բայց գործնականութեան ախոյեան մը, որուն բերած նպաստը անոնց, առաւել Հ.Բ.Ը. Միութեան, կուսակցականօրէն եւ պատմականօրէն, անուրանալի են:

Մուսա Լեռցիի իր մաքրամաքրութիւնը, համոզումներու կառչածութիւնը, հայ ժողովուրդին աւանդութիւններուն լաւատեղեակութիւնը, նաեւ հարցերը դիտելու գիտականութիւնը, զինք դասած էին ՌԱԿ-ԹՄՄի ղեկավարութեան շարքին մէջ իւրայատուկ տեղ մը:

Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ ըլլալով, պէտք է հասկնալ որ գիտութիւնը, գաղափարախօսութիւնը եւ տրամաբանութիւնը ի՞նչ դեր կրնան ունենալ թէ՛ իր անհատականութեան, թէ՛ իր կուսակցական-միութենական գործունէութեան վրայ:

Ի տարբերութիւն իր գաղափարակից ղեկավար գործընկերներուն, Դաւիթեան շատ չէր երեւար շարքային-ժողովրդային շրջանակներու մէջ, ոչ թէ բացակայ էր, այլ պարզապէս աչքառու ըլլալէ հեռու էր, հակառակ իր տպաւորիչ ծանրակշիռ շուքին:

Այսօր (երէկ ալ), ո՞վ գիտէ որ Դաւիթեանի հմուտ ճարտարապետութեամբ հիմնուած են Հ.Բ.Ը. Միութեան Դարուհի Յակոբեան Վարժարանի, Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանի, Վահան Թէքէեան Վարժարանի դպրոցաշէնքերը, թուելու համար քանի մը հատը, այն ալ ՙվտիտ՚ վարձատրութիւններով, բայց կայուն եւ ամուր կառոյցներով:

Մեզի՝ կարգ մը երիտասարդներուս համար, որ ազգային-գաղափարական կեանքը գրաւիչ էր, այլեւ՝ կախարդիչ, միւս ղեկավարներուն հետ ունենալով գրեթէ յաճախակի հանդիպումներ, մեծ ՙգաղտնիք՚ մը կամ ՙանծանօթ՚ մըն էր Յակոբ Դաւիթեանը, թէեւ տարբեր աղբիւրներէ իմացած էինք անոր արժանաւորութեան մասին:

Օր մը, ցրտաշունչ ու փոթորկալի, յետ կանխօրօք ժամադրութեան, հիւրընկալուեցանք անոր բնակարանը: Նախնական տպաւորութեամբ մեր ունեցած մտածումը, թէ Դաւիթեան կրնայ ՙխոժոռ՚ գտնուիլ կամ ՙանհաղորդ՚ վերաբերմունք ցոյց տալ, մեծապէս մեզ… յուսախաբ ըրաւ, երբ բացառիկ ընդունելութեան արժանացուց մեզ – ժպտերես, կատակասէր ու հիւրասէր:

Մենք գիտէինք որ Յակոբ Դաւիթեան, ըլլալով գրասէր ու գրագէտ ճարտարապետ-մտաւորական մը, եղած է կարճ ժամանակի մը համար, ՙԶարթօնք՚ ի խմբագիր, երբ թերթը կարիքը ունեցած է անոր, մինչ այսօր, այդ նոյն պաշտելի թերթը թողլքուած է մռայլասեւ պատեհապաշտներու քմահաճոյքին:

Այն ինչ որ պարզուեցաւ մեր աչքին առջեւ եւ ունկին լսողութեան, ուղղակի… հաճելի անակնկալ էր, ոչ միայն անոր հետ գլուխ-գլխի հանդիպումը, այլ՝ ի լուր անոր սթափ դատողութեան, գիտելիքներու առատութեան ու մանաւանդ վերլուծումներու ինքնատիպ ունակութեան:

Արդարեւ, մեզի համար այդ ուսանելի եւ անմոռանալի այսպէս ըսած ՙառաջին հանդիպում՚ը առիթ եղաւ մօտէն շփուելու ղեկավարի մը հետ, որ ազգային, կուսակցական, քաղաքական հարցերու շուրջ այնքան խոր ու համապարփակ իրազեկութիւն ունի ու, մանաւանդ, այդ բոլորին նկատմամբ՝ յստակատես ու թափանցիկ մեկնաբանութիւններ:

Մեր այդ շահեկան ու դաստիարակիչ հանդիպումները շարունակուեցան ու խոր արմատներ ալ նետեցին, որովհետեւ մեր դիմաց տեսանք ղեկավար մը, որ լրացուցիչ, բայց անբաժան մէկ մասնիկը կը կազմէր ՌԱԿի միացեալ խճանկարին:

Առաջին իսկ օրէն, Դաւիթեան, պատգամի նման… պատգամեց.

– Մեզի պէտք է թարմ շունչ, դուք կրնաք ըլլալ արժանաւորները:

Քիչ թէ շատ խելահաս ըլլալով հանդերձ, որոշ չափով այդ պերճախօս ակնարկութիւնը կը շոյէր մեզ, որովհետեւ, այս անգամ, զայն կը լսէինք ՙլռակեաց՚ ղեկավարէ մը, որ հաւատքով ու համոզումով կ՝արտայայտուէր այդ մասին:

Սակայն, մեզ աւելի խանդավառողը ու տպաւորողը եղաւ այն, որ Դաւիթեան-ղեկավարը, իր տեղական, շրջանային ու միջազգային դատումներուն մէջ, եղաւ յայտնութիւն մը, որմէ մենք շատ բան իմանալու եւ կողմնորոշուելու հնարաւորութիւնը ունեցանք:

Կուսակցութենէն ներս, եթէ այդ օրերուն կային որոշ անհատական տարակարծութիւններ (ո՛չ գաղափարական), որոնք, վերջին հաշուով անցողակի էին (ինչպէս քիչ մը ամէն տեղ), Դաւիթեանի համար ատոնք մտահոգիչ հետքեր չէին կրնար ձգել, սակայն, այսօրուան դրութեամբ, ան հաւանաբար նկատի չէր առած որ, օր մը, կուսակցութեան մէջ կրնան առաջանալ այնպիսի ճեղքեր, որոնք զայն կը հասցնեն անճիտման հասնող աստիճանի:

Երանի թէ՝ այսօրուան ՙերէց՚ներէ ՜ն ոմանք, որոնք իրենք զիրենք կը կարծեն արժանաւոր յաջորդներ (ՙռայիս՚ներ կամ ՙպոս՚եր) եւ ատենին ալ Դաւիթեանը կը նախընտրէին (՞) ուրիշ ղեկավարներէ, քիչ մը շա ՜տ զգաստանային ու յիշէին այս պատուական ղեկավարին լրջութիւնն ու ժուժկալութիւնը, փոխանակ զբաղելով անտեղի ՙփարազիթ՚ութեամբ:

Այո՛, իրաւունք ունէր Յակոբ Դաւիթեանը.

– Մեզի պէտք է թարմ շունչ…:

Այս արտայայտութիւնը այսօր ո՞րքանով շօշափելի է, երբ, գոնէ Լիբանանի մէջ, ամայութիւն կը տիրէ, մինչեւ նոր… ցայգալոյս:

 

You May Also Like