Մեթր Գասպար Տէրտէրեան՝ Անխոնջ Յառաջամարտիկը

Տարագրուած Հայութեան Իրաւունքներու Հաստատման և Պաշտպանութեան Անխոնջ Յառաջամարտիկը

 
Մինաս Գոճայեան, "Նոր Օր", Լոս Անճելըս, 25 Փետրուար 2010

Երկար վերնագիր մը արդարեւ, որովհետեւ 75 գարուն – ամառ բոլորած այս աննահանջ, անսակարկ ու անբեկանելի մարդասէր յառաջապահը առաւելապէս նշուած ոլորտին մէջ է դրսեւորած իր ամբողջ իրաւաբանական ու փիլիսոփայական հմտութիւնը:

Պէյրութի մէջ, աշակերտական տարիներէն տակաւին իր շրջանակին մէջ ան կը զատորոշուէր իր մարտնչող նկարագրով, մարդոց ու ազգերու միջեւ համերաշխութեան ջատագովութեամբ, Խ. Հայաստանը որպէս իղձերու միակ շօշափելի կռուան ու յենարան խոր համոզմամբ, եւ հուսկ ապա հայութեան մնացորդացի տեղահանուած ու հայրենազրկուած սփիւռքի դատի պաշտպանութեամբ:


Տարագրուած Հայութեան Իրաւունքներու Հաստատման և Պաշտպանութեան Անխոնջ Յառաջամարտիկը

 
Մինաս Գոճայեան, "Նոր Օր", Լոս Անճելըս, 25 Փետրուար 2010

Երկար վերնագիր մը արդարեւ, որովհետեւ 75 գարուն – ամառ բոլորած այս աննահանջ, անսակարկ ու անբեկանելի մարդասէր յառաջապահը առաւելապէս նշուած ոլորտին մէջ է դրսեւորած իր ամբողջ իրաւաբանական ու փիլիսոփայական հմտութիւնը:

Պէյրութի մէջ, աշակերտական տարիներէն տակաւին իր շրջանակին մէջ ան կը զատորոշուէր իր մարտնչող նկարագրով, մարդոց ու ազգերու միջեւ համերաշխութեան ջատագովութեամբ, Խ. Հայաստանը որպէս իղձերու միակ շօշափելի կռուան ու յենարան խոր համոզմամբ, եւ հուսկ ապա հայութեան մնացորդացի տեղահանուած ու հայրենազրկուած սփիւռքի դատի պաշտպանութեամբ:

Իր մտատիպար հերոսները եղած են “մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ” փիլիսոփաները, մարդասէրներն ու քաղաքական գործիչները` առանց ազգային զատողականութեան: Իր համար նոյնքան դատապարտելի է հայ ֆաշիստն ու տզրուկը, որքան թուրք, արաբ, յոյն, իտալացի կամ ամերիկացի կրկնօրինակը: Մարտունակութեան ու անկեղծութեան մէջ ան իր մեծ համերկրացիին՝ Շապին Գարահիսարցի Անդրանիկի հետեւորդն է (հայրը՝ Շապին Գարահիսարցի էր, մայրը՝ տիկին Սաթենիկը, Սեբաստացի):

Պաղ պատերազմի տարիներուն ան մնաց միշտ ճնշուած ազգերու եւ հաւաքականութիւններու կողքին, անխնայ քննադատեց հայրենակից քաղքենիները, բայց նաեւ ուժգնապէս թիկունք կեցաւ բոլոր անոնց, որոնք առողջ կը մտածէին, քաջալերեց զանոնք եւ ուղղութիւն տուաւ: Նոյնիսկ այն քաղաքական ղեկավարները, որոնք չէին բաժներ իր փիլիսոփայական հայեացքները, երկու անգամ պէտք է մտածէին իր հետ խօսելու ատեն, որովհետեւ գործ ունէին կուռ տրամաբանութիւն եւ անշեղ բնաւորութեան տէր անձի մը հետ:

75 տարեկան “Գասպարին” հոգին ծերանալ չի գիտեր: Որեւէ ժամանակ ան այն կայտառ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆ է, երբ հարցը կը վերաբերի հայութեան գերագոյն շահերուն, սփիւռքի առողջ ուժերու մերձեցման ու նպատակասլաց կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ ծրագիրներու մշակման:

Ամէն անգամ, երբ հայոց պատմութեան նոր ժամանակներու դասաւանդման ընթացքին ծանրացած եմ Ստեփան Շահումեանի, Ալեքսանդր Մեասնիկեանի եւ Աղասի Խանճեանի կերպարներուն վրայ, միշտ աչքերուս առջեւ եկած է Մեթր Գ. Տէրտէրեանը՝ յառաջապահ ու յառաջդիմական մը, որուն համար ազգայինը ստորադաս չէ եղած յանուն ինչոր վերացական միջազգայնականութեան:

Հոս է իր առինքնող կերպարին “գաղտնի պարտէզը” որուն պտուղէն ան որ համտեսեր է, ըսեր է . “Մեթր Գասպարէն շատ բան սորված ենք”:

Եթէ օր մը գրուի սփիւռքի իսկական յառաջդիմական ճակատի պատմութիւնը, հոն պէտք է տասնեակ ու տասնեակ անգամներ մէջբերուին յոբելեարին ասոյթները, վերլուծումները, դատողութիւններն ու խորապէս մտածուած առաջարկութիւնները:

Կարդացէք աննկուն ոգիի արդիւնք ամէն տարի կանոնաւորապէս լոյս տեսնող Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի օրացոյցը, որուն էջատարածքին չնչին մէկ մասը միայն օրերն են ու թուականները, ապա դուք կը համոզուիք թէ մեծաւմասամբ անհատական ծախսերով լոյսին եկող այս օրացոյցը Հայ Դատին ու արդարութեան յաղթանակին “Պայծառ արշալոյսին” նուիրուած հրատարակութիւն մըն է, զոր չես համարձակիր Դեկտեմբերի վերջաւորութեան վերամշակման (recycle) արկղը նետել, այլ պահել նախորդներուն քով՝ “օր մը պէտք կու գայ” մտածելով:

“Ազատ ինքնորոշման իրաւունքը բացարձակ է, անկապտելի, անբռնաբարելի եւ անառարկելի` մասնաւորաբար գաղութարար պետութեանց համար” կը գրէ ան Հոկտեմբեր 2010, Լիբ. Գր. Շրջանակի օրացոյցին մէջ, ապա կը շարունակէ “որուն դէմ (իմա՝ գաղութարար պետութեան-Մ.Գ.) գաղութացուած ժողովուրդը, այսինքն մեր պարագային Արցախը-Մ.Գ. կ՝ ուզէ արժեցնել իր ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, որ պարտադիր ուժ ունի բոլորին դէմ ergo omnes:

Մինչ Գասպարը կը մօտենայ իր 80-ին, ես կը խորհրդածեմ` որքան երիտասարդներ 60-70-ական թուականներուն պիտի զրկուէին հոգեկան ու գաղափարական իր զինանոցէն դաստիարակուելու պատեհութիւնէն, եթէ անոնց մէջ , ներառեալ նաեւ ու յատկապէս տողերուս հեղինակին, չյայտնուէր Գասպարը, շատերս հաւանաբար լուրջ խարխափումներ ունենայինք, եթէ մեր դիմաց չունենայինք Գասպարի պէս Ճառագայթող հսկայ մը:

Սեղանիս վրայ են “Յո՞ Երթաս Հայ Սփիւռք…” Հալէպ, 22-24 Ապրիլ 1988, Ապրիլեան Սեմինարի նիւթերը, զորս ինք խմբագրած ու յանձնած է նորագոյն շրջանի պատմութիւնը ուսումնասիրողներու եւ ուսանողական լայն շրջանակի տրամադրութեան:

Ուսանելի շատ բան կը գտնուի “Եկեղեցի Պետութիւն” (Պէյրութ, 2003) գրքոյկին մէջ, ուր զետեղուած է իր յոյժ շահեկան դասախօսութիւնը, որուն մէջ ան կ՝եզրակացնէ “Ժամանակն է, որ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան իշխանութիւնները տէր կանգնին իրենց ազգային գերիշխանութեան եւ վերականգնեն Ս. Էջմիածնի եւ Հայց. Եկեղեցիի յատուկ կարգավիճակը…”(էջ 21):

“Դափնեպսակ” գրքոյկը, հակառակ իր համեստ ծաւալին, կը ներկայացնէ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի անդարձ մեկնած նուիրեալներն ու տակաւին իրենց բեղուն գրիչով մեսրոպեան գիր ու բանին ծառայող նուիրեալները:

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի 455 էջերէ բաղկացած “Հայեացք եւ Կեցուածք” հրապարակագրական էջերը, Պէյրութ, 2008, սփիւռքի դատին ու հայկական պահանջատիրութեան նուիրուած իրաւագիտական ու տրամախոհական գլուխ-գործոց գիրք մըն է` բաղկացած վերջին տարիներուն Մեթրին` մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներէն, քրոնիկներէ, ակնարկներէ, գրախօսականներէ ու հրապարակային ելոյթներէ: Հատորին մասին յատուկ գրութեամբ մը կը խոստանանք հանդէս գալ մօտ ապագային:

Աւարտելէ առաջ այս համեստ տրիտուրը, պիտի խոստովանէի թէ իմ հասարակական ու լրագրական առաջին փորձերս սկսան հազիւ իր երեսուններուն մէջ գտնուող Գասպարի քաջալերանքով ու հովանաւորութեամբ` “Յառաջ Գրական” եւ “Յառաջ” շաբաթաթերթերուն մէջ հիւրընկալուելով: 1960-ականներու վերջին տարիները ինծի համար հանդիսացան անփոխարինելի փորձառութիւններու եւ կոփումի տարիներ: “Յառաջ” Գասպարի ամէն ինչն էր` սիրտը, զաւակը, պաշտպանեալը, ապաստանը, իսկ ինձ նմաններուն համար այն քուրան, ուր մենք եղանք ինչ որ ենք այսօր որպէս ուսուցիչ, դաստիարակ, հասարակական գործիչ, լրագրող, հրապարակագիր ու հրապարակախօս:

Շնորհակալութիւն, սիրելի Գասպար:
 

You May Also Like