Երան Գույումճեան, Ազատ Խօսք, Թիւ (10) – Յունուար 2012
Կենսական ու ճակատագրական ԿԱՐԻՔԸ կայ Մելգոնեանին եւ դեռեւս նոր Մելգոնեաններու, եթէ ճշմարտօրէն չենք ուզեր անհետիլ որպէս հայեցի ինքնութեամբ ու դիմագիծով հաւաքականութիւն…:
Ամէն տարի, Յունուար ամսուան մէջ՝ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կը կատարուի Նիկոսիոյ Մայր եկեղեցւոյ մէջ թէ այլուր՝ ոգեկոչելու համար յիշատակը ազգային անմահ բարերարներ աղա Կարապետ եւ աղա Գրիգոր Մելգոնեաններու: Նմանապէս՝ վերիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու համար անոնց ազգապահպանումի եւ ազգակերտումի վիթխարի բարեգործութիւնը:
Ապագայի Յո՞յս, Թէ՞՝…
Երան Գույումճեան, Ազատ Խօսք, Թիւ (10) – Յունուար 2012
Կենսական ու ճակատագրական ԿԱՐԻՔԸ կայ Մելգոնեանին եւ դեռեւս նոր Մելգոնեաններու, եթէ ճշմարտօրէն չենք ուզեր անհետիլ որպէս հայեցի ինքնութեամբ ու դիմագիծով հաւաքականութիւն…:
Ամէն տարի, Յունուար ամսուան մէջ՝ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կը կատարուի Նիկոսիոյ Մայր եկեղեցւոյ մէջ թէ այլուր՝ ոգեկոչելու համար յիշատակը ազգային անմահ բարերարներ աղա Կարապետ եւ աղա Գրիգոր Մելգոնեաններու: Նմանապէս՝ վերիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու համար անոնց ազգապահպանումի եւ ազգակերտումի վիթխարի բարեգործութիւնը:
Կարեւորութեամբ ընդգծելու ենք այստեղ, որ լայն իմաստով՝ մեռելներու ոգեկոչումը. ի մասնաւորի` անոնց որ ազգային-մարդկային անգին կտակ մը թողուցած են իրենց յետնորդներուն, կարեւոր է, առաջին հերթին, մեզի՝ ապրողներուս համար, հաղորդուելու համար անոնց գործին էութեան ու գաղափարականին հետ…, որոնք վեր են ժամանակի եւ տարածութեան նեղ սահմանափակումէն, եւ կ’ապրին ու պէտք է ապրին դարէ դար…:
«Իմ դպրոցս պէտք է մեր վրէժը լուծէ»…այդ որբ ձագուկներէն «պէտք է պատրաստենք մեր նոր մեծերը»:
Սա ազգային առողջ բնազդն ու տեսլականն էր անմահ բարերար աղա Կարապետ Մելգոնեանի: Եւ այս՝ այն ժամանակ, երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ հայրենազրկումէն ետք, մեծաւ մասամբ իր Մեծերէն գլխատուած արեւմտահայութեան մնացորդացը սփռուած էր աշխարհի չորս դին, որպէս արմատախիլ «փոշի ազգ», դատապարտուած ի սպառ անհետանալու վտանգին, որպէս ազգային ինքնութեամբ ու գիտակցութեամբ օժտուած ազգ ու հաւաքականութիւն…:
Կորսուած էր Արեւմտահայաստանը, այն հողը որ շտեմարանն էր մեր ժողովուրդի հազարամեակներու յիշողութեան, պարունակը՝ անոր լեզուին ու մշակոյթին, աւանդութիւններուն ու պատմութեան: Այսինքն՝ անոր հայեցի ինքնութեան տարրերուն: Թուրքին եաթաղանին զոհ էին գացեր ազգին մեծերէն հարիւրաւորներ…համարեա բոլորը, հատուկենտ բացառութեամբ: Ստոյգ փաստ էր որ Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումին պիտի յաջորդէր մշակութասպանութիւնը…, եւ հուսկ՝ անհետացումը սփիւռքացած մեր ժռղովուրդին, որպէս ազգային ուրոյն մշակոյթի ու պատմութեան, ազգային իրաւունքներու պահանջատիրութեան Տէր հաւաքականութիւն:
Ճակատագրական անհրաժեշտութիւն էր պայքարի հատու զէնք գտնել՝ տարագիր մեր ժողովուրդի ազգային լինելութեան համար: Կենսական խնդիր էր պահել-պահպանել հայեցի ինքնութիւնն ու գիտակցութիւնը, զանոնք անխաթար փոխանցել սերունդէ-սերունդ եւ ազգին համար պատրաստել նոր մարդոյժ, նոր քատրեր, նոր մեծեր…:
Ո՞ւր կրնային պատրաստուիլ այս նոր քատրերը, ո՞ւր կրնային իրարու շաղկապուիլ ազգային անցեալը, ներկան ու ապագան, ո՞ւր կրնար երաշխաւորուիլ ցեղին շարունակականութիւնը, սերունդէ-սերունդ փոխանցումը՝ լեզուի, ի մասնաւորի արեւմտահայերէնի, մշակոյթի ու պատմութեան, եթէ ոչ հայ դպրոցի հայաշունչ մթնոլորտին մէջ:
Այս առողջ ողջմտութեամբ ու իմաստնութեամբ օժտուած, Մելգոնեան եղբայրները, թէեւ՝ անուս, կ’ընծայաբերէին իրենց ամբողջ հարստութիւնը կեանքի կոչելու համար Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, որ իր գիշերօթիկի հանգամանքով, հայերէնի եւ հայերէնով դասանիւթերու երկրորդական մակարդակի բարձրորակ ուսուցումով՝ սերունդներ պատրաստեց տարագիր մեր ժողովուրդին համար տասնամեակներ շարունակ: Հայեցի կրթութեամբ պատրաստուած, հայեցի ոգիով շնչաւորուած սերունդներ, յանձնառու առաքեալներ հայակերտումի ու հայապահպանութեան սուրբ աշխատանքին, զինուորագրեալներ Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին: Անոնք դարձան ուսուցիչ ու տնօրէն, եկեղեցական ու ազգային գործիչ, գրող ու երաժիշտ, խմբագիր ու մտաւորական…, եւ իրենց էական ներդրումը բերին սփիւռքը հայ պահելու ճակատագրական գոյապայքարին:
Արդարեւ, Եղեռնի գեհենէն ետք, եթէ կարելի եղաւ ազգային վերապրում ու վերածնունդ մը իրականացնել, կենսունակ պահել հայոց լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութիւնը՝ տարագիր հայութեան մօտ, եւ անոնց փոխանցումը ապահովել սերունդէ-սերունդ, հաւաքական այդ ճիգին մէջ, անփոխարինելի է դերը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան:
ՅՈՒՇ եւ ՅՈՅՍ…
Յիշատակի արարողութիւնները էապէս իմաստ կը զգենուն եւ չեն դառնար միայն ինչ-որ յաւուր պատշաճի դէպք ու իրադարձութիւն, աւանդաբար կրկնուող ծէս ու ծիսակարզ, եթէ անոնք ոգեշնչեն ու յուսադրեն մեզ նորանոր խիզախումներու եւ ոգորումներու՝ ապագային ուղղուած…: Եթէ անցեալի յուշը դառնայ նաեւ յոյս եւ ուղենիշ ապագայի…:
Ներկայիս, Եղեռնէն շուրջ 100 տարի ետք արդէն, համաշխարհայնացող եւ համահարթեցնող՝ ազգ ու մշակոյթ, լեզու եւ ինքնութիւն ջնջող աշխարհի մը մէջ, երբ հետզհետէ կը նահանջեն հայոց լեզուն ու մշակոյթը, կը ջլատուի հայօրէն տեւելու ու տոկալու կորովը, երբ օտարամոլութիւնը նորանոր զոհեր կը խլէ ազգային մեր վտիտ մարմնէն, երբ տակաւ կը զգացուի հայեցի կրթութեամբ պատրաստուած հայ մարդուժի պակասը սփիւռքահայ բոլոր կառոյցներէն ներս՝ դպրոց, մամուլ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ եւ այլք, որքա՛ն էական, կենսական ու ճակատագրական ԿԱՐԻՔԸ կայ Մելգոնեանին եւ դեռեւս նոր Մելգոնեաններու, եթէ ճշմարտօրէն չենք ուզեր անհետիլ որպէս հայեցի ինքնութեամբ ու դիմագիծով հաւաքականութիւն…: Հաւաքականութիւն՝ որ Տէրը ըլլայ իր արեւմտահայ ոգեկան ժառանգութեան՝ լեզու, գիր-գրականութիւն, մշակոյթ ու պատմութիւն, առանց որոնց հաստատապէս պիտի բովանդակազրկուէր նոյնինքն տարագիր արեւմտահայութեան եւ Արեւմտահայաստանի Դատը…: Քանզի՝ ի՞նչ է հող հայրենին, եթէ անկէ զեղչենք անոր ուրոյն նկարագիր տուող ազգային լեզուն եւ անով շնչաւորուած մշակոյթը:
Բարերար Մելգոնեանի յստակ փափաքն էր որ իր դպրոցը տեւէր դարէ դար…: Պատգամի նման կը հնչէ իր խօսքը.
« Կը փափաքիմ որ Մելգոնեան Կրթական այս Հաստատութիւնները տեւեն դարէ դար, եւ ըլլան լուսաւորութեան վառարաններ, տալու համար հայ Ազգին, հայ հայրենիքին եւ մարդկութեան օգտակար եւ պարկեշտ նկարագրով անդամներ»:
Պիտի վերաբանա՞նք լուսոյ տաճար ու վառարան Մելգոնեանը, պիտի բանա՞նք նոր Մելգոնեաններ, յանձնառո՞ւ ենք հայեցի կրթութեամբ պատրաստելու եւ վերանորոգելու մեր տակաւ նուազող ու ապազգայնացող մարդուժը…:
Թէ՞՝ պիտի շարունակենք մշակութասպանութեան եւ ձուլման տանող ազգային ահեղ զառիթափը…: Ահա հարցումներ, որոնց պատասխանը վճռորոշ ու ճակատագրական է հայութեան աւելի քան կէսը հաշուող սփիւռքի լինելութեան եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին ու անոր յաջող ելքին համար:
Եւ վերջապէս, Յուշը պիտի դառնա՞յ Յոյս՝ շարունակելու անմահ բարերարներու ազգային Տեսիլքն ու Ոգին: Պիտի դառնա՞յ ան վճռական Ոյժ, այսինքն քաղաքական նպատակասլաց կամք՝ վերստանձնելու հայ մնալու մեր յանձնառութիւնը…թէ՞՝ պիտի դառնայ լոկ թանգարանուած անցեալի մը յիշատակի ոգեկոչում, յարգանքի ձեւական տուրք ու արարողակարգ միայն….: Այսինքն՝ մեռեալ տարր: