Մեծ Հաւատաքննիչները (Inquisitors)

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Մերձ Ի Տօնի Փոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի
Ժընեւ, 9 Oգոստոս 2018

“The only thing necessary for the triumph of evil is for good men to do nothing.”

«Չարի յաղթանակին համար միակ ան­հրաժեշտ բանը այն է, որ բարի մարդիկ ոչինչ ընեն»։

Անգլօ-իրլանտացի գրող Էտմընտ Պըրքին (Edmund Burke 1729–1797) կը վերագրուի առկայ գրութեանս վերոյիշեալ բնաբանը, որ արձանագրուած է Սարայեւոյի ցեղաս­պա­նութեան թանգարանի ելքին մօտ գտնուող պատերէն մէկուն վրայ։

1995 թուականի Յուլի­սին Սրեպրենիցայի մէջ իրագործուած ցեղասպանութիւնը ներկա­յացնող մասնա­գէտները Պըրքի այս ազդու պատգամը դիտումնաւոր կերպով տեղադրած են թանգա­րանի ելքին, որ­պէսզի այցելուները հոն ներկայացուած սահմռկեցուցիչ վաւերագրութիւն­ներու ցնցող տպա­ւորութեան տակ անդրադառնային ու գէթ պահ մը համոզուէին, որ չարը պարզապէս բարիին բացակայութիւնը չէ, այլ առաւել եւս անոր անտարբերութիւնն է չարութեան կոր­ծանարար ուժերուն դէմ։

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Մերձ Ի Տօնի Փոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի
Ժընեւ, 9 Oգոստոս 2018

“The only thing necessary for the triumph of evil is for good men to do nothing.”

«Չարի յաղթանակին համար միակ ան­հրաժեշտ բանը այն է, որ բարի մարդիկ ոչինչ ընեն»։

Անգլօ-իրլանտացի գրող Էտմընտ Պըրքին (Edmund Burke 1729–1797) կը վերագրուի առկայ գրութեանս վերոյիշեալ բնաբանը, որ արձանագրուած է Սարայեւոյի ցեղաս­պա­նութեան թանգարանի ելքին մօտ գտնուող պատերէն մէկուն վրայ։

1995 թուականի Յուլի­սին Սրեպրենիցայի մէջ իրագործուած ցեղասպանութիւնը ներկա­յացնող մասնա­գէտները Պըրքի այս ազդու պատգամը դիտումնաւոր կերպով տեղադրած են թանգա­րանի ելքին, որ­պէսզի այցելուները հոն ներկայացուած սահմռկեցուցիչ վաւերագրութիւն­ներու ցնցող տպա­ւորութեան տակ անդրադառնային ու գէթ պահ մը համոզուէին, որ չարը պարզապէս բարիին բացակայութիւնը չէ, այլ առաւել եւս անոր անտարբերութիւնն է չարութեան կոր­ծանարար ուժերուն դէմ։

Վիեննայի համալսարանին մէջ ուսումնառութեանս տարիներուն ներկայ գտնուած էի աւստրիացի ականաւոր բժիշկ, հոգեբան եւ անձնասպանութեան կանխարգիլ­ման ու­սում­նասիրութեան կեդրոնի հիմնադիր Էրվին Ռինկելի մէկ բովանդակալից եւ ու­սանելի դա­սախօսու­թեան, որուն մէջ ան, ի միջի այլոց, կ’ընդգծէր, թէ քաղաքական չա­րիքը իր վտանգաւոր սկիզբը կ’առնէ այն պահուն, երբ արժանաւոր քաղաքացիներ վախի կամ այլ հանգամանքներու բերումով կը զլանան դրսեւորելու իրենց քաղաքացիական իրաւունքը՝ գործօն եւ վճռական «ո՛չ» ըսելու չարութեան ստինքէն սնանող բռնատիրու­թեան եւ անոր ներկայացուցիչներուն։ Օրուան դասախօսը համոզիչ փաստերով կը վկայէր, որ Գերմա­նիոյ նացիոնալ-սոցիալիստական շարժումը, Հիթլերի գլխաւորութեամբ, արագ թափով անվերահսկելի եւ անզուսպ դարձաւ, որովհետեւ հասարակութեան մէջ շատ քիչերը պատ­րաստ գտնուեցան ատենին անոր դէմ համապատասխան կեցուածք ցուցաբերելու կամ ունենալու քաղաքացիական քաջութիւն դրսեւորելու գիտակցութիւն։ Ընդհակառակը, հա­սարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը ինքզինք գերազանցապէս նոյնացուց հիթլե­րա­կան բռնակալութեան հետ եւ անվերապահօրէն զօրակցեցաւ անոր հզօրացումին՝ առանց կանխատեսելու անոր չարաբաստիկ եւ աշխարհակործան հետեւանքները։

Մահաբեր վտանգը սկիզբ կ’առնէ այն ժամանակ, երբ հակառակորդ նկատուող ան­ձ մը, հա­ւաքականութիւն մը կամ փոքրամասնութիւն ներկայացնող ժողովուրդ մը դիտաւոր­եալ կը պիտակաւորուի թերագնահատող, նուաստացնող կամ անուանարկող որակումով մը, զորօրինակ`«հրեայ», «էրմենի», «գնչու», «նեգր», «կեաւուր», «ծայթ», «հերձուածող», «հե­րե­տիկոս», «աղանդաւոր», «պաւղիկեան», «թոնդրակեան», «սորոսական», այս եւ նման բազմաթիւ այլ վար­կաբեկիչ գնահատականներով։ Խտրականութիւնը մահաբեր զէնք մըն է բոլոր անոնց դէմ, ո­րոնք ընկերային-հասարակական կեանքէ պարտադրաբար կ’ար­տաքսուին՝ ըլլայ այդ ի­րա­գործուած պետական-քաղաքական, թէ եկեղեցական ծրագրով։ Խտրականութեան են­թարկելը առաջին քայլն է յետագայ ամենածանր ու ոճրային յան­ցագործութիւններուն։

«Պատերազմ եւ Խաղաղութիւն» մեծահռչակ վէպի վերջաբանին մէջ Լեւ Թոլսթոյ իր գլխա­ւոր հերոս­ներէն Փիեր Պեզուխովի մենախօսութեամբ կ’արտայայտէ հետեւեալ շատ պարզ թուացող, բայց իմաստային իր գործնական տարողութեամբ այնքան կարեւոր եզ­րա­կացութիւնը. «Բոլոր մտքերը, որոնք հսկայական հետեւանքներ կ’ունենան՝ միշտ պարզ են: Իմ ամբողջ միտք բանին այն է, որ եթէ անարգ եւ վատ մարդիկ իրարու հետ միանալով ուժ կազմեն, ուրեմն ազնիւ մարդիկ նմանապէս պէտք է միեւնոյնը ընեն։ Ահա՛ այսքան պարզ է»։ 

5 Յունիս 1989-ին մեր աչքերուն առջեւ պարզուեցաւ քաղաքացիական կեց­ուածք դրսեւորող անհատի մը աներե­ւակայելի հերոսութիւնը։ Ոչ ոք կրնար պատկե­րաց­նել, որ վտիտ եւ դիւրաբեկ անձ մը կրնար գերակայ բռնութեան դէմ այդքան հզօր ուժ ար­տայայ­տել՝ առանձինն կանգնելով ու արգելափակելով թանկային ամբողջ շարասիւնի մը յառաջ­խաղացքը՝ Փեքինի Թիանանմեն հրապարակին վրայ։ Քաղաքացի­ական արդարաց­ուած անհնազանդութեան այս ուսանելի միջադէպին իսկոյն վերահասու դարձաւ ամբողջ աշ­խարհը՝ անդրադառնալով, որ ընդամէնը ոչնչութիւն թուացող անհատ մըն ալ կրնայ գե­րա­կշռող անհամեմատ ուժերու դէմ կեցուածք դրսեւորել։  

            Իհարկէ, ոչ պակաս հիացմունքի մը զգացումը կ’առթէ միջազգային հանրութեան մէջ իրաքցի լրագրողին՝ Մունթազար Ալ-Զայիտիի ընդվզումը, որ 14 Դեկտեմբեր 2008-ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, համարձակեցաւ յաջորդաբար իր զոյգ կօշիկները նետել աշխարհի գերհզօր պետու­թիւնը հանդիսացող Ամե­րիկայի Միացեալ Նահանգներու նա­խագահ Ճորճ Պուշի ուղղութեամբ՝ յայ­տարարելով. «Այս մէկը ողջերթի համբոյրը թող ըլ­լայ, շո՛ւն։ Ասիկա այրիներուն, որբերուն եւ այն բոլորին կողմէ է, որոնք Իրաքի մէջ սպան­նուեցան»։ Բնականաբար, արաբ ժողովուրդին, մասնաւորաբար իրաքցիներուն հա­մար կօշիկով յար­ձակումի մը թիրախ դառնալը վարկաբեկման սոսկալի ցուցանիշ մըն է: Վի­ճա­յարոյց փաստերով մեկնարկուած իրաքեան պատերազմի, հազարաւորներու ողբեր­գու­թեան եւ համատարած կործանումի դէմ բողոքի այս անզօր թուացող անհատին արարքը դարձաւ ամբողջ արաբական աշխարհի հպարտութեան խորհրդանիշը։

            Երկիր մոլորակին վրայ գոյութիւն ունի ոչ մէկ ուժ, ըլլայ ան քաղաքական թէ կրօ­նա­­կան, որ կարենայ ընդմիշտ թաղել ճշմար­տութիւնը, իսկ անարդարութիւնն ու բռնա­տի­րու­թիւնը վերածել երկարաժամ­կէտ եւ մնայուն կարգավիճակի մը։ Մեր կեանքի վճռո­րոշ պա­հերը երբեք կանխա­մտածուած կամ ծրագրուած չեն։ Ճիշդ առիթը, ժամանակի իս­կա­կան պահանջքը եւ յարմարագոյն միջա­վայրը կը ծնանին օրուան ակնկալուած հերոսը։   Բա­­ւական է, որ հանրային կեանքի թէկուզ լուսանցքը գտնուող հպարտ քաղաքացի մը կամ եկեղեցւոյ շուշան ստուերին մէջ կքած աղօթարար քրիս­տոնեայ մը բողոքի անկեղծ եւ ար­ժանահաւատ ձայն բարձրացնէ ընկերային անարդարու­թիւն­ներու կամ մաքուր կրօնի չա­րաշահումին դէմ, որպէսզի ներհակ ուժերու սուտի եւ բռնու­թեան վրայ հիմնուած այդ ամ­բողջ համակարգը, ինչքան ալ հաստաբեստ ըլլան անոր պարիսպները, մէկ օրէն միւսը խոր­­տակուի։ Ահաւասիկ, այս անհատներն են, որոնք պատմութիւն կը կերտեն եւ կը դառ­նան լուսատու ճրագ եւ ուղեցոյց՝ ներկայ եւ գալիք սերունդ­ներուն։

Մարդիկ սովորաբար կը զօրակցին ուժեղին, ինչ փոյթ, եթէ արդարը դառնայ ոտքի կոխան։ Չկայ աւելի վտանգաւոր բան, քան ամբոխը եւ զայն յանցագործութիւններու տրա­մադրող ամբոխավար­ները։ Չկայ աւելի մեծ գռեկութիւն, քան`ռամկութիւնը։ Այնքան հեշտ է լիա­թոք եւ գռեհկօրէն պոռալ՝ «Յիսուսին ի խա՛չ», ուրեմն ի՞նչ նշա­նակութիւն ունի, եթէ սուրբ մը պիտի խաչ­ուի, երբ անհատներուն եւ հաւաքականու­թեան շահը գերազանցապէս այդ կը պահան­ջէ։ Ի վերջոյ՝ «Աւելի օգտակար է մեզի, որ մէ՛կ մարդ մեռնի ժողովուրդին հա­մար, եւ ամ­բողջ ազգը չկորսուի» (Յովհ. 11, 50), եզրակացու­ցած էր Կայիափա՝ գնահա­տե­լով շահու յարաբերութեան գերակշռող կողմը։ Արդի ընկե­րութեան մէջ, դժբախտաբար, առաջնա­հերթ չեն հոգեւոր-բարոյական սկզբունքները, թելա­դրող դարձած է անձնական առաւե­լու­թիւններ ձեռք բերելու, հետաքրքրու­թիւններ ու շա­հեր ապա­հովելու հոգեբա­նու­թիւնը, իսկ անոնք, որոնք համակերպողներու եւ քծնողներու փա­ղան­գէն դուրս են, ընդա­մէնը երազ­կոտներ կամ իրատեսութենէ զուրկ որակուող խեղ­ճու­թիւն­ներ են։

Հետեւաբար, որո՞ւ է պէտք հպարտ քաղաքացին. արդեօք նախընտրելի չե՞ն հպա­տակները։ Քաղաքական իշխանու­թիւններու սոյն գործելաոճը որդեգրելով՝ կրօնական հաս­տատութիւններու վեր­նախաւը նոյնպէս կը նախընտրէ ունենալ կոյր հաւատացեալ­ներու եւ ենթականերու զանգ­ուած մը, քան գիտակից անդամներէ կազմուած հաւաքա­կանութիւն մը, որ իբրեւ բաղ­կացուցիչ մէկ մասը իր հեղինակութեան՝ կը գործէ ժո­ղովրդա­վարական սկզբունքներու վրայ հաս­տատուած օրէնքով ու կը դառնայ գործօն ներկայու­թիւն իր վարչական կեան­քին մէջ։ Քաղաքական եւ կրօնական հեղինակու­թիւնը պէտք է հիմքէն դէպի վեր բարձրանայ, այսինքն՝ ժողովուրդէն փո­խանցուի իշ­խանու­թեան կամ վստահ­ուի եկեղեցւոյ ղեկավարութեան, եւ ոչ թէ հակառակը՝ ան իբրեւ միջոց օգտագոր­ծուի սեփական ժողովուրդը կամ հաւատացեալնե­րու դասը ճնշելու համար։

Ժո­ղովրդավարական զարգացած երկիրներուն մէջ հեղինա­կութիւնը կը տարած­ուի բոլոր քա­ղաքացիներուն վրայ. իւրաքանչիւր ոք իր ընտրական իրաւունքով եւ ազատ խօս­քով մաս կը կազմէ հաւաքական հեղինակութեան՝ նպատակ հետապնդելով ամէնուն բա­րօ­րութիւ­նը, կրթութեան եւ աշխատանքի ապա­հովումը։ Բռնա­տիրութիւնը սակայն կը ներ­կա­յացնէ բրգաձեւ, կեդրոնաձիգ համա­կարգ մը, ուր հեղի­նակութիւնն ու ուժը գագաթէն դէպի վար կը պար­տադրուի, եւ զայն կարենալ կիրարկելու եւ պահպանելու համար կը բազմանայ ոստի­կաններու թիւը, կը տարածուի լրտեսական ցանցը, իսկ քա­ղաքացիներու ամբողջական վերահսկողութիւնը կը դառնայ ներքաղաքա­կան անհրա­ժեշտութիւն։ Նման համակարգով գործող կրօնական հաստատութիւն մը, ինչքան ալ անոր ակունքները սուրբ ըլլան, այլասերելով՝ իսկոյն կը վերածուի կրօնապետութեան։ Այս պարագային կրօնը չի ծառայեր իր վարդա­պետական երկնաւոր սկզբունք­ներուն՝ հա­ւատացեալը առաջ­նոր­դե­լով դէպի փրկութիւն։ Ան չ’ազատագրեր հաւատացեալի հոգին՝ ընկերային-հասարակա­կան եւ տնտեսական կեանքի յարաբերութիւններուն մէջ այլ­ազան մտահոգութիւններու բեռին տակ ընկճուա­ծութենէ զայն հովուելով դէպի բարոյական ազատագրու­թիւն։ Ան չի մաքրեր, չի սրբեր՝ օրհ­նութեամբ օծելով հաւատացեալ մարդու հոգին, որպէսզի ան առաքինու­թեամբ լեցուած, սի­րոյ ճոխութեամբ եւ արդարութեամբ զօրացած՝ կարենայ ապրիլ քրիս­տոնէական բարձր կեանքը։ Այսպէս, կրօնապետ մը քարընկէց մը հեռու չէ այն բիրտ եւ աշխարհիկ բռնապե­տերէն, որոնք բիւ­րաւոր քաղաքացիներու ողբերգութեան, հաւա­տա­ւոր մարդոց գայթակ­ղութեան եւ ազնիւ ընտանիքներու քայքայման պատճառ հան­դիսա­ցած են։

Հայաստանի ազգային-եկեղեցական կեանքի ոգե­ւորիչ եւ ստուերոտ նորագոյն իրա­դարձութիւններուն հետեւեցանք մէկ կողմէն գոհունակութեան անկաշկանդ խայտանքով, միւս կողմէ՝ սրտատրոփ եւ անկեղծ մտահոգութեամբ։ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը պա­լա­տական մակերեսային ու սահմանափակ իշխանափոխութեան մը յեղաշրջումը չիրա­կա­նացուց երկրին մէջ, այլ վերջին քսան տարիներուն կուտակուած անարդարութիւննե­րուն դէմ զսպանակուած համաժողովրդային բողոքի հզօր ձայն մը հնչեցուց, որ մեր պատ­մու­թեան մէջ անտարակոյս պիտի ունենայ անկիւնադարձային եւ դարակազմիկ նշանակու­թիւն։ Հանրապետու­թեան ամբողջ տարածքով մտայնութիւն մը փոխուեցաւ, նոր հոգեբա­նու­թիւն մը կերտուեցաւ անհատ քաղաքացիներու անձնական, նաեւ հաւաքական գի­տակցութեան մէջ։ Յեղափոխութեան յաջողութիւնը ինքնավստահութեան համոզումով ներ­շնչեց ընկերային կեանքի լուսանցքը մղուած նոյնիսկ վերջին հայաստանցին, որ «եթէ ուզեմ, ուրեմն բան մըն ալ ես կրնամ փոխել», կամ «եթէ ուզենք, միասնաբար կը հասնինք մեր ծրագրերու իրագործման նպատակին»։

Մինչ այդ, փլուզող վարչակարգին հետ սերտաճած եկեղեցւոյ վերնախաւը գրեթէ երկու տասնամեակէ ի վեր նմանապէս պատճառ դարձած էր ներքին դժգոհութիւններու կուտակումին։ Գրաւոր եւ բանաւոր դժգոհութեանց ելոյթներ կը մնային ապարդիւն, ցոր­չափ եկեղեցւոյ վերնախաւին գրաւոր եւ անգիր փոխադարձ պայմանաւորուածութեամբ թի­կունք կը կանգնէր պետական իշխանութիւնը, ու յաճախ ձիգ մկաններ ցոյց տալով՝ կը միջամտէր նաեւ հոն, ուր միանգամայն դուրս էր ոչ միայն իր հանգամանքէն, այլ նաեւ  պե­տական-քա­ղաքական եւ իրաւական դաշտէն, զորօրինակ՝ ներեկեղե­ցական հարցերուն, ընդհուպ երկարելով իր «ամենազօր» բազուկը մինչեւ իսկ հայ սփիւռքի համայն­քային-կրօ­նական տարածքին վրայ։

Թաւշեայ յեղափոխութեան ալիքը իրական յոյսի երաշխիք մը փոխանցեց նաեւ այն շրջանակներուն, որոնք առկայ էին եկեղեցւոյ ծոցին մէջ եւ, իրենց սրտին խորքը, հաշտ չէին ձեւով մը կայսերապապական այն մտայնութեան հետ, որ պետութիւն եւ եկեղեցի սեր­տաճումով գոյացած էր եկեղեցւոյ վերնախաւին մէջ։ Ընդոծին ծնունդ առաւ «Նոր Հա­յաստան, նոր հայրապետ» շարժումը, որ իսկութեան մէջ բողոք մըն էր ուղղուած Մայր Ա­թո­ռի ծայրագոյն ղեկավարի անձին դէմ, որուն կը վերագրուէին առկայ դժգոհութեան գո­յառման դրդապատճառներն ու վերջին պատասխանատուութիւնը՝ անոր հրաժարակա­նին կտրուկ պահանջքով։

Այստեղ ինծի իրաւունք կը վերապահեմ մեր եկեղեցւոյ ծայրագոյն ղեկավարին մա­սին անձնական կարծիք չարտայայտել, նաեւ տեղին չեմ գտներ հոս իր հասցէին ուղ­ղուած բազմաթիւ մեղադրանքները գնահատել։ Բայց զիս կը հե­տաքրքրէ «Նոր Հա­յաստան, նոր հայրապետ» այս բողոքի շարժման դէմ այն հակազդե­ցութիւնը, որ շղթայազերծուեցաւ յաչս Մայր Աթոռի եւ կաթողիկոսամէտ որոշ եպիսկո­պոսներու։ Անշուշտ գնահատելի է նա­խան­­ձայուզութիւնը շատերուն, բայց անընդունելի են երկու կողմերէն ալ դրսեւորուած ներհակ­ պայքարի փաստացի ծայրայեղութիւն­ները։ Գոնէ եպիսկոպոսներու որո­շակի շրջա­­նակէ մը կ’ակնկալուէր Ս. Աւետարանի եւ քրիս­տոնէական ոգիին համապա­տասխան կամ ուղղակի Քրիստոսի սիրոյ վարդապետու­թեան սկզբունքներէն բխող վերա­բերմունք մը, որ պիտի ըլլար իրենց առաքելաւանդ գոր­ծունէութեան եւ սիրոյ ծառայու­թեան մասին արժա­նահաւատ վկայութիւն մը։

Այդպէս չեղաւ սակայն։ Եղբայրսիրութեան, ներողամտութեան, հանդուրժողու­թեան, հակառակորդ կողմին հետ կառուցողական եւ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը ստեղ­­ծելու փոխարէն, անոնք վարուեցան ոչ թէ քրիստոնէական իրենց բուն իսկ կոչումին՝ մաքուր հաւատքին քրիստոսաւանդ պատգամով, այլ բնութեան եւ ֆիզիկայի նիւթոնա­կան[1]՝ «ազդում»-ի դէմ ջղուտ «հակազդում» մը իրագործելու սկզբունքով։ «Ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման» մովսիսական հին օրէնքը Քրիստոս փոխարինեց Իր Անձին յա­ւիտենա­կան պատա­րագումով, եւ այդ ամբողջանուէր ինքնազոհողութեան ընդմէջէն հա­մայն մարդկու­թեան փոխանցեց Իր սիրոյ վարդապետութեան աստուածային նոր պատ­ուիրանը՝ «Սիրե­ցէ՛ք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դո՛ւք ալ զիրար սիրեցէք» (Յովհ. 13, 35)։

 Արդարեւ, սէրն է առաքինութեանց մայրը։ Ամբողջ քրիստոնէական կրօնը հաս­տատ­ուած է այս եզակի, հիմնարար եւ արարչագործ սկզբունքին վրայ։ Սէր, առաքի­նու­թիւն, առանց որոնց անիմաստ պիտի դառնար ամէն ինչ։ Սէրն է, որ կ’իմաստաւորէ ա­ղօթքն ու ծէսը, նաեւ՝ մարդկային յարաբերութիւնները։ Առանց սիրոյ աղօթքը նոյնիսկ պի­տի վերածուէր դա­տարկ եւ իմաստազուրկ մենախօսութեան մը, իսկ մարդկային յարա­բե­րութիւնները՝ տաղտկալի եւ ամուլ սովորութեան մը։ Հարկ կա՞յ յիշեցնելու Պօղոս առաք­եալի հնչեցուցած քրիստոնէական սիրոյ մասին իմաստալից «երգ երգո­ցը», ուր կ’ըսէ.

«Եթէ խօսիմ մարդոց լեզուները եւ հրեշտակներունը, բայց սէր չունենամ, կը նմանիմ պղինձի մը, որ կը հնչէ, կամ՝ ծնծղաներու, որ կը ղօղանջեն։ Եւ եթէ մարգարէութիւն ընելու շնորհ ունե­նամ եւ հասկ­նամ բոլոր խորհուրդներն ու ամբողջ գիտութիւնը, եւ եթէ ունենամ ամբողջ հա­ւատքը՝ մինչեւ իսկ լեռները տեղափոխելու չափ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ եմ։ Եւ եթէ իմ ամբողջ ունեցուածքը տամ աղքատներուն եւ իմ այս մարմինը մատնեմ այրուելու, բայց սէր չու­նենամ, ոչ մէկ օգուտ կ’ունենամ։ Սէրը համբերող է, քաղցրաբարոյ է. սէրը չի նախան­ձիր, չ’ամբարտաւանար, չի գոռոզա­նար, անվայել վարմունք չ’ունե­նար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չար բան չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ’ուրախանար, այլ կ’ուրախանայ ճշմար­տութեան վրայ. ամէն բանի կը դիմանայ, ամէն բանի կը հաւատայ, մշտապէս յոյս կը տածէ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը երբեք չ’անհետանար. թէ մարգարէութիւն­ներ ըլլան՝ պիտի չքանան. թէ լեզուներ՝ պիտի լռեն. թէ գիտութիւն՝ պիտի անց­նի. քանզի հիմա մասամբ գիտենք եւ մասամբ կը մարգարէա­նանք։ Իսկ երբ գայ կատար­եալը, մասնակին կ’անհետանայ։ […] Բայց արդ, կը մնան ասոնք երեքը՝ հաւատքը, յոյսը, սէրը. եւ ասոնցմէ մե­ծագոյնը սէրն է» (Ա. Կորնթ. ԺԳ, 1–13):

Բաց աստի, քաջ պիտի յուսայի, որ մեր եպիսկոպոսաց համար թերեւս շատ աւելի խօսուն եւ իրենց պաշտօնն ու կոչումը ուղղորդող ճշմարիտ կարգախօս մը եղած պէտք է ըլլար Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապե­տին հոգեթով «Առաւօտ լուսոյ» շարականին՝ «Սէ՛ր անուն Յիսուս, սիրով քով ճմլեա՛ սիրտ իմ քարեղէն» խօսքերը։ Այդպէս չեղաւ, եղո՜ւկ, այլ բրտութեան չա­փանիշ դարձաւ նիւթոնեան վերոյիշեալ ազդեցութեան եւ հակազդեցու­թեան օրէնքը, մինչդեռ իրենց մօտ որպէս հոգեւոր-բարոյական անխախտ սկզբունք տի­րա­պետող պէտք է ըլլար Յիսուսի օրէնքը՝ ինչ­պէս աստուածային մեղսաքաւիչ սէրը ինծի հետ, նոյնպէս ես Քեզի հետ յարաբերութիւնը՝ խարսխուած Ս. Աւետարանի համամարդ­կային եւ քրիստոնէական սիրոյ, ներողամտութեան, անյիշաչարութեան եւ քաւող գթու­թեան վրայ։ Ի վերջոյ, ներել կարենալը զօրեղ եւ կայուն նկարագրի տէր մարդոց գործ է, որուն համար ալ Յիսուս, անկախ մեղքի որակէն ու չափէն, կը պատգամէ՝ եօթանասունեօթն անգամ ներել[2] (Մատթ. ԺԸ, 21-35)։ Արդարեւ, ներել չկամենալը ոչ մէկ արդարացում ունի։

Քրիստոնէական բարձրագոյն բարոյագիտութիւնը կը թելադրէ, թէ մեղաւոր մը ի­րա­ւունք չունի իրեն նման այլ մեղաւոր մը պատժելու. Աստուած է, որ կը դատէ եւ ո՛չ՝ մարդը։ Հոգեւոր-բարոյական այս կեցուածքին պերճախօս ցուցմունքը Յովհաննու աւետա­րանին մէջ շնացող կնոջ պատմութեամբ կը դրսեւորուի արիւնկզակ փարիսեցիներուն դէմ. «Ով որ անմեղ էթող առաջին քարը նետէ» (Յովհ. Ը, 1-11):

Ամենեւին չէի կրնար հաւատալ, որ եպիսկոպոսներէն ոմանց վերաբերմունքը գլխա­­պտոյտ պատճառող «վերամբարձ ոտնահարութիւն»-ներով եւ «վայրաքարշ մեղկու­թիւն»-ներով այնքան հեռուները կրնար երթալ, որ անոնք իրենց երկնակարկառ դիրքերէն միջնադարեան արիւնալի հա­ւատա­քննութիւն­ները յի­շեցնող պաշտօ­նական բանադրանք­ներ[3] եւ նզովքներ[4] պիտի սահ­մա­նէին այ­լախոհներուն դէմ։ Ո՞ւր ենք, ո՞ր դարու մէջ կ’ապ­րինք, երբ համայն աշխարհն ու մարդ­կութիւնը հսկա­յաքայլ, աներեւակա­յելի յառաջդի­մութիւններ կը նուաճէ։ Ուրկէ՞ ձեզի այդ «օգոստոսափառ» եւ «վեհազօր»  յաւակնոտու­թիւնը՝ միջ­նադարեան խաւարամտութեան յետադարձ մը պարտադրելու մեր եկեղեցական կեանքին մէջ։ Եւ ամենասահմռկեցուցիչը այն է, որ մեր մամուլն ալ, մասնաւորաբար՝ սփիւռքահայը, մասնակիօրէն գտնուե­լով կուսակ­ցական որոշ շրջանակներու ազդեցու­թեան եւ ֆինանսական հակակշռին տակ, ա­ռանց հարցաքննելու կամ վե­րատեսու­թեան են­թարկելու տխուր փաս­տը, կը զօ­րակցի ա­նոր՝ տրամադրելով իր լայն եւ հանդի­սաւոր էջերը որոտացող նզովք­ներուն եւ բա­նադ­րանքներուն։

Թէպէտ միջնադարեան կանոնական, ծիսական ժողովածուներու՝ Մաշ­տոցի, նոյ­նիսկ Պատարագամատոյցին մէջ՝ Նիկիական հանգանակէն ետք, առկայ են նզովքի բա­նաձեւեր, բանադրանքներու եւ սահմանուած խիստ պատիժ­ներու օրի­նակներ, սակայն, այս բոլորով հանդերձ, պէտք է անհրաժեշտօրէն նկատի ունե­նալ, որ անոնք կազմուած են` ժամանակի պահանջներու, լեզուամտածողութեան եւ աշ­խարհընկալ­ման համաձայն: Յա­ւիտենական ճշմարտութիւններու շտեմարանը Սուրբ Գիրքն է, իսկ աւանդութիւնը ան­հրաժեշտաբար յարափոփոխ երեւոյթ է: Բոլոր դարերու ընթացքին եկեղեցւոյ սուրբ հայ­րերը կանոնածիսական ոլորտներու մէջ կատարած են փոփոխութիւններ` մեկնելով ժա­մանակի թելադրանքէն:

Բաց աստի, դարերու հոլովոյթին եկեղեցւոյ դաշտին մէջ ոչ միայն աճած է բարի ցորենը, այլ անոր հետ նաեւ որոմը։ Ուստի՝ անպայմանօրէն պէտք է զատորոշել սրբազան աւանդոյթը, այն սովորոյթներէն, որոնք միանշանակ ժամանակավրէպ եւ վնասակար են այսօրուայ եկեղեցական կեանքի առողջ զարգացման համար։ Բնականաբար, մենք պար­տաւոր ենք հետեւելու սուրբ հայրերու օրի­նակին, վերանայելով, լրացնելով, եւ մեր դարա­շրջանի ուրոյն կնիքը ձգելով այդ ժառան­գութեան վրայ, նաեւ աւելի հարստացնելով եկե­ղեցական աւանդութիւնը, զայն փոխանցե­լով յաջորդ սերունդներուն: Տուեալ պարագային, որքանո՞վ է «աւանդական» եւ օգտակար պարզապէս կրկնել միջնադարեան այլեւս իմաս­տազրկուած բանաձեւերը, որոնք թէեւ իրենց ժամանակի համար խիստ կարեւոր համար­ուած են, սակայն, այսօր ամենեւին հասկնալի եւ ժամանակահունչ չեն ներկայ կեանքի ու աշխարհընկալման հետ։ Առաւել եւս ա­նոնցմէ շատեր խորքին մէջ նոյնիսկ համատեղելի չեն Յիսուսի վարդապետութեան, Լերան քարոզի ոգիին եւ Ս. Աւետարանի բուն պատգա­մին հետ։

Այստեղ հարկ է նկատի ունենալ նաեւ այլ զգայուն հարց մը, թէ արդեօ՞ք Արեւելեան Հին Ուղղափառ Եկեղեցին, որուն գլխաւոր անդամներէն մին է Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցին, իր սահմանած նզովքներով ու բանադրանքներով իսկապէս նկատի ունեցած է ուղղակի անձը, թէ անոր քարոզած մոլար վարդապետութիւնը[5]։ Արեւելեան Հին Ուղղափառ Եկե­ղեցին կը խոս­տովանի, որ Ամենասուրբ Եր­րոր­դու­թեան անունով, Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան խորհուրդին մէջ մկրտուած, եւ Անոր մեղսաքաւիչ մարմնի ու արեան հա­ղորդութեամբ փրկութեան կոչուած, նաեւ Ս. Հոգւոյն երկնառաք շնորհներով օժտուած իւրաքան­չիւր քրիստոնեայ անձ որ­դեգրուելով արարիչ Աս­տուծմէ՝ կը դառնայ անդամ քրիստոնէա­կան մայր եւ Ս. Եկեղեցիին։ Այս հոգեւոր որդեգրութիւնը, այլ խօսքով` եկե­ղեցւոյ անդամակ­ցութիւնը անքակտելի եւ, իր էութեան մէջ, անկործանելի բնոյթ ունի, հետեւաբար այն աստուածային իրաւունք է եւ կը պատկանի Անոր խորախորհուրդ տնօ­րինումներուն եւ ոչ թէ կ’ենթարկուի մարդկային իշխանութեան կամ քմահաճոյքին։ Որքան ալ եկեղե­ցական կանոններուն, ձեռնա­դրութեան մաշտոցներուն եւ շարականնե­րուն մէջ հերետի­կոսաց կամ հերձուածողաց ա­նուններ կը յիշուին, այդ անուն­ներուն տակ, – ան­ձամբ հակուած եմ ենթադրելու, –  ոչ թէ ուղղակի ան­ձը, այլ անոր քարոզած հերետիկո­սական ուսմունքն է որ կը հերքուի, կը դատապարտուի, կը նզով­ուի կամ կը բանադրուի՝ անոր դէմ ջատագովելով քրիստոնէական հաւատքի բարձ­րագոյն ճշմար­տութիւնները։

Անձ անիծել, նզովել կամ բանադրել՝ հակա­քրիստոնէական, չըսելու համար հակա­մարդկային բարբարոսութիւն մըն է։ Եւրո­պան ի՜նչ արիւնա­հեղութիւններ տեսաւ, տառա­պանքներու մէջ որքա՜ն գալարեցաւ, մինչեւ որ լուսաւորութեան դարով ի վերջոյ կրցաւ իր ուսերէն թօթափել կաթոլիկ եկեղեցւոյ հաւատա­քննութեան յան­ցագործ հաստատու­թիւնը (officium inquisitionis կամ sanctum officium), որ հինգ հարիւր տարի շարունակ բիւ­րաւորնե­րու ողբերգու­թեան եւ անարգ մահուան պատճառ դարձած էր։ Վտանգաւորը, այո՛, ամենա­սա­րսափելին այն է, որ եթէ այսօր մեր մէջ նման հաւատաքննութեան մը հնարաւորու­թիւ­նը ըլլար, այդ նզովող եւ բա­նադրող եպիսկոպոսները «Նոր Հայաստան, նոր հայրա­պետ» բո­ղոքի շարժման բոլոր ղեկա­վարնե­րը հաւատաքննութեան ճարճատուն խարոյկին վրայ կը բարձրացնէին. այո՛, գուցէ այդ ոճիրն ալ կը գործէին։

Վերջին տարիներու ընթացքին միջազգային հանրութեան մէջ Հռոմէական Կաթո­ղիկէ Եկեղեցին ցնցող բազում լուրջ խնդիրներ բարձրացան, որոնց պատասխանատու հե­տեւանքներուն բերումով  Պենետիկտոս ԺԶ. նոյ­նիսկ «տիեզերական քահանայապետու­թեան Աթոռ»-էն հրաժարեցաւ։ Այսուամենայնիւ, Վատիկան ոչ ոք նզովեց, ոչ ոք բանադրեց, ոչ ոք եկեղեցական հաղորդութենէ զրկեց, այլ վճռապէս ջանաց յան­ցա­ւորները իրենց եկեղեցական պաշտօններէն խստիւ առ­կախել (suspen­sion)։ Այս գործառոյթը եկե­ղեցւոյ կա­նո­նա­կան դրուածքին մէջ առկայ իրաւական դրոյթ մըն է եւ ոչ թէ գործուած յանցանքը կոծ­կելու, իսկ յանցաւորները չքմեղացնելու փորձ։ Բոլոր պարագաներուն, ցորչափ որ յան­ցանքը չունի աստուածաբանական-դաւանաբանական հիմք՝ ուրիշ պատ­ժամիջոց կը նա­խադրէ, բայց ամենեւին ոչ՝ աղանդաւորական հալածանք, ճեզուիտական հաւատափոր­ձու­­թիւն, հերետիկոսական խարուկահան­դէս, վհուկորսութիւն կամ դիւահա­նութեան ծի­սա­­կարգ։

Բացարձակապէս պիտի չյաւակնիմ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքի շարժման հետ ինքզինքս նոյնացնել, ո՛չ ալ այստեղ պիտի ուզեմ ինքնակոչ դատապաշտ­պանի մը դերով հանդէս գալ, այլ պարզապէս պիտի արձանագրեմ հետեւեալ փաստը, որ եկեղեցա­կան ընդվզումի այս շար­ժումը «հերետիկոս» կամ «աղանդաւոր» կոչուելու ոչ մէկ աստուածաբանական կամ դաւանա­բանական հիմք ունի։ Ան եկեղեցւոյ հաւատքի բա­ցար­ձակ ճշմարտութիւններուն հակասող վարդապետական խոտոր ոչ մէկ թեզ ունի՝ խա­րան­ուելու վտանգաւոր միջնադար բուրող գարշահոտ աղուեսադրոշմով մը։ Անոր ան­հնա­զան­դու­թիւնը ունի առաւելագոյնս գուցէ «կանոնական» բնոյթ եւ ատիկա արդա­րացուած է, ինչպէս արդարացուած պիտի ըլլար քաղաքացիական ցանկացած անհնազան­դութիւն, եթէ ունենար համապա­տասխան հիմք կամ արժանահաւատ դրդապատճառներ։

Հայաստանեայց Առաք. մեր Մայր եւ Ս. Եկեղեցին հիմնովին մերժած է պապական ան­սխալականութեան վարդապետութիւնը՝ համոզուած ըլլալով, որ մարդ արարածը, անկախ իր ունեցած պաշտօնէն, մի՛շտ սխալական է, համաձայն Ս. Աւետարանի՝ «Ո՛վ իցէ մարդ, որ կեցցէ եւ ոչ մեղիցէ» անսուտ վկայու­թեան։ Անսխալականութիւնը ուղղակի անմարդկայ­նութի՛ւն է։ Ոչ ոք լուսապսակով կը պտըտի`ո՛չ վեղարին վրայ, ո՛չ ալ վեղարին տակ, ընդ­հուպ մինչեւ այն վեղարները, որոնք ադամանդակուռ խաչով զարդարուած են։ Հետե­ւա­բար, անձեռնմխելիութիւն գոյութիւն չունի մեր եկեղեցւոյ դրուածքին մէջ։ Եկեղեցւոյ պաշ­տօ­նէութիւնը, ամենաբարձրէն մինչեւ ամենախոնարհը, հաշուետու է նախ Աս­տուծոյ, ա­պա հայ ժողովուրդին առջեւ, որ իրեն վստահած է ծառայելու այդ հո­գեւոր պաշտօնն ու հե­ղինա­կութիւնը։ Եկեղեցւոյ կալուածին մէջ հեղինակութիւնը միայն ծառայական է եւ չի կրնար ըլլալ ինքնանպատակ՝ բիրտ ուժ կիրարկելու, ճնշելու, պար­տադրելու, հալածելու, ընկճելու, ազա­տազրկելու, նզովելու, բանադրելու, եկեղեցւոյ մայրական գորովագութ ծո­ցէն հեռաց­նելու իմաստով։ Հայ հաւատացեալը իր հաւատքը ժառանգած է իր ազգի, տոհմի եւ ընտան­եաց ջերմեռանդ միջավայրէն, իր աղօթամրմունջ ծնողաց սրբակրօն աւանդութե­նէն, եւ ոչ թէ ինք­զինքին աստուածային ստորոգելիներ վերագրող եպիսկոպոսապետի մը քսակէն, որ իրաւունք վերապահէ քմահաճօրէն Հայ Եկեղեցւոյ հաղորդութենէն կամ առա­քելա­կանութենէն զրկելու ոեւէ հայ հաւատացեալ կամ համայնք։

Եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրերէն Ս. Օգոստինոսի կը վերագրուի հաւատացեալ ժո­ղո­վուրդին ուղղուած այս խորիմաստ արտայայտութիւնը. «Ձեզի հետ միասնաբար քրիս­տոն­եայ եմ, ձեզի համար եպիսկոպոս եմ, բայց չեմ ուզեր առանց ձեզի երկինք բարձրա­նալ»։ Այս կարգախօսը կոչումնաւոր եւ օրինակելի ապրելակերպը պէտք է ըլլար մեր եպիս­կո­պոսներուն եւ ոչ թէ «որդիք որոտմանց» անսանձ եւ անվերահսկելի նախանձա­յուզութեան գործելաոճը՝ ըլլալու «պապէ աւելի պապական» կամ «աւելի թունդ քան գի­նիէն դարձած քացախը»։

«Կենցաղ եկեղեցականաց՝ գիրք աշխարհականաց», այսինքն` եկեղեցականներու ապրելակերպը պէտք է աշխարհականներու համար կեանքի ուղեցոյց հանդիսանայ, վա­նական հին նշանաբան մըն է. արդեօ՞ք այսօր ի զօրու է ան. կրնա՞յ սա հո­գեւոր սպասա­ւոր­ներուն ապրելաձեւը այսուհետեւ մեզի ուղեցոյց ըլլալ։  

Իրենց անձը շինծու եւ փքուն հանգամանքներով շպարել եւ խորաններէ շարունակ ինքզինքին սիրահարած նարկիզական եկեղեցի մը քարոզել՝ ոչ ոքի է պիտանի։ Եկեղեցին սոսկ ազգային անկենդան յուշարձան մը չէ, այլ իր հաւատաւոր ժողովուրդին հետ ժա­մա­նակին մէջ ապրող եւ ժամանակին հետ քալող իրականութիւն մը, որ ունի հիմնական նպատակ. երաշխաւորել իր հօտին եւ անոր ամէն մի հաւատաւոր անդամին փրկութիւնը, ուղղորդել մարդը, որ ըլլայ իր աստուածադրոշմ էութեան համապատաս­խան, իր բարոյա­կան կոչումին գիտակից եւ իր հոգեւոր առաքելութեան ներդաշնակ։

Բնականաբար, իւրաքանչիւր մարդ որպէս մարդ կու գայ աշխարհ իր մարդկային արժէքով, անբռնաբարելի արժանապատուութեամբ եւ անկապտելի իրաւունքով։ Բայց իւ­րա­քանչիւր անձ աւելի՛ եւ իսկական մարդ կը դառնայ իր ապրած կեանքով, իր ըրած գոր­ծով, նաեւ աշխարհի ու մարդկութեան համար ժառանգ ձգած վկայութիւններով։

Արդարեւ, լիայոյս պիտի ուզենք ըլլալ, որ Հայաստանեայց Առաք. մեր Մայր եւ Ս. Ե­կե­ղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը կոպտօրէն հակազդելու, կարծր եւ անզիջող կեցուածք ցու­ցադրելու փոխարէն, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքի շարժումը ընկալէ իբրեւ լուրջ քննադատութիւն մը՝ ուղղուած եկեղեցւոյ իշխող վերնախաւին դէմ, մօտակայ անց­եալի եւ ներկայի բոլոր տեսակի թերացումներուն համար։

Առ այս, փոխադարձ մերձեցումի կամուրջ եւ կառուցողական երկխօսութեան հիմք պիտի դառնար նախ եպիսկոպոսաց իմաստուն եւ վեհանձն վերաբերմունքը՝

Ա. Յետս կոչելու հնչեցուած նզովքներն ու բանադրանքները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ  հաղորդակցութենէ զրկելու արձակուած ապարդիւն վճիռները։

Բ. Հայաստանեայց Առաք. Ս. Եկեղեցին,– որ պատմականօրէն հոգեւոր-մշակութային ստեղծա­գործական ձեռքբերումներու գերագոյն արգասիքներէն մին է հայ ժողո­վուր­դին,– վերադարձնել իր բուն տիրոջը, այսինքն՝ հայ ժողովուրդին։ Հայ Եկեղեցւոյ միակ տէրը ի յերկինս Քրիստոս է, իսկ յերկրի՝ հայ ժողովուրդը։ Հայ Եկեղեցին դա­րերուն մէջ աստուածային ներշնչումով կոփուած, տաշուած եւ յղկուած անգնա­հա­տելի ադա­մանդ մըն է, որ երկնային հոգեւոր եւ անստուեր լոյսը իր մէջ կը ներառնէ եւ զայն բիւրեղապէս արտա­ցոլելով՝ կը փոխանցէ իր ժողովուրդին։ Սա­կայն եւ այն­պէս, ամենաթան­կագին ադամանդին վրայ յառաջացած նուազագոյն բիծն անգամ կը նուազեցնէ անոր արժէքը։ Հետեւաբար, եպիսկոպասաց սեպուհ պարտակա­նու­թիւնն է այդ նոյն ադամանդը իր երկնառաք սրբութեամբ, անբիծ մաքրութեամբ, աստուա­ծային լուսաճաճանչ փայլքով եւ կենսագործ առաքելու­թեամբ վերա­դար­ձնել հայ ժո­ղովուրդին։

Գ. Շնորհիւ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» բողոքարկող շարժման, հայութիւնը հա­մայն անգամ մը եւս անդրադարձաւ, որ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ առկայ է մեծ բաց    մը, աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր քննար­կուող, միշտ յամեցած եւ ցայսօր չհան­գուցալուծուած խնդիր մը՝ մեր եկեղեցին բարեկարգելու, զայն ժամանակա­հունչ դարձնելու հրամայական պահանջքը։ Սոյնը ոչ թէ պար­զապէս ներեկեղե­ցական, այլ գերազանցապէս ազգային առաջադրանք մըն է։ Այսօր ազգը, իր կարգ մը առաջ­նահերթութիւն­ներու կողքին, աւելի քան երբեք պէտք ունի նաեւ իր հոգե­ւոր մար­զին՝ եկեղեցիի բարե­կարգութեան, որ նուազ կարեւորութիւն չի ներկայաց­ներ, քան իր ֆիզի­քական ապահո­վութիւնն ու բարգաւաճումը։ Առանց հոգեւորի՝ նիւթը ան­կենդան է, իսկ միայն հոգեւորն ալ՝ անգործնական։ Մին կ’ամբողջացնէ միւսը, կամ փոխա­դարձաբար՝ մին կը պայմանաւորէ միւսին զարգացումն ու հզօ­րա­ցումը։

Եկեղեցին հայկական, ոչ միայն ազգային իմաստով, այլ միջազգային գնահատու­մով, արեւելեան հոգեւոր աւանդութիւններու հարուստ շտեմարան մըն է։ Անոր խնկա­­բոյր ծոցին մէջ կը խաչաձեւուին եւ իրենց հաշտարար համադրումը կը գտնեն Ա­ղեքսանդրիոյ այլաբանութեան թռիչքը, Անտիոքի մեկնաբանութեան ճշգրտու­թիւ­նը, Բիւզանդիոնի խոր­հրդապաշտութիւնը, նոյնիսկ Լատինին Բարձր Միջնադարու մտա­հայեցական դատողու­թիւններուն համակարգը, նաեւ Երուսաղէմի հին ծէսին ու երաժշտութեան վեհացնող գե­ղեցկութեան անայլայլելի դրոշմը։

Բայց զգո՜յշ, պար­զապէս գոհանալ ժառանգուածը պահել-պահպանելով՝ բա­ւարար չէ, այլ պէտք է զայն ներկային մէջ թարգմանել, արժեւորել ու զարգացնել։ Աւետա­րանին մէջ Յիսուսի աւանդած քան­քարներու առակը լաւագոյն յարացոյցն է այս իրողութեան (Մատթ. 25, 14-30)։ Հետեւաբար, պէտք չէ կամայ թէ ակամայ տարուիլ թանգարանային հոգեբանու­թեամբ եւ ենթարկուիլ պահպանողականու­թեան ըն­դար­մացումին։ Կառ­չիլ լոկ աւանդական սկզբունքներու եւ ժամանակի բնական հոս­քին դէմ եւ ստեղծել պահպա­նողա­կան անզիջող ուղղութիւն մը` նոյնիսկ վնա­սա­­կար է, որովհետեւ յա­ռաջդիմու­թեան կասե­ցումը տկարութեան եւ անկարո­ղու­թեան նշան է, որ կ’անդա­մալուծէ եկեղեցիին աշխոյժ եւ կենսահաղորդ կեանքը ու զայն կը զրկէ մարդկային ընկերու­թեան մէջ կեանքը Քրիստոսի ներկայութեամբ իմաստա­ւորող եւ Անոր փրկարար խորհուրդին մասին վկա­յութիւն տուող իր բուն նպատա­կէն։ Ուստի, հարկ է լաւ ընկալել ժամանակի ոգին եւ ճիշդ գնահատել անոր առա­ջադ­րած հրա­մայականը։ Սոյնը քաջութեամբ եւ իմաստուն հեռատեսութեամբ ըն­դունիլը հա­յեցա­կարգային առաջնահերթ կէտերէն մին պէտք է ըլլայ հայ ժողո­վուր­դի աշխար­հիկ եւ հոգեւոր առաջ­նորդներուն՝ նախապատրաստելով եւ մեկ­նար­կելով հայ եկե­ղեցւոյ բարեկար­գութեան պատմական այս չափազանց նշանա­կալից պատեհու­թիւ­նը։

«Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» կարգախօսը ոչ միայն իբրեւ վեհագոյն նպատակ կ’առաջադրէ հոգեկիր, սուրբ, աստուածարեալ եւ ազգընտիր նոր հայրապետի մը բարձ­րացումը Լուսաւորչի քահանայապետական գահուն վրայ, այլ նաեւ կը պահանջէ ունե­նալ հո­գեւոր, ծիսական եւ վարչական մարզերէն ներս հիմնապէս վերա­նորոգուած, ներքնա­պէս ու արտաքնապէս մաքրագործուած Հայաստանեայց Առաք. Ս. Եկեղեցի մը, որ մնալով հան­դերձ երկրպագելի միածնաէջ լուսոյ սուրբ խորան մը՝ պահէ իր ազգա­յին դրոշմն ու ժո­ղո­վրդավա­րական նկարագիրը։


[1] Նիւթոնի դասական ֆիզիքայի երեք հիմնական օրէնքներէն երրորդը՝ «Ազդումը միշտ ունի հա­ւասար եւ հակադիր հակազդում, այլ կերպ, երկու մարմիններու փոխազդեցութիւնները միմ­եանց հաւասար են եւ հակառակ ուղղուած։ F 1,2 = F 2,1»։

[2] Ինչպէս չտպաւորուիլ ու չզգածուիլ Նարեկացւոյ սա գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ.

«…Ոչ փոխադրել անդրէն չարի չար, այլ եւթանասնիցս եւթն թողուլ անդուստ ’ի յաւուր զիւրա­քանչիւր մեղանաց զպարտս» (Բան ԺԵ, Դ։ Հմմտ. Սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Մատենագրութիւնք, Վենետիկ, 1840, էջ 35)։

[3] «Այսու, ես՝ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանս, մեր Տիրոջ կողմէ փոխանցուած Առաքելական շնորհով, ձեռնադրութեամբ եւ օծմամբ որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոս, որպէս Տաւուշ աշխարհի՝ Հայոց հիւսիս-արեւելեան կողմանց դարպասնե­րու առաջնորդ, որպէս Մխիթար Գօշ մեծ վարդապետի, Վանական վարդապետի ժառանգութեան հսկողն ու շարունակողը, ինծի տրուած «կապելու եւ արձակելու» իրաւունքով եւ իշխանութեամբ, կը կապեմ Կորիւն աբեղան եւ իր չար աղանդի անդամները՝ որպէս հերձուածողներ եւ դուրս կը դնեմ զանոնք Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն մինչեւ իրենց կատարեալ զղջումն ու ապաշխարութիւնը եւ վերա­դարձը Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան գիրկը»:

Յովակիմ եպս.ի բանադրանքը. «Ես Կը երկրորդեմ իմ հոգեւոր եղբօրս՝ Տաւուշի թեմի առաջորդ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանի բանադրանքը՝ եպիսկոպոսական իմ իշխանութեամբ։ Ասի­կա կը նշանակէ, որ անոնք այլեւս զրկուած են Հայ Եկեղեցւոյ մէջ հաղորդուելէ՝ մինչեւ իրենց զղջու­մը, խոստովանութիւնն ու ապաշխարութիւնը»։

[4] Աբգար եպս.-ի նզովքը. «Ինձ փոխանցուած վերնատուր շնորհով. «Ճշմարիտ եմ ասում ձեզ, ինչ որ կապէք երկրի վրայ, կապուած պիտի լինի երկնքում։ Եւ ինչ որ արձակէք երկրի վրայ, թող ար­ձակ­ուած լինի երկնքում» (Մատթ. ԺԸ, 18, Բ. Կորնթ. Ժ, 3-6, Կանոնք Առաքելական, ԻԳ) նզովում եւ կա­պում եմ Կորիւն չիք աբեղային և սրա չար հերձուածի հետեւորդներին՝ զրկելով Սուրբ Մայր Եկե­ղեցու հաղորդութիւնից մինչ կատարեալ զղջում ու ապաշխարութիւն: Մեր այս նզովքի տակ կ’ընկ­նեն նաեւ նրանք, որ համակիր են սրանց»:  

[5] Այս մասին 70-ական թուականներուն, Ս. Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահ­լիճին մէջ, ուսանելի դասախօսութիւն մը ներկայացուց Հնդիկ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեց­ւոյ ականաւոր աստուածաբաններէն՝ Դոկտ. Պաուլոս Մար Գրիգորիոս մետրոպոլիտը։ Ան պատ­մա­կան-աստուածաբանական համոզիչ փաստերով կը նշէր բոլոր այն էական տարբերութիւնները, որոնք յատկանշական էին Միջին դարերու կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական-դաւանաբա­նական մտածողութեան եւ Արեւելեան Հին Ուղղափառ եկեղեցիներու ընկալման միջեւ։ Հիմնական տար­բերութիւններէն մին, որ ան կ’ընդգծէր, ճիշդ բանադրանքներու եւ նզովքներու վերաբերեալ մեկ­նա­բանութիւնն էր, ըստ ուրում` Արեւելեան Հին Ուղղափառ եկեղեցիները վերապահ գտնուած են անձ նզովելէ, նոյնիսկ եթէ անձը եղած է կրողը այդ մոլար վարդապետութեան։ Եկեղեցին միշտ նզոված է հերետիկոսութիւնը եւ ոչ հերետիկոսը, մեկնելով հաւատքի այն ժառանգութենէն, թէ Աստ­ուած կը մերժէ մեղքը, բայց ոչ մեղաւորը։ Երջանկայիշատակ հնդիկ մետրոպոլիտի այդ օրուան ելոյ­թը ար­ժանացաւ Վազգէն Վեհափառի բարձր գնահատանքին։

 

You May Also Like