Մենք Հոս Ենք Եւ Հոս Պիտի Մնանք

Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, 8 Սեպտեմբեր, 2010

Այսպէս կ'արտայատուին հիւսիսային Սուրիոյ հայկական գիւղերու՝ Քեսապի, Ղընըմիէի, Եագուպիէի բնակիչները ընդհանրապէս:

Ձմեռուայ եղանակին, այս գիւղերը գրեթէ կը պարպուին եւ տարիքաւորներ, պարտիզպաններ եւ մի քանի հողին ամուր փարած ՝խենթեր՝ կը պահեն անոնց գոյութիւնը: Ամռան, Լաթաքիա, Հալէպ կամ Պէյրութ գործով մեկնողներ, կը վերադառնան իրենց ընտանիքներով, վերակենդանացնելով գիւղերու կեանքը:
 

Գրիգոր Գրաճեան, Պէյրութ, 8 Սեպտեմբեր, 2010

Այսպէս կ'արտայատուին հիւսիսային Սուրիոյ հայկական գիւղերու՝ Քեսապի, Ղընըմիէի, Եագուպիէի բնակիչները ընդհանրապէս:

Ձմեռուայ եղանակին, այս գիւղերը գրեթէ կը պարպուին եւ տարիքաւորներ, պարտիզպաններ եւ մի քանի հողին ամուր փարած ՝խենթեր՝ կը պահեն անոնց գոյութիւնը: Ամռան, Լաթաքիա, Հալէպ կամ Պէյրութ գործով մեկնողներ, կը վերադառնան իրենց ընտանիքներով, վերակենդանացնելով գիւղերու կեանքը:
 

Օգոստոսին, գիւղական տուները կը բնակուին գրեթէ հարիւր տոկոսով: Քաղաքէն եկող մանուկներ-պատանիներ, իրենց խանդավառութեան գագաթնակէտը կ'ապրին երբ կը պեղեն գիւղին հարստութիւնը՝ պտղատու ծառերը, ընկուզենիները, բանջարանոցները: Պարսատիկ կը պատրաստեն՝ թռչուն որսալու համար, կրակ կը վառեն՝ կորեկ խորովելու, ծառ եւ լեռ կը մագլցին եւ հոգ չէ թէ կարճ ժամանակի մը համար՝ կ'ըմբոշխեն գիւղի նահապետական կեանքը, ազգականներով եւ հարազատներով ճոխացուած:

Արեւածագին, գիւղին աքլորները նոր օրը կ'աւետեն եւ մնացեալ ժամերուն մեղուներուն վզզոցն անգամ լսելի կ'ըլլայ հանդարտ եւ լուռ մթնոլորտին մէջ: Օրուան ընթացքին մինչ մարդիկ կ'երթան իրենց հողագործական աշխատանքներուն, տանտիկիններ տունը կարգի կը դնեն՝գետին փռուած անկողինները արեւուն կը հանեն, տան մուտքին, տաշտին մէջ փոքրիկները կը լոգցնեն, պարտէզէն քաղուած թարմ բանջարեղէններով երեկոյեան ընթրիք-ճաշը կը պատրաստեն:

Այսպէս է գիւղական կեանքի առօրեան բացի գիւղի եկեղեցիի տօնին շաբաթավերջէն, երբ ընդհանուր անդորրը կը խախտի եւ ուխտաւորներ, ազգակիցներ իրենց աղմկոտ ինքնաշարժներով կը ժամանեն քաղաքէն՝ բերելով քաղաքի ժխորը:

Օգոստոս 28-29, այս տեսակի շաբաթավերջ մըն էր Եագուպիէի համար:

Եագուպիէն, Հալէպէն Քեսապ տանող մայրուղիէն դէպի հիւսիս թեքող կանաչապատ հայկական գիւղ մըն է: Գիւղի մուտքին ցուցատախտակը հայերէնով, բարի գալուստ կը մաղթէ այցելուին, մինչ մայր ճամբան, իրարմէ բաժնելով հայ եւ լատին թաղամասերը, կ'երկարի մինչեւ բարձունքին կառուցուած հայկական Ս. Աննա եկեղեցին:


Գիւղին երկու հատուածները՝ հայ եւ լատին, որոնք ունեցած են միեւնոյն արմատները, 20-ական թուականներէն ի վեր բաժնուած են իրարմէ հսկայական վիհով մը, որու իբրեւ հետեւանք լատինները ամբողջութեամբ արաբացած են:

Այցելուն, թէեւ կը լսէ Վարդան, Ասպետ, Սուրէն, Մելքոն, հայկական անուները, սակայն խօսակցական լեզուն արաբերէն է:

Շաբաթ կէսօրէ ետք, ուխտաւորներով գիւղ ժամանող ինքնաշարժները փոշիի ամպ մը կը բարձրացնեն արեւու ճառագայթներէն շիկացած գիւղին: Անընդհատ շարունակուող պայթուցիկներու ձայնը, ինքնաշարժներու ճչակը եւ դուրսէն ժամանողներուն հայերէն բարձրաձայն խօսակցութիւնը, ազդանշաններն են թէ տօնը սկսած է արդէն: Երեկոյեան դէպի Ս. Աննա եկեղեցին տանող բարձունքը եռուզերի մէջ է: Երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, եղնիկներու նման ցատկռտելով կ'ելլեն ու կ'իջնեն եկեղեցիի զառիվերը, իրենց գիշերային ծրագիրները մշակելով. իսկ տարիքաւորներ, ոմանք ոտաբոպիկ, տեղ-տեղ կանգ կ'առնեն եւ շունչերնին հատած կը հասնին եկեղեցւոյ գաւիթը. պահ մը կը հանգչին, ապա երկիւղածութեամբ մոմ կը վառեն եւ Ս. Աննայէն օգնութիւն կ'աղերսեն:

Մինչ եկեղեցիին ժամկոչը մուրճի հարուածներ տալով պատէն կախուած տափակ, քառանկիւնաձեւ, իւրայատուկ մետաղէ զանգակին, հաւատացեալները աղօթքի կը հրաւիրէ, անդին Եագուպիէի Ազգային Վերածնունդ պարախումբի պատանի-պարմանուհիները կը խանդավառեն ու կը հմայեն ներկաները, որոնք բոլորն ալ անխտիր, իրենց մարմնի շարժումներով, իրենց հոգիով կը մասնակցին պարեղանակներուն: Բեմ կը հրաւիրուի երիտասարդ երգիչը որ ներկաներուն կը խոստանայ առանց դադարի երգել երեկոյեան ժամը եօթէն մինչեւ առաւօտ ժամը եօթը: Եւ հայկական Եագուպիէն անքուն գիշեր մը կ'անցընէ, արթուն պահելով նաեւ լատիններն ալ, հաւանաբար այն յոյսով որ կրնան խղճահարութիւն մը ունենալ եւ վերադառնալ իրենց արմատներուն:

Կիրակի առաւօտ, Հալէպէն ժամանող ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը եւ սկաուուտներ, սուրիական եւ հայկական դրօշակներու առաջնորդութեամբ, կը տողանցեն մայր ճամբէն դէպի եկեղեցի: Իրենց կը հետեւին Հալէպի հայոց առաջնորդը, ինչպէս նաեւ գիւղին երեւելիները եւ հիւրեր:

Եկեղեցիին մուտքը զարդարուած է հայկական եռագոյն փուչիկներով: Գաւիթի հնամենի ծառի ճիւղերէն վար կը սահին եռագոյն ժապաւէններ: Այս բոլորը ցոյց տալու արար աշխարհին թէ Ս. Աննան հայ է, եկեղեցին ( 14 րդ դարէն մնացած) հայ առաքելական է, Եագուպիէն ինքը հայկական գիւղ է:

Եկեղեցական արարողութենէն եւ օրհնուած մատաղի բաշխումէն ետք ուխտաւորները կը սկսին հեռանալ եւ գիւղին վրայ տակաւ առ տակաւ կ'իջնէ հանդարտութիւն եւ լռութիւն:

Շաբաթ մը առաջ, Ս. Աստուծածնայ տօնին առթիւ, միեւնոյն մթնոլորտը կը տիրէր Քեսապի, ինչպէս նաեւ հայկական Ղընըմիէ գիւղին մէջ, իսկ նախորդող շաբաթը Արամօ-ի մէջ (Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ տօնին):

Հիւսիսային Սուրիոյ հայկական գիւղերը տասնեակ հարիւրաւոր տարուայ անցեալ մը ունին: Ներկայիս, ներարեալ Քեսապի գիւղերը, իրենց գոյութեան պայքարը կը մղեն ընդդէմ արտագաղթին, արաբականացումին, օտար կրօնատեղիներուն (վերջին տարիներուն Քեսապի եւ Ղընըմիէի մէջ կառուցուած մզկիթները ամբողջութեամբ խորթ են տուեալ գիւղերուն համար) եւ վերջապէս պարտիզպանութեամբ զբաղողներուն անհատնում դժուրութեանց դիմաց:

Ղընըմիէի, Ասատուր Ասատուրեանի մտերմիկ տան մէջ մեր խօսակցութիւնը կ'ընդահատուի երեկոյեան “էզէն”-ի խլացուցիչ ձայնին պատճառաւ: Մթնոլորտը ընդվզեցուցիչ եւ անընդունելի է բոլորիս: Մի քանի վայրկեան ետք, երբ հանդարտութիւնը կը վերադառնայ գիւղ, Ասատուր ցոյց կու տայ պարտէզին մէջ կրակին վրայ սմբուկ խորովող իր փոքրիկները՝ Սիրակը, Սուրէնը, Սիւզին եւ բարձրաձայն կը յայտարարէ.

– Իմ մեծ հայրս եւ հայրս հոս ապրած են. Ես ալ հոս կ'ապրիմ, իմ զաւակներս ալ, իրենց զաւակներն ալ հոս պիտի ապրին:
 

You May Also Like