Ո՛չ կարգախօս է, ո՛չ ալ` դասախօսութեան մը ընթացքին արտասանուած հռետորական ճառ մը, այլ տասնինը պատանի-երիտասարդներու խանդավառ ներկայացումը` հայկական ժողովրդական երգի մը ընդմէջէն:

Ո՛չ կարգախօս է, ո՛չ ալ` դասախօսութեան մը ընթացքին արտասանուած հռետորական ճառ մը, այլ տասնինը պատանի-երիտասարդներու խանդավառ ներկայացումը` հայկական ժողովրդական երգի մը ընդմէջէն:



Եկեղեցի, դպրոց, կուսակցութիւն, մամուլ, մշակութային եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններ` իւրաքանչիւր միաւոր քով-քովի կու գայ, թէկուզ դժուարութեամբ կազմելու համար հայուն սփիւռքեան տարրերու մեծ օղակը` հայապահպանումի ծառայող եւ մեծ զոհողութիւններով մղուած պայքարին օժանդակող: Այս զոհողութեան մէկ փոքր մասը Ճենազեան վարժարանի ամավերջի հանդէսին արտացոլաց: Երգեցին, պարեցին, արտասանեցին, կարդացին եւ արտայայտուեցան` մերթ յունարէն, մերթ մայրենի լեզուով, որուն հնչիւնաբանութեան մէջ կար յունարէնի դրոշմն ու եղանակը, նմանօրինակ պատկերի կը հանդիպինք մեր սփիւռքահայ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ հասակ նետած պատանիին ու երիտասարդին մօտ: Նոյն այդ իրականութեան մէջէն կու գար հպարտութիւն մը, թէ սորված էին ինքնութիւնը` իր ազգային-քրիստոնէական եւ մշակութային պատկանելիութեամբ: