
Յարութ Տէր Դաւիթեան, Մասիս Շաբաթաթերթ, Լոս Անճելըս



Յարութ Տէր Դաւիթեան, Մասիս Շաբաթաթերթ, Լոս Անճելըս
Անհատի պարագային, ի՛նք կ'որոշէ թէ ի՞նչ ուղիով կ'ուզէ ընթացնել իր կեանքը: Իսկ հաւաքականութեան պարագային, անոր ուղին կը ճշդուի իր մէջէն ծնած առաջնորդներու տեսիլքով, որմէ ազդուած եւ հմայուած, տուեալ հաւաքականութեան բաղադրիչ տարրերը կը նուիրուին այդ տեսիլքի իրականացման:
Մեր պատանեկութեան օրերուն, մենք խանդավառուած կը քալէինք մեր «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ»ով, պահանջելով «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը»: Քայլարշաւներու ու բողոքի ցոյցերու մասնակցելով, մենք կը հաւատայինք, որ կամաց կամաց կը մօտենայինք մեր «Մեծ Երազ»ին: Բայց տարիներու թաւալքին հետ կամաց կամաց սկսանք համոզուիլ, որ մեր թափառումները մեզ չէին տանէր դէպի մեր հողերը: Մեզմէ տարիներ առաջ արդէն, Զարեհ Որբունին համոզուած ըլլալով այդ մէկուն, այսպէս կ'արտայայտուէր. «Դաշնակցական խումբ, գնանք մենք Սասուն: Եւ մենք Սասուն չէինք գացած: Հոտ էր հարցը: Եկած ենք Փարիզ, Աթէնք, Հալէպ, Պէյրութ, հեռաւոր Ամերիկաները, ամէն տեղ, ամէն տեղ, բայց ո՛չ Սասուն: Բայց հայը, մինչեւ վերջին հայը, սոթտած թեւերը լուացքի օճառոտ ջուրին մէջ՝ պիտի երգէ «երթանք մենք Սասուն…» մինչեւ ձեռքերուն մորթին այրուիլը, կծկուիլը»:
Հիմա, միջին տարիք կը բոլորենք: Կը նայինք մեր շուրջը, գտնելու այն տեսլական ունեցող առաջնորդները, որոնք պիտի գծեն հաւաքականութեան հետապնդելիք ուղին: Եւ ի՜նչ կը տեսնենք: Ոչ մեր «Մեծ Երազի» հողերու ջատագով մնացած է եւ ոչ ալ այդ ճամբուն վրայ քալողներ: Աւելի ցաւալի հարցը այն է, որ մեր հողերէն մեր բռնի տեղահանութիւնէն ետք, հիմա կամովին կը հեռանանք նաեւ մեզի մնացած պուտ մը հողէն…
Կը հեռանանք, որովհետեւ Խորենացիի բնութագրումով, մեզի կը տիրեն «խստասիրտ ու չար թագաւորներ, որոնք ծանր, դժուարակիր բեռներ են բարձում, անտանելի հրամաններ են տալիս… կարգ չեն պահպանում, անողորմ են»: Այնքա՜ն անողորմ, որ չեն վարանիր նոյնիսկ մնացած այդ պուտ մը հողի ընթերքի շահագործումով լեցնելու իրենց գրպանները եւ դուրս վանելու այդ հողի յաւերժութեան ապաւէն մշակները: Այնքա՜ն անողորմ, որ «հաւատը ծախւում է այս ունայն կեանքի համար», ոչ միայն աշխարհական, այլ նոյնիսկ հոգեւոր առաջնորդներու կողմէ: Կը նայինք մեր շուրջը ու կը տեսնենք աշխարհի չորս կողմերը ա՛լ աւելի ցիրուցան դարձած հայու բեկորները, որոնք «Մեր Հողեր»էն վազ անցած, խեղճացած են այնքա՜ն, որ կը մուրան գէթ ճանաչումը «Մեր Զոհերուն, Մեր Զոհերուն»… Այս ընթացքով ու՞ր պիտի հասնինք…
1 comment
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ
Իրավացի է հեղինակը:Մենք պարտավոր ենք կառուցել արդար երկիր:Միայն արդար երկիր ունենալու դեպքում է հնարավոր Սասուն ու Մուշ ազատագրել:1988-1994թթ պատերազմում հաղթանակի պատճառի հիմքում ընկած էր հենց արդար երկիր կառուցելու իմաստը, որտեղ Հայը իր ազատության տերն կարող էր լինել:
Comments are closed.