Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, Դեկտեմբեր 2013
Գրասեղանիս վրայ են Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի Յուլիս 22 եւ 23, 1977 թիւերը: Առաջինին մէջ հրատարակուած է Եղեռնի 60-ամեակին առթիւ Մայիս 24, 1975ին գրած բաց նամակս՝ «Հայ Երիտասարդին Խօսքը Իրմէ Տարեցներուն», իսկ երկրորդին մէջ՝ խորհրդածութիւններուս շարունակութիւնը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի եւ իմ Սէուտական Արաբիա կեցութեանս լոյսին տակ:
Փետրուար 1975ին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուած էի Հայկազեան համալսարանի պատմագիտութեան ճիւղէն, բայց պարագաներու բերմամբ, փոխանակ շարունակելու մասնագիտութիւնս, մտած էի ապահովագրական ասպարէզին մէջ: Վերեւ նշուած խօսքիս մէջ կ'ընդգծէի, որ բաւարար չէ յայտարարել թէ երիտասարդութիւնը ազգի մը յոյսն ու ապագան է, այլ պէտք է ծրագրաւորուած ձեւով հետամուտ ըլլալ ԳԻՏԱԿԻՑ երիտասարդութեան մը պատրաստութեան: Հետեւաբար կ'առաջարկէի միասնական ջանքերով հովանաւորումը համալսարանական բարձրագոյն ուսման հետամուտ երիտասարդներու, պատմագիտութեան, քաղաքականութեան եւ տնտեսագիտութեան մարզերու մէջ, որոնք իրենց մասնագիտութիւնները պիտի ի սպաս դնէին մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան «մութ էջեր»ու լուսաբանման, մեզ տարանջատող տարակարծութիւններու հարթման եւ մեր ընդհանուրի իրավիճակի բարելաւման: «Երբ այս խումբ մը երիտասարդները միատեղ յառաջ տանին իրենց զարգացումը, միշտ անմիջական կապի մէջ մնալով իրարու հետ ու քննարկելով իրենց ստացած գիտելիքները, վստահաբար անոնց քննական միտքը պիտի յաջողի լուծել մեծ մասը այն տարակարծութիւններուն, որոնցմէ կը տառապի սփիւռքը եւ որոնք արգելք կ'ըլլան անոր արդիւնաւոր գործունէութեան»:
Յարութ Տէր Դաւիթեան, Լոս Անճելըս, Դեկտեմբեր 2013
Գրասեղանիս վրայ են Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի Յուլիս 22 եւ 23, 1977 թիւերը: Առաջինին մէջ հրատարակուած է Եղեռնի 60-ամեակին առթիւ Մայիս 24, 1975ին գրած բաց նամակս՝ «Հայ Երիտասարդին Խօսքը Իրմէ Տարեցներուն», իսկ երկրորդին մէջ՝
Փետրուար 1975ին պատուոյ յիշատակութեամբ վկայուած էի Հայկազեան համալսարանի պատմագիտութեան ճիւղէն, բայց պարագաներու բերմամբ, փոխանակ շարունակելու մասնագիտութիւնս, մտած էի ապահովագրական ասպարէզին մէջ: Վերեւ նշուած խօսքիս մէջ կ'ընդգծէի, որ բաւարար չէ յայտարարել թէ երիտասարդութիւնը ազգի մը յոյսն ու ապագան է, այլ պէտք է ծրագրաւորուած ձեւով հետամուտ ըլլալ ԳԻՏԱԿԻՑ երիտասարդութեան մը պատրաստութեան: Հետեւաբար կ'առաջարկէի միասնական ջանքերով հովանաւորումը համալսարանական բարձրագոյն ուսման հետամուտ երիտասարդներու, պատմագիտութեան, քաղաքականութեան եւ տնտեսագիտութեան մարզերու մէջ, որոնք իրենց մասնագիտութիւնները պիտի ի սպաս դնէին մեր մօտիկ անցեալի պատմութեան «մութ էջեր»ու լուսաբանման, մեզ տարանջատող տարակարծութիւններու հարթման եւ մեր ընդհանուրի իրավիճակի բարելաւման: «Երբ այս խումբ մը երիտասարդները միատեղ յառաջ տանին իրենց զարգացումը, միշտ անմիջական կապի մէջ մնալով իրարու հետ ու քննարկելով իրենց ստացած գիտելիքները, վստահաբար անոնց քննական միտքը պիտի յաջողի լուծել մեծ մասը այն տարակարծութիւններուն, որոնցմէ կը տառապի սփիւռքը եւ որոնք արգելք կ'ըլլան անոր արդիւնաւոր գործունէութեան»:
Հաստատելով, որ երբ «երիտասարդութիւնը իր ձեռքին մէջ չունի իր դատին ճշմարիտ թղթածրարը, ապա անոր կատարած դերը կը մնայ հարցական ու կախեալ», հարց կու տայի թէ «ի՞նչպէս կ'ուզէք որ ան կարենայ հետապնդել դատ մը, որ յստակ չէ իրեն: Այո, ի՞նչպէս կ'ուզէք որ զայն հետապնդէ՝ դպրոցներու մէջ դասաւանդուող ԽԵՂՃ հայոց պատմութիւնո՞վ թէ կազմակերպութիւններու մէջ տրուած հատուածական պատմութիւններով»: Ցաւալի գտնելով այդ իրավիճակը, որ մութի մէջ կը պահէ երիտասարդութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանայ յստակ ապագայի մը ծրագրաւորման, կը շեշտէի, որ «պէտք է յստականայ այս դատը հայ ազգի բոլոր տարիքի անհատներուն համար, ոմանց վիրաւորելու գնով, որմէ միակ շահողը պիտի ըլլայ հայ ազգը, որպէս ՄԷԿ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ»:
Հատուածային մտածելակերպը դատապարտելի ու քանդիչ գտնելով, անհրաժեշտ կը նկատէի նոր մտածելակերպի ներմուծումը ժողովրդային խաւերու մէջ: Մեր ժողովուրդի ապագան աւելի բարւոք դարձնելու մտահոգութիւնէն մեկնած, անհրաժեշտ կը գտնէի անմիջական գործնական քայլերու դիմումը, հարց տալով «արդեօ՞ք լիբանանեան աղէտ մը պէտք էր որպէս զի սթափեցնէ մեզ, որ աւելի գործնական ըլլանք: Յամենայնդէպս անհրաժեշտ է անմիջապէս գործի անցնիլ: Գործ մը, որ պէտք է հիմնապէս տարբերի անցեալի գործերէն: Հայապահպանում քարոզելով մենք տեղ չենք հասնիր: Ատիկա ներկայի պայմանները նկատի առած, կաթիլ առ կաթիլ մահանալ է: Գործ է հարկաւոր եւ այդ գործին մէկ օրինակը տալ ջանացինք մենք այս յօդուածով: Մեզմէ ամէն մէկուն պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ հանդէս գալ գործնական առաջարկներով, որպէս զի ամենակարճ միջոցին կազմենք մեր յառաջիկայ գործունէութեան բլանը ու անցնինք գործի»:
Շեշտելով, որ «ապագան ԳԻՏԱԿԻՑ երիտասարդութեան է որ կը պատկանի», կարեւոր կը համարէի որ երիտասարդութիւնը ունենայ «ազատութիւնը ըսելու իր խօսքը, անկեղծ ու անպարուրուած: Ազատութիւնը, այդ խօսքը գործի վերածելու եւ ազատութիւնը, յանգելու այնպիսի աստիճանի մը, ուր իր միտքը, հոգին ու խիղճը հանգիստ ըլլան հայրենիքին իսկական ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալու զգացումով: Կ'ուզէ՞ք որ երիտասարդութիւնը տայ իրմէ ակնկալուածը, ուրեմն օգնեցէք պատրաստութեանը անաղարտ երիտասարդութեան մը ու ապա հաշիւ պահանջեցէք անոնցմէ»:
********************
Գրեթէ քառասուն տարիներ անցած են մեր «Հայ Երիտասարդին Խօսքը Իրմէ Տարեցներուն» յօդուածին վրայէն: Հիմա «տարեցն» է, որ կարդալով «երիտասարդին» խօսքը, հարց կու տայ ինքն իրեն. ի՞նչ պատասխան կրնամ տալ այսօրուան երիտասարդին, եթէ նոյն խօսքով դիմէ ինծի: Արդեօք բաւարար աշխատանք կը տանի՞մ գիտակից ու անաղարտ երիտասարդութեան մը պատրաստութեան համար: Ի՞նչ հաշուետուութիւն կրնամ տալ այսօրուան երիտասարդին, եթէ ան ալ երէկի «երիտասարդին» նման, իր տարեցներուն վերյիշեցնէ Զօր. Անդրանիկի պատգամը՝ «աշխատեցէք որ ապագայ սերունդին ու ապագայ պատմութեան լաւ բան տաք եւ ոչ թէ անէծք»: Ի՞նչ առաքելութիւն վերապահուած է մեր սերունդին: Սերունդ մը, որ կը կամրջէ Եղեռնի ու տեղահանութեան բովէն անցած մեր հայրերու սերունդը եւ համաշխարհայնացման արհաւիրքի կլանման ենթակայ մեր զաւակներու սերունդը: Ի՞նչ է մեր սերունդի պատասխանատուութիւնը: Ի՞նչ հզօրութեան աստիճանի օղակով պիտի կապուինք Հայկ Նահապետէն մինչեւ մեզի հասած սերունդներու շղթային, որպէս զի ապահովենք այդ շղթայի շարունակութիւնը նորանոր օղակներու շարակապութեամբ: Ի՞նչ արժէքներ, ի՞նչ լաւ բան պիտի տանք գալիք սերունդներուն ու պատմութեան:
Մեր համեստ կարծիքով, բայց հաստատ համոզումով, ամէն մէկ անհատ ու հետեւաբար ամէն մէկ սերունդ պէտք է փնտռէ, գտնէ ու նուիրուի այնպիսի իտէալներու, որոնք կ'իմաստաւորեն իր գոյութիւնը եւ կ'արժեւորեն իր կեանքը այս աշխարհի վրայ: Այլ խօսքով՝ ամէն մէկ սերունդ պէտք է մշակէ իր առաքելութիւնը, բերէ իր նպաստը զինք նախորդած սերունդներէն ստացած աւանդի հարստացման եւ ունենայ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը այդ ամէնը փոխանցելու յաջորդող սերունդներուն: Այս կը նշանակէ, որ ամէն մէկ սերունդ չի կրնար եսակեդրոն ըլլալ, այլ պէտք է գիտակցի, որ ինք մէկ մասնիկն է այն ազգին, որ զինք ծնած է ու պարտք զգայ իր նպաստը բերելու ընդհանուրի, ազգի յառաջդիմութեան: Մեր սերունդը որքանո՞վ կը գիտակցի այն ճակատագրական, վերեւ նշուած կամուրջի դերին, որ վերապահուած է իրեն եւ ի՞նչ աշխատանք կը տանի այդ ուղղութեամբ:
Շատ հաւանաբար ամէն մէկ սերունդի դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մին է կենդանի երկխօսութեան ստեղծումը երէց եւ կրտսեր սերնդակիցներու հետ: Ամէն մէկ սերունդ, զինք յուզող հարցերն ու տագնապները սովոր է քննարկել իր սերունդի անդամներուն հետ, չի յաջողելով երէցն ու կրտսերը ներգրաւել այդ հարցերուն լուծման որոնումներու գործընթացին մէջ: Ասիկա մեծապէս կը դանդաղեցնէ լուծումներ գտնելու գործընթացը ու հետեւաբար տուեալ հաւաքականութեան յառաջխաղացքը: Ի՞նչու համար օրինակ, քսան տարեկան երիտասարդը պիտի երկար ժամանակ յատկացնէ ինքնորոյն որոնելու իր համայնքին վերաբերող տուեալ հարցի մը լուծումը, ու չ'օգտուի վաթսուն տարեկան իր երէցի փորձէն, որ արդէն անցած է նոյն ճանապարհէն ու գտած լուծումը: Դեռ չենք խօսիր աշխարհով մէկ սփռուած մեր համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան մարտահրաւէրին մասին: 1975ին պայթած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը իր աւերը գործեց տեղւոյն հայկական համայնքին վրայ: 2011էն ի վեր Սուրիոյ հայկական համայքն է, որ կ'ենթարկուի նմանատիպ աւերումի: Ի՞նչ կ'ընէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը օգնութեան հասնելու սուրիահայ իր հայրենակիցներուն: Ցարդ առնուած քայլերը մեզի կը թելադրեն, որ չենք հասկցած աղէտի տարողութիւնն ու ահազանգային դրութիւնը եւ դաս չենք քաղած լիբանանեան փորձառութիւնէն:
Եթէ մենք կարենանք ստեղծել միջավայր մը եւ կամ հիմնարկ մը, ուր կարելի կը դառնայ նշուած երկխօսութեան անցկացումը, ազատ, անշահախնդիր, ու մասնագիտական մակարդակի վրայ, ապա մեծապէս նպաստած կրնանք ըլլալ մեզ տագնապեցնող հարցերու լուծման ու մեր յառաջխաղացքին: Այս մէկը յոյժ կարեւոր անհրաժեշտութիւն մըն է մանաւանդ ներկայիս, երբ խրամատը մեր սերունդին ու համացանցի յեղափոխութեան ծնունդ նոր սերունդին միջեւ տակաւ կը լայննայ: Ի՞նչպէս կրնանք ներդաշնակել ու շաղկապել այս երկու աշխարհայեացքները յօգուտ մեր ազգի ապագային: Ներկայ դրութեամբ իսկ, հազուագիւտ քսան տարեկաններ պիտի կարդան այս տողերը, իսկ մի քանի տասնամեակ ետք, երբ մեր սերնդակիցներն ալ հեռանան կեանքի ասպարէզէն, ա'լ կարդացող պիտի չի մնայ: Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կարենանք մեր կեանքի փորձառութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Խրիմեան Հայրիկի «պապիկ»ը կը հաւատար, որ «թոռնիկ»ը պիտի կարդար իր խրատները: Այսօր, հայերէնով գրող քանի՞ հայր կը վայելէ հրճուանքն ու մխիթարութիւնը կարդացուելու իր իսկ զաւկին կողմէ: Ու դեռ չենք համարձակիր նշել թոռնիկը:
Ի՞նչ են մեր սերունդի առաջնահերթութիւնները: Ժամանակը չէ՞ այսպիսի հարցերու հրապարակային լայն քննարկման ու լուծումներու որոնման: Ի՞նչ մնաց կուսակցական վէճերէ ու ձեխարձակումներէ: Ո՞վ կը յիշէ թէ Ապրիլ 24ի յիշատակման հանդէսներուն ո՞վ սկիզբը խօսք առաւ եւ ո՞վ վերջը: Կամ քանի՞ դրօշակ պարզուեցաւ այս կամ այն կուսակցութեան կողմէ: Ի՞նչ շահեցանք եղբայրասպան արիւնայեղումներէ:
Ի վերջոյ, ի՞նչ արժէքներ, ի՞նչ լաւ բան պիտի տանք գալիք սերունդներուն ու պատմութեան: Եւ ի՞նչպէս: