«Մէկ Փամփուշտ Ունիս Միայն…»

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 10 Սեպտեմբեր 2014

«Մանուկը Ամէնէն Շատ Կը Զգայ Պատերազմին Ցաւը»

Ջիւան Աւետիսեանին հանդիպեցայ Կիպրոս, երբ հրաւիրուած էր Համազգային մշակութային միութեան կողմէ, որպէսզի ներկայացնէ իր բեմադրած եւ պատրաստած «Թեւանիկ» ժապաւէնը: Երիտասարդ բեմադրիչը լուռ է ընդհանրապէս` արուեստագէտի եւ արուեստի զգայնութեամբ եւ հոգեվիճակով, որ կը փորձէ մեր ազգային-հայրենասիրական հիմնահարցերը դիտել եւ ներկայացնել իր այդ ներաշխարհին մէջէն:

«Թեւանիկ»-ը հեռու է այսպէս ըսած «սպառողական» շուկայի համար պատրաստուած «թեզեր» ներկայացող եւ պաշտպանող ժապաւէններէ եւ տուեալներէն: Ոչ ալ «ահաւոր» եւ «սարսափազդու» տեսարաններով լեցուն է, որով պիտի փորձէր այդ տեսակի պատկերներուն մէջէն ներկայացնել ղարաբաղեան պատերազմին ահաւորութիւնը: «Թեւանիկ»-ը լեցուն է մարդկային փոխյարաբերութիւններու եւ անոնց ներաշխարհի պոռթկում-ապրումներով` պատերազմի ճնշիչ ու «կենաց-մահու» պայմաններուն տակ: Եւ նոյնինքն այս ապրուած պոռթկում-ապրումները, որոնք  «իրական» էին, բաւարար էին հանդիսատեսին հաղորդելու եւ անոր հետ բաժնեկցելու պատերազմին ահաւորութիւնը:

Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին Ղարաբաղի տարածաշրջանի մէկ փոքր գիւղի մը ապրած իրական կեանքն է` պատերազմի արհաւիրքին մէջ: Եւ այդ «իրական» ապրուած կեանքը երիտասարդին, չափահասին եւ տարեցին է, որ ընդհանրական եւ ամբողջական էր, եւ Ջիւան Աւետիսեան այդ բոլորը կը փորձէր համադրել եւ ներառել երեք մանուկ-պատանիներու կեանքին մէջէն` Արամին, Աստղիկին եւ Թեւանիկին:

Եւ արժէ մէկ-մէկ քակել ապրուած իւրաքանչիւր ներաշխարհ` այդ փոքրիկ գիւղի բնակիչներուն: Տարեցին հայրենասիրութիւնը եւ հողին կապուածութիւնը, երիտասարդին «վախը», որ չկարենալով դիմանալ այդ բոլորին, ձգելով` կը հեռանայ, իսկ միւս կողմէ` հօրը վճռակամութիւնը. «Ինչպէ՞ս կրնամ այս տունը եւ մօրդ գերեզմանը ձգել եւ երթալ…»: Հայ հօր անհանդուրժողութիւնը իր երիտասարդ զաւկին «սիրոյն» նկատմամբ, որ ամուսնացած էր ազերիի մը հետ: Ու կար նաեւ Աւոն, որ միշտ հաւատարիմ էր «հրամանատարին»: Եւ իւրաքանչիւր գիւղացի-քաջամարտիկ, որ չի կրնար հրահանգին ենթարկուիլ, երբ հրամանատարը ըսաւ, թէ պէտք էր վերադարձնեն: «Հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր այս գիւղը եւ իր ընտանիքները, եթէ քաշուինք…»:

«Մանուկը ամէնէն շատ կը զգայ պատերազմին ցաւը…»: Ջիւանն է խօսողը: «Եւ ասոր համար է, որ ժապաւէնը ուզեցի ներկայացնել մանուկներու ապրած ներաշխարհին մէջէն»:

Ջիւան Աւետիսեանը ինը տարեկան էր, երբ սկսած էր ղարաբաղեան պատերազմը: Ինք ալ մանուկ էր եւ ապրած էր այդ պատերազմին «ցաւը»… ինչպէս` մինչեւ օրս շատ մը մանուկներ, որոնք կ՛ապրին պատերազմներու «ցաւեր»` հոսկէ հոն: «Ես պատմում եմ այն մասին` ինչ տեսել եմ, զգացել եմ, ապրել եմ…»:

Եւ Ջիւան կը պատմէ իր «ապրած»-ը ամենայն «անկեղծութեամբ» եւ «հարազատութեամբ»:

Արամը «կ՛ողբայ» իր ազերի մօր «կորսուող» սէրը: Երբ մայրը իր փոքր եղբօր հետ ստիպուած է լքել գիւղը եւ անցնիլ միւս կողմ: Աստղիկ «կը կիսէ» եւ «կը բաժնէ» իր պատանեկան սէրը: Սէրը` Թեւանիկին, մանաւանդ երբ չի մոռնար իրեն տալու «խնձոր»-ը, երբ Թեւանիկ հրամանատարին հետ կ՛ուղղուի դէպի հովիտ: Բայց Աստղիկ նաեւ կ՛ուզէ «բաժնել» սէրը, եւ ամէն գնով կ՛ուզէ «հրամանատարին» հասցնել անոր կնոջ նամակը: Հոն, ուր հրամանատարին կինը վերջապէս կրնայ հասկնալ իր ամուսնոյն «սէր»-ը իր երկրին, ազգին ու ինքնութեան, եւ թէ ինչո՛ւ իր ամուսինը պէտք էր ճակատ երթալ պաշտպանելու այս բոլորը, եւ թէ` ինք կ՛ուզէ միանալ եւ իր քովը ըլլալ: Աստղիկ անպայման ուզեց այս նամակին մէջի «սէր»-ը բաժնել հրամանատարին հետ, բայց չհասաւ…

Իսկ Թեւանիկը երեւի ամբողջացումն է այս բոլոր ապրուած փորձառութիւններուն եւ հոգեվիճակներուն:

«Մէկ փամփուշտ ունիս` կա՛մ կը սպաննես եւ կա՛մ կը սպաննուիս»…: Հրամանատարին վերջին խրատն էր Թեւանիկին` ազերի արձակազէնի գնդակէն սպաննուելէն առաջ…:

Եւ Թեւանիկ պիտի ապրէր այդ մէկ փամփուշտով, մինակը, առանց հրամանատարին: Եւ կարծէք այդ մինակ իրավիճակը թաւալգլոր կեանքն էր, երբ հետզհետէ պիտի մեծնար, եւ հասուննար Թեւանիկը, բայց նաեւ իւրաքանչիւր պատանի` այդ արհաւիրքին մէջէն:

Չուշացաւ Թեւանիկին փորձութիւնը: Կար իր պատանեկան արբունքի շրջանի կիրքը եւ սէրը, երբ տեսաւ ազերի կին արձակազէնը, որ կը լոգնար հովիտին մէջ: Եւ հոն զէնքը մէկ կողմ դնելով` մտաւ նոյն այդ փորձութեան հմայքին մէջ: Բայց կար սթափումը` եթէ մէկ կողմէ ազերի կնկան, բայց նաեւ Թեւանիկին, եւ վերադարձը զէնքին` ինքնութեան: Եւ Թեւանիկ կը գլորուի: Եւ իւրաքանչիւր գլորուելու հետ կարծէք Թեւանիկ քիչ մը աւելի «կը մեծնար», մինչեւ որ գտնէր ամուր եւ հաստատ ու ապահով կայք մը, ուր կրնար դիրքորոշուիլ: Եւ չ՛ուշանար վճռական պահը, երբ խօսքը իսկութեան կը վերածուի, եւ մէկ ու միակ փամփուշտ ունի եւ պէտք է գիտնայ, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործածէ զայն:

Թեւանիկ կը կենայ հաստատ եւ վճռական` ազերի կին արձակազէնին դիմաց: Ան կը գիտակցի, թէ պէտք էր գործածել իր «մէկ հատ փամփուշտը», որպէսզի… «ապրի»: Ինք, բայց նաեւ` գիւղն ու… հայը:

Ու դարձեալ Աւոն է: Ան ալ ամուր կեցած է իր դիրքին ու խարիսխին վրայ եւ ստանձնած է հրամանատարի պարտաւորութիւնը: Հեռադիտակով կը դիտէ ու կը հետեւի Աւոն, բայց այն համոզումով, որ պիտի տեսնէ «հայուն վերապրումը»:

«Մէկ փամփուշտ  ունիս միայն…»:

Յստակ է եւ պատմութեան տուեալներէն մեկնելով` բացայայտ է, թէ հայուն ապրիլը եղած է «ցաւով»: Եւ երեւի տակաւին կը շարունակուի այդպէս ըլլալ: Եւ այդ «ցաւոտ» կեանքին մէջ հայը ունեցած եւ ապրած է «փորձութիւնը»…: Բայց նաեւ «իրական» է, թէ հայը այդ «ցաւին» մէջէն ու «փորձութեան» փորձառութենէն միշտ կառչած է «արժանապատիւ» կեանքին:

Ջիւանն է դարձեալ եւ իր ժապաւէնին մէջէն…

Ղարաբաղցի քաջամարտիկը դուրս եկաւ իր խարիսխ-դիրքէն` «խելագարած», կը կրակէ թշնամիին դիրքին վրայ ու կը յառաջանայ բացագանչելով. «Մենք մեր արժանապատուութեամբ է, որ պիտի ապրինք…»:

Հայը «մէկ փամփուշտ ունի միայն»: Եւ այդ փամփուշտը  պիտի գործածէ, որպէսզի ապրի իր «արժանապատուութեամբ»-ը:  Եւ «արժանապատուութիւնը» իր ազգային ինքնութեան եւ իր արդար պահանջատիրութեան մէջն ու անոր միջոցով է:

Եւ հայը իր «մէկ փամփուշտը» պիտի գործածէ, որպէսզի շարունակէ ապրիլ իր «արժանապատուութեամբ»:

You May Also Like