Միասնական Կամք, Հաւաքական Միտք Եւ Ոգի

Դոկ. Սուրէն Սէրայտարեանի խօսքը արտասանուած Սեւրի մէջ կայացած Արեւմտահայոց Երրորդ Համագումարի աւարտին (10 Դեկտեմբեր 2011): Խմբ.

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Թոյլ տուէք մեզի բոլորիս շնորհաւորել Արեւմտահայերու Երրորդ Համագումարի բարեյաջող եւ արդիւնաբեր աւարտի կապակցութեամբ:

Համագումարը ցոյց տուաւ որ եթէ կայ յստակ նպատակ, բարի կամք եւ իրատես հաւատք, ապա հայերը կրնան համագործակցիլ, համախոհութիւն եւ միասնականութիւն ապահովել:

Ինչպէս պատգամած է մեզի մեր մեծ բանաստեղծը, մեր միակ փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժի մէջ է:

Մեր պարտութիւններու եւ մեր կորուստներու հիմնական պատճառը պէտք է փնտռել ոչ թէ թշնամիներու վայրագութեան, ոչ թէ բարեկամներու դաւաճանութեան, այլ մեր միասնականութեան ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ իրատեսութեան բացակայութեան մէջ:

Մեզի պատմութիւնը կրկին հնարաւորութիւն կու տայ յաղթական դուրս գալու համար:

Հայաստանը անկախացած է, Արցախը ազատագրուած, de facto միացումը իրականացած է:

Տարագիր, պատսպարեալ արեւմտահայութեան ժառանգները կարող, կայուն, զարգացած քաղաքացիներ են մեծ մասամբ յառաջադէմ երկիրներու մէջ, կը ներկայացնեն հզոր ներուժ, մայր հայրենիքի հետ միասին յուսալի եւ ապահով ապագայ կերտելու համայն հայութեան համար:

Եթէ հայութիւնը միասնական կամք, հաւաքական միտք, հաւաքական ոգի ապահովէ, հաւատացած ենք, 21-րդ դարը պիտի նշուի որպէս հայութեան դարը:
 
You May Also Like