Միշտ Թատերական Պատնէշի Վրայ…

Հարցազրոյց Վաստակաշատ Դերասան Եւ Բեմադրիչ
Պերճ Ֆազլեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ

Հարցում.- Երկար տարիներէ ի վեր բազմաթիւ դերերով ու թատերգութիւններով հանդէս եկած էք Սփիւռքի թէ արաբական աշխարհի բազմատեսակ բեմերէն եւ ֆիլմերու մէջ: Կրնա՞ք ներկայացնել ձեր արուեստագէտի կեանքի ուղին:

Պատասխան.- Շնորհակալ եմ, որ առիթը ստեղծուած է, որպէսզի կարենամ արտայայտուիլ: 1956 թուականին Պէյրութ եկայ Թուրքիայէն, ուր քաղաքական հակումներ ունէի, այդ շրջանին՝ ձախակողմեան հակումներ: Կեանքի ու զինուորական ծառայութեան մէջ դժուարութիւններ ունեցայ: Հայրս որոշեց, որ այդ երկրէն հեռանամ: Պէյրութի մէջ բարեբախտաբար կրցայ առաջին օրէն իմ սիրած թատերական աշխատանքս տանիլ:

Հարցազրոյց Վաստակաշատ Դերասան Եւ Բեմադրիչ
Պերճ Ֆազլեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց՝ Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ

Հարցում.- Երկար տարիներէ ի վեր բազմաթիւ դերերով ու թատերգութիւններով հանդէս եկած էք Սփիւռքի թէ արաբական աշխարհի բազմատեսակ բեմերէն եւ ֆիլմերու մէջ: Կրնա՞ք ներկայացնել ձեր արուեստագէտի կեանքի ուղին:

Պատասխան.- Շնորհակալ եմ, որ առիթը ստեղծուած է, որպէսզի կարենամ արտայայտուիլ: 1956 թուականին Պէյրութ եկայ Թուրքիայէն, ուր քաղաքական հակումներ ունէի, այդ շրջանին՝ ձախակողմեան հակումներ: Կեանքի ու զինուորական ծառայութեան մէջ դժուարութիւններ ունեցայ: Հայրս որոշեց, որ այդ երկրէն հեռանամ: Պէյրութի մէջ բարեբախտաբար կրցայ առաջին օրէն իմ սիրած թատերական աշխատանքս տանիլ: Երբ հոս եկայ Լիբանանի մէջ թատերական շարժում գոյութիւն չունէր: Շրջապատուած էի տեղացի եւ հայ մտաւորական երիտասարդներու կողմէ ու փափաքեցանք, որ տեղական լիբանանեան շարժում մը ստեղծուի: Այսօր եթէ լիբանանեան թատրոնի պատմութիւնը բացուի, համեստաբար այնտեղ արձանագրուած է իմ գործունէութիւնս, որ մեծ պատիւ մըն է: 85 տարեկան հասակիս ալ կը գործակցիմ իրենց հետ:

Հարցում.- Լիբանանեան թէ արաբական ֆիլմերու մէջ ալ կեդրոնական դերեր ստանձնած էք եւ այսօր կը համագործակցիք «Քարաքալլա» երգեցիկ-պարային համոյթին հետ: Կրնա՞ք այդ մասին ալ տեղեկութիւններ փոխանցել:

Պատասխան.- Լիբանանեան սինեման թէեւ սկսած էր, սակայն եգիպտական ֆիլմերն էին, որ կ’աշխատէին: Երբ 1950-ականներուն սկսայ գործակցիլ Ռահպանի եղբայրներուն հետ, Ֆէյրուզին հետ միասին 16 տարիներ համագործակցեցայ իրենց հետ: Անոնք մտադրած էին հիմնել լիբանանեան սինեման, լիբանանցի արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ բեմադրիչներու հետ: Այդտեղ ես ալ գործակցեցայ: Ռահպանի եղբայրները առաջին ֆիլմէն ետք որոշած էին ժապաւէն մը պատրաստել թուրքերու դէմ ազատագրական շարժումին վերաբերեալ: Այդ ֆիլմին անունը դրուեցաւ “Սեֆերպերլիք” եւ ինծի վստահեցան թուրք դահիճ իշխանի մը դերը: Այդ լաւ արձագանգ գտաւ, նաեւ մինչեւ այսօր, որովհետեւ լաւ ճանչնալով թրքական զինուորական իշխանութեան դաժանութիւնը, պէտք չունէի ուսումնասիրելու եւ արդէն միտքիս մէջ կար այն պատկերը, որ գոյութիւն ունէր երիտասարդութեանս շրջանին: Այդ պատկերը առնելով մեկնաբանեցի այդ դաժան սպայի դերը, որուն մասին կը խօսուի մինչեւ այսօր: Անկէ ետք Լիբանանի բոլոր մեծ “աստղ”երուն հետ համագործակցեցայ՝ ինչպէս Ֆէյրուզը, Շուշուն, Անթուան Քրպէժը եւ ուրիշներ, որոնց մինչեւ այսօր կը յարգեմ եւ կը խոստովանիմ, որ մեծ յարգանք ունիմ իրենց մօտ: Ասոնց կողքին կան նաեւ խաղցած դերերս ու բեմադրած թատերգութիւններս հայկական շրջանակներէ ներս:

Հարցում.- Տարիներէ ի վեր կապեր հաստատած էք Թուրքիոյ լուսաւորեալ մտաւորականութեան հետ եւ տարիներ առաջ ձեր փորձը՝ թատերգութիւն մը ներկայացնելու Թուրքիոյ հայանպաստ մտաւորականի մը մէկ գործը, խոր թշնամանքով ընդունուեցաւ եւ դուք նեղացած որոշ ժամանակ հեռացաք Լիբանանէն: Այսօր ինչպէ՞ս է իրավիճակը:

Պատասխան.- Բարեբախտաբար այսօր կարեւոր տեղաշարժեր կան ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, այլ նաեւ Լիբանանի մէջ: Անոր նպաստեց նաեւ թուրք մտաւորականութիւնը, որոնք սկսան բացուիլ Հայկական Հարցին նկատմամբ:

Առաջարկած եմ Մեծ Եղեռնի 50-ամեակի թուականներուն թուրք մտաւորական հեղինակի մը (հիմա գոյութիւն չունի, սպաննուեցաւ – Մահմուտ Մաքալ), որ գայ այստեղ եւ թրքերէնով հայերու ի նպաստ խօսի: Ինք հետաքրքրուեցաւ անշուշտ, բայց մեր մտայնութիւնը շատ գոց էր: Եթէ մենք պիտի չկրնանք մտնել թշնամիին մտածելակերպին մէջ եւ որպէս հայ եթէ կ’ուզես, որ քու հարցդ յստականայ ու քեզի մտիկ ընեն, թշնամիդ անհանգիստ պիտի ընես: Այսօր բարեբախտաբար հարցերը փոխուած են: Նոյնիսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը թուրք հեղինակ կը հրաւիրէ, որ խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ հարցեր տրուին: Այս մեծ երեւոյթ մըն է: Ես այս շարժման կողմնակից եղած եմ ու կը մնամ մինչեւ այսօր: Թուրքիոյ 70 միլիոն ժողովուրդին մէջ 35,000 թուրք մտաւորականներ կան, որոնք ի նպաստ հայ ժողովուրդին արտայայտուելու պատրաստ են:

Տարիներ առաջ երբ թուրք հեղինակ Մահմուտ Մաքալին մէկ գործը արաբերէնի թարգմանելով բեմ բարձրացուցինք “Էսմէր Ալի” (Ապու Ալի Ալ Ասմարանի) անունով, այդ մէկը տեղական առումով մեծ արձագանգ գտաւ եւ չորս ամիս ծայրէ ծայր լեցուն դահլիճով բեմադրուեցաւ: Հայկական առումով խնդիրներ եղան…: Այդ թուրք հեղինակը ի նպաստ մեզի կ’արտայայտուէր: Նոյնպէս Նազըմ Հիքմէթը, որուն անձնապէս Լիբանանի մէջ ծանօթացայ: Ինք հրաւիրուեցաւ Գեղամ Սեւանի եւ Գրական Շրջանակին կողմէ: Թուրք նշանաւոր բանաստեղծին եւ ապա կաթողիկոսարանին կողմէ հրաւիրուած պատմաբան Թանէր Աքչամին հարցուցի, թէ ինչո՞ւ ժամանակին թուրք ձախակողմեան մտաւորականները չարտայայտուեցան հայոց մասին: Պատասխանեցին, թէ անոնք կրնային սպաննուիլ թուրք պետութեան կողմէ եւ այդպէս ալ եղաւ…:

Ըլլայ Մահմուտ Մաքալը, ըլլայ Սապահէտտին Ալին, ըլլայ Նազըմ Հիքմէթը, որ դուրսը մահացաւ, Օյքան Էրին (բանաստեղծ), նոյն սերունդին տղաներն էինք մենք:

Հրանդ Տինքը այսօր 21-րդ դարու հերոսներէն է եւ տակաւին չենք կրցած համահայկական առումով անոր մահուան տարելիցը նշել: Յոյսով եմ, որ Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման մէջ Ֆրանսայի որոշումը ի նպաստ հայոց Դատին արդար հատուցում կ’ըլլայ:

Հարցում.- Որո՞նք են ձեր ծրագիրները այսքան տարուան թատերական գործունէութիւններէ ետք:

Պատասխան.-
Հիմա արդէն կը մասնակցիմ, մանաւանդ որ ուզեցին յարգել զիս «Քարաքալլա» միջազգային համբաւ ունեցող պարային երգեցիկ թատրոնին մէջ: Զաւակս նոյնպէս որպէս խմբավար մեծ համբաւ ունի: Ամբողջ գործունէութեանս յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է տիկինս՝ Սիրվարդը, իր աջակցութեամբ, միտքով եւ համբերութեամբ: Որպէս արուեստագիտուհի եւ գեղանկարչուհի մեծ յարգանք ունի մշակոյթի եւ արուեստի հանդէպ, դերեր վերցնելով ինչպէս հայկական թատրոններու, այնպէս ալ արաբական ֆիլմերու մէջ:

Անցեալին Սփիւռքի երիտասարդութիւնը, որոնց դուք կը պատկանիք, կրցած էր նպատակի մը համար գործել: Դժբախտաբար սակայն այսօր ան պարպուած է, որովհետեւ ղեկավար տարր գոյութիւն չունի…: Լիբանանի մէջ քաղաքական հարցեր տեղի ունեցան եւ 250,000 հայեր Միջին Արեւելքէն Ամերիկա տեղափոխուեցան: Այսօր Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին մի քանի տարիներ մնացած, պէտք է նոյնիսկ մանուկներու ելեկտրոնային խաղերուն մէջ այդ հարցին մասին խօսուի:

***
Արուեստի եւ թատրոնի “համայնագիտարան”ին հետ մեր հարցազրոյցը ակամայ աւարտին կը հասնի եւ 2011 տարուան վերջին օրը՝ Պերճ Ֆազլեանի հրաւէրով կը դառնանք հանդիսատես “Գիւղի Օփերա” հրաշալի պարային թատրոնին, որուն գլխաւոր դերերէն մէկը վստահուած էր հայ վաստակաշատ դերասանին ու բեմադրիչին՝ «Քարաքալլա»ի կողմէ:

 

You May Also Like