Միջին Արեւելքի Հայութեան Ապագան

Սուրիահայութեան Փորձառութեան Լոյսին Տակ
Հրաչ Քալսահակեան, 3 Դեկտեմբեր 2011

Hrach Kalsahakian analyzes general aspects related to the development of the Armenian community in Syria, from the Genocide to contemporary times, giving examples of the social and economic factors which have helped shape the community and in developing its current leadership and how these factors have influenced the choices made in the ongoing political crisis. He examines Armenia’s role in this context and in a wider perspective, highlighting the circumstances that enable it to play a substantial role in the future.

Սուրիահայ գաղութը, Միջին Արեւելքի հայկական այլ գաղութներու նման, ենթակայ եղած է ամէն տեսակի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վերիվայրումներու:

Սուրիահայութեան Փորձառութեան Լոյսին Տակ
Հրաչ Քալսահակեան, 3 Դեկտեմբեր 2011

Hrach Kalsahakian analyzes general aspects related to the development of the Armenian community in Syria, from the Genocide to contemporary times, giving examples of the social and economic factors which have helped shape the community and in developing its current leadership and how these factors have influenced the choices made in the ongoing political crisis. He examines Armenia’s role in this context and in a wider perspective, highlighting the circumstances that enable it to play a substantial role in the future.

Սուրիահայ գաղութը, Միջին Արեւելքի հայկական այլ գաղութներու նման, ենթակայ եղած է ամէն տեսակի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վերիվայրումներու:

Յայտնի է, որ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք գաղութը ունեցած է ստուար թուաքանակ, բայց տասնամեակներու ընթացքին այդ թիւը նօսրացած է ներգաղթի (դէպի Հայաստան) եւ արտագաղթի (դէպի Եւրոպայ, Ամերկայ եւ այլուր) պատճառներով:

Անցեալ դարու յիսունական թուականներուն, արաբական ազգայնական հոսանքին հետեւանքով, սուրիահայութիւնը ենթարկուեցաւ բազմաթիւ սեղմումներու, կարգ մը համայնքային ղեկավարներ հալածուեցան, դպրոցները փակուեցան, իսկ վերաբացուելէ ետք դրուեցան պետական մանրակրկիտ հսկողութեան տակ, հայկական դասապահերը խիստ կրճատուեցան եւ հայերէնին տրուեցաւ կրօնական ծիսակատարութիւններու լեզուի կարգավիճակ: Պաղ պատերազմի հետեւանքով հայութիւնը ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ:

Տնտեսական առումով Սուրիան հետըզհետէ որդեգրեց կեդրոնացուած ծրագրաւորումի քաղաքականութիւն, պարագայ մը որ շատ մը կէտերու մէջ նմանութիւններ ունէր նախկին Սովետական Միութեան հետ: Հայերու եւ այլ հատուածներու վայելած տնտեսական յարաբերական բարօրութիւնը մեծ մասամբ արդիւնքն էր արտաքին պարագայական ազդակներու: Օրինակի համար, Լիբանանի տնտեսական քայքայումը, Իրաքի շրջափակումը, Թուրքիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնումը, եւայլն, այս կամ այն ձեւով սատարեցին բնակչութեան տնտեսական յարաճուն վիճակի ապահովման, ինչ որ շատերուն մղեց նիւթապէս բաւարար զգալու եւ շարունակելու ինքնամփոփ կեանքը:

Ըլլալով միշտ ապաքաղաքականացուած, հայութեան (եւ շատերուն) համար անսպասելի էին սուրիական քաղաքական իրավիճակի ներկայ զարգացումները, այն աստիճան որ ութ ամիսներ ետք սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը տակաւին կը շարունակէ ուրանալ զարգացումները եւ կը յամենայ կարծել թէ ամէն ինչ կրնայ նոյն վիճակին դառնալ:

Ապագայ դրութիւնը, իմ անձնական կարծիքով, վատ չի կրնար ըլլալ հայերուն համար: Նախ պէտք է ըսել որ հայերը այնքան աննշան փոքրամասնութիւն են 23 միլիոն հասնող բնակչութեան մը համար, որ իրենց դէմ կանխամտածուած հաւաքական վնաս կարելի չէ ակնկալել: Անոնք տակաւին կը վայելեն ճարտար քաղաքացիի համբաւ, բայց անշուշտ բարոյական առումով արժէզրկուած պիտի ըլլան եթէ չկարենան, թէկուզ ուշացած, համասուրիական ժողովրդավարական տեսլականին հետ առնչուիլ: Կը խորհիմ թէ սուրիահայութեան մեծ մասը պիտի շարունակէ ապրիլ իր կեանքը սովորականին նման, քանի որ ապագայ Սուրիան պերճանքը պիտի չունենայ անցեալի սխալները կրկնելու, իսկ երկրի տնտեսական յառաջդիմութիւնը եւ զարգացումը կարեւոր բնագաւառներ են, ուր հայերու ներդրումը արժէք կրնայ ներկայացնել:

Տարիներու ընթացքին սուրիահայ գաղութին մէջ ձեւաւորուեցաւ այնպիսի ղեկավար խաւ մը որ, օսմանեան օրերէն ժառանգուած եւ անկախ Սուրիոյ մէջ պաշտօնապէս ամրագրուած իրաւունքներով օժտուած, համատարած վարեց գաղութին գործերը՝ զարկ տալով մշակութային, ընկերային, կրօնական եւ շինարարական աշխատանքներուն: Հայախօս գաղութ ըլլալը դարձաւ կարեւորագոյն դրամագլուխ: Բայց փաստը կը մնայ այն, որ գաղութի ներքին կառոյցները կը տառապին այդ խաւի տասնամեակներու տիրապետութենէն: Գոնէ մարդուժի առումով, յստակ է, թէ մեծ թիւով արհեստավարժ եւ մասնագէտ մարդիկ հեռու մնացած են ազգային հասարակական կեանքէն՝ սոյն վերնախաւին մենատիրական ախորժակներուն պատճառով:

Հայ ղեկավարութիւնը կրնար անշուշտ աւելի հաւասարակշռուած մօտենալ Սուրիոյ մէջ ծաւալուող նորագոյն զարգացումներուն նկատմամբ, մանաւանդ որ կայ նախկին փորձ մը, երբ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ չափազանց մօտիկութիւնը սուրիահայերը մղած էր զուսպ ըլլալ հայ դատի հետապնդումի եղանակներուն նկատմամբ: Ղեկավարութիւնը կրնար նոյն խոհեմութիւնը դրսեւորել նաեւ այսօր եւ չէզոքութիւն պահպանել: Այսքան տարի իր մասնակցութիւնը չունենալով սուրիական քաղաքական կեանքին մէջ, կրնար տարի մը եւս նոյն աննկատ կեցուածքը շարունակել: Այս, այնպիսի ժամանակ երբ սուրիական ընդիմութիւնը, հակառակ հազարաւոր զոհերուն, զինեալ լուծումի տարբերակէն հեռու մնալու անընդհատ հաւաստիքներ կու տար:

Հայութեան քաղաքական կեցուածքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Լիբանանի հայութեան մեծամասնութեան քաղաքական դիրքորոշումը սուրիական ներկայ վարչակարգին կողքին: Ասոր վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ հայերու աւանդական արդարացի անվստահութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան նկատմամբ, կառավարութիւն որ օրըստօրէ կը դիրքորոշուի սուրիացի ընդիմադիր հաւաքականութեան կողքին:

Որպէս հետեւանք, հայութեան մօտ ստեղծուած է երկրի մեծամասնութիւնը կազմող բնակչութեան նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտ, նոյն այդ բնակչութեան, որ հարիւր տարիներ առաջ ընդունած էր հայերը Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ որու հետ հայերը տասնամեակներու գոյակցութեան եւ տնտեսական գործակցութեան փորձ կուտակած էին:

Սուրիահայութիւնը շարունակական արտագաղթի վիճակ մը կ’ապրի վերջին յիսուն տարիներուն, որու հետեւանքով գաղութին թուաքանակը հասած է վաթսուն հազարի սահմանները, իսկ հայախօսութեան տոկոսը օրըստօրէ կը պակսի: Արտագաղթը ընդունուած երեւոյթ դարձած է սուրիահայ ընտանիքներուն համար, որոնք ունին ազգականներ շատ մը երկրիներու մէջ: Չեմ խորհիր որ արտագաղթը կտրականապէս պիտի աճի յաջորդող տարիներուն: Արեւմուտքի երկրիները կրնան անշուշտ այդ հոսանքը աշխուժացնել շնորհելով մուտքի եւ ապրելու արտօնագրեր: Եթէ իրավիճակը փոխուի, առաջին հերթին սուրիահայը պիտի ուզէ Պէյրութ փոխադրուիլ, անկէ ետք այլ երկիր անցնելու հեռանկարով:

Անհատական մակարդակի վրայ սուրիահայը Հայաստան հաստատուելու հեռանկար չի հետապնդեր, իսկ հաւաքական մակարդակի վրայ այդպիսի աշխատանք տանող մարմին չկայ արդէն: Սուրիահայերուն համար յայտնի է թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ի զօրու չէ ընդունելու եւ տեղաւորելու հայ զանգուածները: Միայն ֆիզիքական անմիջական վտանգի մը պարագային սուրիահայը պիտի փորձէ Հայաստան տեղափոխուիլ, անկէ առաջ սակայն նախապատուութիւնը տալով Լիբանանին: Ամէն պարագայի Հայաստան (դժբախտաբար) կրնայ ծառայել որպէս հանգրուան՝ ֆիզիքական վտանգի սպառումէն ետք այլ տեղ գաղթելու:

Հայաստան Միջին Արեւելքի հայութեան կրնայ օգտակար դառնալ նախ եւ առաջ ինքնավստահ եւ հեռանկարային քաղաքականութիւն վարելով շրջանէն ներս: Կրնայ օգնել ժամանակակից խնդիրներուն նպաստաւոր լուծումներ առաջադրելով:

Երկարժամկէտ՝ Հայաստան կրնայ շրջանի հայութեան օգտակար դառնալ երբ տնտեսապէս եւ քաղաքականօրէն ունենայ բաւականաչափ լծակներ: Դժբախտաբար, ներկայ վիճակը յոյս չի ներշնչեր նման կտրուկ փոփոխութեան մը հաշուոյն:

Մինչեւ որ Հայաստան նուաճէ այդպիսի կարգավիճակ, Միջին Արեւելքի հայերը անցած պիտի ըլլան պատմութեան գիրկը կամ այնքան պիտի համակերպած ըլլան իրենց նոր կամ վերածաղկած միջավայրերուն, որ այլեւս Հայաստան պիտի անոնց համար ունենայ խիստ վերացական արժէք:

 

3 comments
  1. Thank you for your analysis

    Thank you for your analysis.

    Very timely work, good points. 

  2.  Great analysis

    Great analysis. I have not lived in Middle East, but for the last couple of years was thinking about the Armenian community and what their future will be in Syria, where Turkish influence is growing. Even Lebanon is not stable  politically and with the growing muslim influence it is not safe there either. I could not understand why the issue was not being discussed in the Armenian media in diaspora or in Armenia. Even after all these years Armenia is not able to receive and help her diaspora population (so unfortunate for us). With so many people exiting Armenia this would be such a great opportunity to welcome the Armenian communities back to their homeland. Your article touches very important and neglected present situation for many Armenian communities in Middle East.

    Thnk you,

    Lydia Tutunjian 

    1. Make use of dual citizenship or long-term visa

      I am originally from Palestine, but now I am a Canadian citizen.  I divide my time between Canada and Armenia where my work takes me . What do we expect Armenia to help us with ?

      Armenia now allows dual citizenship to Diaspora Armenians, a very easy process and  of low cost. Also a ten year visa is available for those who do not wish to become Armenian citizens but  go in and out of the country as often as they want and stay as long as they would like.

      I say it is time to just stop blaming Armenia’s government and make a decision to relocate there and get away from those countries that we fear. Yes, start all over again. Many people have done so .

      Vrejouhy Atikian .

      Calgary, Canada

       

       

       

       

Comments are closed.

You May Also Like