Մխիթարեան Միաբանութեան Փրկութեան Ճամբան

Հեղինակ՝ Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 9 Յունիս 2010

Պետութիւն մը, եկեղեցի մը, կամ որեւէ տեսակի կառոյց մը եթէ ինզինք սրբագրելու կարելիութենէն զուրկ ըլլայ՝ ո՛չ միայն կը դադրի յառաջդիմելէ, այլ ապահովաբար եւ անխուսախելիօրէն կը դատապարտուի կործանումի։ Դժբախտաբար, ա՛յս է Մխիթարեան Միաբանութեան այսօրուան պատկերը, որ մեր աչքին առջեւ կը պարզէ դառն եւ տխուր իրականութիւններ։

Հեղինակ՝ Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս, 9 Յունիս 2010

Պետութիւն մը, եկեղեցի մը, կամ որեւէ տեսակի կառոյց մը եթէ ինզինք սրբագրելու կարելիութենէն զուրկ ըլլայ՝ ո՛չ միայն կը դադրի յառաջդիմելէ, այլ ապահովաբար եւ անխուսախելիօրէն կը դատապարտուի կործանումի։ Դժբախտաբար, ա՛յս է Մխիթարեան Միաբանութեան այսօրուան պատկերը, որ մեր աչքին առջեւ կը պարզէ դառն եւ տխուր իրականութիւններ։

Ի՞նչ էր պատճառը այս ահաւոր անկումին։ Պիտի ջանանք վերլուծել անշահախնդիր կերպով, ականատեսի վկայութեամբ, մեր անձնական փորձառութեան վրայ հիմնուելով, եւ մօտէն ծանօթացած ըլլալով միաբանութեան իւրաքանչիւր անդամին, վանքէն ներս կամ դուրս։

Վերջին քառասնամեակին, իրերայաջորդ կարգ մը աբբահայրերու ձախաւեր գործունէութիւնը իր տխուր անդրադարձը ունեցաւ Միաբանութեան վարկին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս միաբանութեան իւրաքանչիւր անդամի հոգեբանութեան վրայ։ Ոմանք, յուսահատ՝ հեռացան Միաբանութենէն, ոմանք՝ աշխատանքի ասպարէզէն, ուրիշներ փոխեցին իրենց ծառայութեան մարզը, ոմանք ալ ստեղծեցին իրենց անձնական աշխատանքի դաշտը եւ գրեթէ գործեցին անկախաբար։ Բարեբախտաբար խումբ մը պարկեշտ եւ անշահախնդիր միաբաններ մնացին պատնէշի վրայ, եւ կը փորձեն կենդանացնել ու վերակերտել ինչ որ վերջին քառասնամեակին կործանած էին անփորձ, անխոհեմ եւ անպատասխանատու ղեկավարները։

Եօթանասունական թուականներէն սկսեալ, տեսանք արդէն թէ ինչպէ՛ս հանգուցեալ Հ. Պօղոս Վրդ. Անանեան Աբբահօր օրով տեղի ունեցան կալուածային մեծածաւալ ձեռքբերումներ, ինչպէս նաեւ շինարարական ձեռնարկներ, որոնց գլխաւոր նպատակն էր մնայուն եւ հասութաբեր եկամուտներ ապահովել Միաբանութեան համար։ Դժբախտաբար սոյն մեծղի գործարքներու մատակարարումը միաբաններու կողքին չունեցաւ մասնագէտ աշխարհականներ, որոնք կարենային մօտէն հետեւիլ եւ որոշ ապահովութիւն մը ընձեռել վերոյիշեալ ծրագիրներուն։

Միւս կողմէ, իտալական սնանկացած ու պարտքերու լուծին տակ գտնուող որոշ ընկերակցութիւններու հետ գործառական բաժնեկցութիւնները դուռ բացին մեծագումար պարտքերու, որոնք Մխիթարեան Միաբանութիւնը ակնյայտ սնանկութեան մը սեմին հասցուցին։ Այս անխոհեմ քայլերը սրբագրելու համար, Միաբանութիւնը պարտաւոր եղաւ ծախելու շատ մը թանկարժէք կալուածներ, ներառեալ Վենետիկի Ս. Մարկոսի Հրապարակին վրայ գտնուող խանութները, վճարելու համար իր պարտքերը պարտատէրերուն։ Չմոռնանք այստեղ յիշեցնելու, որ Միաբանութեան վիթխարի պարտքերու պատճառով՝ կալուածներու մեծամասնութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ չնչին եւ շուկայական արժէքէն շատ ցած գիներով շտապ վաճառուեցան:

Նմանօրինակ անխոհեմ քայլեր յաջորդաբար պատճառ դարձան նաեւ, որ Միաբանութիւնը վերատեսութեան ենթարկէր իր տնտեսական ընդհանուր վիճակը, եւ ստիպուած ըլլար փակելու իր բազմադարեան ու պատմական տպարանը, որուն հետեւանքով նուազեցաւ նաեւ գրքերու տպագրութիւնը: Այս հրատարակութիւններու ճամբով էր որ Մխիթարեան Հայրերը իրենց ամբողջական ընծայումով եւ բանասիրական աշխատանքներու միջոցաւ օտարներուն ներկայացուցած եւ ծանօթացուցած էին Հայ գրականութեան տիտանները, ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, երբ մեր Նուիրապետական Աթոռները կը հիւծէին Օսմանեան եւ Ռուսական գերիշխանութիւններու երկաթեայ բազուկին տակ։

Անկասկած՝ ուրիշ է իրողութիւնը Մխիթարեան Միաբանութեան կեանքին մէջ այսօր, եւ անխուսափելին պիտի պատահի շատ մօտիկ ապագային։ Վերջին երեսունամեակին՝ անձնական զանազան պատճառներով, ինչպէս նաեւ բնական եւ անակնկալ մահերու հետեւանքով, Միաբանութեան շարքերը երթալով նօսրացան: Նոյն ատեն՝ Վարչութիւնը չկարողացաւ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերը նոր սերունդի պատրաստութեան վերաբերեալ, Միաբանութեան գոյութիւնն ու շարունակութիւնը ապահովելու համար։

Հետեւաբար՝ վերեւ յիշուած դժուարութիւններուն եկաւ միանալու անխիղճ եւ անպատասխանատու վաճառքը Միաբանութեան տրամադրութեան տակ ի պահ դրուած մեծ թիւով մշակութային հարստութիւններու, ինչպիսիք են՝ գիրքեր, ձեռագիրներ, քարտէսներ, գորգեր, զգեստներ, ոսկեղէն, արծաթեղէն դրամներ եւ իրեր, կահ-կարասիներ, արուեստի գործեր եւայլն. մէկ խօսքով՝ հայ ժողովուրդի դարաւոր գանձերը, ըլլան անոնք Վենետիկի եւ կամ Վիեննայի վանքերէն ներս։ Անցեալ տարի, եւրոպական, մասնաւորաբար Գերմանական եւ Հայկական մամուլը լայնօրէն անդրադարձան Վիեննայի վանքէն կատարուած լայնածաւալ գողութիւններու մասին: Հոս տեղը չէ աւելի մանրամասն այդ մասին անդրադառնալու։ Անշուշտ այս դէպքը արդէն իր նախընթացը ունեցած էր նախորդող տարիներուն, երբ Վանքի նախկին ուսանողներէն մէկը՝ լիբանանահայ Փիէռ Գազէզեան, որ Վիեննայի վանքը ուղարկուած էր որպէսզի օգնէր Միաբանութեան 300-ամեակի առիթով պատրաստուելիք հանդիսութեանց, չարաշահելով իրեն տրուած արտօնութիւնը, ազատօրէն մտած էր թանգարանէն ներս, եւ յաջողած էր գողնալ Հայկական եւ օտար թանկարժէք գիրքեր եւ հնութիւններ, վաճառելով զանոնք Աւստրիացի եւ եւրոպացի զանազան հնավաճառներու: Անշուշտ, ոստիկանութեան եւ դատարանային հետապնդումներու շնորհիւ կարելի եղաւ յայտնաբերել, եւ սակայն դժբախտաբար միայն մասամբ վերստին ձեռք ձգել մշակոյթի եւ արուեստի ազգային եւ միջազգային այս անգնահատելի գանձերը, որոնք դարեր ամբողջ գուրգուրանքով պահուած, պահպանուած ու արժեւորուած էին Մխիթարեան վաստակաւոր միաբաններու կողմէ։

Ամէնուս ծանօթ է Մխիթարեան վարդապետներուն ըլլա՛յ անցեալի, ըլլայ, ինչո՛ւ չէ, ներկայի մեծամասնութեան յատկապէս մշակութային արժէքներու հանդէպ ունեցած անվերապահ հոգածութիւնն ու սէրը ։ Ո՞վ չէ կարդացած, իր նախակրթարանի դասարաններէն սկսեալ, Մխիթարեան հայրերու վաստակի մասին եւ չէ հիացած ու հպարտացած անոնց գործունէութեամբ, կրօնական, գրական, իմաստասիրական, պատմական, թարգմանական եւ բանասիրական անդաստաններէն ներս։ Ինչպէ՞ս կարելի է չզմայլիլ եւ չհմայուիլ մոմի լոյսին տակ գրուած՝ Ալիշանի ստուարահատոր գործերով, Չամչեանի Պատմագրութեամբ, Ակինեանի բանասիրութիւններով, Գաթըրճեանի գրաբարի գիրքերով, Մէնէվիշեանի քննական պատմութեան յօդուածներով, Այտընեանի հայագիտական վերլուծումներով: Շարքը այնքան երկար է այս բեղուն գործունէութիւններուն, որ կարելի է հատորներ գրել այս տիտաններուն մասին։ Դժբախտաբար, 300 տարիներու ոսկետառ պատմութիւն ունեցող այս Միաբանութիւնը այսօր վերածուած է խլեակի մը, եւ կ՛ապրի անկասկած իր վերջալոյսը։ Անտոնեան անունով սկսած այս միաբանութիւնը, որ հետագային պիտի կոչուէր Մխիթարեան՝ իր հիմնադրին հաւատարիմ ուխտաւոր միաբաններուն կողմէ, շուտով պիտի հասնի Անտոնեան միաբանութեան վիճակուած ճակատագրին՝ ամբողջական լուծարքի։

Ահաւասիկ անգամ մը եւս կը մտաբերեմ իմ 1993-ի յայտարարութիւնս, երբ Վենետիկ կը գտնուէի Բազմավէպի 150-ամեակի տօնակատարութեանց առիթով, որպէս Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս եւ Կրթական Հիմնարկի Վարչութեան փոխ-ատենապետ։ Ընթրիքէ ետք հաւաքուած էինք սուրճ խմելու՝ ընթերցանութեան եւ հանդիպման սենեակին մէջ, ուր հաւաքուած էին նաեւ շարք մը միաբաններ, ի միջի այլոց՝ հանգուցեալներ Հայր Ներսէս Տէր Ներսէսեան, Հայր Պօղոս Անանեան, Հայր Սահակ Ճէմճէմեան, եւ գրեթէ նստելու տեղ ալ չէր մնացած երբ խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը դարձաւ Մխիթարեան Միաբանութեան ապագան։ Զանազան մտքերու փոխանակումէն ետք, օրուան Աբբահայրը՝ Հայր Գէորգ (այժմ հանգուցեալ) ուզեց իմանալ նաեւ իմ կարծիքս։ Ես ալ ըստ սովորութեանս, առիթը յարմար նկատելով ըսի հետեւեալը, եւ նոյնը կը կրկնեմ 17 տարի ետք. “Սիրելի Հայրեր, ներեցէք համարձակութեանս, բայց առիթը յարմար նկատելով պիտի ուզէի փոխանցել իմ ներքին ապրումներն ու համոզումներս։ Նկատի ունենալով երկու միաբանութեանց քանակի նօսրացումը, ժամանակը հասած է որ երկու միաբանութիւնները նախ միանան (տեսականօրէն կատարուեցաւ այս ցանկութիւնս 2000 թուականին, թէեւ ձախողած միութիւն մըն է) ու ապա վերադառնաք ամբողջութեամբ Մայր Եկեղեցի՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան հովանիին տակ, կղզին պահելով որպէս մշակոյթի կեդրոն, եւ դառնաք Հայութիւնը ներկայացնող իտէալ կրօնական կեդրոն մը Եւրոպայի սրտին մէջ, ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս եւ ապագային”։

ԱՅՈ՛, Հոգեշնորհ Հայրեր, կամքէ անկախ պատճառներով շատ մօտիկ ապագային անխուսափելին պիտի պատահի։ Պապական Ս. Աթոռը էքիւմէնիզմի սկզբունքներուն եւ ոգիին համաձայն կոչ ուղղած է եւ կ՛ուղղէ քրիստոնեայ քոյր Եկեղեցիներուն միանալու եւ գործակցելու ի խնդիր եկեղեցւոյ պայծառացման։ Ահաւասիկ լաւագոյն առիթը կը ներկայանայ Ս. Աթոռին որ առաջին օրինակը ի՛նք ցոյց տայ, եւ արտօնէ որ Մխիթարեան Միաբանութիւնը վերադառնայ Մայր Եկեղեցի։ Որովհետեւ՝ ազգային արդիւնաշատ միաբանութեան մը, այսինքն Մխիթարեան Միաբանութեան անվտանգութեան հարցը մեր դիմաց կը պարզուի միջ-եկեղեցական եւ միջազգային չափանիշներով։ Քրիստոնեայ եկեղեցիներու անցեալի աստուածաբանական կռիւները, որոնք այսօր կորսնցուցած են իրենց իմաստն ու ուժականութիւնը, ուրիշ բան չեն եղած եթէ ոչ՝ գործօն պատճառներէն մէկը Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ բաժանումին եւ տկարացումին։ Սակայն այսօր՝ ամբողջ Քրիստոնէական Եկեղեցի՛ն ինքնին վտանգի տակ է իսլամական հզօր շարժումին դիմաց, եւ մենք իրաւունք չունինք ձեռնածալ նստելու եւ սպասելու որ Եկեղեցին անգա՛մ մը եւս ընկղմի եւ խորտակուի՝ իր ներքին պայքարներով։ Բոլոր ժամանակներէ աւելի, ԱՅՍՕՐ քրիստոնէական Եկեղեցին կարիքն ունի վերանորոգման եւ զարթօնքի, այլլ խօսքով՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ։

Կասկած չունիմ երբեք, թէ նման քայլ մը սիրով պիտի ողջունուի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան կողմէ, որովհետեւ՝ թէեւ թիւով փոքր, բայց նոր եւ որակաւոր ոյժեր պիտի միանան հայրապետութեան միաբանական զինուորեալ շարքերուն։ Այս միութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ նաեւ, որ աչալրջութեամբ եւ նոր մարմիններու վերին հսկողութեամբ պահպանուին հայկական հազարամեայ գանձերը ի Վիիեննա եւ ի Վենետիկ, եւ այս բոլորը միայն՝ ի պատիւ հայ ժողովրդի տառապեալ աշխարհացրիւ զաւակներուն։

 

3 comments
  1. Prkutyan miak

    Уважаемый Воскан

    спасение армян только в духовном Народном , а не  клерикальном обединении. Все  религиозные или другие организации должны подчиниться Армянскому народу и никаких католикосов и самодеятельности. Только жесткая организация народа. 

    У Армян вера всегда природа и свобода человека, остальное  пустое и уничтожающее культуру народа и народ. Сумеете использовать церьков как это сделал Наполен, будете иметь успех с народом. Нет? Станете очередним врагом народа.

    До сих пор у армян нет организации гнезд врагов армянского народа, а вы хотите  молиться  в качестве барашки паствы пастырья? 

    И так почти всех армян превратили  барашками паствы пастирья , а дальше. Постарайтесь использовать  созданные организации и церквы и разбойников только  для интереса народа.

    Если Вы считаете , что я не прав, тога я Вам скажу, что считают основним врагом армянского народа разумные люди.

    Слево екегеци придумано Анаитом, означает "ек ев егице" и совсем не приходи и купи свечи, которых армяне придумали слышком давно для схранения деревьев. Став свечи побольше, чтобы создатель в небесах получил кайф и позволил армянам  радоваться поцелуями камня.
     Я на днях пошлю и Тигран Абраамяну и многим другим  одну прсьбу с обоснованием. Читайте, пригодиться, если захотите быть полезным Армянскому народу.

    Успехов и хорошее настроение и Вам, и сайту, и читателей материалов сайта!
     

  2. Mekhitarist “chah” is shining forever

    Your Hidden agenda of dissolving Mekhitarist congregation  will not be sucessful Mr. Vosgan.

    Once an Indian Muslim asked Mahatma Ghandi to get converted from Islam to Hinduism. The great leader instead of encouraging his Muslim admirer said,  "In spring the beauty of the garden comes with many colours of flowers, not with one colour".

    Armenian Christian life’s beauty is in its diversity and not having one adminstrative Christian administration. We are not communists lead by one centre. We like to be united with each other much like the founding fathers who wrote the American constitution, but held their varying views as intellectuals.

    You are living in the United Sates of America and not in the Republic of China. Although all the States are united together, each has its own local legislature, laws and governor, serving under one flag. The citizens of each state feel responsible for the protection, success and progress of USA.

    Let us be constructive critics of Armenian life in general rather than destructive. Mekhitarist "chah" is shining forever and I think verchaluyse will never come and God forbid that day. Jesus our Lord will not allow that.

    Abri Mekhitarian chahe yev ir hedevortnere.

  3. Պարոն Ոսկան Ինչպէս որ լսեցինք

    Պարոն Ոսկան
    Ինչպէս որ լսեցինք Հայր Ներսէս Սաքաեան վրդ.ն ալ գողութիւններ կատարած է Վիէննայի Մխիթարեան վանքէն. Ահաւասիկ «Ազգ» թերթը ինչ կը գրէր

    Տարաբնույթ Տեղադրվել է` 2008-11-09 14:33:03 (GMT +04:00)

    ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐՅԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹՅԱՆ ԱՐԽԻՎԻՑ ԿՐԿԻՆ ԳՈՂԱՑՎԵԼ ԵՆ ԱՐԺԵՔԱՎՈՐ ԻՐԵՐ

    ԽՄԲ.

    Կասկածյալըՙ հոգեւորական

    Առաջին անգամը չէ, որ մեր թերթը ահազանգում է Վիեննայի Մխիթարյան միաբանության վանքից կատարվող հափշտակությունների մասին: Նախորդը եղել էր շուրջ 2 տարի առաջ, երբ վանքի պահակը հնատիպ արժեքավոր մոտ 2 տասնյակ գրքերի հետ գողացել եւ վաճառքի էր հանել հազվագյուտ մի քարտեզ, որի միջոցով բացահայտվել էր ամբողջ գողությունը: Մեր թերթն արծարծել է նաեւ ընդհանրապես Վիեննայի Մխիթարյանի ուխտի պահպանության տակ գտնվող ազգային արժեքների անձեռնմխելիության եւ անվտանգության հարցը: Աշխարհում հայկական մամուլի ամենահարուստ հավաքածոն, շուրջ 2500 ձեռագիր մատյան եւ արժեքավոր այլ գրքեր եւ հավաքածուներ ունեցող վանքը անվտանգության, այլեւ ջերմային եւ մթնոլորտային անմխիթար պայմաններում է գտնվում, ենթակա ոչ միայն կողոպուտի, այլեւ ինքնաոչնչացման: Հետեւաբար, դժբախտ առիթն ունենք Գերմանիայի մեր աշխատակցուհու հետ միասին բացատրություններ պահանջելու Մխիթարյան միաբանության ընդհանուր (Վենետիկ ու Վիեննա) աբբահայր հայր Եղիա Քիլաղբճյանից, ինչպես նաեւ Վիեննայի Մխիթարյանների աբբահայր հայր Պողոս Կոճանյանից: Ի վերջո, ի՞նչ է լինելու ճակատագիրը ազգային մեր այդ արժեքների: Չէ՞ որ աղմուկ է բարձրանում երբեմն, սակայն գողությունները շարունակվում են անընդհատ:

    Մի՛ գողացիր, ասում է աստվածաշնչյան պատվիրանը: Հետաքրքրական է, որ սա մոռացության են մատնում նաեւ հոգեւոր դասի ծառայողները:

    Ի՞նչ է կատարվում Մխիթարյան միաբանության սուրբ սրահներում, հատկապես արխիվում, արդեն տարիներ է, ինչ ավստրիացի պաշտոնյաների ուշադրության առանցքում է:

    «Դի փրեսսե»-ն սեպտեմբերի 11-ին, «kurier.at»-ը, «Վիին հոյթե»-ն սեպտեմբերի 12-ին հաղորդում են Վիեննայի Մխիթարյան միաբանությունում կատարված կողոպուտի մասին: Թերթերը գրում են, որ կատարվածի մեջ կասկածվում է նույն միաբանության հայրերից մեկը, որը մինչեւ վերջերս հոգեւորականի իր ծառայությունն է կատարել նաեւ ոստիկանությունում: Վերոհիշյալ լրատուների հրապարակումները հիմք ընդունելով` մեր ընթերցողներին սակայն ուզում ենք տեղեկացնել, որ այդուհանդերձ, հավանաբար զերծ չենք կարող լինել որոշ անճշտություններից, քանի որ մեր ձեռքի տակ եղած տարբեր աղբյուրներում առկա է փաստերի որոշ անհստակություն:

    Ներսես Րաֆֆի Ս.-ին կասկածում են Վիեննայի իր ծառայած վանքիցՙ Մխիթարյան միաբանությունից անտիկ գրքեր ու փաստաթղթեր գողանալու մեջ: Դատախազությունը պարզում է հանգամանքները: Միաբանության եղբայրները հանդիմանում են կասկածյալինՙ վանական գրադարանից 800 արժեքավոր գրքեր ու փաստաթղթեր հափշտակելու համար: «Դրանցից մի քանիսը 300 տարեկան են», ավստրիական թերթին ասել է նույն միաբանությունից Պողոս աբբահայրը:

    Լիբանանում ծնված հոգեւորականը հուլիսին միաբանության հետ ունեցած տարակարծությունների պատճառով 2 տարով արձակուրդ է վերցրելՙ ցանկություն ունենալով իր ծառայությունները Հռոմում կատարել, այնուհետեւ խորհրդավոր ճամփորդության մեկնել Իտալիայի մայրաքաղաք: Կաթոլիկ հայրը մեկնումից օրեր առաջ ազատվել է Վիեննայի ոստիկանատանը կատարած իր հոգեւոր ծառայությունից: Աբբահորը կասկածելու առիթ է տվել Իտալիա տեղափոխության ժամանակ հայր Ն.-իՙ մեկ անձի համար չափից դուրս շատ ուղեբեռներ ունենալու հանգամանքը: Երբ հոգեւորական եղբայրները բացել են կասկած հարուցող ստվարաթղթե արկղերը, հայտնվել է 10 հազար եվրոյից ավելի արժողության անտիկ այն գրքերի ու փաստաթղթերի մի մասը, որ վանական գրադարանում արդեն կորած էին համարվում: Մյուս արժեքավոր իրերը գտնելու հույսով հայտնել են ոստիկանությանը: Երբ կասկածյալը Հռոմից վերադարձել է, ոստիկանությունն է դիմավորել նրան օդանավակայանում: Ս-ն առաջնորդել է Լանդշտրասսեում գտնվող իր բնակարանը, որտեղ ոստիկանությունը արկղերում գտել է մյուս ձեռագրերը: Հոգեւոր հայրն արդարացել է, թե գողության դիտավորություն որեւէ անգամ չի ունեցել, պարզապես ցանկություն է եղել անձնական իրերը դասավորել: Գործը հանձնվել է դատախազություն:

    Որ մարդն անարգել կարող է Վիեննա-Հռոմ աշխույժ ճամփորդել, պաշտոնյաների համար խնդիր չէ, քանի կասկածյալը դեռ խույս չի տալիս քրեական մարմիններից, կարծիք է հայտնել Միշայելա Շնելլըՙ ոմանց կասկածը փարատելով:

    Ոստիկանապետի համար, սակայն, անըմբռնելի է, թե ինչպես կարող է հանդիմանվել իրենց հոգեւորական գործընկերը, որը երկու տարի առաջ նույնիսկ օգնել էր ոստիկանությանը` հայտնաբերել վանքում կատարված մեկ այլ գողություն: Վերանորոգության ժամանակ գրքեր էին հափշտակվել: Ներսես Րաֆֆի Ս.-ն գողոնը հայտնաբերել էր անտիկ իրերի մի խանութում, եւ ոստիկանությանն ուղղորդել այնտեղ: Ներսես Րաֆֆի Ս.-ի հանդեպ դեռ ուժի մեջ է անմեղության կանխավարկածը, հանցանքն ապացուցվելու դեպքում նրան սպառնում է մինչեւ 3 տարվա ազատազրկում:

    Ինչպես «Ազգը» ժամանակին, այնպես էլ ավստրիական աղբյուրներն այժմՙ հիշատակում են նմանօրինակ մեկ ուրիշ պատմություն. 2006-ի սկզբին ձերբակալվել էր 31-ամյա մի լիբանանցի վանահայր, որը խոստովանել էր մեղքը: Նա 55 մշակութային արժեք էր կողոպտել, որոնց մի մասը ինտերնետով վաճառել էր: Բայց մինչ օրս օրինական ուժ ունեցող դատավճիռ չի հրապարակվել:

    Այդ դեպքից քիչ անց Մխիթարյան միաբանության արխիվի մեկ ուրիշ ծառայողՙ հայր Ն. է հայտնվում նույնպիսի որոգայթի մեջ, ով միաբանության տեղեկության համաձայնՙ մի քանի միլիոն «մի կողմ դնելու» մեջ է կասկածվում:

    Երկուսի միջեւ կապ չկա, իր կարծիքն է հայտնել Պողոս աբբահայրը: Նա ասել է, թե հայր Ն.-ի տանը արկղերում եղած անձնական իրերի մեջ էր նաեւ վանքին հասցեագրած Ֆրանց Յոզեֆ կայսեր նամակը. մի բան փաստ է, որ արխիվում նրա պաշտոնավարման ժամանակ մի շարք իրեր են անհետացել, որոնց մեջ նաեւ 1 միլիոն եվրո գնահատված մի կտավ:

    Այս պատմության վերաբերյալ հետաքրքրական կլինի իմանալ Մխիթարյան միաբանության ընդհանուր աբբահոր կարծիքը:

    ԱՆԱՀԻՏ ՀՈՎՍԵՓՅԱՆ, Գերմանիա
    Voskan asgets hedo amenoun massin kere hadjiss.

Comments are closed.

You May Also Like
Read More

Ոչ Սրբազան Պակտ

Սամվել Հովասափյան, Բեռլին, Մայիս 2010 Վերջին ժամանակներս նկատում ենք հայ ժողովրդի կյանքում աննախադեպ մի երևույթ, դա Հայաստանի իշխանությունների…
Read More