
"Մհերին արդարութիւնը կրնայ իրականանալ եւ կերտուիլ, երբ հայը կարենայ տարբերութիւններով հանդերձ, ստեղծել հասարակ յայտարարը իր համազգային հիմնահարցերուն եւ գոյապայքարին:"






"Մհերին արդարութիւնը կրնայ իրականանալ եւ կերտուիլ, երբ հայը կարենայ տարբերութիւններով հանդերձ, ստեղծել հասարակ յայտարարը իր համազգային հիմնահարցերուն եւ գոյապայքարին:"



4 Յուլիս, 2010, Ֆիլատելֆիա, Միացեալ Նահանգներ, հոն, ուր Ամերիկան կերտեց իր անկախութիւնը եւ ստացաւ ինքնուրոյն նկարագիր: Եւ Ֆիլատելֆիոյ կեդրոնական մասին մէջ կը դիտեմ Փոքր Մհերի արձանը:
Ճարտարապետական գեղեցիկ մտայղացումը եւ իրագործումը կու գայ Խորէն Տէր Յարութեանէն: Այս արձանը նուէր է Ֆիլատելֆիոյ հայկական գաղութին կողմէ՝ 24 ապրիլ, 1976-ին Միացեալ Նահանգներու հիմնադրութեան երկու հարիւրամեակին առիթով: Տակաւին նկարին տակ կայ նկարագրականը, որ կ՝ըսէ. ՙՄհեր՝ առասպելական հերոսը իր գերազանց ուժականութեամբ, որ կ՝արտացոլացնէ վերապրելու հաւատքը հայ ժողովուրդին՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութեան՚: Փոքր Մհեր իր ձեռքին ունի խաչը՝ հայուն վերապրելու կռուանը: Իսկ արձանին տակ եւ չորս կողմը կան հայ ժողովուրդի պատմութենէն դրուագներ՝ Վարդանանց հերոսամարտէն մինչեւ Մեծ եղեռն եւ Ցեղասպանութիւն…: Բայց այս բոլորէն ետք եւ վեր՝ կայ ու կը մնայ վերապրելու հրամայականը, որ Մհերի արձանին խորհրդանիշն է…:
Արձանին նայելով՝ կ՝երթամ դէպի անցեալ, երբ սորվեցայ Մհերին մասին եւ զայն վերածեցի իմ ազգային հերոսս՝ այդ օրերուն չկարենալով զանազանել իրականը առասպելականէն: Հիմնականը այն է, որ ան իմ պատանեկան սրտին ու մտքին մէջ դարձած է ազգային հերոս, որ այսօր դարձեալ կը մարմնաւորուէր դիմացս ու կը յիշեցնէր հայուն կեանքին հերոսական ընթացքը՝ վերապրելու հրամայականը:
Ֆիլատելֆիա Միացեալ Նահանգներու գեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է: Տալըուէր գետը կու գայ աւելի շեշտակի դարձնելու քաղաքին կանաչ ու խիտ ծառերուն գեղեցկութիւնն ու հմայքը: Այդ գեղեցկութիւնը կու գայ ամբողջացնելու անոր տրուած մակդիրը՝ ՙԵղբայրական սիրոյ քաղաք՚: Այս քաղաքը նաեւ հպարտ է իր քաղաքացիով՝ Պենճամին Ֆրանքլին, որուն անունը քիչ մը ամէն տեղ է ու քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ: Պենճամին Ֆրանքլին բազմակողմանի հետաքրքրութեան տէր անձ մը եղած է ու օժտուած է բազմաթիւ կարողութիւններով: Ան կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու կերտիչներէն մէկը՝ իբրեւ անկախ պետականութիւն, բայց նաեւ ինքնուրոյն նկարագիր տուած է երկրին:
Հայկական գաղութը կը հաշուէ աւելի քան տասնհինգ հազար անհատ: Գաղութը լաւապէս ժառանգած է քաղաքին ՙԵղբայրական սիրոյ՚ հոգին եւ տեսլականը: Կան հինգ հայկական եկեղեցիներ, որոնց երեքը առաքելական, մէկը՝ կաթողիկէ, մէկը՝ աւետարանական: Աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր գաղութը միասնաբար կ՝ոգեկոչէ ազգային-եկեղեցական եւ մշակութային բոլոր տօները: Միասնականութիւնը ոչ միայն խօսք, այլեւ գործ է ու կեանք: Այս միասնականութիւնն է, որ ապրեցայ Ֆիլատելֆիոյ մէջ՝ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէկ գործունէութեան ընթացքին: Տարբեր եկեղեցիներ ենք եւ տարբեր վարդապետութիւն: Բայց կայ անհրաժեշտութիւնը եւ գործելու ՙհասարակ յայտարար՚ անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի կարենայ միացնել մեզ՝ նոյնինքն մեր տարբերութիւններուն մէջ: Եւ հայը գտած ու կերտած է այս ՙհասարակ յայտարար՚ը՝ Պենճամին Ֆրանքլինի ՙԵղբայրական սիրոյ քաղաք՚ին մէջ:
Եթէ մէկ կողմէ կ՝ապրիմ Ֆիլատելֆիան՝ անոր գեղեցկութիւնը եւ համերաշխութիւնը, բայց անպայմանօրէն նաեւ կ՝ապրիմ Փոքր Մհերը եւ անոր հերոսական ժառանգը: Նաեւ այն, որ սորված էի, թէ ինչպէս ժայռը բացուած է, եւ Մհեր իր ձիով մտած էր ժայռէն ներս, ու ժայռը փակուած էր: Եւ տակաւին Մհեր ժայռէն դուրս պիտի գար միայն այն ատեն, երբ անարդարութիւնը աշխարհին երեսէն վերնար, բարին յաղթէր եւ հողը դառնար արդար եւ այնքան, որ դիմանար անոր ոտքերուն տակ:
Բայց այսօր Փոքր Մհեր Ֆիլատելֆիոյ քաղաքի ժայռին մէջ փակուած չէ: Ան դուրս ելած է յախուռն կերպով եւ կանգնած է քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ: Ան ոտքերը նետած է այսպէս ըսուած ՙեղբայրական սիրոյ՚ քաղաքին մէջ. հոն, ուր կերտուեցաւ Ամերիկայի անկախութիւնը, բայց նաեւ՝ անոր ինքնուրոյն նկարագիրը, որ մարդ անհատին եւ քաղաքացիին շնորհեց արդարութիւն, ազատամտութիւն եւ հաւասարութիւն:
Եթէ Փոքր Մհերի արձանը երախտագիտութեան արտայայտութիւն է հայկական գաղութին կողմէ Ֆիլատելֆիոյ քաղաքին, բայց նաեւ՝ հոն կայ վճռականութիւնը, թէ հայը կը վերապրի ու պիտի շարունակէ գոյատեւել, նաեւ՝ յիշեցնել, թէ տակաւին առկայ է հայուն ՙբարի՚ յաղթանակը եւ արդար ՙհողը՚:
Բայց ՙԵղբայրական սիրոյ քաղաք՚ի պատմութիւնը կերտուած է նոյնինքն այդ նկարագիրին վրայ, որ մարդուն եւ հաւաքականութեան խոստացաւ եւ շնորհեց ազատութիւն, արդարութիւն եւ բարիի իրաւունքը: Ամերիկայի պատմութիւնը հիմնուած է այս նկարագիրը կերտելու պայքարին ու ջանքին վրայ, ուստի ան պէտք է մնայ հաւատարիմ եւ անաչառ՝ իր պատմութեան տեսլականին: Հայուն պատմութիւնը իրական է եւ անոր պահանջատիրութիւնը եւ իրաւունքը՝ բարի: Մհերին արձանը նաեւ յիշեցում է, թէ տակաւին պէտք է կերտել այս արդարութիւնը, որով հայը պիտի ապրի իր իրաւունքը՝ ազատ ու բարի:
Մհերին պատմութիւնը, իրական թէ դիցաբանական, ունի մէկ ճշմարիտ հիմնաքար՝ հայուն վերապրելու իրականութիւնը եւ իրաւունքը՝ ամբողջական արդարութիւն ունենալու:
Այս իմաստով Մհերի արձանը յիշեցում է, թէ տակաւին կայ հայուն պատմական արդարութիւնը եւ անոր պահանջատիրութիւնը: Պատմութիւն մը, որ իրական է եւ պահանջատիրութիւն մը, որ արդար է: Բայց Մհերին արձանը նաեւ յիշեցում է այն մասին, որ հայուն արդարութեան ու պահանջատիրութեան ճամբան հայուն միասնականութեան միջոցով կը նուաճուի եւ անոր մէջ է: Եւ այս՝ Ֆիլատելֆիոյ մէջ թէ այլուր: Մհերին արդարութիւնը կրնայ իրականանալ եւ կերտուիլ, երբ հայը կարենայ տարբերութիւններով հանդերձ, ստեղծել հասարակ յայտարարը իր համազգային հիմնահարցերուն եւ գոյապայքարին: Ասիկա առկայ պէտք է ըլլայ կեանքին տարբեր ոլորտներուն մէջ:
Մհերին արդարութիւնը հայուն իրաւունքն է: