Մոլեռանդ Պրպտողը՝ Ստեփան Փարթամեան

Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելոս, 28 Փետրուար 2013

THE ARMENIAN IN AMERICA
Հեղ.՝ Ստեփան Պ. Փարթամեան
 
Երբ պիտի խօսինք կամ գրենք մեր համայնքի հետաքրքրական անձերէն Ստեփան Փարթամեանին մասին, պէտք չէ խուսափինք գործածելէ «ինքնատիպ», «անսովոր», «իւրայատուկ», «տարօրինակ» եւ նման ածականներ, որովհետեւ, նախ ինք գոհ կը մնայ եւ ապա իսկապէս այդ բառերը կը բնութագրեն իր անձն ու գործը՝ թէ՛ որպէս արուեստի գործիչ, թէ՛ հեռատեսիլի հաղորդավար եւ թէ՛ մանաւանդ որպէս պրպտող: Ապացո՞յց. իր երկու գիրքերը նուիրուած ամերիկահայութեան պատմութեան ու գոյութեան:

Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելոս, 28 Փետրուար 2013

THE ARMENIAN IN AMERICA
Հեղ.՝ Ստեփան Պ. Փարթամեան
 
Երբ պիտի խօսինք կամ գրենք մեր համայնքի հետաքրքրական անձերէն Ստեփան Փարթամեանին մասին, պէտք չէ խուսափինք գործածելէ «ինքնատիպ», «անսովոր», «իւրայատուկ», «տարօրինակ» եւ նման ածականներ, որովհետեւ, նախ ինք գոհ կը մնայ եւ ապա իսկապէս այդ բառերը կը բնութագրեն իր անձն ու գործը՝ թէ՛ որպէս արուեստի գործիչ, թէ՛ հեռատեսիլի հաղորդավար եւ թէ՛ մանաւանդ որպէս պրպտող: Ապացո՞յց. իր երկու գիրքերը նուիրուած ամերիկահայութեան պատմութեան ու գոյութեան:

 
2009-ին Ստեփան Փարթամեան հրատարակեց “Yes, we have”-ը, ապա անոր յաջորդեց “ Yes, we have too”-ն եւ հայերէն տարբերակ «Այո՛, Մենք ենք»-ը: Այժմ լոյս տեսած է “The Armenian American”-ը (2012, Glendale):  Այս երեքը կը վկայեն իր սկսած, ու տակաւին շարունակելիք գործին եզակիութեան, բայց յատկապէս  պրպտումներուն մէջ իր ցուցաբերած մոլեռանդութեան մասին: Հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ մեր տեսած Ստեփանը այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ:
 
Եթէ Փարթամեանին նախորդ երկու հատորները նուիրուած էին ԱՄՆ-ի գիտութեան, արդիւնաբերութեան, բժշկութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ հայ մարդոց արձանագրած նորարարութիւններուն եւ գիւտերուն, ապա վերջին հատորին մէջ հեղինակը մոլեռանդ հաւատացեալ-ուխտաւորի մը նման, 45 նահանգներ շրջելով ընտրած է վայրեր, արձանագրութիւններ ու ցուցանակներ, որոնք կը վկայեն հայութեան ստեղծագործ ներկայութեան մասին: Այսպէս՝ պատկերազարդ հատորին 172 էջերուն տարածքին կը հանդիպինք հայկական անուններ կրող փողոցներու, պողոտաներու, եկեղեցիներու, ցուցանակներու, դպրոցներու, որմազդներու, նպարատուներու եւ այլ զանազան ու զարմանազան հայկական առնչութիւններու:
 
Ահաւասիկ բծախնդիր աշխատանք մը, որուն նմանը «շուկայ» իջեցնելու եւ գումարներ դիզելու համար ամերիկեան հիմնարկներ տասնեակներով մասնագէտներ կ'աշխատցնեն եւ կը յատկացնեն վիթխարի նիւթական միջոցներ: Մեր տրամադրութեան տակ դրուած “The Armenian American”-ը ՄԷԿ հոգիի գործ է: Կը դիտեմ ու կ'ուսումնասիրեմ նկարները եւ աչքիս առջեւ կու գայ Ստեփանը իր իւրայատուկ մօրուքով ու փայլուն գլուխով եւ վիզէն կախուած լուսանկարչական թուային գործիքով (digital camera), փութով կ'իջնէ իր ինքնաշարժէն եւ կը շտապէ դէպի հերթական Ցեղասպանութեան խաչքար-յուշարձանը ու կը սկսի չխկացնել գործիքը:
 
Առասպելական աշխատանք կատարած է Փարթամեան անկասկած, որուն համար ոչինչ խնայած թէ՛ որպէս ժամանակ եւ թէ՛ որպէս նիւթական, այն ակնկալութեամբ, որ աշխարհը իմանայ թէ իր ժողովուրդը ո՛չ միայն գիւտարարներ ու գործարարներ տուած է, այլեւ շէնցուցած է այս երկիրը իր մշակոյթին բնորոշ կառոյցներով: Չի կարելի չհամաձայնիլ հեղինակին խօսքին հետ, զոր կը մէջբերեմ ներածականէն:
 
«Արդեօք մեր փառաբանուած քրիստոնէական ժառանգէն ու Եղեռնէն բացի ոչի՞նչ «տուած ենք» աշխարհին: Նոյնքան կարեւորաբար, արդեօք տրամաբանակա՞ն է որ անտեսենք հայ անհատներու կողմէ մարդկութեան բերուած բացառիկ, յաճախ պատմութիւն կերտող նպաստները եւ ձախողինք քաջալերել տաղանդաւոր հայերու յաջորդ սերունդը՝ իր ստեղծագործական փորձերուն մէջ»:
 
 
“The Armenian in America”-ի հրատարակութեան մէջ իր ճաշակն ու ներդրումը ունի նաեւ  խոհուն մտաւորական Իշխան Ճինպաշեան, որպէս հատորի խմբագիր:
 
Ստեփան Փարթամեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է «Ապրիլ» գրատունին եւ անոր անխոնջ հանգուցեալ տնօրէնին՝ մեզի համար շատ սիրելի Յարութ Երէցեանին  ձօնելով սոյն հատորը:  

 

You May Also Like