Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 26 Հոկտեմբեր 2010

Իրօ՛ք, տասնըմէ՞կ տարի անցած է այն սեւ օրէն, երբ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը (Ազգային Ժողով) կը դառնար ահաբեկչութեան թիրախ, խլելով կեանքը պետական աւագանիէն ՈՒԹԸ պատկառելի այրերու, գլխաւորութեամբ Կարէն Դեմիրճեանի եւ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի:
Այո՛, այս է դառն իրականութիւնը, բայց աւելի դաժանը այս թղթածրարին թողլքուած, անտեսուած ու մոռցուած աններելիութիւնն է, նախորդ ու ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ:
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 26 Հոկտեմբեր 2010





Իրօ՛ք, տասնըմէ՞կ տարի անցած է այն սեւ օրէն, երբ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը (Ազգային Ժողով) կը դառնար ահաբեկչութեան թիրախ, խլելով կեանքը պետական աւագանիէն ՈՒԹԸ պատկառելի այրերու, գլխաւորութեամբ Կարէն Դեմիրճեանի եւ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի:
Այո՛, այս է դառն իրականութիւնը, բայց աւելի դաժանը այս թղթածրարին թողլքուած, անտեսուած ու մոռցուած աններելիութիւնն է, նախորդ ու ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ:
Ահաբեկիչը՝ Նայիրի Յունանեան անունով վիժուածք մըն էր, իսկ ահաբեկչապետը՝ ցարդ կը մնայ “անծանօթ” իր ինքնութեամբ, որովհետեւ յատենի իշխանութեան պատասխանատուներէն ոմանք ուզեցին այդ խորհրդաւորութեան մէջ պահել զայն, քաւութեան նոխազի պատմուճանը հագցնելով յունանեանատիպերու:
Խօսի՞նք թափանցիկութեամբ:
Իսկ ինչո՞ւ ոչ:
Յունանեան եւ ընկերք, երբ իրենց տրուած “ապսպրանք”ը կատարեցին, իրենց զոհերուն հոսող արիւնին դիմաց լպրշօրէն կանգնած, “բանակցութեան դեսպան”ի հանգամանքով, ընդունցին ( ՞ ) զրուցել օրուան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին հետ (կամ ինք ուզեց ըլլալ այդ բանագնացը):
Թէ ինչո՞ւ հե՛նց նախագահը եւ ի՞նչ էր զրոյցին բովանդակութիւնը, ցարդ կը մնան խիստ հարցադրական, մանաւանդ, երբ Յունանեան կոչեցեալը ամբարտաւան յաւակնութեամբ դուրս եկաւ խորհրդարանէն, իսկ նախագահը՝ խորամանկավարի կիսաքմծիծաղով:
Դատ–դատավարութիւնները, յետայնու, դարձան յաջող–անյաջող, երեւելի–աներեւելի, իրական–անիրական ցուցադրականութիւններու անհամ շարան մը, մինչեւ որ, օր մը, մարդասպան–զազրելին իր “անդորր”ը գտաւ “հանգստաւէտ զնտանային” պայմաններու մէջ, մինչ բանակցող–նախագահը՝ իր նախագահական նստավայրին մէջ, միշտ իր խորհրդաւոր ժպիտը անպակաս իր երեսէն:
Համոզուած պէտք է ըլլալ, որ քաղաքական ոճիրներուն կամ ահաբեկումներուն ԲՈՒՆ հեղինակներն ու պարագլուխները երեւան չեն գար, աւելի ճիշդ՝ նոյնիսկ եթէ գան, փոքր (“պուճուր”) գլուխները զոհ կ՝երթան անոնց:
Միայն այդքան:
Բայց, 27 Հոկտեմբեր 1999ի ՍՊԱՆԴը, որ տեղի ունեցաւ նման տարողութեամբ ու բարբարոսութեամբ, պետականութեան խորհրդանիշ՝ խորհրդարանի վրայ յարձակումով, զգետնելով օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութեանց ղեկավարներ, ապա, նախագահական ներկայացուցիչի հետ բանակցութեանց – մարդասպաններու հետ -, կարելի՞ է նոյն տրամաբանութեամբ բացատրել կամ մեկնաբանել:
Եթէ արդարացումը եւ գոհունակութիւնը այն է, որ այդ ահաւոր նախճիրին գործադրողները իրենց արժանի ( ՞ ) պատիժը ստացած են, ուրեմն, թղթածրարը փակուած է, ատիկա, մեղմ ըսած, անհեթեթութիւն է, չի դիմանար որեւէ դատողութեան ու համակերպութեան:
Յունանեանը՝ “գործադրող ձեռք”ը, ըստ վկայութիւններու, “ապուշ” մը չէր, այլ ինքզինք ի յառաջագունէ “ապահոված” մէկը, որ՝ ահաբեկչութենէն ետք, ոչ միայն պիտի հերոսանայ, այլեւ… արդարանայ, հետեւաբար, այդ կեցուածքին մէջ մնաց եւ այդ ապահովութեան մէջ մնաց, իր բանտային կեանքին մէջ, շատ աւելի բարօր, քան ազատութեան մէջ:
Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա:
Շա՜տ յստակ է ու մեկին:
Իր կեանքը, բարեկեցիկութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորուած են, այնքան ատեն որ “սուս” կը մնայ, այլապէս… ամէն ինչ հաւանական է, իսկ ինք լաւապէս գիտնալով եւ արժեւորելով այդ առաձգական կացութիւնը, լաւագոյնս օգտագործեց զանոնք:
Բայց ի՞նչ ըրաւ կամ ո՞ւր է բանագնաց–նախագահը, որ պատմական պատասխանատուութիւն մը ունի, իր նախագահութեան շրջանին պատահած այս կազմակերպուած ոճիրէն:
Ըսելիք ունի՞, ընելիք ունի՞, թէ՞ ոչ, իրեն համար ատիկա “անցողակի” է, ինք որեւէ ձեւով պատասխանատուութիւն չունի, մանաւանդ որ՝ այսօր ինք նախագահ ալ չէ, իր աշխատանքային ասպարէզը ըլլալով… որսորդութիւնը, ձկնորսութիւնը, քիչ մըն ալ… մարդորսութիւնը:
Այսօր, ներկայ իշխանութիւնները “ժառանգած” են ծանրակշիռ թղթածրար մը. 27 Հոկտեմբեր 1999ի ահաբեկչութիւնը:
Այս առընչութեամբ ի՞նչ կ՝ընեն:
Եթէ պատասխանը Յունանեան – “կենկ”ի դատավճռային բանտարկութիւնն է եւ ատիկա բաւարար է, “մեղք”ը այդպէս մտածողներու վզին:
Իսկ եթէ կայ լուրջ հետապնդում մը, այդ թղթածրարը քննարկելու, զայն վերաբանալու պայմանով, ատիկա կրնայ դառնալ (գէթ) սկիզբ մը, իսկական մեղաւորները մէջտեղ հանելու:
Բայց կա՞յ այդ տրամադրութիւնը կամ տեսանելի՞ է նման հաւանականութիւն մը:
“Որտի՞ց” պիտի ըսէին հայաստանցիները, “ուրկէ՞ – ուր” պիտի ըսէին սփիւռքահայերը, երբ ամէն ոք կը տեսնէ, թէ մեծապետական այրեր շատ ալ հետաքրքրուած չեն այդ “անցնող–մոռցուող” թղթածրարով:
Վաղը՝ 27 Հոկտեմբերին, պետական աւագանին, նահատակներու գործընկերներ թէ հետեւորդներ, խղճի ամենայն խաղաղութեամբ կ՝ուղղուին անոնց շիրիմները, ծաղկեպսակ կը զետեղեն եւ յաւուր պատշաճի խօսքեր կ՝արտասանեն եւ… վերջ:
“Ո՞վ սպաննեց”ը, ”ինչո՞ւ սպաննուեցան”ը, “ի՞նչ պատճառներով սպաննեցին”ը եւ ուրիշ հարցումներու պատասխանները… կրողին ծոցը:
Յամենայն դէպս, եթէ հայաստանահայութիւնը “անպահանջատէր” պիտի մնայ ու շարունակէ “կրաւորական” դառնալ, նահատակութեան գործողութիւնները պիտի շարունակուին… ցնոր տնօրինում, այս կամ այն եղանակներով: