Մտաւորականութիւնը Իշխանութեան Մէջ Տեղ Ունի՞

Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 12 Սեպտեմբեր 2018

Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը, իր անկախութեան 26 տարիներուն, նախագահական ու կառավարական, խորհրդարանական ու մարզպետական բազմաթիւ անցումներ ունեցաւ, իր կոշտ ու բիրտ, տաք ու պաղ, աւերիչ ու քանդիչ քաղաքական գործելաձեւերով, որոնք սուղ արժեցին Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին:

– Ինչո՞ւ այդ դաժան ոճերը որդեգրուեցան ու կիրարկուեցան:
-Ինչո՞ւ անկախութիւն երազող ժողովուրդը բռնազբօսիկ վիճակի մէջ յայտնուեցաւ:
– Արդեօ՞ք անկախութեան անարժան մնալու դատապարտանք մը կար:
– Արդեօ՞ք անկախութիւնը շփոթուած էր մենատիրութեան հետ:

Պարոյր Յ. Աղպաշեան , Պէյրութ, 12 Սեպտեմբեր 2018

Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը, իր անկախութեան 26 տարիներուն, նախագահական ու կառավարական, խորհրդարանական ու մարզպետական բազմաթիւ անցումներ ունեցաւ, իր կոշտ ու բիրտ, տաք ու պաղ, աւերիչ ու քանդիչ քաղաքական գործելաձեւերով, որոնք սուղ արժեցին Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին:

– Ինչո՞ւ այդ դաժան ոճերը որդեգրուեցան ու կիրարկուեցան:
-Ինչո՞ւ անկախութիւն երազող ժողովուրդը բռնազբօսիկ վիճակի մէջ յայտնուեցաւ:
– Արդեօ՞ք անկախութեան անարժան մնալու դատապարտանք մը կար:
– Արդեօ՞ք անկախութիւնը շփոթուած էր մենատիրութեան հետ:

Եթէ անկարկ մը նետուի այդ 26 տարիներուն վրայ, դրական ու կառուցողական ներդրումներու կողքին, կան նաեւ այնպիսի ժխտական ու քանդողական օրինակներ, որոնք սահմռկեցուցիչ ու զարհուրելի են, միանգամա՛յն:

Իսկ ատոնց հեղինակները թուրքեր կամ ազերիներ չէին, այլ՝ հայեր, որոնք ենթադրուած էին ըլլալ անկախութեան պահակները, պետութեան կերտիչները, իշխանութեան առաջնորդները:

Սակայն, ո՛չ, անոնք զաւթողներ եղան, արիւնարբուներու վերածուեցան, հարստահարողներ դարձան, իրենց հայրենիքը պղծող ու ժողովուրդը խոշտանգող մոլեգնութեամբ, տակաւին, առանց հաշիւ տալու, թէ ինչպէ՞ս քանի մը տարիներու ընթացքին, անոնցմէ շատեր դարձան…մրցանշային հարուստներ, անշուշտ, ոչ հալալ միջոցներով, ոչ ալ սեփական արդար քրտինքի գնով:

¡¡¡

Մեր այսօրուան նիւթը, սակայն, կը վերաբերի անոր, որ իշխող ու կառավարող պետական այրերուն մէջ.

– Չկայի՞ն պարկեշտներ եւ ազնիւներ
– Չկայի՞ն յանձնառու հայրենասէրներ
– Չկայի՞ն քաղաքացիական գիտակցութեան տէր պատասխանատուներ
– Չկայի՞ն հայկական պետականութեան հզօրացման նուիրուած ազգայիններ
– Չկայի՞ն ազգային արժանապատուութեամբ գործող ղեկավարներ

Կը թուի թէ՝ չկայի՛ն, որովհետեւ պետական վարչամեքենային գործող տարրերուն մեծամասնութիւնը, այլապէս չէր կրնար շուտով դառնալ չինովնիկ, աւատապետական կիրքով յափշտակելու ամէն ինչ:

Հետաքրքրական է, օրինակի համար, կառավարական կազմին եւ խորհրդարանական կառոյցին մէջ, ինչո՞ւ չկան միտքի ու գրիչի հեղինակաւոր դէմքեր, բնական է, խօսքը կը վերաբերի մտաւորական եւ արուեստի գործիչներուն, որոնք իրենց լրջախոհութեամբ, իմաստութեամբ եւ անաչառութեամբ շատ աւելի կրնան ծառայել իրենց հայրենիքի ու ժողովուրդի բարօրութեան:

(Ի դէպ, Ազգային Ժողովի անդամ՝ ժողովրդական երգչուհի Մանուշակ Պետրոսեան, որմէ շատ բան կ’ակնկալուէր, դարձաւ հլու-հնազանդ Հանրապետական մը, առանց դառնալու դրօշակակիր մը, յօգուտ գոնէ երգարուեստի իր բնագաւառին մէջ գտնուող գործակիցներուն, իսկ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրութեան առիթով, ուղղակի «դաւաճանեց» իր ինքնութեան եւ արժանապատուութեան, հասարակութեան կողմէ «անբաղձալի» նկատուելով):

Անկասկած մտաւորականութիւնը տարբեր գոյն եւ որակ կու տայ պետութեան մը դիմագիծին ու գործընթացին, նոյնիսկ երբ ան կրնայ խորհրդատու դառնալ, իր մասնագիտութեան համապատասխան նշանակումով:

Խորհրդային կարգերու շրջանին, Կենտկոմի Առաջին քարտուղարները եւ ընդհանրապէս կուսակցական պատկան մարմիններու մօտ, միշտ մտաւորականութեան կարիք կը զգացուէր եւ կամ՝ տուեալ պատասխանատուն ի՛նք կ’ըլլար մտաւորական:

Այսօրուան Հայաստանը, իր ամբողջութեամբ  ծնունդն ու ժառանգորդն է Բ. Հանրապետութեան՝ Խորհրդայաին Հայաստանին, որ կերտուած է մտաւորական գործիչներու  օրով, հովանաւորութեամբ, հսկողութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ:

Այդ գործիչները ո՛չ մէկ բարդոյթ ունեցած են իրենց մտաւորական խորհրդատուներուն… խորհուրդները լսելէ, որովհետեւ, անոնք ծառայած են հայրենիքի բարգաւաճութեան, այլապէս՝ այսօր կրնայի՞նք ունենալ Սարդարապատ, Մատենադարան, Ծիծեռնակաբերդ, Օփերա, Ազգային գրադարան, Բիւրական եւ բազմաթիւ այլ հրաշալիքներ:

Խ. Հայաստանի կարկառուն ղեկավար՝ Ա. քարտուղարը՝ Կարէն Դեմիրճեան, որ հզօր անհատականութեան տէր էր, տեսիլքի ախոյեան ու բուռն հայրենասէր, ազգային, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման համար, խորհրդատու նշանակած էր Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ՝ տաղանդաւոր արձակագիր ու հանրայայտ մտաւորական Վարդգէս Պետրոսեանը:

Պէտք է երեւակայել, թէ Պետրոսեան ինչպիսի յաջողակ եւ իրատես խորհրդատու մը եղած է եւ նպաստած՝ բազմաթիւ ծրագիրներու յաջողութեան, մեծապէս գնահատանքին արժանանալով Դեմիրճեանին:

Այս իմաստով, խորհրդային շրջանի կուսակցական ղեկավարներու մեծ մասը, եղած է իրա՛ւ հայրենասէր եւ իր ժողովուրդին ծառայող ղեկավար, որոնց մասին ո՞ր պատմիչը եւ ո՞ր պատմութիւնը պիտի արձագանգէ, փոխանակ զանոնք հալածելու ու նսեմացնելու:

Կը պատմուի, որ Մոսկուայի մէջ, համահանրապետական գերագոյն ժողովի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի Ա. քարտուղար Հայտար Ալիեւ, անարգանքի խօսք արտայայտած է Հայաստանի եւ հայութեան հասցէին, որուն ի պատասխան, Հայաստանի Ա. քարտուղար՝ Կարէն Դեմիրճեան, շառաչուն ապտակով մը «ասպատակած» է զինք…:

Արդարեւ, խօսուն պատկեր մը…:

¡¡¡

Իսկ այսօր, երբ անկա՜խ Հայաստանը, ամենէն աւելի կարիքն ունի հայ մտաւորականութեան խօսքին ու գործին, նեցուկին ու զօրակցութեան, կը գտնուի՞ իր արժանի դիրքին վրայ:

Հասկնալի է, խորհրդահայ շրջանի մեծամեծ մտաւորականները մեկնած են այս աշխարհէն, բայց, ո՞վ ըսաւ թէ Հայաստանը չունի իր մտաւորական զանգուածը, իր մտաւորական լիցքը, ուր միահամուռ բռունցք ցոյց տայ, ի նպաստ.

– Հայրենի պետականութեան անխախտութեան
– Հայրենի ժողովուրդին բարեկեցիկութեան
– Հայրենիքի հողային անվտանգութեան
– Հայրենիքի անսասանութեան կառչածութեան

Ի դէմս՝

– Արկածախնդիրներ անկիւնաւորելու
– Սակաւապետեր չէզոքացնելու
– Պատեհապաշտներ անշքացնելու
– Աւազակապետեր մերկացնելու

Այս բոլորը, դժբախտաբար, տեղի չունեցան անցնող շուրջ քսան տարիներուն, որովհետեւ ստալինեան (տեսանելի թէ ոչ) բռնագաւազանը ամենուրէք էր, արտագաղթի դուռը լայն բանալով եւ ժողովուրդը ստրակացնելով, իսկ Հայաստանի մտաւորականութիւնը ԲԱՑԱԿԱՅ էր, մինչ սփիւռքահայ մտաւորականութիւնը՝ ԱՆՏԵՂԵԱԿ (կամ համակերպող), որովհետեւ «գինովցած» էր արտաքին, մասնակի կամ տեսանելի երեւոյթներով:

Հիմա, Հայաստանի մէջ, նոր իրավիճակ կայ՝ իշխանափոխութեամբ եւ հաւանական բարեփոխութիւններով, հետեւապէս, Հայաստանի մտաւորականութիւնը բան մը ունի՞ ընելիք ի մասնաւորի Հայաստանի Գրողներու Միութեան ղեկավարութեան վերընտրութեամբ:

Եթէ պիտի մնայ դիտողի կամ «սպասենք ու տեսնենք»ի կարգավիճակի մէջ, վա՜յ է եկեր բոլորին, իսկ եթէ պիտի ստանձնէ իր մտաւորական պատասխանատուութիւնը, իր գործօն մասնակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը բերելով փոխանցման կառավարութեան գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, այն ատեն,

վստահաբար, դէպի յառաջդիմութիւն  ու բարեկարգութիւն  ուղին յուսադրիչ եւ ոգեւորիչ խոստմնալիութիւն մը կը ներշնչէ:

Մտաւորականութիւնը ժողովուրդի մը սիրտն ու ոգին է:

Լիբանանեան 17ամեայ պատերազմին, լիբանանահայ մտաւորականութիւնը (խմբագիր, հարապարակագիր, կրթական մշակ, ազգային գործիչ, եւայլք), դարձաւ հայ համայնքին առաջնորդը, յուսադրողը, քաջալերողը, լուսաբանողը, զօրակցողը, անոր նկատմամբ տածելով վստահութիւն, հաւատք, յոյս ու վճռակամութիւն:

Պէտք է հաւատալ մտաւորականութեան ուժին, հմայքին ու սլացքին, իսկ մտաւորականը պէտք է իր առաքելութեան, կոչումին ու ներուժականութեան կրողը դառնայ, ամենայն պատրաստակամութեամբ, զոհաբերութեամբ ու նուիրուածութեամբ:

 

You May Also Like
Read More

«Պէտք է ջնջուի՛ այդ անունը մեր քարտէզից» – Բողոքագիր հայկական քաղաքը թուրք բարբարոսի անունով կոչուելու դէմ

Ծանօթագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց՝ Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 6 Մայիս 2020 Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առ այսօր գոյութիւն ունի…
Read More