«Մտաւորական-Մտաւորականութիւ՞ն…

Կատակ Կ’Ընես…»

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Փետրուար 2012

Մտաւորակա՜ն: Մտաւորականութի՜ւն:
 
Ո՞վ է մտաւորականը: Ի՞նչ է մտաւորականութիւնը:
 
Կար ժամանակ, հեռու թէ մօտիկ, երբ մտաւորականը՝ իր իսկական կոչումին մէջ էր, իսկ մտաւորականութիւնը՝ իր առաքելութեան, հոգ չէ թէ պայմանները ըլլային անձեռնտու կամ վիճակները՝ անմխիթարական:
 
Սակայն, ո՞վ էր գնահատողը մտաւորականը եւ ո՞վ էր մտաւորականութիւնը արժեւորողը:
 
Քիչեր:

Կատակ Կ’Ընես…»

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Փետրուար 2012

Մտաւորակա՜ն: Մտաւորականութի՜ւն:
 
Ո՞վ է մտաւորականը: Ի՞նչ է մտաւորականութիւնը:
 
Կար ժամանակ, հեռու թէ մօտիկ, երբ մտաւորականը՝ իր իսկական կոչումին մէջ էր, իսկ մտաւորականութիւնը՝ իր առաքելութեան, հոգ չէ թէ պայմանները ըլլային անձեռնտու կամ վիճակները՝ անմխիթարական:
 
Սակայն, ո՞վ էր գնահատողը մտաւորականը եւ ո՞վ էր մտաւորականութիւնը արժեւորողը:
 
Քիչեր:

Այդուհանդերձ, մտաւորականը կը մնար (մնաց) իր կոչումին կրողը, իսկ մտաւորականութիւնը՝ իր առաքելութեան:
 
Ինչո՞ւ:
 
Շա՛տ պարզ:
 
Որովհետեւ մտաւոականը հաւատք ունէր, ամբողջական հաւատք իր կոչումին եւ այդ մեկնարկով կը գործէր, կը նուիրուէր ու կը զոհաբերուէր, իսկ մտաւորականութիւնը՝ գիտակցութեամբ, ամբողջական գիտակցութեամբ կը մնար պատնէշի վրայ:
 
Հակառակ մտաւորականին կամ մտաւորականութեան նկատմամբ, մասամբ թէ այլապէս, սնուցուող անտարբերութեան եւ անփութութեան, անտեսութեան եւ անհոգութեան, այդխաւը շարունակեց մնալ ազգային կիզակէտին վրայ, նոյնիսկ ի հեճուկս ծառացող արուեստական դժուարութիւններուն, դիտաւորութիւններուն եւ ոտնձգութիւններուն:
 
Այսօր, շատ բան կը պարտինք այն մտաւորականներուն կամ մտաւորականութեան, որոնք, անկախաբար իրենց ստեղծագործական անգնահատելի ներդրումէն, ազգային կեանքին մէջ մնացին ուղեցուցային կամ կողմնորոշային, իրենց խոհեմ ու հեռատես դերակատարութիւններով:
 
Այսօրուան դիտանկիւնով, երբ կը խորաչափենք հայ մտաւորականին ու մտաւորականութեան դերն ու տեղը, նպաստն ու դիրքը, ո՞ւր կարելի է զիրենք գտնել (կամ՝նետե՞լ”), ո՞ւր կարելի է զիրենք զետեղել (կամ՝անկիւնաւորե՞լ”):
 
Միամիտ (թերեւս ոմանց համար ալանմիտ) հարցում մը, որ կը չարչրկէ (պէ՛տք է չարչրկէ) իւրաքանչիւր ազգային միաւոր կամ շրջանակ, եթէ կայ անոնց նկատմամբ յարգելիութեան եւ արժանաւորելիութեան համապատասխան վերաբերմունք:
 
Տխուր փաստ է, այլեւ՝ խոցող, որ հայ իրականութեան մէջ, քիչ մը ամէն տեղ (ու շա՜տ), հայ մտաւորականներուն ու մտաւորականութեան ազդեցութեան գօտիները սկսած են զգալապէս պակսիլ (խամրի՞լ), եւ ասիկա ոչ թէ անոր համար որ (տակաւին) արժանաւոր մտաւորական ու մտաւորականութիւն չկան, այլ՝ գերազանցապէ՛ս, եղածներն ալ արհամարհելու, նուաստացնելու եւ անշքացնելու ահաւոր դաւադրութիւն մը կայ:
 
Ո՞վ կրնայ ուրանալ այս դառն իրականութիւնը:
Ո՞վ կրնայ ջրել այս տիրող հոգեբանութիւնը:
Ո՞վ կրնայ հակառակիլ այս ճնշող մտայնութեան:
Ո՞վ կրնայ չհամաձայնիլ այս տխուր գործընթացութեան:
 
Երբ՝

Հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը առիթէ՝ առիթի դասակարգային շերտաւորում են (շատերու համար)
Հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը երեւոյթէ՝ երեւոյթի ներկայութիւն են (ստուար թիւի մը համար)
Հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը գործէ՝ գործի անհրաժեշտութիւն են (կարգ մը հատուածներու համար)
Հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը ձեռնարկէ՝ ձեռնարկի մասնակցութիւն են (որոշ խմբաւորումներու համար)
 
Ասիկա է այն մռայլ իրադրութիւնը, զոր հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը պարտաւոր (՞) են դիմագրաւելու, մանաւանդ ներկայ հանգրուաններուն, տարտամ ներկայէն մինչեւ անորոշ ապագայ, երբ վերնախաւերը, միջնախաւերը եւ կողմնախաւերը, կը փորձեն ամէն ձեւովխեղդելմտաւորականին ու մտաւորականութեան հեղինակութիւնը, վա՛րկը, ապիկար եւ ստորնամիտ միջոցներով, միջամտութիւններով կամ միջամուխութիւններով:
 
Որոշապէս այս բոլորը պատճառ դարձան կամ կը դառնան, որ հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը, որքան ալ ըլլան համեստ կամ սակաւաթիւ (այս ալ ուրիշ տագնապ մը, որուն պէտք է անդրադառնալ աւելի հանգամանօրէն), այսօր կը գտնուին, մեղմ ըսած, լուսանցքի վրայ:
 
Եթէ այս հաստատումին դէմ կայ հակաճառութիւն կամ առարկութիւն, պէտք է յանդգնութիւնը ունենալ նայելու տիրող իրականութեան, ուր պատկերը աւելի քան պերճախօս է, յատկապէս երբ կը լսուին կոչեր, կարգախօսներ ու մաղթանքներ՝ ի նպաստհայ մտաւորականին ու մտաւորականութեան:
 
Բայց, ատոնք ո՞րքանով ճշմարտութիւն են, այնքան ատեն որ հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը, իրենց էութեամբ ու գոյութեամբ, կը մնանանտէրանտիրականի կարգավիճակին մէջ:
 
Հաւանաբար ըսուի թէ՝ մտաւորականմտաւորականութիւնը լայն հասկացողութիւն է:
 
Թերեւս, ինչոր տեղ ճիշդ է, բայց ո՞վ ըսաւ եւ ո՞վ իրաւունք տուաւ, որ հայ ժողովուրդը, իր տարբեր գունաւորումներով կամ խայտաբղէտ կազմաւորումներով, հայ մտաւորականին ու մտաւորականութեան նկատմամբ պիտի վերաբերուի անկումայնութեան ու սայթաքութեան տրամաբանութեամբ:
 
Բնական է, խօսքը, այս պարագային, կը վերաբերի այնթունաւորմթնոլորտին, որ այսօր կը նշմարուի ու կը զգացուի մեր գաղութային կեանքին մէջ, իր զանազան դրսեւորումներով ու վերիվայրումներով, ուր մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը սկսած են խամրիլ:
 
Վերջին տարիներուն, ո՞վ չի տեսներ (կամ չուզէր տեսնել), թէ ազգային գերխնդիրներու մէջ, մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը կամայ թէ ակամայ կը բացակայուին…:
 
Ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել եւ ինչո՞վ պէտք է արդարացնել այս ափալթափալի թաւալքը:
 
Ազգային իշխանութիւններ, իրենց զանազան պատկանելիութիւններով, ոմանք լրջօրէն, ուրիշներ՝ մակերեսայնօրէն, կահազանգեն այս մասին, բայց կը բաւե՞ն ատոնք, որոնքբարիկամեցողութեամբսահմաններէն անդին չեն անցնիր, մինչ հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնը մեր իրականութենէն ներս կը պակսին (կը շահագործուին), անմիջական յաջորդներու ալ անգտանելիութեամբ:
 
Քանի մը տասնամեակ առաջ ալ կար այս մտահոգութիւնտագնապը, հիմա աւելիով սրած է, վաղը ի՞նչ կըլլայ, չենք գիտեր, բայցսթափբարեկամ մը ըսաւ.
 
Մտաւորականմտաւորականութի՞ւն մը ըսիր, այդ ի՜նչ պարապ կատակ է ըրածդ…:
 
Հիմա որո՞ւն կը հաւատաք. “սթա՞փին թէ՞՝ անսթափներուն, որոնք կը շարունակեն հայ մտաւորականն ու մտաւորականութիւնփրոփականտել, զանոնքփորփորելու գնով:
 
 
 
You May Also Like