Արեգ Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 21 Փետրուար 2015
Ահա դար մը անցաւ այն օրէն ի վեր, երբ «ահաւոր բան մը այնտեղ պատահեցաւ մութին մէջ»:
Այսօր, մեծ մասամբ արևմտեան կողմն աշխարհի հայկական համայնքնրու համեստ ճիգերու շնորհիւ, մի քանի տասնեակ երկրներու և ասդիէն ու անդիէն զանազան այլ պետութիւններու նահանգներու խորհրդարաններ ճանչցած են Մեծ Եղեռնը որպէս Ցեղասպանութիւն: Ասոնցմէ ամենէն յատկանշականը կարելի է համարել Ռուսական Դումայի Հռչակագիրը, ուր ոչ միայն կը ճանչնայ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ծրագրուած և իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ կը հաստատէ նաև Արևմտեան Հայաստանի մը գոյութիւնը, որ կը մնայ գրաւեալ նոյնինքն ոճրագործին կողմէ մինչև օրս:
Եւ տակաւին Թուրքիա կը մերժէ ընդունիլ իր իրագործած ոճիրը…
Վերջերս բարեկամի մը հետ կը զրուցէի, թէ ինչպէս Թուրքիա կը յանդգնի ժխտել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, թէ ինչպէս հայերս ասոր կամ անոր կը դիմենք որ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն ոչ մէկ քայլ կ'առնենք պաշտօնապէս Թուրքիոյ դիմելու որ, ոչ միայն ընդունի իր ոճրագործութիւնը, այլ նաև վերադարձնէ Արևմտեան Հայաստանի գրաւեալ հողերը: Այստեղ զրուցակիցս միջամտեց ըսելով, որ հայերս գոնէ այս ձևով բաւական աղմուկ կը հանենք, որպէսզի աշխարհ բոլորովին մոռացութեան չտայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Արեգ Եափուճեան, Սիտնի, Աւստրալիա, 21 Փետրուար 2015
Ահա դար մը անցաւ այն օրէն ի վեր, երբ «ահաւոր բան մը այնտեղ պատահեցաւ մութին մէջ»:
Այսօր, մեծ մասամբ արևմտեան կողմն աշխարհի հայկական համայնքնրու համեստ ճիգերու շնորհիւ, մի քանի տասնեակ երկրներու և ասդիէն ու անդիէն զանազան այլ պետութիւններու նահանգներու խորհրդարաններ ճանչցած են Մեծ Եղեռնը որպէս Ցեղասպանութիւն: Ասոնցմէ ամենէն յատկանշականը կարելի է համարել Ռուսական Դումայի Հռչակագիրը, ուր ոչ միայն կը ճանչնայ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ծրագրուած և իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ կը հաստատէ նաև Արևմտեան Հայաստանի մը գոյութիւնը, որ կը մնայ գրաւեալ նոյնինքն ոճրագործին կողմէ մինչև օրս:
Եւ տակաւին Թուրքիա կը մերժէ ընդունիլ իր իրագործած ոճիրը…
Վերջերս բարեկամի մը հետ կը զրուցէի, թէ ինչպէս Թուրքիա կը յանդգնի ժխտել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, թէ ինչպէս հայերս ասոր կամ անոր կը դիմենք որ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն ոչ մէկ քայլ կ'առնենք պաշտօնապէս Թուրքիոյ դիմելու որ, ոչ միայն ընդունի իր ոճրագործութիւնը, այլ նաև վերադարձնէ Արևմտեան Հայաստանի գրաւեալ հողերը: Այստեղ զրուցակիցս միջամտեց ըսելով, որ հայերս գոնէ այս ձևով բաւական աղմուկ կը հանենք, որպէսզի աշխարհ բոլորովին մոռացութեան չտայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Եւ զրուցակիցս շատ ճիշտ էր…
Անցեալին ինչ որ կատարուեցաւ և կը շարունակուի կատարուիլ մինչև օրս, ըլլայ Հայաստանի մէջ կամ ի սփիւռս աշխարհի, աղմուկ հանելէ զատ ուրիշ ոչ մէկ նպատակի կը ծառայէ: Աղմուկ հանելով Հայկական Դատը կարելի չէ լուծել: Կացութիւնը պիտի մնայ նոյնը այնքան ատեն որ միայն աղմուկ հանելով զբաղինք:
Ալպերտ Այնշթայն ատենին ըսեր է. «Միամտութիւն է երբ մէկը նոյն բանը կրկին ու կրկին փորձէ և տարբեր արդիւնք սպասէ»:
Կացութիւն մը փոփոխութեան ենթարկելու հետաքրքրական օրինակի մը համաձայն, հինգ տարբեր հանգրուաններէ անցնելու է հետևեալ կարգով. 1. Իրազեկ ըլլալ, տեղեակ ըլլալ որ փոփոխութեան կարիքը կայ, 2. ցանկութիւն ունենալ մասնակցելու եւ աջակցելու փոփոխութեանը, 3. գիտնալ թէ ինչպես պէտք է փոխել եւ թէ ինչ է փոփոխութեան արդիւնքը, 4. հնարաւորութիւն ստեղծել փոփոխութիւնը իրականացնելու և վերջապէս, 5. ամրապնդել իրականացուած փոփոխութիւնը:
Մենք՝ հայերս, միայն աղմուկ հանելով առաջին քայլէն՝ աշխարհը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեակ պահելէ անդին չենք երթար: Մինչև օրս, աշխարհի համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը մնայ, ինչպէս աւստրալացի մարդու իրաւունքներու փաստաբան Ճէֆրի Ռոպըրթսըն կը կոչէ, «Անհանգստացուցիչ կամ նեղացուցիչ Ցեղասպանութիւնը»: Հետևաբար աշխարհ որևէ ցանկութիւն չունի մասնակցելու կամ աջակցելու, որպէսզի Թուրքիան որևէ ճնշումի տակ դնէ: Այլ ընդհակառակը, վերջին տարիներուն այս երկիրներուն կեցուածքը դարձած է խուսափողական՝ «մենք պատմական վէճերու նկատմամբ կարծիք չունինք…» ըսելով։
Ալ ուր մնաց անդրադառնալու մնացեալ երեք քայլերուն որևէ փոփոխութիւն իրականացնելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի թիւ 1 առաջնահերթ հարցը Թուրքիոյ հետ բազմաթիւ հարցերու լուծումն է: Առաջին հերթին կու գայ հայկական գրաւեալ հողերուն վերադարձը, որ ազգային իրաւունքի կամ վնասուց հատուցումի հարց չէ միայն, այլ հայ ժողովուրդի ազգային գոյատեւման նախապայման: Հայաստան կարիքը ունի մեր գրաւեալ պապենական հողերուն՝ հասնելու համար Սև Ծովի ջուրերուն, ապա թէ ոչ իր գոյատևումը պիտի մնայ յարատև վտանգի տակ:
Վերջին մի քանի տարիներուն բազմաթիւ առիթներ երևան եկան, որպէսզի հայկական իշխանութիւնները, իբրև շեփորը ամբողջ հայութեան իղձերուն, ցանկութիւն ցուցաբերեն ներկայ կացութեան փոփոխութիւնը իրականացնելու, յառաջ բերելով անոնց պահանջները: Դժբախտաբար ամէն անգամուն ալ բաց թողուեցան այդ հնարաւորութիւնները…
Ամենէն յատկանշականը թերևս Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև դիւանագիտական յարաբերություններ հաստատելու մասին արձանագրութիւնն էր 2009 թ.: Սակայն ի զարմանս բոլորին, այս արձանագրութեան համաձայն, նախ «երկու երկրները պիտի վերահաստատէին իրենց միջև գոյութիւն ունեցող ընդհանուր սահմանի փոխադարձ ճանաչումը` սահմանուած միջազգային իրաւունքի համապատասխան պայմանագրերով», որուն համաձայն Հայաստան միանգամընդմիշտ պիտի հրաժարէր որեւէ հողային պահանջներէ: Երկրորդ, մէջտեղ բերել «ենթայանձնաժողով մը, որու նպատակն է գիտական, անկողմնակալ ուսումնասիրութիւն պատմական փաստաթղթերու և արխիւներու, առկայ խնդիրներու ձեւակերպման համար», որուն հետեւանքով Թուրքիա այլեւս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու որեւէ պարտաւորութենէ պիտի ձերբազատուէր:
Բարեբախտաբար, և անսպասելիօրէն, հայոց գլխուն կանխամտածուած այս դաւադրութիւնը ձախողութեան մատնուեցաւ շնորհիւ… Ատրպէյճանի ճիգերուն: Վերջինս իր ազգակից Թուրքիոյ յիշեցուց թէ ան սահմանը փակեց այն ժամանակ, երբ Հայաստանը «գրաւեց» ատրպեճանական տարածքները: Ուրեմն, նախքան հայ-թրքական սահմանի բացման մասին որեւէ քննարկում, Հայաստան պէտք է վերադարձնէ այդ «գրաւեալ» հողերը: Ասոր որպէս հետեւանք, Հայաստանի կառավարութիւնը իր կարգին որոշեց «կասեցնել արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգը, բայց առայժմ դուրս չգալ անոր գործընթացէն:»
Հիմնուելով վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ տարած հակահայկական ընթացքին վրայ, թերեւս հայկական իշխանութիւնները վերանայելու են իրենց այդ որոշումը:*
Իրողութիւն մըն է որ անցեալ 95 տարիներուն Հայաստանի սահմանները մնացած են անառիկ: Թուրքիա կամ իր ազգակից Ատրպէյճանը, որքան որ ալ կը փափաքին ներխուժել Հայաստան և իրենց նախնիներուն կիսատ թողուած գործը իր աւարտին հասցնել, կը մնան անկարող: Սակայն շնորհիւ հայկական իշխանութիւններու ճիշտ կողմնորոշման, վերածնած Հայաստանը տակաւին տեղ կը գրաւէ աշխարհի քարտէզին վրայ, ուր տեղւոյն հայութեան հնարաւորութիւն կու տայ որ ստեղծագործէ և բարգաւաճի: Ուրեմն, Թուրքիա դիմած է յաջորդ լաւագոյն միջոցին հայերուն հալածելու, Հայաստան ենթարկելով պաշարման և սպասէ որ տեղի բնակչութիւնը կամաց-կամաց լքէ իր պապենական հողերը և ուղղուի արտասահման, ուր իրենց կը սպասէ երկերանգ բայց մէկ հաստատ ճակատագիր՝ կամ սպիսակ ջարդը և կամ ալ կարմիր ջարդը:
Իսկ ի՞նչ կը պատահի ի միջի այլոց, մենք հայերս կը շարունակենք իրարու հետ մրցիլ թէ ո՞վ աւելի աղմուկ կրնայ հանել…
«Իմ այն համոզումս եղած է ու այժմ առաւելաբար կը մնայ, թէ Հայաստանի պէտք է դէպի ծով ելք տրուի որպէսզի ամէն զարգացման կարելիութիւն հայթայթուի այս պետութեան վերստանձնելու և ապահովելու համաշխարհային առեւտուրի օգտակար այն դերը իր աշխարհագրական դիրքով:» Ահա այսպէս կը գրէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն, 22 Նոյեմբեր, 1920 թ. իր յանձնարարական նամակին մէջ, իբրեւ միջնորդ դատաւոր նշանակուած Սեւրի դաշնագրի ստորագրեալներու կողմէ: Ատենին Թուրքիոյ և Հայաստանի Միջեւ Սահմաններու ԱՄՆ-ի Իրաւարարական Յանձնախումբի անդամները նոյնպէս կու գային հաստատելու այս կարծիքը, աւելցնելով թէ «Դէպի ծով ելքը կենսական անհրաժեշտութիւն է Հայաստանի գոյատեւման համար:»
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը հինգ տարի առաջ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական ուղեւորութեան ընթացքին, այցելեց Ուաշինկթըն և ծաղկեպսակ զետեղեց նախկին ամերիկացի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի գերեզմանին: Կը թուէր թէ նախագահ Սարգսեանի այցով Ուիլսընի շիրիմին, «Ուիլսընեան Հայաստանը» պիտի դառնար Հայաստանի առանցքային արտաքին քաղաքականութեան նպատակ: Սակայն այս անգամ ալ ոչինչ յառաջ եկաւ:
Այսօր հայերս, ըլլայ Հայաստանի մէջ կամ ի սփիւռս աշխարհի երկընտրանքի առջև կը գտնուինք: Կամ շարունակենք գանգատիլ, ասոր անոր մեղադրել մեր ճակատագրին իբրև պատճառը, քննադատել ասոր անոր որ Ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար: Ամենէն դիւրին ձևն է ասիկա, երբ կրնանք շարունակել աղմուկ հանել և սպասել որ օր մը յանկարծ բան մը պիտի պատահի: Կամ սկսինք պատասխանատուութիւն ստանձնել մեր ճակատագրին հանդէպ, որոշումներ տալով յաջորդ քայլերուն առնչութեամբ, և ցանկութիւն ցուցաբերել իրաւական իրաւունքները սեփական ուժերով հետապնդելու:
Մինչև որ որոշենք ինչ ուղղութեամբ պիտի շարժինք, եկէք մեր յարգանքի տուրքը մատուցանենք Հայոց Ցեղասպանութեան մեր բիւրաւոր զոհերուն յիշատակին:
* Այս տողերը գրուելէ ետք, կը տեղեկանանք թէ Սերժ Սարգսեան որոշած է Ազգային Ժողովէն ետ կանչել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները: Սպասենք և տեսնենք…