Ինչեր ըսես չեն մտածեր 1991-ի անկախութեան ձուէն ելած կարգ մը ճուտիկներ: “Ծիւ-ծիւ” եւ ահաւասիկ արտառոց “նորութիւն” մը կամ “չմարսուելիք” “ՙբարենորոգութիւն” մը կը նետուի հրապարակ: Հայաստանի մէջ գլուխը առած վայրագ դրամատիրութիւնն ու անոր փողահարները այժմ հերթը հասած կը նկատեն հայոց լեզուին ու հայ աւանդական դպրոցին ձեռք զարնելու՝ “յառաջդիմութեան” “բարենորոգութեան” եւ նոր “մրցակցութեան” անուան տակ:
“Ահաւոր բան մը կը կատարուի հոն՝ մութին մէջ” պիտի աւաղէր մեծն Թէքէեան: Պատկերացուցէք թէ հարցը հասեր է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով (ընդգծումը մերն է) , որ պիտի քննարկէ նախագիծ մը, որ արտօնութիւն տայ հայոց հայրենիքի, այդ մի բուռ հայատարածքի եւ ափ մը հայութեան մնացած բեկորին մէջ բանալու օտարալեզու դպրոցներ:
Անպատկառութիւնը մեր մայրենիի հանդէպ տեսէք թէ մինչեւ ո՞ւր հասեր է մեր երկրին մէջ, որ այդ մասին նստեր ու մտածեր են մարդիկ, որոնց մէջ չենք գիտեր ի՞նչ արիւն կը հոսի:
Հարց կու տանք՝ ո՞ւր է հայրենի մտաւորականութիւնը, ինչո՞ւ բարձրաձայն չեն աղաղակեր մեսրոպաշունչ լեզուով գրող մեր գրագէտները, պատմաբանները, գիտնականները, տնտեսագէտները, լրագրողները: Լեզուն ինքը՝ ազգն է: Քանի՞ անգամ պիտի ճչանք այս մասին սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, անցեալ դարերուն եւ վերջին տարիներուն: Կը փափաքին մրցունակ դարձնել հայ երիտասարդները, աչքը ելլէ չուզողին, բայց մեր լեզու՞ն քանդելով, մեր մայրենի՞ն ոտնահարելու ու արհամարհելու գնով:
Մայրենի լեզուի պատմա-ընկերային կարեւորութեան մասին օրէնք կայ Եւրոմիութեան մէջ, որուն տարածքին խօսուող այն բոլոր լեզուները, որոնց կրողները (գործածողները, խօսողները) Եւրոմիութեան տարածքին մէջ կ՝ապրին որպէս լիիրաւ քաղաքացի, այդպիսի քաղաքացիներու լեզուն որպէս կենդանի լեզու, կը գտնուի Եւրոմիութեան հսկողութեան ու հոգատարութեան տակ: Հարկ կա՞յ ըսելու թէ՝ հանել մայրենի լեզուն համայնքին մէջէն, հաւասարազօր է քանի մը տասնամեակի ընթացքին մշակոյթ մը քանդելու:
Պարոնայք “ծիւ-ծիւ ընող ճուտիկներ”, լաւ նայեցէք դրացի ազգերուն, որոնց մէջէն հազարաւոր մրցունակ ու խելօք տարրեր կը ծնին իրենց մայրենի լեզուով ուսանելով ու հաղորդակից դառնալով համաշխարհային մեծ անցուդարձերուն եւ նորութիւններուն:
Ոչ ոք դէմ է որ Հայաստանի հայ երիտասարդը լաւ գիտնայ օտար լեզուներ, ընդհակառակը՝ լաւերուն մէջ լաւագոյններէն պէտք է ըլլայ ան, բայց յանուն հայ հոգիին ու ոգիին, յանուն հայ սերմի ու ցեղին պահպանութեան, թող հայ դպրոցին մէջ տիրապետէ օտար լեզուներ:
Ճչալու ու պոռթկալու ժամանակն է այլեւս: Հարկաւոր է անյապաղ կեցնել այս մտակոյրերու ցնդաբանութիւնները, կարծես բաւարար չեն Երեւանեան սրճարան-Ճաշարաններու հայու հոգիին խորթ անունները (մինչեւ իսկ “Ճեզվէ”- մեղա՜յ, մեղա՜յ Մաշտոցին, Սահակին ու Վռամշապուհին) նուագախումբերու անուանումներու, ուտեստեղէններու պիտակներու (մուրաբա, ջեմ, բադիջան)…:
Ազգային Ժողովը եթէ մեր ազգին ժողովրդապետութեան խորհրդանիշն է, պատուհանէն դուրս պէտք է շպրտէ այդ նախագիծը, իսկ հեղինակներուն ալ երեսին պէտք է գոռայ.
– Դու՛րս կորսուեցէք հայ լեզուի տաճարէն:
1 comment
Enough is enough!
Bravo Mr. Kojayan
[email protected]
Comments are closed.