Մօտէն Ճանչնանք Հրանդ Տինքը

Նահատակութեան 5-րդ Տարելիցին Առիթով


Մեթր Գասպար Տէրտէրեան
, Պէյրութ, Ապրիլ 2012
 
Մեծ Եղեռնի… 97-րդ, եւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 5-րդ տարելիցին առիթով… կը յայտարարեմ՝ համեստօրէն բայց հաստատ ու անդառնալի համոզումով, թէ 1.5 միլիոն անշիրիմ նահատակներուն եւ Հրանդ Տինք կոչուող հերոս-նահատակին յիշատակը յարգելու եւ անոնց բոլորին պատգամը գործադրելու եւ զա՛յն նոր որակի մակարդակով կատարելու համար, պարտինք միաւորել՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը ՏԱՀՔ-ի մէջ, համահայկականութեան բալասանով դարմանելով մեր հարիւրամեայ բաց վէրքը, վերջ դնելով անոր անտիրական վիճակին, եւ զայն օժտելով միջազգային կարգավիճակով։
Հրանդ Տինք՝ առաջնորդ ղեկավարներէն էր, Թուրքիոյ վարչակարգի դեմոկրատականացումին համար պայքարող շարժումին, որպէս պատգամախօսը՝ ցեղասպանեալ ու հայրենազրկեալ Արեւմտահայութեան 1.5 միլիոն անշիրիմ նահատակներուն, քանի որ ան կը հաւատար թէ՝ Թուրքիոյ բոլոր ազգութիւններուն, ներառեալ՝ հայ ազգութեան, իրաւունքները պաշտպանելու եւ ձեռք բերելու համար, նախ եւ առաջ՝ անհրաժեշտ էր արմատապէս վերափոխել երկրին մէջ տիրող ցեղապաշտական, դրամատիրական ու ֆաշական-ոստիկանական վարչակարգը…։
 

Նահատակութեան 5-րդ Տարելիցին Առիթով


Մեթր Գասպար Տէրտէրեան
, Պէյրութ, Ապրիլ 2012
 
Մեծ Եղեռնի… 97-րդ, եւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 5-րդ տարելիցին առիթով… կը յայտարարեմ՝ համեստօրէն բայց հաստատ ու անդառնալի համոզումով, թէ 1.5 միլիոն անշիրիմ նահատակներուն եւ Հրանդ Տինք կոչուող հերոս-նահատակին յիշատակը յարգելու եւ անոնց բոլորին պատգամը գործադրելու եւ զա՛յն նոր որակի մակարդակով կատարելու համար, պարտինք միաւորել՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը ՏԱՀՔ-ի մէջ, համահայկականութեան բալասանով դարմանելով մեր հարիւրամեայ բաց վէրքը, վերջ դնելով անոր անտիրական վիճակին, եւ զայն օժտելով միջազգային կարգավիճակով։
Հրանդ Տինք՝ առաջնորդ ղեկավարներէն էր, Թուրքիոյ վարչակարգի դեմոկրատականացումին համար պայքարող շարժումին, որպէս պատգամախօսը՝ ցեղասպանեալ ու հայրենազրկեալ Արեւմտահայութեան 1.5 միլիոն անշիրիմ նահատակներուն, քանի որ ան կը հաւատար թէ՝ Թուրքիոյ բոլոր ազգութիւններուն, ներառեալ՝ հայ ազգութեան, իրաւունքները պաշտպանելու եւ ձեռք բերելու համար, նախ եւ առաջ՝ անհրաժեշտ էր արմատապէս վերափոխել երկրին մէջ տիրող ցեղապաշտական, դրամատիրական ու ֆաշական-ոստիկանական վարչակարգը…։
 

Թուրքիոյ մէջ համակարգային արմատական փոփոխութիւնն էր՝ ուրեմն, որ կրնար մարդավայել ու մարդասիրական երկխօսութիւն մը կարելի դարձնել՝ Թուրքիոյ բնակչութիւնը կազմող տարբեր ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու յառաջադիմական ու դեմոկրատական ուժերուն միջեւ, գոհացում տալու համար բոլոր փոքրամասնութիւններուն, այսինքն՝ թուրք, քիւրտ, հայ, լազ, ասորի, ալեւի եւայլն, արդար իրաւունքներուն։ Եւ, հետեւաբար՝ բոլոր յիշեալներուն միացեալ պայքարն էր միայն, որ կրնար արմատապէս վերացնել Թուրքիոյ ցեղապաշտական, դրամատիրական ու ֆաշական-ոստիկանական վարչակարգը։

Թուրքերը բացարձակ տէրերը չէին Թուրքիոյ Հանրապետութեան, որ ստեղծուեցաւ՝ Լոզանի դաշնագիրով, 1923 թուին միայն, որուն բնակչութեան ընդհանուր թիւին մէջ ալ՝ բուն թուրքերը մեծամասնութիւն չեն կազմեր… այլ միւս թուրքիացի (թիւրքիէլի) ազգութիւններու շարքին, իրենք եւս ազգային փոքրամասնութիւն մը կը կազմեն։ Ուրեմն, բոլոր թուրքիացիները, ներառեալ թուրք թուրքիացիները ընդհանրական շահ մը ունէին՝ երկրի վարչակարգին արմատական վերափոխումին մէջ, քանի որ տիրող վարչակարգին մէջ շահ ունէր միայն դրամատէրերու եւ աւատատէրերու դասակարգը, որ երկրի ընդհանուր բնակչութեան մէկ չնչին տոկոսը կը ներկայացնէր…։

Հրանդ Տինքի այս մօտեցումը, իր համապարփակութեամբ, կը հիմնուէր մարդկայնական, գիտական, յեղափոխական, այսինքն՝ միջազգայնական վերլուծումի մը վրայ, որ հիմնովին հակառակն է՝ նեղ-ազգայնական վերլուծումին, որ նախահրանդտինքեան ժամանակներուն յատուկ էր եւ կը շարունակէ մնալ՝ թրքական լուծին տակ ապրող եւ սփիւռքացած Արեւմտահայութեան մօտ։ (Ի դէպ՝ Հրանդ Տինքի այս գիտական վերլուծումն ու մօտեցումը ունին նաեւ Մեքսիքայի տեղաբնիկ զափաթիսթականները, Մարքոսի ղեկավարութեամբ, եւ Թուրքիոյ տեղաբնիկ քիւրտ աշխատաւորականները (PKK), Օճալանի ղեկավարութեամբ։ Բայց Հրանդ Տինք կը մղէր՝ բացառաբար, քաղաքական պայքար մը, մինչ Օճալան՝ քաղաքականին կողքինկը մղէ նաեւ զինեալ պայքար մը, ֆաշական-ոստիկանական վարչակարգին դէմ պայքարի որպէս լրացուցիչ, եւ աւելի ազդու ճնշումի միջոց, քանի որ քիւրտերը շատ աւելի մեծ զանգուած մը կը ներկայացնեն (շուրջ 20 միլիոն), կը տիրապետեն որոշ շրջաններու վրայ (ուր կ’ապրին համախումբ), եւ կը վայելեն նեցուկը իրենց քիւրտ ազգակիցներուն, Թուրքիոյ սահմանակից Իրաքի, Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ։ Մինչդեռ հայերս դեռեւս չունինք այս յիշեալ երեք լուրջ առաւելութիւնները, մինչեւ այն ատեն՝ որ շօշափելի թիւով «ծածուկ» արեւմտահայեր, կարելիութիւնը ունենան բացայայտելու իրենց ինքնութիւնը, եւ՝ սահմանակից Հայաստանի բնակիչներէն արեւմտահայեր ունենան քաղաքական զարթօնք մը՝ իրենց ազգակիցներուն նեցուկ կանգնելու գիտակցութեան ուղղութեամբ…)։

Հրանդ Տինք՝ ներ-թրքահայ գետնի վրայ, քննադատեց հայ համայնքին որդեգրած նեղ-ազգայնական մտայնութիւնը, «կեթթօ»ի մէջ ապրելու հիւանդ հոգեբանութիւնը, եւ գրեց՝ «Մեր հայ համայնքը հոս, գոց շրջագիծի մը մէջ կ’ապրի։ Բայց եթէ մենք՝ մեզ ճիշդ կերպով բացատրենք երկրի դեմոկրատական ուժերուն, անոնց մօտ մեր մասին տիրող նախապաշարումներն ու կանխակալ կեցուածքները կը վերանան։ Ուրեմն, մասնակից դառնանք երկրի դեմոկրատական ուժերու շարժումներուն»։

«Կեթթօ»ի այս պատկերը կը տիրէր նաեւ տարբեր երկիրներու, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի Արաբական երկիրներու հայ համայնքներուն մօտ, երբ այս երկիրները կը գտնուէին գաղութարար Բրիտանիոյ եւ գաղութարար Ֆրանսայի մանտաթին ներքեւ։ Ասիկա հետեւանքն էր ոչ միայն մեր նեղ-ազգայնամոլ կուսակցութիւններուն «գաղթականի հոգեբանութեան», այլեւ՝ գաղութարար իշխանութիւններուն վարած հակա-արաբական ուղեղալուացումի քարոզչութեան …, որպէսզի հայ համայնքները մնային հեռու՝ արաբականութենէն, եւ ծառայէին իրենց, որպէս իրենց պահեստի ուժը այս երկիրներուն մէջ։ Մինչդեռ, հայ գաղթականներու յառաջապահ եւ պետական մտածելակերպ ունեցող առաջնորդները կը քարոզէին՝ դուրս ելլել մեր նեղ-ազգային «կեթթօ»ի հեղձուցիչ խոզակէն, եւ մասնակից դառնալ մեզ հիւրընկալող ասպնջական ժողովուրդներուն մղած ազգային-դեմոկրատական պայքարներուն, միաժամանակ անոնց ճիշդ կերպով բացատրելով մեր հայրենազրկեալի վիճակն ու արդար դատը, որպէսզի շահէինք տեղաբնիկ ժողովուրդին ոչ միայն վստահութիւնը, այլեւ՝ նեցուկը մեր արդար դատին համար…։ Որովհետեւ՝ մեր ժողովուրդին բնօրրանը Միջին Արեւելքն էր եւ մենք պարտ էինք պաշտպանելու այս շրջանի ժողովուրդներուն շահերը, եւ ոչ թէ՝ ստախօս ու մեզ խաբած «քրիստոնեայ» Արեւմուտքին։

Սակայն, մեր նեղ-ազգայնամոլ գաղափարականով կուրացած ղեկավարները գործեցին հակառակ ուղղութեամբ, մեկուսապաշտ ուղղութեամբ, եւ գաղութարար օտար իշխանութեանց հաւատարիմ մնալով իրենց անձնական շահերը հետապնդելու ուղղութեամբ եւ մենք շա՜տ տուժեցինք։ Օտար գաղութարար իշխանութիւններու ցուցմունքներով շարժող հայ երեսփոխան մը նոյնիսկ քուէարկեց Լիբանանի  անկախութեան  դէմ՝   յաւերժացնելու  համար  օտար  գաղութարար  պետութեան   մանտաթը
Լիբանանի վրայ…։ (Ի դէպ՝ այս նոյն երեսփոխանը չվարանեցաւ նոյնիսկ ընդդիմանալու պատմական ՆԵՐԳԱՂԹին… Արեւմուտքին հաւատարիմ մնալով…)։

Թուրքիոյ Հանրապետութիւն կոչուող երկրին մէջ ապրող արեւմտահայեր կ’ապրին իրենց պապենական հողին վրայ, եւ իրենց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը՝ ցեղասպան, զաւթիչ ու ֆաշական պետութեան բռնութենէն, բնականօրէն՝ պէտք է փնտռեն բազմազգ ու բազմակրօն Թուրքիոյ միւս ազգութիւններու եւ հաւաքականութիւններու դեմոկրատական ու յառաջդիմական ուժերուն մօտ, եւ դուրս ելնեն իրենց վախի խոզակէն, որուն մէջ անոնք դատապարտուած կը մնան անշարժութեան, անգործութեան եւ ամլութեան, քանի՝ շերամը իր խոզակէն դուրս գալով է միայն, որ կրնայ արտադրել իր մետաքսը…։

Ահա այս գիտակցութեան զարթօնքին շեփորահարումն է, որ ըրաւ Հրանդ Տինք, եւ ան նահատակուեցաւ իր այս տեսլականին ճամբուն վրայ, որ չեղաւ ապարդիւն, այլ եղաւ արգասաբեր, եւ նոր էջ մը, ժամանակաշրջան մը բացաւ Թուրքիոյ դեմոկրատականացումի պատմութեան մէջ, երբ 100,000 հայ, թուրք, քիւրտ, ասորի, լազ եւ այլազգի յառաջդիմական թրքահպատակ թիւրքիէլիներ հետեւեցան անոր թաղման թափօրին՝ «Մենք Բոլորս Հրանդ Տինք Ենք», «Մենք Բոլորս Հայ Ենք» վանկարկելով…։ Այս թափօրին մասնակից թուրք մտաւորականներէն Ութկու Քեսկին յայտարարեց՝ «Դուն չես մեռած ընկեր Հրանդ։ Մենք չենք կքիր՝ ժողովուրդներու եղբայրակցութեան տրուած այս հարուածէն։ Կեցցէ՛ ժողովուրդներու իրաւունքներուն եղբայրակցութիւնը…»։ Եւ ուրիշ թուրք մտաւորական մըն ալ՝ գրող Ճեւտէթ Ռէնտէ, ըսաւ՝ «Թուրքիոյ ժողովուրդը կորսնցուց շատ մեծ եւ արժէքաւոր անձ մը, որուն դաւանած սկզբունքներուն ես բաժնեկից եմ։ Միայն այն տարբերութեամբ, որ ընկեր Հրանդ քաջարի էր, իսկ ես՝ զգուշաւոր…։ Ան քաջ գիտէր թէ՝ իր քալած ճամբան կրնար աւարտիլ աղէտով…։ Եւ՝ ան քալեց ճշմարտութեան տանող ճամբէն»։

Տինքի թաղման օրը լոյս տեսնող ոչ միայն ձախակողմեան, այլեւ որոշ աջակողմեան թերթեր ալ դատապարտեցին ոճիրը։ Աջակողմեան «Հիւրրիէթ»ի խմբագրապետը՝ Էրթողրուլ Էօզքէօք գրեց՝ «Հրանդ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հարազատ եւ ճշմարտախօս հայրենակից մըն էր։ ան այս երկրին կապուած էր մեզի չափ։ Բայց մենք՝ լիովին ու ճիշդ կերպով մտիկ չըրինք իրեն…։ Այս ստոր արարքը գործողներ՝ կը խորհիմ թէ դաւաճաններ են…»։ Նոյն թերթէն՝ Եալչըն Տողան, գրեց՝ «Որքան որ կը յիշեմ, ասիկա առաջին անգամն էր, որ նման պոռնիկ կապարներու թիրախը կը դառնար մեր հայրենակիցներէն հայ լրագրող մը…»։ (Մինչ այս ոճիրը, սպաննուած էին արդէն 62 թուրք եւ քիւրտ լրագրողներ…)։ Իսկ գերմանացի նշանաւոր գիտնական փիլիսոփայ Գէորգ Քրիսթոֆի Լիխտենպէրկ, ծնած 270 տարիներ առաջ, 1742-ին…, ըրած է այն դիտարկումը թէ՝ «բոլոր թոյլ պետութիւնները կանգուն կը մնան միայն՝ ազգին խելօք մարդոց բերանը ծեփելով կամ կողպելով…»։ Եւ, իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ ֆաշական պետութիւնը բարոյապէս ամենաթոյլ ու խոցելի պետութիւններէն մէկն է, հակառակ ցուցադրած մկաններուն, ոստիկանական բիրտ ուժի կարծեցեալ հզօրութեան…։ Նոյն աջակողմեան «Հիւրրիէթ»էն երրորդ մը՝ Ֆերալ Թինչ, գրեց՝ «Հրանդ Տինք, վերջերս, լինչահարումի մթնոլորտի մէջ անօգնական մնացած կարգ մը անձերէն մէկն էր։ Այսպիսի ստոր ոճիրի մը դէմ՝ այս կարգի մարդոց ապահովութեան պատասխանատուն բնականաբար պետութիւնն է։ Այս դէպքը՝ կը խորհիմ թէ՝ հետեւանքն է պետութեան կողմէ թոյլ տրուած մէկ ակնբախ ապահովական բացթողումին…»։

Տիարպեքիր քրտական մեծ-քաղաքի քաղաքագլուխը՝ Օսման Պայտեմիր, յայտարարեց՝ «Հրանդ Տինքին դէմ արձակուած այս անարգ կապարները իբր թիրախ ունէին՝ հանրային համերաշխութեան, հանրային անդորրութեան եւ դեմոկրատական մեր արժէքները։ Թուրքիա կորսնցուց իր կարկառուն արժէքներէն մին։ Գլուխը ողջ մնա՝ նախ, Տինքի ընտանիքին, «ԱԿՕՍ»ին, անոր խմբագրական արիասիրտ կազմին եւ Հայ համայնքին… ապա նաեւ՝ մեր բոլոր երկրակիցներուն… հաւասարապէս»։

Իսկ Անգարայի մօտ Գերմանիոյ լիազօր դեսպան Էքհարթ Գունց, մահափորձէն անմիջապէս վերջ, յայտարարած էր թէ՝ «Հրանդ Տինք՝ Թուրքիոյ մէջ, մամուլի եւ կարծիքի ազատութեան համար պայքարող անձերէն, ամենախիզախներէն մին էր…»։

Արդարեւ, Հրանդ Տինք եւ իրեն գաղափարակից հայ, թուրք եւ քիւրտ ընկերները՝ «ԱԿՕՍ»ի խմբագրութեան մէջ, առաջինները եղան Թուրքիոյ մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ու Արեւմտահայոց Տարագրութեան զոյգ ոճիրները հրապարակաւ արծարծողներն ու դատապարտողները, արհամարհելով ֆաշական պետութեան բոլոր թապուներն ու Պատժական Օրէնսգրքին Յօդ. 301-րդի լուրջ սպառնալիքները, որովհետեւ զինուած էին յեղափոխական մշակոյթի վահաններով։ Որուն, դժբախտաբար, ծանօթ չէ հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը եւ մասնաւորաբար՝ մտաւորականութիւնը, Սփիւռքի թէ՛ Հայաստանի մէջ, այսօր եւս…։

Հրանդ Տինք խիզախ եւ ինքնավստահ յեղափոխական մըն էր, յեղափոխական մշակոյթի գիտական աշխարհայեացքով պայծառամիտ դէմք մը, որ իր ստոյգ մահը դիմագրաւեց աննկուն կամքով, եւ՝ ան իր մահուամբ՝ զմահ կոխեաց, յաղթահարեց մահը, եւ վերապրեցաւ՝ անմահութեան ուղեւորներու ցանցառ կարաւանին մէջ։

Ան երբ՝ Յօդ. 301-րդի հիմամբ վեց ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ Պատժական նախադատ եւ վերաքննիչ ատեաններուն կողմէ, անձնատուր չեղաւ, չհամակերպեցաւ եւ դիմեց՝ Եւրոպական Մարդու Իրաւանց Դատարանին, ճշմարտութիւնը երեւան հանելու յոյսով, քաջ գիտնալով՝ որ իր այս քայլով, արագացուցած պիտի ըլլար իր սպանութիւնը՝ դեմոկրատիայի թշնամիներուն կողմէ…։

Սակայն, նախընտրեց նահատակուիլ իր հայրենի հողին ու ծննդավայրին մէջ, բացայայտելով թուրք պետութեան ֆաշականութիւնը, եւ արժանանալով՝ ոչ թէ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ՝ Թուրքիոյ ազգութիւններուն ու ողջ աշխարհի մարդոց խիղճի արդար դատաստանին, զոր ան գերիվեր նկատեց՝ միւս բոլոր տեսակի դատարաններու դատաստանէն, ինչպէս ան գրած էր՝ 2007 թուի Յունուարի սկիզբները, որպէս նօթագրութիւն, որ լոյս տեսաւ «ԱԿՕՍ»ի 21 Յունուար 2007 թուակիր համարին մէջ, յետ իր նահատակութեան։

Տինքի նահատակութեան 5-րդ տարելիցին առիթով՝ Պիւլենթ Արընչ, TBMM կազմակերպութեան ղեկավարը, յայտարարութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ ան խտացուցած է Հրանդ Տինքի պաշտպանած տեսակէտներն ու հայեացքներուն մէկ մասը, զորս կ’ամփոփենք ստորեւ.–

«Այս ստոր ոճիրը կանխամտածուած, նենգօրէն ու դաւաճանութեամբ գործուած ոճիր մըն է, որուն թիրախը միայն Տինքն ու Հայերը չեն, այլ այդ ուղղուած է ամբողջ Թուրքիոյ բազմազգ հասարակութեան ապագայ բարօրութեան դէմ…։ Ամբողջ աշխարհ պէտք է լաւ իմանայ, թէ այս երկրին մէջ ապրող բոլոր երկրացիները՝ անկախաբար իրենց ազգային-էթնիք պատկանելիութենէն, կրօնքէն եւ անցեալ պատմութենէն, այս երկրին տէրերն են, այս երկրի անբաժանելի մէկ մասը։ Հրանդ Տինք օրինակելի տիպար մարդն էր մարդավայել երկխօսութեան։ Նահատակը կը գրէր թէ՝ իթթիհատականներուն գործած ցեղասպանութեան մեղքը ճանչնալ մերժելը, կը նշանակէր տէր կանգնիլ այդ մեղքին, բաժնեկից ըլլալ այդ ոճիրին։ Ինչո՞ւ դեմոկրատիայի թշնամիները կ’ուզեն տէր կանգնիլ իթթիհատական մարդասպաններու ոճիրներուն։ Հրկիզուած երեք հազար քրտական գիւղերու փողոցներուն մէջ ալ կային հազարներով սպաննուած քիւրտեր, որոնց արիւնը հոսեցաւ նոյն այն ակօսէն, որմէ հոսած էր՝ 1915 թուին, հարիւր հազարաւոր հայերու արիւնը եւս…։ Եթէ՝ 1915-ին, կարելի եղած ըլլար տեսնել՝ իթթիհատական մարդասպաններու հաշիւը, զանոնք դատելով ոչ թէ Պոլսոյ Օսմանեան զինուորական դատարանին, այլ՝ Անգարայի հանրապետական Թուրքիոյ դատարանին առջեւ, եւ՝ գործադրուած ըլլային արձակուած վճիռները, այդ պարագային, հետագայ ոճիրներն ու զանգուածային ոճիրներն ու տեղահանութիւնները կանխուած պիտի ըլլային…։ Սակայն, այդպիսի արդարադատ հանրապետութիւն մը չհիմնուեցաւ, կ’ըսէր Տինք, այլ՝ անցեալի ոճիրները շարունակուեցան եւ նորանոր մեղքեր գործուեցան, քանի որ՝ հաշուետւութենէ զերծ մնացող ամէն ոճիր, ճամբան բաց կը ձգէ նոր ոճիրներու առջեւ…»։

Տինք կը գրէր՝ «Եթէ կ’ուզենք այսօր նոր Թուրքիա մը կերտել, հարկ է, որ նախ տեսնենք եւ ապա ընդունինք անցեալի սեւ իրականութիւնները։ Մեզի համար աւելի լաւ ապագան կարելի չէ կերտել՝ աչքերը փակելով, ժխտելով կամ չեղեալ համարելով այդ սեւ իրականութիւնները։ Մենք բոլորս, ովքեր կանք այս հողերուն վրայ, իրաւունքը պէտք է ունենանք՝ ազատօրէն յայտարարելու մեր ազգային ինքնութիւնը այս բազմազգ ու բազմակրօն երկրին մէջ։ Բոլորս պարտինք յարգել՝ իւրաքանչիւրի ինքնութիւնը եւ ճանչնալ՝ իւրաքանչիւր ազգութեան մշակութային ու դեմոկրատական սահմանադրական հաւասար իրաւունքները։ Ա՛յս է՝ քաղաքակիրթ երկիր դառնալու ճանապարհը»։

Հրանդ Տինք նահատակուեցաւ իր 53 տարեկանի հասակին մէջ, ան ունեցաւ կարճատեւ կեանք մը, սակայն ան շատ լիարժէք ու բուռն ու եռուն կեանք մը ապրեցաւ եւ վիթխարի արարումներ ունեցաւ, մեծ արդիւնաւէտութեամբ։ Այո՛, ժամանակէն առաջ մեկնեցաւ ան այս աշխարհէն, սակայն հիմա ան կ’ապրի ժամանակէն վերջ… իր թողած հարուստ աւանդով։ Այո՛, ան մեռաւ, «բայց՝ չկորաւ» պիտի ըսէր յեղափոխութեան բանաստեղծներէն Յակոբ Յակոբեան…։ Ան ապրեցաւ ծնողական ու հպատակութեան կրկնակ օտարում մը (alienation), սակայն ասոր դէմ անոր հակազդեցութիւնը չեղաւ ներհայեցողական ու կրաւորական, այլ եղաւ՝ յեղափոխական ու ներգործական, իր ուսանողական տարիներէն նետուելով քաղաքական պայքարի յորձանուտին մէջ, երկրին մէջ եռացող ազգային եւ ընկերային կրկնակ ազատագրութեան ի խնդիր մղուող կռիւի փոթորիկին մէջ, զոր կ’առաջնորդէր երկրի կոմունիստական կուսակցութիւնը, այլազգի բոլոր ձախակողմեան ու դեմոկրատական կազմակերպութիւններուն հետ համախորհուրդ, եւ Հրանդ Տինք բանտարկուեցաւ, բայց երբ ազատ արձակուեցաւ, չապրեցաւ ներամփոփ կեանք մը, այլ շարունակեց իր համալսարանական ուսումնառութիւնը եւ աւարտեց Իսթանպուլի պետական համալսարանի երկրագործական, գրականութեան եւ մասնաւորաբար փիլիսոփայութեան բաժինները եւ ամուսնացաւ Իսթանպուլի Կէտիկ Փաշա թաղամասի հայկական որբանոցի իր դասընկերուհիին՝ Ռաքէլի հետ, որ իր պայքարի գաղափարակից ընկերուհին էր միաժամանակ… եւ իր մանչ զաւակը մկրտեց Արարատ անունով, տէր կանգնելով Հայոց Սուրբ այլ գերեվարեալ լերան…։

Ան շարունակեց իր հասարակական պայքարը այս անգամ հրապարակագրութեամբ։ Նախ թրքատառ «Զաման» եւ հայատառ «Մարմարա» թերթերուն մէջ՝ «Ջութակ» ծածկանունով եւ «վախւորած աղաւնիի» զգուշաւորութեամբ, զոր կը պարտադրէին այս երկու թերթերու պահպանողական խմբագիրները։ Սակայն, քիչ ետք, ան գաղափարակիցներու հետ հիմնադրեց միաժամանակ թրքատառ եւ հայատառ «ԱԿՕՍ»ը, որուն մէջ այլեւս հրապարակ իջաւ որպէս յեղափոխական հրապարակագիր՝ համաթրքական մակարդակի վրայ…, գրաւելով լուրջ ուշադրութիւնը թուրք հանրային կարծիքին, եւ մասնաւորաբար բազմազգի յառաջապահ մտաւորականութեան, որոնք եւս սկսան աշխատակցիլ «ԱԿՕՍ»ի ազատ եւ խիզախ այս բեմին…։ Այս երեւոյթը ինքնին յեղափոխական աննախադէպ իրադարձութիւն մը եղաւ Թուրքիոյ ցեղապաշտ ու ֆաշական մթնոլորտի պայմաններուն մէջ…։

Չուշացան իր կեանքին սպառնացող նամակներն ու հեռախօսային լուտանքները…։ Դիմեց Շիշլի թաղամասի ոստիկանապետին եւ անոր յանձնեց Պուրսայէն առաքուած սպառնական նամակ մը, եւ սակայն, ոստիկանապետը լուռ մնաց…։ Ինչ որ Տինքի մօտ ստեղծեց հոգեբանական լուրջ տագնապ։

Ընկերները թելադրեցին ժամանակ մը դուրս ելլել երկրէն։ Սակայն ան մտածեց՝ «Շատ բարի, բայց ո՞ւր երթայի…։ Հայաստա՞ն…։ Ինչպէ՞ս կրնար, ինձ նման մէկը, որ կ’ընդվզի անարդարութիւններու եւ անօրինութիւններու դէմ, հանդուրժել՝ այնտեղ, Հայաստանի մէջ կատարուող անարդարութիւններն ու անօրինութիւնները։ Գուցէ այնտեղ՝ Հայաստանի մէջ, … ինծի շատ աւելի մեծ փորձութիւններ կը սպասեն»։ (Հարկ է, որ՝ իւրաքանչիւրս մեզմէ, պահ մը լրջօրէն խոկայ Տինքի այսցաւատանջօրէն եղերական տարակոյսին շուրջ, թէ ան կրնար՝ բուրժուական Հայաստանի մէջ, շատ աւելի մեծ փորձութիւններու ենթարկուիլ…)։ Եւ Տինք, շարունակեց մտածել՝ «Իսկ եւրոպական երկիրներ ապաստանիլը ինձ համար չէր։ Դժոխքի այս կրակները թողած՝ պատրաստի «դրախտ»ի մէջ հանգրուանելը, չէր համապատասխաներ իմ էութեանս։ Մենք այն մարդոցմէ ենք, որոնք կամաւորագրուած են այն վեհ գաղափարին թէ՝ մենք պիտի աշխատինք, մեր ապրած դժոխքները՝ այս երկրին վրայ, պիտի զանոնք վերածենք դրախտներու՝ այս երկրին վրայ։ Հետեւաբար, Թուրքիոյ մէջ մնալը ե՛ւ մեր իսկական ցանկութիւնն է, ե՛ւ՝ յարգանքէ բխող անհրաժեշտութիւն՝ ծանօթ-անծանօթ մեր ընկերներուն եւ այն հազարաւոր մարդոց նկատմամբ, որոնք Թուրքիոյ մէջ մնալով՝ դեմոկրատիայի համար մղուող պայքարին կը մասնակցին, եւ որոնք հայերուս միակ զօրակիցներն են Թուրքիոյ մէջ…։ Ուրեմն՝ պիտի մնանք հոս, եւ պիտի շարունակենք ֆաշական այս պետութեան դէմ դիմակայումը…»։

Հրանդ Տինքի այս եզակի կերպասէն մտաւորական մը միայն կրնար՝ այսպիսի՛ ղեւոնդերէցեան մարտակոչի խօսքեր կամ մտածումներ ունենալ, քանի որ այդպիսի յեղափոխական վաւերական մտաւորականը չի ընկրկիր, դասալիք չի՛ ըլլար՝ արգահատելի մորթապաշտութեամբ, կամ՝ անձնական անվտանգութիւնը գերադասելով՝ համայնական անվտանգութեան։

«Մեծ գաղափարները կը պահանջեն մեծ զոհեր» ըսած է յեղափոխական գրող Րաֆֆին։ Հրանդ Տինք եղաւ իր մեծ գաղափարականին մեծ զոհը, ԳԻՏԱՑԵԱԼ ՄԱՀՈՎ… եւ՝ անմահացաւ։ Քանի որ Հրանդ Տինք՝ Թուրքիոյ ֆաշական վարչակարգին դէմ ներսէն պայքարելու եւ զայն ներսէն տապալելու եղանակը կը համարէր՝ իրապաշտական եւ միակ յուսալի եղանակը, հասնելու համար մեր հայկական զաւթուած իրաւունքներուն։ Ան հաստատապէս համոզուած էր թէ՝ ա՛յս էր ֆաշական վարչակարգէն ազատագրուելու միակ գործնական ալ ուղին, թէեւ՝ ամենէն դժուարն ու ամենէն վտանգաւորը, եւ ոչ թէ՝ ֆաշական այս վարչակարգին հետ աղուիսագիտական դիւանագիտութիւնը, անհաւասարներու միջեւ երկխօսութիւնը, կամ՝ այսպէս կոչուած «ֆութպոլային» դիւանագիտութիւնը, որ բուրժուական անհեթեթ խաբեբայութիւն մըն է, վտանգաւոր լարախաղացութիւն մը, զոր փորձեցին բուրժուական Հայաստանի դեռեւս չկայացած պետութեան օլիկարխիկ իշխանաւորները՝ հայ ժողովուրդի աչքին փոշի ցանելով…։

Թուրքիոյ ֆաշական վարչակարգը ներսէն տապալելու, եւ հետեւաբար անոր դէմ ներսէն պայքարելու, եւ ուրեմն՝ մեր նեղ-ազգային խոզակէն դուրս ելլելու այս հրանդտինքեան հեռատես տեսութիւնը որդեգրած էին նաեւ՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան աշխարհասփիւռ բեկորներուն յառաջապահ, ձախակողմեան  ու  կոմունիստական  կազմակերպութիւնները, որոնց մարտնչումին  խորհրդանիշ   դէմքը
հանդիսացած էր՝ նահատակեալ գրող Միսաք Մանուշեանը, որուն ղեկավարած դիմադրական ջոկատին մաս կը կազմէին ոչ միայն հայ, այլեւ այլազգի 23 դիմադրականներ՝ Ֆրանսայի Դիմադրական Շարժումի շարքեուն մէջ, կռուելու համար ֆաշական Գերմանիոյ գրաւումին դէմ։

Ասոնցմէ այսօր վերապրած կը մնայ ֆրանսահայ 93-ամեայ Արսէն Զաքարեանը, որ անցեալ Փետրուարի 16-ին, մասնակցեցաւ՝ Փարիզի մէջ, Միսաք Մանուշեանի խումբին յիշատակը ոգեկոչող պետական հանդիսութեան։ Եւ մենք՝ այս պահուս, երբ կ’ոգեկոչենք Արեւմտահայաստանի յետ-եղեռնի առաջին հայ դիմադրականը եղող Հրանդ Տինքը, հարկ կը տեսնենք յիշել նաեւ այն բոլոր արեւմտահայ դիմադրականները ֆաշիզմի դէմ, որոնք նահատակուեցան՝ Պուլկարիոյ, Յունաստանի եւ Եուկոսլաւիոյ հողերուն վրայ, եւ այն բոլոր արեւմտահայ տարագիր մարտնչողները, որոնք Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներուն մէջ, հալածուելով ու բանտարկուելով հանդերձ, գործօն մասնակցութիւն բերին այդ երկիրներու ժողովուրդներուն մղած ազգային եւ ընկերային կրկնակ ազատագրութեան համար մղած պայքարներուն, չմեկուսանալով գաղթականութեան «կեթթօ»ի խոզակին մէջ։ Որովհետեւ ասոնք բոլորը, ունէին եւ կ’առաջնորդուէին այն խոր համոզումով թէ՝ պաշտպանելով ազատութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ, պաշտպանած կ’ըլլային միեւնոյն ատեն՝ Սովետական Հայաստանը ֆաշիզմի վտանգէն եւ անոր ընկերային արդարութեան համակարգը, եւ՝ համայն Հայութեան գերագոյն շահերը, վերջին հաշուով…։

•••
Նահատակ յեղափոխական գրող Հրանդ Տինք պնդօրէն կառչած մնաց իր հազարամեայ հայրենի հողին եւ իրեն հարազատ հայկական արմատներուն։ Ան, իր ահաբեկումէն միայն օրեր առաջ, ռուսական «Նովոսթի» մամլոյ գործակալութեան տուած յայտարարութեան մէջ ըսած էր՝ «Գոնէ դուք մի խօսիք երկրէն հեռանալու մասին։ Ես կուզեմ այս երկրին մէջ շարունակել իմ պայքարս։ Որովհետեւ, ա՛յս երկրին մէջ ապրած են իմ նախնիքս, այստեղ են իմ արմատներս, եւ ես՝ իրաւունքը ունիմ մեռնելու եւ թաղուելու այս հողին վրայ, ուր եւ ծնած եմ ես…»։ Եւ, իր խօսքը ուղղելով Թուրքիոյ ֆաշական իշխանութիւններուն ըսած էր՝ «Դուք՝ հայ ժողովուրդը իր արմատներէն կտրեցիք, իր մշակոյթէն կտրեցիք, իր չորս հազարամեայ հայրենիքէն կտրեցիք։ Դուք՝ եթէ ոսկեայ օդանաւերով իսկ տեղահանած ըլլայիք, միեւնոյն է, ատիկա ցեղասպանութիւն է, բռնի տեղահանութիւնն է հայ ժողովուրդին՝ իր հայրենի հողերէն եւ օճախներէն…»։ Այստեղ կ’ուզեմ կարեւորութեամբ շեշտել այն, որ Տինք՝ իր պայքարի հիմնական զսպանակը կը համարէր Տեղահանութիւնը, Տարագրութիւնը Արեւմտահայաստանէն…։

Մեր խոր համոզումն է, որ ողջ մարդկութեան Չարիքին պատճառը՝ հինցա՜ծ օրէնքներու, քարացած կրօնքներու եւ ժամանցուած սովորութիւններու կուրօրէն, անմտօրէն կամ ստրկամտօրէն հնազանդիլն ու հետեւիլն է…, իսկ Բարիքը կրնայ գալ միայն նո՛ր օրէնքներով, բարեկարգեալ կրօններով եւ նորագոյն գիտական աշխարհայեացքով՝ որ Սոցիալիզմն է առայժմս, եւ Կոմունիզմը ապագային…։ Հետեւաբար, ժողովուրդներէն կը պահանջուի՝ պայքարիլ հինին դէմ՝ նորին համար։ Իսկ հին բռնակալներն ու էսթապլիշմէնթները կրնան ճնշել միայն ա՛յն ժողովուրդները, որոնք թոյլ կու տան ամէն տեսակի բռնակալներուն՝ ճնշել զիրենք։

Երբ կը սիրենք նորը, ուրեմն, պիտի ատենք հինը, եւ երբ կուզենք նորը, պիտի պայքարինք նորին համար։ Անկողմնակալ մնալը այս պայքարին մէջ, համարժէք է՝ հինին կողմը ըլլալու… որովհետեւ՝ կողմ չունենալով՝ մենք կ’ուշացնենք նորին գալուստը… մինչդեռ նորին կողմ ըլլալով՝ կրնանք արագացնել նորին գալուստը։  Հոս յիշեցնենք թէ՝ թրքական ձախակողմեան թերթի մը անունը՝ «ԿՈՂՄ» (Թարաֆ) է։

Բանականապաշտութեան (Rationalisme) հիմնադիրը ըսած է՝ cogito ergo sum, կը տածեմ՝ ուրեմն կամ։ Ռընէ Տէքարթի (René Descartes, 1597-1650) այս դիտարկումը կրաւորական է, զայն շրջելով կրնանք ունենալ ներգործական դիտարկում մը, որ կ’ըսէ՝ ես կամ՝ ուրեմն պէտք է միտք ածեմ, մտածեմ։ Այս երկրորդ, ներգործական ձեւը յեղափոխական է իր խորքով, քանի որ նորին գալուստը անկարելի է առանց մտածելու։ Ուրեմն, նորին գալուստին համար անհրաժեշտ է յեղափոխական մտածողութիւն, որուն հետեւանքն էր 18-րդ դարու ֆրանսացի լուսաւորիչներու հանդէս գալը, որոնք նախապատրաստեցին Ֆրանսական բուրժուական յեղափոխութեան ենթակայական նախապայմանը, որուն առարկայական ենթահողը պատրաստուած էր հինին բռնութեանց հետեւանքով, այսինքն՝ հին աւատատիրութեան եւ կայսերապապականութեան էսթապլիշմէնթին կողմէ կիրարկուող բռնատիրութեան եւ խաւարամտութեան (obscurantisme)։

Նորին կողմ ըլլալն ու մտածելու հրամայականը յարգելը բաւարար չեն նորին գալուստը երաշխաւորելու համար։ Անհրաժեշտ է նաեւ ունենալ՝ in corpore, հաւաքականօրէն աշխատելու ընդունակութիւնն ու… հեզութիւնը։ Արդեօ՞ք՝ հայերս, մեծ մասամբ, կորսնցուցած ենք այս ընդունակութիւնն ու հեզութիւնը, հայ նախարարատուներու օրերէն ի վեր… երբ անոնք չկրցան միաւորուած թագաւորական հարստութիւն մը գոյացնել ու պահպանել՝ Բագրատունիներու ժամանակ, մինչդեռ, Կիլիկեան թագաւորութեան պարագային, անոնք յաջողած էին ստեղծել ու պահպանել միաւորուած կեդրոնաձիգ իշխանութիւն։ Այլ խօսքով, ինչու Բագրատունիները ձախողեցան։ Մեր համեստ կարծիքով, որովհետեւ՝ անոնք զուրկ մնացին պետական մտածելակերպէ, այսինքն՝ ընդհանրութեան, համայնական շահերու պաշտպանութեան նախանձախնդրութենէն ու մտահոգութենէն, եւ կառչած մնացին իրենց հատուածական ու մենատիրական, ոչ համահայկական շահերուն, եւ մերժեցին գործել՝ հաւաքաբար։ Հաւաքաբար եւ համահայկական ոգիով աշխատելու անընդունակութիւնը այսօր կը տեսնենք նաեւ՝ թէ՛ Հայաստանի օլիկարխներուն, եւ թէ՛ Տարագիր Արեւմտահայութեան ոչ ընտրեալ, այլ՝ ինքնակոչ «առաջնորդներուն» մօտ, եւ այս վերջին պարագային, Տարագիր Արեւմտահայութիւնը կը գտնուի անտիրական եւ աւատատիրական վիճակի մը մէջ, եւ գլխատուած կը մնայ՝ 1915-էն ի վեր, ու չէ յաջողած ստեղծել զինք գլխաւորող ու ներկայացնող՝ կեդրոնական, ներկայացուցչական ու միակ լիազօր Մարմինը, զոր մենք պայմանականօրէն կը կոչենք՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորները միաւորող, եւ անոնց միջազգային կարգավիճակ տուող Համաշխարհային Քոնկրէսը (ՏԱՀՔ)։

Բայց չէ՞ որ ՏԱՀՔ-ի ստեղծումին համար, վերջին քսանամեակին, նախաձեռնած էին հոյլ մը մտաւորականներ՝ Պէյրութէն, Հալէպէն, Դամասկոսէն, Թեհրանէն, Լոնտոնէն, Փարիզէն, Միւնիխէն, Ուփսալայէն, Լոս Անճելըսէն ու Պուէնոս Այրէսէն, եւ հարիւրաւորներ ստորագրած էին «Վասն Համասփիւռքահայ Քոնկրէսի» վերտառութեամբ կոչն ալ, եւ սակայն, մեր քաղաքական կուսակցութիւններն ու համայնքային կրօնական իշխանաւորները հեռու մնացին այս ծրագրէն, մէկը՝ իր քաղաքական անվճռակամութեան, միւսը՝ իր իրաւաՏգիտութեան եւ տակաւին մէկալն ալ՝ իր մենատիրական մոլուցքին եւ… համահայկականութեան գաղափարին հանդէպ իր սնուցած արհամարհանքին պատճառներով։

Սակայն, միշտ ալ, մեծ ծրագիրները ճամբայ ելած են քիչերու կողմէ, ութոփիստներու կողմէ, եւ իրենց իրագործումի հանգրուանին հասած են՝ ճամբու երկայնքին արձանագրուած փոքր քանակի յառաջդիմութիւններով, Calculus-ի delta-change-երով եւ հասած Integral-ին, համարկեալ մեծութեան, քանակական այդ փոքր փոփոխութիւնները հասցնելով՝ որակական փոփոխութեան, դիալեկտիկ օրինաչափութեամբ։ Այդպէս ալ մենք՝ ի վերջոյ պիտի հասնինք Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէսի համարկեալ մեծութեան (Integral-ին), ինչ որ որակական փոփոխութիւն մը պիտի բերէ Սփիւռքի կազմակերպումի մեթոտին մէջ։

Մեր սեփական իրաւագիտական պարզ ու ոչ սոփեստ մտածողութիւնը կ’ըսէ թէ՝ ԻՐԱՒՈՒՆՔ մը անտէր կը մնայ՝ ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՋ բացակայութեան։ Իսկ մեր հողային իրաւունքին գլխաւոր իրաւատէրը՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնն է՝ համաձայն Միջազգային Հանրային Իրաւունքի (International Public Law) անշրջանցելի սկզբունքներուն։ Ուրեմն մենք՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորներս, կոչուած ենք ստեղծելու ՏԱՀՔ-ը, որ նմանակը պիտի ըլլայ պաղեստինցի տարագրեալներու ՊԱԿ-ին (Պաղեստնի Ազատագրութեան Կազմակերպութեան), որ ճանչցուած է՝ Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ, եւ ՄԱԿ-ի կողմէ՝ որպէս Դիտորդ անդամ, որուն շնորհիւ միայն՝ Եասէր Արաֆաթ կրցաւ հանգամանօրէն ներկայացնել Պաղեստինեան Դատը, ՄԱԿ-ի մէկ նստաշրջանին մէջ, որպէս ՊԱԿ-ի Գործադիր Կոմիտէի նախագահ, այսինքն՝ որպէս պաղեստինցի տարագրեալներու միակ լիազօր ներկայացուցիչը։

Իսկ ՏԱՀՔ-ի կազմակերպումն ու անոր Գործադիր Կոմիտէին ընտրութիւնը, ՄԱԿ-ի մէջ Դիտորդի կարգավիճակին ձեռքբերումէն առաջ իսկ, ունի բազմակողմանի առաւելութիւններ՝ ոչ միայն Տարագիր բեկորները միաւորելու տեսակէտէն, այլեւ՝ անոնց ազգային կեանքը վերահսկելու, եւ անոնց նահանջին, ձուլումին ու կազմալուծումին ներկայ գահավէժ ընթացքը կասեցնելու, կամ՝ առնուազն, դանդաղեցնելու տեսակէտէն…։

Բայց, սատանան տանի այս պարզորոշ ճշմարտութիւնը, եթէ՝ մարդիկ տակաւին չեն հասած չափահասութեան տարիքին՝ որպէսզի հաւատան, ըմբռնելով համոզուին այս պարզորոշ ճշմարտութեան…։

Եթէ մենք կարողանանք ազատագրուիլ հին կաղապարներէն, որոնցմէ մին է՝ ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումի վերացական ցանկատեսութիւնը, եւ վերադառնանք մեր հայրենազուրկի եւ տարագիրի շօշափելի իրականութեան, այդ ատեն է՝ որ պիտի անդրադառնանք, որ հայրենազրկումին դարմանը միայն Արեւմտահայաստանի ազատագրումն է եւ հոն վերադարձը, եւ ոչ թէ՝ ցեղասպանութեան փաստին անբովանդակ ճանաչումը հզօր պետութիւններուն կողմէ, որպէսզի փոքր պետութիւններն ալ համարձակին հետեւիլ անոնց…։ Բայց արդէն Վոլթէր (Voltaire) ըսած է՝ «Շատ վտանգաւոր է արդար ըլլալ այն հարցերուն մէջ, ուր անարդարացի են աշխարհիս հզօրները…»։ Իսկ մենք արդէն զոհերն ենք աշխարհիս հզօրներուն կողմէ հովանաւորուած Սիոնիզմին եւ ասոր յօրինած Փանթուրքիզմի իմփերիալիստական՝ ցեղապաշտական, ծաւալողապաշտական վարդապետութիւններուն…։ Ասոնք բնա՛ւ պիտի չճանչնան Ցեղասպանութիւնը, իսկ մենք բնա՛ւ ալ ստիպուած չենք վերստին փաստելու արդէն իսկ՝ նոյնինքն այդ հզօր պետութիւններու արտգործնախարարութեանց արխիւներուն մէջ… փաստուած են բաւարար չափով։

•••
Ճաճանչագեղ եղաւ Հրանդ Տինքի հաւատքին աներերութիւնն ու անպայմանականութիւնը՝ ժողովրդահայրենասիրական ճշմարիտ դեմոկրատիայի ուժերուն կողմէ արձանագրուելիք վերջին յաղթանակին հանդէպ։ Այդ անսասան հաւատքէն բխեցաւ՝ անոր ստեղծագործ խենդութեան հեղեղը։ Քանի որ, «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենդերն են գտնում հնար…» ինչպէս ըսաւ՝ Պարոյր Սեւակ, Սարդարապատի համաժողովրդային ծառացումին առիթով, եւ ինչպէս ըրաւ՝ Հրանդ Տինք, զաւթեալ Արեւմտահայաստանի մէջ, իր թանկարժէք կեանքին գնով…։

Հրանդ Տինք եղաւ՝ ինքնավստահ ու անվեհեր ռահվիրայ մը, պայծառատես առաքեալ մը եւ բոլորանուէր մարտիկ մը՝ աշխարհի եւ Թուրքիոյ ծուռին դէմ։ Ան կարծէք՝ Վահէ-Վահեանի բառերով, հետեւեալը մաղթեց՝
 

Եկայ մութէն ու կը դառնամ նորէն մութին,
Բայց շնորհուի գէթ ինծի՝
Որ չնմանի հետքս, գիծի մը ասուպի,
Այլ՝ խորաձիգ ակօսներու… սերմով յղի…
Հրանդ Տինքի «ԱԿՕՍ»ը եղաւ՝ ոչ միայն խորաձիգ ու սերմերով յղի… այլեւ՝ միրգերով յուռթի…։ Եւ այդ միրգերով սնեցաւ՝ հազարաւոր թիւրքիէլիներու սերունդ մը ամբողջ…։
Բայց ահա՛ ցաւատանջ հարցումը… Մենք՝ յետնորդներս, պիտի կարողանա՞նք արդեօք՝ լաւապէս մարսել ու իւրացնել, անոր գաղափարականին ու պետական մտածելակերպին միրգերը յուռթի…։ Պիտի կարողանա՞նք ունենալ՝ անոր պայծառատեսութիւնը, եւ հաղորդուիլ՝ անոր յեղափոխական շունչով, արիաբար շարունակելու համար անոր նպատակասլաց անշեղ երթը, եւ՝ իրականացնելու՝ անոր վսեմ տեսլականը։

Հրանդ Տինք՝ իր դիւցազնական մահով, վերարժեւորեց իմաստուն պատգամները՝ յեղափոխաշունչ Չարենցի, ռահվիրայ Նազըմ Հիքմէթի եւ խորախոհուն Վահէ-Վահեանի…։

Հանճարեղ Եղիշէ Չարենց պատգամեց մարդկութեան՝

Ինչ որ լա՜ւ է, վառում է, եւ վառւում,
Ինչ որ լա՜ւ է՝ միշտ վառ կը մնայ,
Այս արեւ, այս վառ աշխարհում
Քանի կաս՝ վառուի՛ր ու գնա՛…
Ռահվիրայ Նազըմ Հիքմէթ պատգամեց թուրքերուն՝
 
Եթէ չայրիմ ես, եթէ չայրիս դուն,
Չայրին ուրիշներ՝ բոցէն միեւնոյն…
Մութին թշնամի լոյսն ուրկէ՞ բխի…
 
Եւ խորախոհուն Վահէ-Վահեան պատգամեց Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորներուն՝
Վալիում, ասփիրին
Մորթապաշտներուն թող մնան բաժին։
Պիտի դուն ու ես, ուրիշներ նոյնպէս,
Տաղտապինք, անքուն,
Այրինք, մոխրանանք՝ եթէ ըլլայ հարկ,
Որ չմոլորի՛ մեր հօտն անպաշտպան…
Ու մեր կրակէն ծագած լոյսին տակ՝
Գտնէ իր ճամբան…
Տարագիր Արեւմտահայութիւնը՝ Հրանդ Տինքի նահատակութեան բոցէն ծագած լոյսին տակ, պիտի գտնէ իր ճամբան դէպի Արարատ։ Մենք չենք գտնուիր մեր հայրենի հողին վրայ, որպէսզի՝ ներսէն պայքարինք Թուրքիոյ զաւթիչ, ցեղապաշտ ու ֆաշական-ոստիկանական վարչակարգին դէմ։ Մենք միայն դուրսէն կրնանք պայքարիլ այս թշնամի վարչակարգին դէմ, ոչ միայն ծրագրուած ու հետեւողական մերկացումի քարոզչութեամբ՝ թրքերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն,գերմաներէն, սպաներէն, իտալերէն եւ այլ լեզուներով հրատարակուած թերթերու եւ գիրքերու մէջ, այլեւ՝ որակական նոր մակարդակի մը բարձրացնելով մեր պահանջատիրութիւնը այդ ֆաշական վարչակարգին դէմ։ Եւ այդ որակական մակարդակի բարձրացումը կրնայ իրագործուիլ միայն այն պարագային, երբ մենք յաջողինք կազմակերպել ՏԱՀՔ-ը։

Հետեւաբար, վարչակարգին դէմ դուրսէն պայքարիլ կարենալու համար, մենք ստիպուած ենք ի խնդիր ՏԱՀՔ-ի ստեղծումին, պայքարիլ Տարագիր Արեւմտահայութեան ներսէն…, այս անգամ ալ հոն տիրող՝ աւատատիրական տրոհուածութեան, հատուածականութեան ու մենատիրական մոլուցքին դէմ… իրականացնելու համար համահայկական միասնականութիւնը՝ Արեւմտահայոց Ցեղասպանութեան ու Տարագրութեան զոյգ ոճիրներուն 100-րդ տարելիցի, դարադարձի սեմին։ Համահայկական նոր որակի միասնականութեան առանցքը պէտք է հանդիսանայ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան առաջադրանքը, եւ ոչ թէ՝ ցեղասպանութեան ճանաչումին հնամա՜շ պահանջը, որովհետեւ՝ աշխարհի հզօրներէն ճանաչում մուրալը անյուսալի է, եւ մանաւանդ՝ ամօթալի, քանի որ նոյն այդ հզօրներն էին մեղսակիցները ոճրագործներուն, որոնք երէկ՝ հովանաւորեցին սիոնափանթուրք երիտ-թուրքերու Թուրքիան… իսկ այսօր կը հովանաւորեն՝ ՕԹԱՆ-եան Թուրքիան եւ Նոր-Օսմանական Թուրքիան։

Մեծ Եղեռնի զոյգ ոճիրներուն 97-րդ, եւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 5-րդ տարելիցին առիթով, առանց դարձուածքաբանութեան եւ առանց բառերը չարչարելու կը յայտարարեմ՝ համեստօրէն բայց հաստատ ու անդառնալի համոզումով, թէ 1.5 միլիոն անշիրիմ նահատակներուն եւ Հրանդ Տինք կոչուող հերոս-նահատակին յիշատակը յարգելու եւ անոնց բոլորին պատգամը գործադրելու եւ զա՛յն նոր որակի մակարդակով կատարելու համար, պարտինք միաւորել՝ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը ՏԱՀՔ-ի մէջ, համահայկականութեան բալասանով դարմանելով մեր հարիւրամեայ բաց վէրքը, վերջ դնելով անոր անտիրական վիճակին, եւ զայն օժտելով միջազգային կարգավիճակով։

 

You May Also Like