Յակոբ Գույումճեան Ասմունքողին Յաղթարշաւը

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 17 Յուլիս 2014

Հազարամեակներու խորը կ՚երթան ասմունքի արուեստի արմատները։ Խօսքի ոյժին ազդեցութեան հետ ոչ մէկ այլ կատարողական արուեստ կրնայ մրցիլ, մանաւանդ երբ ան կենդանի՝ մարդէ մարդ հաղորդակցութիւն է։ Ասմունքը հիմքն է թատերական ու հռետորական արուեստին։ «Ասմունք» կը նշանակէ գեղարուեստական արտասանութիւն, ուր նուազագոյնի կը հասնին դերասանական արուեստին յատուկ մարմնական շարժումներն ու բեմական տեղափոխութիւնները։ Ուրեմն ասմունքողը դիմախաղերուն եւ շարժումներուն մէջ պէտք է ժլատութիւն ցոյց տայ։ Բանահիւսական շրջանին թէ գրաւոր խօսքի զարգացման դարերուն՝ ասմունքողը պէտք է տիրապետէր խօսքի, բառի, շեշտի, այլ խօաքով առոգանութեան գաղտնիքներուն։

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 17 Յուլիս 2014

Հազարամեակներու խորը կ՚երթան ասմունքի արուեստի արմատները։ Խօսքի ոյժին ազդեցութեան հետ ոչ մէկ այլ կատարողական արուեստ կրնայ մրցիլ, մանաւանդ երբ ան կենդանի՝ մարդէ մարդ հաղորդակցութիւն է։ Ասմունքը հիմքն է թատերական ու հռետորական արուեստին։ «Ասմունք» կը նշանակէ գեղարուեստական արտասանութիւն, ուր նուազագոյնի կը հասնին դերասանական արուեստին յատուկ մարմնական շարժումներն ու բեմական տեղափոխութիւնները։ Ուրեմն ասմունքողը դիմախաղերուն եւ շարժումներուն մէջ պէտք է ժլատութիւն ցոյց տայ։ Բանահիւսական շրջանին թէ գրաւոր խօսքի զարգացման դարերուն՝ ասմունքողը պէտք է տիրապետէր խօսքի, բառի, շեշտի, այլ խօաքով առոգանութեան գաղտնիքներուն։

Վերջին վաթսունամեակին հայ ասմունքի վարպետներ էին հայրենի Սուրէն Քոչարեանը, Հրաչուհի Ճինանեանը, Վալոտեա Ապաճեանը, Եուզպաշեանը, լիբանանահայ Խաչիկ Արարատեանը, Յակոբ Կիւլոյեանը, Վարդան Չարըքեանը, Թորոս Սպիտանեանը եւ շատ ուրիշ արուեստագէտներ, որոնց վրայ հարիւրաւոր աչքեր սեւեռուած կ՚ըլլային եւ ականջներ, որոնք չէին ուզեր բառ մը իսկ փախցնել։ Ասմունքի վարպետներ եղած են նաեւ հայ բանահիւսութեան «անուս» ասացողները, որոնք դարերով սերունդէ սերունդ փոխանցած են մեր անգիր արուեստը, հեքիաթները, առածներն ու ասացուածքները, աւանդութիւնները, ասքերը, առասպէլներն ու «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպը։

Վերջին տասնամեակներուն արուեստի այս ճիւղին մէջ իր ուրոյն դիրքը գրաւեց լիբանանահայ ճարտարագէտ, բանաստեղծ եւ ասմունքող Յակոբ Գույումճեան։

Որեւէ հանդիսութեան մէջ անոր մասնակցութիւնը շուք ու ծանրութիւն կու տար ձեռնարկին՝ արժանանալով հանդիսատեսներու ջերմ ծափողջոյններուն, իսկ իր մենահամերգները՝ խօսքի ու քերթութեան փառաւոր տօնահանդէսներու կը վերածուէին։ Վերջին քանի մը տարիներուն, որոշ լռութենէ մը ետք, Յակոբ Գույումճեան կրկին կը բարձրանար բեմ Պէյրութէն Շուշի, Թէհրանէն Երեւան, Նիկոսիայէն Ամման, Գահիրէէն Հելիոպոլիս, Աթլանթայէն (Ալապամա) Մոնթրէալ ու Թորոնթօ, Գիւմրիէն Ստեփանակերտ ու Վանաձոր, յիշեցնելով հայ հասարակութեան թէ քերթութեան արուեստը եւ սէրը չի մեռնիր, իսկ ասմունքը կը մնայ այդ գեղարուեստի ոգեղէն ոլորտը մարդ արարածին սրտին ու հոգիին մէջ ներարկելու ամենէն վստահելի եւ ազդեցիկ ճամբաներէն մին։

Ո՞վ է Յակոբ Գույումճեան՝ երիտասարդի հոգիով իր վաթսունները բոլորած լիբանանահայ արուեստագէտը։ Ծնած է Լիբանան, երկրորդական ուսումը ստացած ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն ներս հայագէտ ու գրագէտ ուսուցիչներու հոյլի մը շունչին տակ։ Այս տարիներուն է որ աշակերտ Յակոբ կը սկսի դառնալ մեր վարժարանի բեմին փնտռուած ասմունքողներէն մին (տողերուս հեղինակն ալ նոյն վարժարանէն էր)։ Կը մեկնի հայրենիք եւ կը վկայուի որպէս ճարտարապետ։ Այս շրջանին կը կազմաւորուի ու կ՚ամբողջանայ Յակոբ Գույումճեանը որպէս ասմունքող։ «Հայաստանի մէջ ասմունքի վարպետներուն ունկնդրելը, ապա նաեւ անոնց հետ բեմ բարձրանալը զգալիօրէն բարեփոխեցին ասմունքի հանդէպ վերաբերմունքս, ընդունակութեանս աճը, նաեւ նուիրումս», կը վկայէ Յակոբ։  1967- 68-էն մինչեւ 1971  մաս կազմած է «Հաֆիլհարմոնիա»ի «ՀայՀամերգ» Գեղարուեստական խումբին, բազմաթիւ ելոյթներ ունենալով հայրենի անուանի արուեստագէտներու հետ։ Հայաստանի Պետական Ձայնասփիւռի սփիւռքահայութեան համար տրուող հաղորդումներուն Յակոբ յաճախ իր առինքնող ասմունքով հայրենածարաւ ունկնդիրներուն հասցուցած է արեւելահայ եւ յատկապէս արեւմտահայ քերթութեան լաւագոյն նմոյշները։ Յակոբ կը տարբերէր այլ տաղանդաւոր ասմունքողներէ անով որ ան արեւելահայ բանաստեղծութիւնը կը ներկայացնէր գրեթէ անթերի արեւելահայ հնչումով, առոգանութեամբ ու հնչեռանգով , բայց արեւմտահայու մեկնաբանութեամբ, իսկ արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը՝ այնպէս ինչպէս բանաստեղծները պիտի ուզէին որ մեկնաբանուէր։

Տողերուս հեղինակը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ թաքուն հպարտութեամբ ականատես եւ ականջալուր եղած է Յակոբ Գույումճեանի բեմական փայլատակումներուն. հայրենիքի մէջ, որովհետեւ ան սփիւռքահայ ուսանող մըն էր ինչպէս մենք, սփիւռքի մէջ, որովհետեւ նոյն դպրոցի գիտութեան աղբիւրէն խմած էինք մեր ջուրը եւ հետագային դարձած էինք բարեկամներ։

Նախախնամութիւն – բնութիւնը ժլատ չէ եղած ասմունքի տաղանդը դնելու բեմական վայելչագեղ հասակի մը մէջ՝ զայն օժտելով նաեւ բնատուր ու ջինջ ձայնային առանձնայատկութիւններով։ Նոյն յայտագրին մէջ արտակարգօրէն քնարական բանաստեղծութեան մը մեկնաբանութեան կրնայ յաջորդել բոցաշունչ քերթուածէ մը պահանջուած նոյքնան բոցաշունչ «Սասունցիների Պարը»։ Խոհական-փիլիսոփայական Թէքէեանին կը յաջորդէ աշուղներու արքայ Սայեաթ Նովայէն համադրութիւն մը։ Հոս տեղին կը նկատեմ որպէս վաւերական գնահատութիւն մը մէջբերել լիբանանահայ աննկուն մտաւորական, իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեանի վկայութիւնը , Հոկտեմբեր 2012-ին Պէյրութի «Արարատեան» սրահին մէջ տրուած ասմունքի երեկոյին առթիւ. «Յակոբ Գույումճեան յաջողեցաւ՝ մենահամերգի ամբողջ տեւողութեան, ունկնդիրները կլանուած պահել իր արուեստի ովասիսին մէջ, նոյնիսկ նոր սերունդէն անոնք, որոնք բացատրելի շարք մը պատճառներով չէին կրցած քայլ պահել վարպետի ալեկոծումներու հեւքին հետ, սակայն հմայուած էին անոր ստեղծած թատերական մթնոլորտի կախարդանքով…»։

Հետեւաբար, եթէ կան այնպիսի նորաբոյս հոսհոսիկներ, որոնք կը կարծեն թէ ասմունքի արուեստը 19-րդ-20-րդ դարուն կը պատկանի այլեւս, պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց հանճարե՜ղ տեսակէտները եւ մտածեն ու ծրագրեն վերակենդանացնել արուեստի այս ամենէն հին արտայայտչաձեւերէն մէկը։

Յակոբ Գույումճեանի սէրը բանաստեղծութեան հանդէպ լոկ մեր մեծերու արուեստին մեկնաբանութեան մէջ չէ սահմանափակուած, այլ գրքոյկով մը տուած է ի՛ր բանաստեղծական աշխարհի ապրումներն ու թրթռումները։ Թերեւս բանաստեղծի այս իւրայատկութիւնն ալ զինք դարձուցած է խստապահանջ իւրաքանչիւր բանաստեղծի իւրաքանչիւր բառի մեկնաբանութեան առումով։ Այստեղ հարկ է յիշել որ զանազան հեղինակներու գործերը ներկայացնելու ժամանակ իր կիրարկած համադրումներու եղանակը, ուր յաճախ իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւն ոչ միայն կը ծաւալի իր բովանդակութեամբ, այլ ձեռք կը բերէ նաեւ խորքային-իմաստային նոր հարստութիւն, ահա այս համադրումներու կառոյց ստեղծելու իր նախասիրութեան մէջ կը բացայայտուի նաեւ բանաստեղծի իր տաղանդն ու ներդրումը «պոէմատիպ» շարան-հիւսուածքի բանաստեղծութիւններու ընտրութեան եւ շարադրման ընթացքին մէջ։ «Երբոր կ՚ամփոփեմ կամ կը համադրեմ բանաստեղծութիւնները, այդ ասմունքը իմս կ՚ըլլայ, որպէս բանաստեղծ զանոնք շաղկապելով նոր յղացք մը կը ստեղծեմ», կ՚ըսէ Յ. Գույումճեան։

Այս մասին կը խօսի Շուշիի պետական թատրոնի բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Լէոնիտ Յարութիւնեան երբ կ՚ըսէ.  '' Արժէ մեկ անգամ եւս շեշտել, որ դրանց համադրումը եւ դրամատուրգիական կառոյցը ուղղակի կուռ էր, յստակ տրամաբանութեամբ եւ ասելիքի դիպուկ նշանառութեամբ: Համադրումները հեղինակ-կատարողը արել էր անթերի, ճարտարապետի մտքի թռիչքով, մեզ ներկայացնելով բանաստեղծական նիւթի այնպիսի կառոյց իր նրբերանգներով, որ անջատ-անջատ, իրար հետ կապ չունեցող գործերը հնչում էին ամբողջական պոէմի նման: Դրա փայլուն վկայութիւնները Չարենցի «Լուսամփոփի պէս աղջիկ», Համո Սահեանի փոքրածաւալ գործերից միահիւսուած շարանը, որը Գույումջեանի իսկ արտայայտութեամբ՝ փոքրիկ մարգարիտներից հիւսուած գեղեցիկ շղթայ էր…Սայաթ-Նովային նուիրուած Չարենցի ու Սիլվա Կապուտիկեանի միահիւսուած ոտանաւորները:”

Յակոբ Գույումճեան բանաստեղծ-ասմունքողի այս փոխներգործութիւնը հաստատող խօսքեր են նաեւ իրարմէ տասնամեակներու հեռաւորութեամբ կրկնուող կարծիքները երկու հեղինակաւոր  մասնագէտներու՝ ակադեմիկոս Լեւոն Հախվերդեանի եւ Գիւմրիի պետական թատրոնի բեմադրիչ եւ Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սիրանոյշ Ղուկասեանի, արտայայտութիւններ, որոնք ասմունքի ընթացքին ստեղծագործող բանաստեղծի վկայութիւններ ըլլալ կը թուին… «Ահա թէ ինչու նրա հնչեցրած բանաստեղծութիւնները այնքան ծանօթ ու վաղածանօթ, այդ երեկոյ հնչեցին նորովի, նախաստեղծ թարմութեամբ, ասես դրանք  ոչ թէ մեր իմացած գործերն են, այլ հիւսւում են հենց հիմա, մեր աչքի առաջ» (Լեւոն Հախվերդեան, 1984), իսկ Ս. Ղուկասեան, 2013-ին կը գրէ. “Իսկ արտիստը «թեթեւօրէն» եւ չպարտադրելով հնչեցնում էր մեր ազգային պոեզիայի ընտրանին՝ բացառիկ բեմական խօսքով, մաքուր շնչով, մտերմիկ, ասես հենց նոյն պահին էին ծնւում դրանք, ինքը արտիստն էր արարում»։

Սէրը, հայրենիքը, յոյսը, հիասթափութիւնը, վրէժը, ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւնն ու մարտակոչը հին բայց չհինցող թեմաներ են, պարզապէս ամէն քերթող իր սեփական տաղանդով ու ընկալումով կ՚արտայայտէ զանոնք։ Այդպէս ալ Գույումճեան, երբ ունկնդիրին կը ներկայացնէ «Ես Իմ Անոյշ Հայաստանի»ն, Վ. Դաւթեանի «Ռեքվիեմ»ը, Վ. Թէքէեանի «Սիրերգութիւն»ը, Պ. Սեւակի «Եղիցի Լոյս»ը եւ իր այնքան սիրած Ս. Կապուտիկեանի սիրային քնքոյշ բանաստեղծութիւնները, ան լարուած կը պահէ ունկնդիրը ամբողջ համերգի ընթացքին։ Ակադեմիկոս, թատերագէտ ու քննադատ Լեւոն Հախվերդեան հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կու տայ այս առնչութեամբ. «Այստեղ յաջողութեան գաղտնիքը մէկն է՝ լարելու մէկ ուրիշին, ուրիշներին յուզմունքով համակելու համար դու ինքդ պէտք է ներշնչուես (ընդգծումը մերն է – Մ.Գ.), այլապէս ինչքան էլ տպաւորիչ լինեն քո տեսքն ու ձայնական տուեալները (որոնցով մեր արտիստն օժտուած է լիուլի) ներգործութիւն չեն ունենայ»։  

Վերջերս թերթատեցի Յակոբ Գույումճեանի մասին Հայաստանի, Արցախի, Թէհրանի, Պէյրութի եւ Ամմանի հայ մամուլի էջերէն քաղուած տպաւորութիւնները եւ հոգիս լեցուեցաւ հպարտութեամբ, որովհետեւ ճանչցած եմ արուեստագէտը, անձը, բանաստեղծը, զրուցակիցը, քննադատը եւ… ընտանիքի բարեկամն ու ամբողջական մտաւորականը։ Ստորեւ կարգ մը վկայութիւններ.

«Երէկ Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատում պոեզիայի շունչն էր տիրում՝ ի շնորհիւ Պէյրութահայ ասմունքող Յակոբ Գույումճեանի»։  Արցախեան մամուլ

«Գույումճեանին յաջողուեց առաջին իսկ բանաստեղծութեամբ դահլիճը դարձնել «իրենը»։ Վաղուց չէինք առնչուել այսքան գեղեցիկ, առինքնող, ականջ շոյող ներքինը փոթորկող ասմունքի… ասմունքող, որ պարզապէս «եկաւ, տեսաւ եւ յաղթեց։ Եւ յաղթեց նա դժուարահաճ գիւմրեցի հանդիսատեսին»։ (Սիրանոյշ Ղուկասեան, «Ազգ» Օրաթերթ, 14 Նոյ. 2013)

            «Երկու ժամ տեւեց հրաշալի ասմունքի երեկոն։ Թւում էր, թէ անհնարին կը լինէր համայնքում այդքան երկար եւ անընդմէջ ունկնդրել ասմունքը, սակայն Իրանահայ Ազգային եւ Մշակութային Միութեան ոչ այնքան մեծ, բայց լեցուն դահլիճը կլանուած, կարծես շունչը պահած լսում էր մեծ արտիստին՝ մերթընդմերթ երկարատեւ ծափահարութիւններով»։ (Սուսաննա Համբարձումեան, Թէհրան, «Ազգ», 29 Հոկ. 2012)

            «Իր ելոյթի բոլոր յայտերով ան մեծապէս գոհացուց Երկիր Յորդանանի Գրողներու Միութեան արաբ հանդիսատեսները, իր արաբերէն լեզուով տուած բացատրութիւններով։ …Ցանկալի է նաեւ որ Յակոբ Գույումճեան ասմունքի իր յաճախակի առաքելութեանց ընթացքին ներգրաւէ եւս Յորդանանը, ներշնչելու եւ ոգեւորելու հայ պատանին եւ երիտասարդը, ինչպէս եւ ասմունքի նոր սերմեր ցանելու մեր դեռատի զաւակներուն մէջ»։ (Մարալ Ներսէսեան, Ամման, Ռամկավար Մամուլ, 24 Մայիս 2013)

            «Երեկոն մի անմոռանալի հրաշք հանդիպում էր մեր գրականութեան հսկաների հետ, որոնք կենդանացել էին Յակոբ Գույումճեանի կախարդիչ կերպարում։ Սա, իրօք, մի հրաշք, մի կենարար շունչ, մի անմահական ելոյթ էր այսօրուայ դժուարին եւ օրաւուր դժգունացող գորշ իրականութիւնում։»։ (Արմինէ Ղազարեան, «Ազգ», 23 Նոյ. 2013)

            Մեր մաղթանքն է որ քանի Յակոբ Գույումճեան վերադարձած է ասմունքի իր սիրած աշխարհը, իր կեանքի աշնան ունենայ բոցավառ փայլատակումներ՝ որպէսզի ոչ միայն մեզի պարգեւէ քերթութեան կախարդական աշխարհի վայելքները, այլեւ նոր սերունդին ցոյց տայ թէ գեղարուեստական խօսքը, բանաստեղծական հրայրքը կեանքը կը գեղեցկացնեն եւ զիրենք դուրս կը հանեն անգոյն, անկիրք, գորշ, միօրինակ ու թուային (digital) ելեկտրոնային սարքերու գերութենէն։

 

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան

Լոս Անճելըս

 

You May Also Like