Սոյն գրութիւնը ստացանք բարեկամէ մը, սակայն հեղինակն ու գրութեան աղբիւրը չկրցանք պարզել, հետեւաբար հեղինակին անուան փոխարէն առայժմ պիտի գրենք «Անանուն»: Կ'ենթադրենք թէ գրութեան թուականն է 2013, նկատի առնելով այն փաստը որ «Անանուն» կը նշէ. «Մահազդը հրատարակուած է 65 տարի առաջ»: Կը խնդրենք մեր ընթերցողներէն որ եթէ ծանօթ են հեղինակին, բարի ըլլան մեզ տեղեակ պահել: (Խմբ.)
11 Դեկտեմբեր 2013

«Գեղարդ» Նամականի
12 Դեկտեմբեր 2013
Բարեւ Սիրելիներ,
Օշականի մասին կարճ ակնարկը ինծի կը պատկանի: Զայն լոյս ընծայած էի երկու ամիս առաջ՝ Facebook-ի Aleppo Armenians կայքէջին մէջ:
Լեւոն Շառոյեան
Անանուն, 2013
Այս մահազդը հրատարակուած է 65 տարի առաջ՝ գուժելու համար Յակոբ Օշականի մահը։ Այդ օրերուն, Օշական Երուսաղէմէն Հալէպ եկած էր ժամանակաւորապէս՝ խոյս տալով Պաղեստինի հրեա-արաբ բախումներուն ստեղծած վտանգաւոր մթնոլորտէն։
Հալէպցիք սիրով շրջապատած էին Օշականը, մեծարած էին զինք հրապարակաւ, կարելիութիւններ ստեղծած՝ որ արեւմտահայ մեծանուն քննադատը հանգիստ եւ ուրախ զգայ ինքզինք այստեղ։
Ոչ ոք կրնար մտածել սակայն, որ Հալէպը պիտի դառնար Մեծ Հիւրին վերջին հանգստարանը…։ Օշական իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց ու գնաց թաղուիլ մեծանուն հայասէրի մը՝ Քարէն Եփփէի շիրիմին ճի՛շդ կողքին, Հալէպի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ։…
Ամբողջ Հալէպը լացաւ Օշականին համար։ 20.000 յուղարկաւորներ քալեցին իր դագաղին ետեւէն…։ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յետ յուղարկաւորութեան արարողութեան, դամբանականներ խօսեցան Զարեհ Սրբազան, Խորէն Եպս. Բարոյեան (յանուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին) եւ Շահան Պէրպէրեան։ Իսկ գերեզմանատան մէջ դամբանախօսեցին
«Յառաջ»ի խմբագրապետ Շաւարշ Միսաքեան (այդ օրերուն կը գտնուէր Հալէպ) եւ Անդրանիկ Ծառուկեան։
Յակոբ Օշական, անկասկա՛ծ, Հալէպի ազգ. գերեզմանատան մէջ թաղուած մեծագոյն դէմքն է…։ Բարի սովորութեամբ մը՝ երեսուն տարիէ ի վեր Ճեմարանականներ Թարգմանչաց Տօնին մի՛շտ կ՛այցելէին իր շիրիմին ու կ՛ոգեկոչէին զինք։ Երկու տարիէ ի վեր սակայն, Հալէպի պատերազմական դէպքերը զի՛նք ալ մոռցուցին, ան մնաց առանց այցելուի…։
Խո՜ւնկ եւ աղօ՜թք իր շիրիմին։
Հետագային երկուքն ալ բազմեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական գահին: (Խմբ.)
Յակոբ Օշականի կեանքին վերջին շաբթուան նկարագրութիւնը պատմութեան համար անմահացուցած է Անդրանիկ Ծառուկեանը իր «Մեծերը եւ Միւսները» գիրքին մէջ: Հետեւաբար այս մահազդին կապակցութեամբ Ծառուկեանն է որ կը տեսնեմ:
Կ՛առաջարկեմ Ծառուկեանի այդ գրութիւնը ներկայացնէք յաջորդ Թիւին մէջ որպէս մահազդին հետեւողական հետազօտւթիւն:
1 comment
Յակոբ Օշական

Comments are closed.