Յամեցող Անհանդուրժելիութիւնը

Նախագահական-Կուսակցական Համակարգի

Դիտարկում

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 10 Մայիս 2013

Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները, աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր, արդէն վերջ գտած են, գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի ակնկալելի յաղթանակով։

Ակնկալելին կ՚ընդգծենք, որովհետեւ բոլոր նախանշաններն ու նախադրեալները կային, երեւելի էին, որ Սերժ Սարգսեան, ի յառաջագունէ, իր թուաբանական հաշիւները ճիշդ ու ժամանակին կատարած էր, նախագահական աթոռն ու պալատը չձգելու, չհրաժարելո՛ւ անոնցմէ։

Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք նորանկախ Հայաստանի նախագահական թէ պատգամաւորական ընտրութիւններուն վրայ, արդեօք մէկը կա՞յ որ հաւատացած է անոնց արդար, անխարդախ կամ թափանցիկ կայացումին վրայ։

Նախագահական-Կուսակցական Համակարգի

Դիտարկում

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 10 Մայիս 2013

Հայաստանի նախագահական ընտրութիւնները, աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր, արդէն վերջ գտած են, գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի ակնկալելի յաղթանակով։

Ակնկալելին կ՚ընդգծենք, որովհետեւ բոլոր նախանշաններն ու նախադրեալները կային, երեւելի էին, որ Սերժ Սարգսեան, ի յառաջագունէ, իր թուաբանական հաշիւները ճիշդ ու ժամանակին կատարած էր, նախագահական աթոռն ու պալատը չձգելու, չհրաժարելո՛ւ անոնցմէ։

Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք նորանկախ Հայաստանի նախագահական թէ պատգամաւորական ընտրութիւններուն վրայ, արդեօք մէկը կա՞յ որ հաւատացած է անոնց արդար, անխարդախ կամ թափանցիկ կայացումին վրայ։

Այդուհանդերձ, ընտրութիւնները կայացած են եւ արդիւնքները վաւերացուած, ներքին թէ արտաքին դէտերու, հայ թէ օտար դիտորդներու կողմէ, հոգ չէ թէ՝ միջազգային կարգ մը կառոյցներ, երբեմն իրենց դիտողութիւնները արձանագրած են, քննադատութիւնները կատարած, տողապահ կամ բացայայտ վերագրումներով։

Ո՛չ հանրահաւաքները, ո՛չ նստացոյցերը, ո՛չ դասադուլները, ո՛չ ալ բողոքները սանթիմ մը իսկ չեն փոխած յայտարարուած արդիւնքներէն եւ իշխանութիւնները՝ իրենց օրէնսդրական ու գործադիր կառոյցներով, շարունակած են իրենց ինքնապահպանման եւ ինքնագոյութեան գործընթացը, առանց դոյզն հաշուի առնելու հոսկէ ու հոնկէ հնչած ձայներուն, կոչերուն։

Մի՞թէ այդպէս չէ հեռու ու մօտիկ իրավիճակը այն իշխանութիւններուն, որոնք խորհրդարան մուտք գործեցին կամ կառավարական աթոռ գրաւեցին, ժողովրդավարութեան, ազատագործութեան, գերիշխանութեան ու կառուցողականութեան անունով, սակայն, շատ քիչ բան գործադրեցին, յարգեցին, դրսեւորեցին կամ իրականացուցին անոնցմէ։ (Մեկնաբանութեան կը կարօտի՞)։

Մեր կարծիքով, անկումային ու վայրէջքային այդ ընթացքը, որ անդուլօրէն կը շարունակուի ու կը վերանորոգուի, նորանոր աղէտներու յառաջացումով ու յաւելումով, ունի հետեւեալ գլխաւոր երկու պատճառները.

Ա. Նախագահական

Հայաստանի Հանրապետութեան համակարգը, մեկնելով իր ժողովրդավարական կամ ռամկավարական ընտրանքէն, ըստ էութեան է (եւ պէտք է ըլլայ) խորհրդարանական, այսինքն՝ Ազգային Ժողովը, որպէս օրէնսդիր գերագոյն մարմին, բացարձակ տէրն է երկրին, վերին հսկողութեամբը նախագահին ու գործակցութեամբ կառավարութեան կամ նախարարաց խորհուրդին։

Այս անշեղելի դրուածքը, սակայն ո՞րքանով կիրարկելի եղաւ (եւ է) ներկայ Հայաստանին համար, երբ քննարկումի կ՚ենթարկենք զայն, հիմնուելով անոր կառավարելի, վերակառավարելի ու գերկառավարելի գործօններուն վրայ։

Դժբախտաբար… գրեթէ ոչինչ, որովհետեւ՝ ձեւով ու եղանակով խորհրդարանական համակարգը, խորքով ու գործով նախագահական է, պարզապէս անոր համար, որ նախագահը «միջամուխ» է իւրաքանչիւր թղթածրարի, նշանակումի, գործարքի կամ նախաձեռնութեան, զանոնք տնօրինելով իրեն հաճոյ կարգադրութեամբ-բեկանելով, չէզոքացնելով կամ ջրելով։

Անշուշտ, նախորդը՝ Ռոպերթ Քոչարեան, այս բոլորը կը կատարէր բռնատիրական ու կամայական միջամտութիւններով, որովհետեւ անոր մօտ լրիւ բացակայ էր ժողովրդավարական հասկացողութիւնը, փարսախներով հեռու էր ժողովրդավարական սկզբունքներէն, մինչդեռ՝ գործող նախագահը, ժողովրդավարական արտաքին երեւոյթները կը պահպանէ, կը յաւակնի զանոնք յարգել, բայց, փաստօրն կը պահէ ու կը գործածէ նախագահական համակարգին վերահսկողութեան արժեչափերը։

(Մեկնաբանութեան կը կարօտի՞։)

Բ. Կուսակցական

Նոյն ժողովրդավարութեան հիմունքներէն մեկնելով, միակուսակցական համակարգով ինչպէ՞ս կարելի է երկիր առաջնորդել եւ ո՞րքանով հանդուրժելի է այդ կաղապարացումով դառնալ իշխող ու բարենորոգող, միանգամա՛յն։

Խօսքը կը վերաբերի Հանրապետական կուսակցութեան, որուն «թիւ մէկ»ն է նախագահ Սերժ Սարգսեանը, խորհրդատու մարմիններուն, խորհրդարանական, պատգամաւորներու, կառավարական անդամներու, մարզպետական պաշտօնեաներու մեծամասնութեամբ, առաւել՝ զինուորական, կրթական, գիտական ու մարզական հաստատութիւններու պատասխանատուներու Հանրապետական ըլլալու հանգամանքով (կամ անոնց ենթականեր)։

Եթէ այս է չոր իրականութիւնը, քիչ մը ամէն տեղ, ինչպէ՞ս կ՚ակնկալուի իշխանափոխութիւն, համակարգափոխութիւն եւ ընդհանրապէս մտայնափոխութիւն, երբ կուսակցականութիւնն է նախապատուութիւնը, կուսակցամոլութիւնն է գերիշխողը, կուսակցամէտութիւնն է առաջնահերթութիւնը, իսկ ասոնց «բանալի»ն՝ Հանրապետական կուսակցութիւնն է, ընդ հովանեաւ Սերժ Սարգսեանի։

Ահաւասիկ այս տրամաբանութեամբ կը գործէ Սերժ Սարգսեան, օգտագործելով նախ՝ իր նախագահական լայնահունչ իրաւասութիւնները՝ անկաշկանդօրէ՛ն, ապա՝ կուսակցական լայնատարած հնարաւորութիւնները՝ անսահմանօրէ՛ն։

Նախագահական թեկնածու՝ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր-նախագահ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի ստացած քուէները (539, 693), հաւատացած պէտք է ըլլալ, զուտ ժողովրդավարական-ժողովրդային պատկանելիութիւն ունին, թէկուզ ընդդիմադիր կարգ մը այլ հոսանքներ անոր նպաստած ըլլան, մինչ Սերժ Սարգսեանի ստացած քուէներուն մեծ մասը (861, 373) պետական կառոյցներու կամ կառավարական հակակշիռին տակ գտնուող հաստատութիւններու «բնակիչ»ներու կը պատկանին։

Այս ցուցանիշները ինչե՜ր կը յուշեն, սակայն, Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, որ ապրած է հայաստանեան իրերայաջորդ «ընտրական ջերմաչափ»եր, չէ՞ր գիտեր անոնց ընթացակարգի ապսպրուածութիւնը, հետեւապէս՝ անոնց արդիւնքները, որոնք շուրջ երկու տարիէ ի վեր կը նախապատրաստուէին։

Եթէ գիտէր, ինչո՞ւ օրին չհակազդեց, համապատասխան ուժգնութեամբ ու հզօրութեամբ, իսկ այսօր, կը փորձէ ինքզինք վերահաստատել, վերարժեւորել ու վերակոչել որպէս… նախագահ, մինչ գործող նախագահը շուտով իր նախագահական երդումը պիտի տայ, շարունակուող շնորհաւորանքներու տարափին տակ։

(Ի դէպ, շուտով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններն են։ Ահաւասի՛կ, ընդդիմադիրներուն համար նոր մարտահրաւէր-ստուգատես մը, իրենք զիրենք պարտադրելու, ի դէմս հանրապետական-սարգսեաններու, որոնք արդէն կը գոռան, թէ իրենք յաղթական են, յաղթած են…։

(Մեկնաբանութեան կը կարօտի՞)։

Շատ-շատերու նման, մենք ալ համոզուած չենք այս ընտրութիւններու լիարժէք արդարութեան, այս մասին օրին հանդէս գալով բազմաթիւ հրապարակագրումներով, բայց, Սարգսեանին «կառք»ը վստահաբար պիտի շարունակէ իր երթը, իր նախագահական ու կուսակցական «զինամթերք»ներով։

Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, իր «կառք»ը կանգուն ու գործունեայ պահելու համար, այսօրուընէ սկսեալ պէտք է լծուի (ու լծել) աշխատանքի, մինչեւ յառաջիկայ ընտրակարգ նախագահականը փոխարինելով ժողովրդավարականով, իսկ կուսակցականը՝ բազմակարծութեամբ, մէկ խօսքով՝ երկու պարագաներուն ալ, վերջ մը դնելու համար միիշխանութեան եւ մենիշխանութեան մոլուցքներուն:

Ի վերջոյ, ընտրական այս խաղքութիւնները ե՞րբ վերջ պիտի գտնեն, կաշառակերութիւնը ե՞րբ պիտի զսպուի, արտագաղթը ե՞րբ պիտի նուազի, միապետութիւնը ե՞րբ պիտի վերանայ։

 


 

You May Also Like